Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ռազմիկ Դաւոյեանի «Ռեքուիեմ» Ստեղծագործութեան Ամբողջական Գիրքի Շնորհահանդէս
2 յուլիս 2023-ին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը Գիւմրիի «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ կազմակերպեց հայ գրականութեան երեւելիներէն մէկուն` Ռազմիկ Դաւոյեանի «Ռեքուիեմ» ստեղծագործութեան վերջին` ամբողջական տպագրութեամբ գիրքի շնորհահանդէսը:
Միութեան 95-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ կայացած հանդիսութեան բացումը կատարեց սոփրանօ Լէոնորան` Կոմիտասի «Կռունկ» երգով:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Հայաստանի պատասխանատու Արտաշէս Շահբազեանը, Երեւանի գրասենեակի պատասխանատու Ռուզան Առաքելեանը, գիրքի կազմող-հրատարակիչ Արմէնուհի Դաւոյեանը: «Ռեքուիեմ» պոէմին մասին գրականագիտական վերլուծական խօսքով հանդէս եկաւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Կարինէ Մարտիրոսեանը: Գիրքին անդրադարձան` Հայաստանի Գրողներու միութեան Շիրակի մարզային բաժանմունքի նախագահ, բանաստեղծ Անդրանիկ Կարապետեանը, բանաստեղծուհիներ Ռոզա Յովհաննիսեանը, Լուսինէ Աղաջանեանը, գրող-ազատամարտիկ Ռաֆիկ Ղազինեանը, բանասէր Լուսինէ Գինոսեանը:
Պահի ոգեւորութիւնը փոխանցուեցաւ նաեւ հանդիսատեսին, ու հիւրերէն մէկը` Գոհար Յովհաննիսեանը, փափաք յայտնեց կարդալու գիրքէն հատուած մը:
Իրենց գեղեցիկ ասմունքով ձեռնարկը զարդարեցին` Գիւմրիի Երիտասարդական պալատի կամաւոր, «Մտորումների թատրոն»-ի սան Ռուզաննա Մաջունջեանը, ՀԵՄ անդամ Վերոնիկա Բեգլարեանը, Գիւմրիի թիւ 1 դպրոցի սան Մարիամ Յովհաննիսեանը:
Նշենք, որ Ռազմիկ Դաւոյեան այն անհատականութիւնն է, որուն ջանքերով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը արմատներ նետեց նաեւ Հայաստանի սահմաններէն ներս եւ շուրջ 30 տարի ոչ միայն գործուն դերակատարութիւն ունեցաւ, այլ նաեւ ընդլայնեց աշխարհագրութիւնը` հասնելով Գիւմրի: Եւ ահա այդ օր Գիւմրիի օդը լեցուեցաւ գրող Ռազմիկ Դաւոյեանի շունչով, եւ յուզմունքի ու ուրախութեան երկունքէն ծնունդ առաւ յիշողութիւնը գրողի եւ անոր գրական ժառանգութեան ծիրին մէջ:
«Այլեւս Երբեք» Խորագիրով Ցուցահանդէս Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան
Երեւանի «Փիւնիկ» զարգացման կեդրոնին մէջ յունիս 18-28-ին տեղի ունեցաւ գիւմրեցի նկարիչ Վաչագան Պօղոսեանի «Այլեւս երբեք» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին հիւրընկալուեցան բազմաթիւ այցելուներ` արուեստագէտներ, մշակոյթի գործիչներ, շարքային քաղաքացիներ, այլազգի ներկայացուցիչներ, որոնք տպաւորուած էին ինքնատիպ արուեստով:
Այս առիթով «Yerkir.am»-ը զրուցեց նկարիչ Վաչագան Պօղոսեանի հետ:
«Այո՛, բոլոր կարծիքները` դրական, խրատական, բարեկամական, ինծի համար մեծ նշանակութիւն ունին, որովհետեւ մարդ-անհատականութիւնը, առաւել եւս արուեստագէտը կը յղկէ եւ կը յայտնագործէ գոյներու այն անտեսանելի նոր աշխարհը, որով կ՛ապրի եւ կ՛ապրեցնէ սերունդները:
«Օգտուելով առիթէն երախտիքի խօսք կ`ուղղեմ հայ ժողովուրդի մեծ բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանին եւ գործերու պատասխանատու Սոֆիային` «Փիւնիկ» զարգացման կեդրոնին մէջ ցուցահանդէսը կազմակերպելնուն համար:
