Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
ՀՕՄ-ի Մասնաճիւղերու Վերակազմաւորում Ախուրեանի Եւ Գիւմրիի Մէջ
29 յունիս 2023-ին, կէսօրուան ժամը 2:00-ին ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան հերթական այցելութիւնը եղաւ Ախուրեանի համայնք, ուր մեկնեցան Շրջանային վարչութեան անդամներ` Մարօ Քէշիշեան, Վահանուշ Մարգարեան, Զոյա Քոչարեան եւ Սիլվա Իւզպաշեան: Անոնց միացած էր Հայաստան հիւրաբար գտնուող ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի Շրջանային վարչութեան անդամ Անուշ Չալեանը: Ախուրեանի խումբին միացաւ նաեւ Շրջանային վարչութեան անդամ Լուսինէ Մուքոյեանը:
Այս այցելութիւնը ունէր դաստիարակչական բնոյթ` նպատակ ունենալով Ախուրեանի եւ Գիւմրիի մէջ վերակազմաւորել ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերը: Հանդիպման վայրը Լէոյի անուան մանկապարտէզն էր, ուր համախմբուած էին վերոնշեալ շրջաններէն շուրջ քսան հայուհիներ եւ ՀՕՄ-ուհիներ: Անոնք հաստատակամութեամբ եկած էին իրենց շրջաններուն մէջ վերակենդանացնելու ՀՕՄ-ը: Ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեան ամփոփ կերպով ներկայացուց ՀՕՄ-ի պատմութիւնն ու հետապնդած նպատակները, ՀՕՄ-ի կառոյցն ու կանոնագրի կարեւոր կէտերը, ինչպէս նաեւ` իրագործած մնայուն եւ բացառիկ ծրագիրները:
Զոյա Քոչարեան ներկայացուց քարտուղարի պարտականութիւնները, միութեան արխիւներու պահպանման կարեւորութիւնը եւ կեդրոնացաւ ՀՕՄ-ի քարոզչութեան կարեւորութեան վրայ: Անուշ Չալեան զեկուցեց ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի աշխատանքներուն մասին: Գեղեցիկ անակնկալով մը ընկերուհիներուն այցելեցին Ախուրեանի համայնքապետ Արծրունի Իգիթեանն ու Մհեր Մելքոնեանը: Ա. Իգիթեան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ Ախուրեանի համայնքին մէջ իրականացուող հայրենանուէր աշխատանքներուն մասին: Աւելի քան երկու ժամ տեւած այս հանդիպումը աւարտեցաւ պատմական խմբանկարով, որմէ աշխատանքի բերումով բացակայեցան վեց ընկերուհիներ:
Արդիւնաւէտ այս հանդիպումէն խանդավառուած` Շրջանային վարչութեան անդամները այցելեցին ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանին կողմէ կառուցուած Ակնունիի անուան մանկապարտէզ եւ ծանօթացան կառոյցի պայմաններուն ու կարիքներուն: Ապա ընկերուհիները այցելեցին Ախուրեանի Մօր եւ մանկան ծննդատուն, ուր յատկապէս Ա. Չալեան ծանօթացաւ ընթացող աշխատանքներուն: Երեկոյեան ՀՕՄ-ի պատուիրակութեան օգտաւէտ աշխատանքները աւարտեցան այն համոզումով, որ դաստիարակչական աշխատանքները պէտք է շարունակուին:
«Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար» Ուսումնասիրութիւններու Մրցանք
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը յայտնէ «Հայ ուսանողութիւնը Արցախի համար» խորագիրով ուսումնասիրութիւններու մրցանք-ծրագիրին մեկնարկը` նպատակ ունենալով համախմբել հայ ուսանողութիւնը Արցախի հիմնահարցին շուրջ: Սոյն մրցանքը կը նախաձեռնենք նկատի ունենալով Արցախի դիմագրաւած ճակատագրական ժամանակաշրջանը եւ անհրաժեշտութիւնը տեսնելով հայ ուսանողութեան մասնագիտական ներուժը ծառայեցնելու Հայ դատին եւ մասնաւորաբար Արցախին:
Ծրագրին հիմնական նպատակն է մէկտեղել հայ ուսանողութեան կարողութիւնը` քաղաքական, տնտեսական, ընկերաբանական, իրաւագիտական, մշակոյթի եւ հետաքննողական լրագրութեան բնագաւառներու մէջ եւ զայն տրամադրելի դարձնել հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալող ազդեցիկ հիմնարկներու` արդիւնաւէտ օգտագործման համար:
Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի 20-35 տարեկան` ուսանողութեան մասնակցելու սոյն ծրագրին:
Մասնակիցներուն աշխատանքին պիտի վերահսկեն հանրայայտ դէմքեր իբրեւ` խորհրդատուներ (mentors):
Դիմումնագիրները եւ անոր կից նպատակային բացատրագիրները պէտք է լրացնել մինչեւ սոյն թուականի յուլիս 31` այցելելով հետեւեալ կայքը` studentsforartsakh.am:
Ուսումնասիրութիւններու յանձնման վերջնաժամկէտն է սոյն թուականի հոկտեմբեր 1-ը:
Տեղեկացնենք, որ ծրագրին համար նախատեսուած են հետեւեալ նիւթերը եւ խորդհրդատուները.
Նիւթեր`
- Արցախի շրջափակման կործանարար անդրադարձը Արցախի մանուկներու իրաւունքներու եւ հոգեվիճակին վրայ:
Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան:
- Միջազգային իրաւունքի դիտանկիւնէն` Բերձորի միջանցքի արգելափակումը իբրեւ պատերազմական յանցագործութիւն:
Սիրանուշ Սահակեան, Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի հայկական կեդրոնի ղեկավար:
- Ազրպէյճանի քաւիար դիւանագիտութիւնը (caviar diplomacy) Եւրոպայի մէջ:
Հեղինէ Էվինեան, ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի տնօրէնուհի:
- Ազրպէյճանի եւ Ալիեւի ընտանիքի օտարերկրեայ ներդրումներու հիմնական ուղղութիւնները եւ փտածութեան դրսեւորումները:
Յարութ Սասունեան, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր:
- Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրարկելիութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ զսպող գործօն:
Արամ Համբարեան, ՀՅԴ Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի տնօրէն:
- Ազրպէյճանի ուժանիւթի քաղաքականութիւնը (Energy policy) Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի հետ:
Եղիա Թաշճեան, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հետազօտական կեդրոնի գիտաշխատող:
- Ազգ-բանակ գաղափարի իրագործման անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Զօր. Տիրան Խաչատրեան, Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի պետի նախկին տեղակալ:
- Ազրպէյճան եւ Իսրայէլ յարաբերութիւններ:
Շահան Գանտահարեան, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր-տնօրէն:
- Ազրպէյճանի ազգային փոքրամասնութիւններ:
Էդգար Էլբակեան, «Հայկական նախագիծ» գիտակրթական ՀԿ համահիմնադիր:
- Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները տարածաշրջանի երկիրներու հետ:
Աբրահամ Գասպարեան, «Ճենեսիս Արմինիա» կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն:
- Պատմութեան խեղաթիւրման Ազրպէյճանի քաղաքական եւ ակադեմական փորձերը:
Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար:
- Արցախի մէջ այլընտրանքային ջրային պաշարներու կարողականութիւնը (unconventional water resources):
Յովսէփ Տէր Գէորգեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ջրային պաշարներու մասնագէտ:
- Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութեան հիմնախնդիրը:
Գարեգին վրդ. Համբարձումեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գրասենեակի ղեկավար:
- Արցախի տնտեսութեան դիմադրողականութեան բարձրացման կարելիութիւնները:
Սուրէն Բարսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի Տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի պատասխանատու:
- Միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու գործունէութեան կարեւորութիւնը Արցախի մէջ:
Վիգէն Աշգարեան, Մարդասիրական օժանդակութեանց միջազգային կազմակերպութեան աշխատակից:
- Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք արցախահայութեան ուղղուած հայկական մարդասիրական օժանդակութիւնները:
Լիլիթ Մարտիրոսեան, Արցախի ՀՕՄ-ի միաւորի ատենապետուհի:
- Արցախի հիմնահարցը միջազգային կազմակերպութիւններու օրակարգին վրայ:
Մարիօ Նալպանտեան, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի անդամ, Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ:
Յայտնենք, որ ուսումնասիրութիւնները պիտի գնահատուին հետեւեալ չափանիշներով. արդիականութիւն, կիրառական նշանակութիւն, հետազօտական աշխատանքի տարողութիւն, աշխատանքի առարկայական հիմնաւորութիւն, թեքնիք պահանջներու յարգում:
Քաջալերելի է մրցանքին մասնակցութիւնը նաեւ խմբակներու յառաջացմամբ: Ուսանողները կրնան կազմել առաւելագոյնը 3 անդամ ունեցող խմբակներ:
Պատրաստուած նախագիծները պիտի քննուին խորհրդատուներէ բաղկացած դատական կազմի մը կողմէ: Մրցոյթին մասնակցած բոլոր ուսանողները պիտի ստանան խորհրդանշական նուէրներ: Դատական կազմին կողմէ ընտրուած լաւագոյն ուսումնասիրութիւններուն հեղինակները պիտի ստանան կրթաթոշակ: Առաջին մրցանակին արժանացած իւրաքանչիւր ուսանող 1000, երկրորդը 750, իսկ երրորդը 500 ամերիկեան տոլար դրամական պարգեւներ:
Մրցոյթի աւարտին պիտի գումարուի առցանց խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին լաւագոյն ուսումնասիրութիւնները պիտի ներկայացուին հանրութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր աշխատութիւնները լոյս պիտի տեսնեն հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլի էջերուն մէջ:
Նշենք, որ մրցոյթին արդիւնքները պիտի հրապարակուին նոյեմբեր 1-ին, իսկ լուսաբանութիւններու եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել հետեւեալ հասցէին` [email protected]:
2022-ի Սեպտեմբերին Ազրպէյճանի Հակամարտութեան Պատճառով Տեղահանուեցաւ Առնուազն 1427 Երեխայ. Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն
2022 թուականի սեպտեմբերին Ազրպէյճանի հակամարտութեան պատճառով առնուազն 1427 երեխայ տեղահանուեցաւ, եւ խախտուեցան անոնց հիմնական իրաւունքները: Այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Անի Պատալեանը:
«Խօսելով երեխայի իրաւունքներուն մասին` 2022 թուականի սեպտեմբերին Ազրպէյճանի հակամարտութեան ընթացքին տարածքի կրթական հաստատութիւնները ենթարկուած են ուղղակի գնդակոծութեան, որուն պատճառով երեխաները զրկուած են կրթութեան իրաւունքէն, առնուազն 1427 երեխայ տեղահանուած է, եւ խախտուած են անոնց հիմնական իրաւունքները», գրած է ան` տարածելով ՄԱԿ-ի 2022 թուականի հակամարտութիւններէն տուժած երեխաներուն մասին զեկոյցը:
Ըստ զեկոյցին, 2022 թուականին ամբողջ աշխարհին մէջ մոլեգնեցան զինուած հակամարտութիւնները, որոնք կործանարար հետեւանքներ ունեցան երեխաներուն համար: ՄԱԿ-ի վերջին զեկոյցը ցոյց տուաւ, որ աւելի քան 8800 երեխայ սպաննուած կամ խեղուած է, իսկ աւելի քան 7600 հաւաքագրուած է զինուած ուժերու կողմէ: Դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու վրայ յարձակումներու թիւը նոյնպէս աճած է 112 առ հարիւրով:
Խօսնակը ընդգծեց, որ Բերձորի միջանցքի շրջափակումը անդառնալի ազդեցութիւն ձգեց: Ընտանիքներէն բաժնուիլը, տեղահանութիւնը, հոգեբանական տառապանքը սարսափելի իրողութիւններ են, որոնց բախեցան Արցախի երեխաները:
«Այժմ 20 հազար երեխայ զրկուած է յուսալի կրթութիւն ստանալու կարելիութենէն», նկատեց ան:
Մարտունիի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ 44-Օրեայ Պատերազմին Հերոսացածներուն Պուրակը
Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի քաղաքին Մ. Մելիք Շահումեանցի անուան թիւ 1 հիմնական դպրոցի բակին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին հերոսացած հայորդիներու յիշատակին կառուցուած պուրակի բացման արարողութիւնը:
Մարտունիի համայնքապետարանի աշխատակազմէն տեղեկացուցին, որ պուրակի բացման մասնակցած են` Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզպետ Կարէն Սարգսեանը, Մարտունի համայնքի ղեկավար Յովհաննէս Հովէեանը, ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ եւ դպրոցականներ, պատերազմին նահատակուած զինուորներու հարազատներ, պուրակի կառուցման աջակցած քաղաքացիներ, համայնքի անդամներ:
Անմահացած քաջորդիներու յիշատակին կառուցուած պուրակի բացման արարողութեան դպրոցի տնօրէն Անժելա Պօղոսեան նշեց. «Մեր լոյս տղաները մնացին բարձունքի մէջ եւ իբրեւ արծիւներ` պիտի շարունակեն պահապան ըլլալ իրենց հայրենիքին, որովհետեւ անոնք յաւերժ մարտիկներ, փառապանծ զինուորներ են: Իսկ ապրողներուս կը մնայ շարունակել պայքարը մեր հայրենիքի շէնացման, հզօրացման ու ծաղկման համար»:
Դպրոցականները հանդէս եկան գրական-երաժշտական կատարումներով, անուն առ անուն յիշեցին արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած մարտունեցի ութ քաջերը: Մանուկները ծաղկեփունջեր նուիրեցին նահատակներու հարազատներուն:
Այնուհետեւ խօսքեր արտասանեցին` Գեղարքունիքի մարզպետ Կարէն Սարգսեանը, դպրոցի զինղեկ Կարէն Համբարձումեանը, հերոս զինուոր Ռուբէն Գուլէեանի մայրը: