Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Նամակներ Պօղոս Սնապեանին» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Յուլիս 3, 2023
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սփիւռքահայ անուանի գրագէտ, խմբագիր, գրաքննադատ, հասարակական գործիչ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանին նախաձեռնութեամբ եւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին կազմակերպութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի նիստերու դահլիճին մէջ յունիս 27-ին տեղի ունեցաւ «Նամակներ Պօղոս  Սնապեանին» գիրքին շնորհահանդէսը:

Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան: Ան ներկայացուց Պօղոս Սնապեանի` իբրեւ մեծ մտաւորականի, գրական-հասարակական գործունէութեան կարեւորութիւնն ու դերը հայ իրականութեան մէջ: «Պօղոս Սնապեան այն քիչ մտաւորականներէն էր, որ իր կեանքով փաստեց իր հաւատարմութիւնը գրական ու մշակութային այն բարձր արժէքներուն նկատմամբ, որոնք կը բանաձեւեն հոգեւոր հայրենիքի տեսլականը», նշեց Ռ. Առաքելեան:

Շնորհահանդէսին օրհնութեան խօսք արտասանեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեան:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ խօսքեր արտասանեցին Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Արեւիկ Գաբրիէլեանը եւ Արտաշէս Շահպազեանը:

Շնորհահանդէսը յագեցած էր գնահատանքի ջերմ ու անկեղծ խօսքերով` ներկաներուն համար նորովի բացայայտելով Պօղոս Սնապեանի ձգած գրական ժառանգութիւնը, անոր մարդկային կերպարն ու պատգամները:

Հաղորդենք, որ շնորհահանդէսի բանախօսներն էին գրականագէտներ Արծրուն Աւագեանը, Սերժ Սրապիոնեանը, Դաւիթ Գասպարեանը, Հայաստանի գրողներու միութեան քարտուղար Պետրոս Տէմիրճեանը եւ հրապարակախօս Վաչէ Բրուտեանը:

Պետրոս Տէմիրճեան ընթերցեց Պօղոս Սնապեանի նամակը, որ տարիներ առաջ գրողը յղած էր իրեն:

Աւարտին իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին ու ներկաներուն հետ յուշերով կիսուեցան Պօղոս Սնապեանի դուստրը` Թամար Սնապեան-Սուրճեանը եւ թոռնուհին` Նարօտ Սուրճեանը:

 

 

Նախորդը

«Ո՞վ Չի Սիրեր Պէյրութը»

Յաջորդը

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի 2022-2023 Տարեշրջանի Աշակերտներու Գործերու Ցուցադրութիւն

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?