Վառ գոյներու միջոցով ուզեցի անտարբեր մարդոց ուշադրութիւնը սեւեռել Ցեղասպանութիւն չարիքին վրայ եւ սթափութեան կոչ յղել անոնց: Այս աշխատանքները երկար տարիներու ծննդեան վկայական ունին: Ամէն գոյն կտաւին դնելէ առաջ աչքերուս առջեւ վերապրածի կեանքով ապրեցայ: Անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած եմ շարք մը դպրոցներու մէջ: Կ՛ուզեմ հայ աշակերտին մէջ ամրացնել հայրենիքի հանդէպ սէրը եւ հայրենաճանաչումը: Ցուցահանդէսներս միշտ կը սկսին հայ մեծերու գաղափարաբանական մտքերով եւ զարգացում կ՛ապրին մինչեւ վրէժ»:
Երեւանի Կասեան Փողոցը Վերանուանուեցաւ Վազգէն Առաջինի Անունով
Երեւանի փոխքաղաքապետին առաջարկով Սարգիս Կասեանի անունը կրող փողոցը վերանուանուեցաւ Վազգէն Ա.-ի անունով:
Երեւանի աւագանիի նիստի ընթացքին որոշումը հաւանութեան արժանացաւ աւագանիի անդամներուն կողմէ:
Երեւանի աւագանիի փոփոխութեան նախագիծի հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ Սարգիս Կասեան «կանգնած է հայոց պետականութեան ոչնչացման ակունքներում», ուստի կ՛առաջարկուի վերցնել անոր անունը եւ փողոցը վերանուանել հայ ժողովուրդին կողմէ ամէնէն սիրուած կաթողիկոսներէն մէկուն` Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոս Վազգէն Ա. վեհափառին անունով:
Լուսարձակի տակ կ՛առնուի, որ կաթողիկոսը եղած է եկեղեցաշինարար: Անոր ջանքերով վերանորոգուած են Էջմիածնի մայր տաճարը, Էջմիածնի Սուրբ Հռիփսիմէ, Սուրբ Գայեանէ, Սուրբ Շողակաթ վանքերը, Գեղարդավանքը, Խոր Վիրապի վանքը, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Երեւանի Սուրբ Սարգիս, Սուրբ Զօրաւոր, Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիները: Կառուցած են «Գալուստ Կիւլպենկեան» վանատունը, «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատունը: Վազգէն Ա.-ի նախաձեռնութեամբ եւ սփիւռքահայերու նուիրատուութեամբ ժամանակակից սարքաւորումներով վերազինուած է Մայր Աթոռի տպարանը:
Վեհափառ հայրապետին շնորհիւ փրկուած ու Երեւանի մատենադարանին յանձնուած են բազմաթիւ արժէքաւոր թղթածրարներ ու փաստաթուղթեր:
25 փետրուար 1988-ին ան դիմած է ԽՍՀՄ նախագահ Միխայիլ Կորպաչովին` Արցախը Հայաստանի հետ վերամիաւորելու հարցով:
Արցախեան շարժման ընթացքին խորհրդային եւ միջազգային բարձրագոյն ատեաններուն մէջ լուսարձակի տակ բերած է արցախահայութեան պահանջը: Հայրապետական առանձին տնօրինութեամբ վերահաստատած է Հայ եկեղեցւոյ Արցախի թեմը (1989), ձեռնարկած է Արցախի շարք մը եկեղեցիներու ու վանքերու վերաբացման ու վերանորոգութեան:
Իր հոգեւոր-եկեղեցական եւ գիտամշակութային աւանդին համար Վազգէն վեհափառ եղած է առաջինը, որ արժանացած է Հայաստանի ազգային հերոսի բարձրագոյն կոչմանն ու Հայրենիքի շքանշանին (1994-ի յուլիսի 29): Արժանացած է նաեւ այլ միջազգային յուշամետալներու:
Գիւմրիի Երիտասարդական Պալատի Դահլիճին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Սաղարթի «Տառերի Ճախրանք» Խորագրով Ցուցահանդէսին
Վերջերս Գիւմրիի Երիտասարդական պալատի դահլիճին մէջ բացումը կատարուեցաւ Սաղարթի «Տառերի ճախրանք» խորագրով ցուցահանդէսին:
«Տառերի ճախրանք»` այսպիսի վերտառութիւն ունի այն հրաշք ցուցահանդէսը, որ ներկայացուեցաւ գեղանկարչուհի Սաղարթի կողմէ: Իւրաքանչիւր ազգ, երկիր ունի մեծ ճանաչում ո՛չ թէ իր տարածքներուն մեծութեամբ, այլ` մշակոյթով, մշակութային արժէքներով: Առանց մշակոյթի` ազգը չի համարուիր ազգ, եթէ չունի թէկուզ փոքրիկ կտոր մշակոյթ: Բայց Հայաստան աշխարհը միշտ կը զարմացնէ: Կը զարմացնէ այնպիսի արուեստագէտներով, ինչպէս` տաղանդաւոր, իր արուեստին մէջ նոր խօսք բերող նկարչուհի Սաղարթը:
Անոր արուեստը մետաքսի վրայ բատիկ նկարչութեան արուեստն է: Ոգեշնչումներուն հիմքը հայոց տառերն են, որոնք կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդին դարաւոր գոյութիւնը, անոր հոգեւոր ու նիւթական կեանքը: Յիրաւի, այս աշխատանքներուն գունագեղումէն, տառերուն շուրջպարէն, անոնց հեւքէն անշուշտ պիտի հիանար եւ պիտի զմայլէր Մեծն Մեսրոպ Մաշտոցը:
Սաղարթ` կին, մայր, նկարչուհի, հոգեթով անձնաւորութիւն մը, որուն նկարներուն մէջ անոր համեստ ինքնութիւնն է, ուժեղ կամքը, տառերուն հետ ամէնօրեայ զրոյցները, անոնց լսելի ձայնը: «Սուրհանդակ», «Ջրապտոյտ», «Արարում», «Յաւերժ խոյանք», «Հայեացք» եւ այլ անուններ, որոնք կու գան հաստատելու, որ նման են` մշակութային լաւագոյն գոհարներու, անգին մետաղներու, զարդերու, որոնք երբեւէ չեն հիննար, չեն պատուիր ժամանակի փոշիով, այլ կը յղկուին եւ կը փայլփլին, ինչպէս` հայոց այբուբենը:
«Եղեգան Փող» Փառատօնի Մրցանակակիրը Կարելիութիւն Ստացաւ Նուագելու Կոմիտասի Վարդապետին Պատկանող Սրինգով
«Նարեկացի» արուեստի միութեան եւ «Եղեգան փող» շվիահարներու եւ սրնգահարներու 2-րդ համահայկական մրցոյթ-փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Հելբերտ Ասատրեանի նախաձեռնութեամբ, Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ փառատօնի մրցանակակիրը բացառիկ կարելիութիւն ստացաւ նուագելու Կոմիտաս վարդապետին պատկանող սրինգով: «Նարեկացի» արուեստի միութեան գեղարուեստական խորհրդատու Դանիէլ Երաժիշտը ողջունեց այս բացառիկ իրողութիւնը, երբ պատանի երաժիշտին կարելիութիւն տրուեցաւ նուագելու հանճար Կոմիտասի սրինգով: «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեան նշեց, որ լսելով Կոմիտաս վարդապետի սրինգով կատարումը` զգաց, որ հաւատքը առ Աստուած մեծցաւ, երբ նուագեց հայ ժողովուրդի «դեսպանը»:
Ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէնութեան այս բացառիկ կարելիութեան համար: Ձեռնարկին ընթացքին կատարումներով հանդէս եկաւ նաեւ «Նովա» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը:
Յայտարարուեցան «Մարդ Աստուծոյ» Մրցանակաբաշխութեան Յաղթած Գրողներուն Անունները
Վերջերս պարգեւատրուեցան Հայաստանի Գրողներու միութեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Կիլիկիոյ թեմի «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան «Մարդ Աստուծոյ» միացեալ մրցանակաբաշխութեան մասնակիցները: Անոնք մրցանակներ ստացան «արձակ», «բանաստեղծութիւն» եւ «մանկապատանեկան» անուանակարգերուն մէջ:
Հաղորդենք, որ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ յունիս 28-ին, Հայաստանի Գրողներու միութեան տան մէջ: Ձեռնարկին ընթացքին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան նշեց, որ իրենք կը փորձեն տարբեր կառոյցներու հետ համագործակցիլ ո՛չ միայն մրցանակաբաշխութիւններով, այլեւ` միացեալ ձեռնարկներու իրականացումով:
«Այս մրցանակաբաշխութիւնը օժանդակութիւն է մեր գրականութեան, ինչպէս նաեւ` արձակի, բանաստեղծութեան եւ մանկապատանեկան գրականութեան ժանրերուն մէջ լաւ եւ հետաքրքրական գործերու ստեղծման: Մրցանակաբաշխութիւնը նաեւ կրնայ ոգեւորութիւն յառաջացնել, որովհետեւ այսօր շատերը չեն կրնար իրենց ստեղծագործութիւնները հրատարակել նիւթական պատճառներով, իսկ մրցանակաբաշխութիւնը կ՛օգնէ անոր», ըսաւ Միլիտոնեան` տեղեկացնելով, որ առաջին մրցանակին համար նախատեսած են 180 հազար, երկրորդ մրցանակին` 120 հազար, երրորդ մրցանակին` 100 հազար, իսկ խրախուսական մրցանակի համար` 90 հազար դրամ:
Յանձնախումբի նախագահ Սուրէն Դանիէլեան յայտնեց, որ քննարկած են 43 դիմումնագիր:
«Երբ ձեռնամուխ եղանք դիմումնագիրներու ուսումնասիրութեան, գնահատման, տեսանք, որ քանի մը դիմումնագիրներ վերարժեւորման պէտք է ենթարկուին` մեկնելով այն նախապայմանէն, որ դրուած էր մեր առջեւ: Մենք դիտարկած էինք անտիպ աշխատանքներ, որուն մասին նշուած էր յայտարարութեան մէջ, սակայն ստացեր էինք գործեր, որոնք 2001 թուականին լոյս տեսած են, ուստի վեց աշխատանք դուրս մնացին մրցոյթէն, սակայն անոնք գործեր էին, որոնք կրնային ըլլալ լաւագոյններու շարքերուն մէջ», նշեց ան:
«Արձակ» անուանակարգին մէջ առաջին մրցանակ չշնորհուեցաւ, երկրորդ մրցանակին արժանացան Գրիգոր Ճանիկեանը եւ Նանէն, իսկ երրորդ մրցանակին` Վրէժ Սարուխանեանը եւ Կարինէ Ռաֆայէլեանը:
«Բանաստեղծութիւն» անուանակարգին մէջ առաջին մրցանակը տրուեցաւ Խաչիկ Մանուկեանին, երկրորդը` Անդրանիկ Կարապետեանին, երրորդը` Յասմիկ Սարգսեանին, մինչ խրախուսական մրցանակ տրուեցաւ Գոհար Գալստեանին:
«Մանկապատանեկան» անուանակարգին մէջ առաջին մրցանակին արժանացաւ Սաթենիկ Ղազարեանը, երկրորդին` Զաւէն Պետրոսեանը, մինչ խրախուսական մրցանակի արժանացան Ալվարդ Յովսէփեանը եւ Օլկա Դարեանը:
Աւարտին մրցանակաբաշխութեան նախաձեռնողները յուսացին ու մաղթեցին, որ այսպիսի ձեռնարկները շարունակական բնոյթ ունենան:
Յայտարարուեցաւ «Արցախեան Գորգարուեստ» Հանրապետական 7-րդ Մրցոյթը
Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ծրագրի ծիրին մէջ յայտարարեց «Արցախեան գորգարուեստ» հանրապետական 7-րդ մրցոյթին մասին: Այս մասին տեղեկացուցին Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն:
«Մրցոյթը պիտի կայանայ մէկ փուլով, սակայն 2 տարիքային խումբերու մէջ` փոքր տարիքային խումբ (10-17 տարեկան) եւ մեծ տարիքային խումբ (18 տարեկան եւ բարձր), 3 անուանակարգով` «Գորգ», «Կարպետ», «Ասեղնագործութիւն»:
Մրցոյթի պարտադիր պայմանն է արցախեան գորգապատկերներու եւ զարդանախշերու օգտագործումը:
Տեղեկացնենք, որ մասնակցութեան դիմումնագիրները պիտի ընդունուին մինչեւ օգոստոս 15, իսկ պատրաստ աշխատանքները` մինչեւ սեպտեմբեր 15: Իսկ լրացուցիչ տեղեկութիւններու եւ պարզաբանումներու համար կրնաք զանգահարել 047 97 91 34 հեռախօսահամարով»:
Կ՛ողջունենք «Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ» Անդրադարձը` Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Շարունակուող Շրջափակման
Կ՛ողջունենք «Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ» միջազգային հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութեան անդրադարձը` Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակուող շրջափակման վերաբերեալ, որով կազմակերպութիւնը կ՛արձանագրէ, որ Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութիւնը զրկած է սնունդի մատակարարումներէն եւ մարդասիրական աջակցութենէն: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին միջոցով յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը:
«Կազմակերպութիւնը կ՛ընդգծէ նաեւ, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ անտեսել ՄԱԿ-ի բարձրագոյն դատական մարմինին որոշումը, որով դատարանը կը պարտադրէր Ազրպէյճանին ապահովելու ազատ տեղաշարժը Բերձորի միջանցքէն, եւ կը պնդէր, որ Ազրպէյճան պէտք է վերցնէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումն ու վերջ դնէ մարդասիրական ճգնաժամին:
Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ այսպիսի յայտարարութիւններն ու իրավիճակին հասցէական գնահատականները պէտք է հիմք հանդիսանան միջազգային հարթակի վրայ որոշում կայացնողներուն համար` Ազրպէյճանի հանդէպ զսպիչ եւ պատժիչ գործողութիւններ ձեռնարկելու համար», գրած է Ստեփանեան: