Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում) Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

July 10, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 յուլիս 2023-ին Երեւանի «Եւրոպա» պանդոկի դահլիճին մէջ կայացաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական հաւաքի (ֆորում) բացման արարողութիւնը:

Մասնակիցները ողջունեցին եւ հաւաքի բացումը ազդարարեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Արտաշէս Շահբազեանը, Արեւիկ Գաբրիէլեանը, Արա Գէորգեանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Սպարտակ Ղարաբաղցեանը, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, Համազգայինի Ռուսիոյ մասնաճիւղի ատենապետ Արթուր Փայտեանը եւ նոյն մասնաճիւղի անդամ Բալիկ Գալեմքէրեանը:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն հաւաքին մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի աշխարհասփիւռ եւ բազմաճիւղ գործունէութեան:

Պաշտօնական բացումէն ետք ֆորումի մասնակիցները պտոյտ կատարեցին Երեւանի մէջ, իսկ անկէ ետք տեղի ունեցաւ բարի գալուստի ընթրիք:

Շաբաթ, 8 յուլիսին ֆորումի  մասնակիցները այցելեցին Երեւանի Ազգագրական-ժողովրդական արուեստներու թանգարան, ապա` Չարենցի կամար, Գառնի, Քարերու սիմֆոնիա եւ Գեղարդ: Նոյն օրուան երեկոյեան` ընկերային մթնոլորտի մէջ ունեցան մտերմիկ ընթրիք:

Կիրակի, 9 յուլիսին ֆորումականներու առաւօտեան այցելութիւնը եղաւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Արցախի ազատագրական պայքարի ընթացքին, 2016-ի քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներուն նահատակուած հերոսներուն:

Ապա այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի բարձունք` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Նոյն վայրին մէջ ծանօթացան Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած թանգարանին: Ապա անոնք ուղղուեցան Սարդարապատ, ուր ծանօթացան տեղւոյն թանգարանին:

Համահաւաքի օրերուն սփիւռքահայ ուսանողները պիտի այցելեն Երեւանի պետական համալսարան, Մատենադարան, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան, ԹՈՒՄՕ, տարբեր թանգարաններ, պիտի լսեն դասախօսութիւններ` «Հայկական ճարտարապետութիւն», «Ազգային նուագարաններ» եւ այլ նիւթերու շուրջ:

Ֆորումի մասնակիցները պիտի այցելեն նաեւ Գիւմրի` ճանչնալու Հայաստանի մշակութային քաղաքը իր տեսարժան ու պատմամշակութային վայրերով:

Այս տարի 7-19 յուլիս երկարող Համազգայինի ուսանողական հաւաքին կը մասնակցին սփիւռքի տարբեր գաղութներէ` Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Քանատայէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Աւստրալիայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Արցախէն 15 հայ երիտասարդներ:

Ծրագիրի 13 օրերուն ընթացքին համալսարանական երիտասարդները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու հայրենի մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, պիտի լսեն պատմամշակութային նիւթերու շուրջ դասախօսութիւններ, իրենց հասակակիցներուն հետ պիտի քննեն ժամանակակից հայ երիտասարդները յուզող տարաբնոյթ խնդիրներ:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական հաւաքը Համազգայինի աւանդական ծրագիրներէն է: Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականներ համախմբելու, ազգային արմատներուն եւ մշակութային ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելու, ազգային յանձնառութիւններ ներարկելու նախաձեռնութիւն է:

Նախորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ԺԲ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Յաջորդը

Թենիս. «Ուիմպըլտըն». Ալքարաս Ապահովեց Դ. Հանգրուանին Իր Տոմսը

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.