Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Երեւանի Մէջ «Արցախի Շրջափակման Ձայնը» Խորագրով Արցախաբնակ Լուսանկարիչներու Լուսանկարներու Ցուցահանդէս
Երեւանի թատրոնի եւ շարժանկարի պետական հիմնարկի Երիտասարդական թատրոնի սրահին մէջ մայիս 16-18 նոյն համալսարանի Ուսանողական գիտական, ստեղծագործական ընկերութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ արցախաբնակ լուսանկարիչներու «Շրջափակման ձայնը» խորագրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Կազմակերպիչներուն խօսքով, ցուցահանդէսին գլխաւոր նպատակը եղած է Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը հանրութեան, յատկապէս երիտասարդութեան ներկայացնել արուեստի լեզուով:
Ուսանողական գիտական, ստեղծագործական ընկերութեան նախագահ Վովա Արզումանեանի տրամադրած տեղեկութիւններուն համաձայն, Արցախի մէջ ապրող խումբ մը լուսանկարիչներէ ստացած են մօտաւորապէս հարիւր լուսանկար, որոնցմէ ցուցահանդէսի ծիրին մէջ ներկայացուեցան միայն երեսուներեքը: «Նկատի առինք լուսանկարներու ներքին բովանդակային կողմն ու գեղագիտական արժէքը», մանրամասնեց Արզումանեան` աւելցնելով, որ երբ մարդկային լեզուն դադրի խօսելէ, արուեստը կը զարգանայ, եւ արուեստի լեզուն կը փորձէ մարդկային մտքին մէջ մտնել: «Այս ցուցահանդէսը նաեւ ապացոյցն է այն բանին, որ Արցախի մէջ այսօր կ՛ապրին մեր հայրենակիցները, որոնք իսկական հայու մարմնացում են` ուժեղ, պայքարող, հող հայրենիքին տէր կանգնող: Արցախը հայկական է», ընդգծեց Վովա Արզումանեան: Երեւանի Թատրոնի եւ շարժանկարի պետական հիմնարկի նախագահ, արուեստագիտութեան թեկնածու, դոցենտ Սառա Նալպանտեան իր հերթին շեշտեց այսպիսի նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը, ողջունեց Ուսանողական գիտական, ստեղծագործական ընկերութեան գործունէութիւնն ու իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն: Իսկ թատրոնի բաժանմունքի ղեկավար, փրոֆեսէօր Աննա Հեքեքեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի մէջ բնակող հայորդիներուն` անոնց ուժին եւ հայրենասիրութեան համար: «Մենք հիմա կիսատ կ՛ապրինք, կիսատ կը շնչենք, կարելի է ըսել` կիսատ-պռատ կը գոյատեւենք, եւ միայն Արցախի մէջ ապրող հայերու տոկունութիւնն է, որ մեզի կու տայ քիչ մը մեր մէջքը ուղղելու կարողութիւն եւ յոյս, որ մենք տակաւին կը պայքարինք», նշեց փրոֆեսէօր Աննա Հեքեքեան: Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեան ընդգծեց, որ այսօրինակ դժուար օրերուն այս ցուցահանդէսը կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է, որ ներկայացուց այսօր Արցախի մէջ ընթացող կեանքը: «Մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամը չէ, որ երբ մենք, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կրնանք յաղթահարել փորձութիւնները, կարեւորագոյն նախապայման է, որ բոլորս պէտք է համախմբուինք եւ մեր կարողութիւններուն, մեր գիտելիքներուն, փորձառութեան չափով փորձենք օգտակար դառնալ: Եւ այսօր Արցախի մեր հայրենակիցները իրենց ամէնօրեայ կեանքով ցոյց կու տան այդ դիմադրութիւնը, եւ կը վստահեցնենք, որ այդ պայքարը պիտի շարունակուի, իսկ յաջողութիւն կրնանք ունենալ միայն համախմբուելու պարագային», ըսաւ արտաքին գործոց նախարարը: Սեւակ քհնյ. Սարիբէկեան նշեց, որ նկարներուն մէջ ցաւն ու տխրութիւնը հոգի տանջող զգացումներ են, բայց հետաքրքրական կերպով բոլոր նկարներուն մէջ լոյս կայ, որ յոյսի կը նմանի: «Երբ որ մեր շուրջը կը տեսնենք դժուարութիւններ, առանց հոսանքի, առանց կազի իրավիճակ, ապա ճիշդ այդ նոյն պահուն չենք մոռնար արեւը: Եւ կարծես այդ կը բերէ երկնքի օրհնութիւնը: Եթէ մեր շուրջը չկայ մէկը, որ օգնէ, ապա օգնութեան կու գայ Բարձրեալը: Որքան ալ դժուար ըլլայ, կարեւորը յոյսը եւ լոյսը չկորսնցնելն է, ու այս նոր ելակէտ մըն է: Մենք ոչ թէ պէտք է ողբանք ու կոծենք մեր ձեռքերը մեր ծունկներուն տալով, այլ բարձրացնենք վերեւ, ու թող Աստուած օրհնէ Արցախ աշխարհը», եզրափակեց Սեւակ քհնյ. Սարիբէկեան:
Ցուցահանդէսի կազմակերպիչները յայտնեցին, որ կը նախատեսուի ցուցահանդէսը իրականացնել նաեւ Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ: Կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլան նաեւ Երեւանի Թատրոնի եւ շարժանկարի պետական հիմնարկի վերոնշեալ երկու քաղաքներու մասնաճիւղերու ուսանողները:
Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Հայաստանի Շրջանաւարտից Միութեան Հիմնադիր Նիստ
Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի Հայաստանի Շրջանաւարտից միութեան կազմաւորման եւ հիմնադրութեան անդրանիկ հանդիպումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 14 մայիս 2023-ին, «Արամ Մանուկեան» կեդրոնէն ներս: Ժողովին մասնակցեցան` Ճեմարանի նախկին ուսուցիչներ, քահանայ հայրեր, խնամակալութեան նախկին անդամներ եւ տարբեր սերունդներէ Հայաստան հաստատուած ճեմարանականներ:
Ներկաները իրենց սրտի խօսքերուն ընդմէջէն յոյժ գնահատելի նկատեցին այս ծրագրին իրականացումը: Հայրենիքի մէջ հաստատուած բազմաթիւ ճեմարանականներու համար սրտագին բաղձանք մը եղած է կազմել Շրջանաւարտից միութիւն, որուն հիմնական նպատակը ըլլայ մէկտեղել ճեմարանականները եւ անոնց կարելիութիւնը ի սպաս դնել ճեմարանի ու ճեմարանականներու օժանդակութեան: Այնուհետեւ ժողովը առաջարկներ ներկայացուց եւ ներկաներուն միջեւ կարծիքներ փոխանակուեցան այս առաքելութեան հեզասահ ընթացքին վերաբերեալ:
Յայտնենք, որ ժողովի աւարտին յայտարարուեցաւ նշանակուած Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան Հայաստանի անդրանիկ կազմը հետեւեալ պատկերով. Րաֆֆի Աւետիսեան (ատենապետ), Ժիրայր Կարապետեան (ատենադպիր), Արամ Լէպլէպճեան (գանձապահ), Կարօ Իւզպաշեան, Մարի Մերտխանեան, Խաչիկ Ճոզիկեան, Համբիկ Ճապաղջուրեան, Էլենա Աւագեան, Սեւակ Սիւլահեան եւ Սամիկ Պարիխան:
Արցախի Աշան Եւ Իլինոյի Կրենիթ Սիթի Քաղաքները «Բարեկամ Քաղաքներ» Հռչակուեցան
Իլինոյի Կրենիթ Սիթի քաղաքին Քաղաքապետական խորհուրդը հաստատեց իր եւ Արցախի Հանրապետութեան Աշան քաղաքին միջեւ գոյացած «Բարեկամ քաղաքներ» դառնալու հռչակագիրը: Այս մասին հաղորդեց Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Կրենիթ Սիթիի քաղաքապետ Մայք Փարքինսընի առաջադրած այս գործակցութիւնը ամուր հիմերու վրայ պիտի դնէ երկու հեռաւոր քաղաքներու միջեւ բազմամակարդակ եւ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելու ջանքերը` նպատակ ունենալով զօրակցիլ Աշանի տնտեսական կայունութեան եւ մշակութային հարստութեանց պահպանութեան, ինչ որ յոյժ կարեւոր է այս օրերուն, երբ Արցախը պաշարուած կը մնայ:
Հաղորդենք, որ համաձայնութեան իրականացման մէջ կենսական դերակատարութիւն ունեցան Հարաւային Իլինոյի եւ Կրենիթ Սիթիի Հայ դատի յանձնախումբերը:
Ստեփանակերտի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Շուշիի Կերպարուեստի Պետական Թանգարանի Նոր Հաւաքածոյի Ցուցադրութեան
Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանի նոր հաւաքածոյի ցուցադրութեան:
Թանգարաններու միջազգային օրուան առիթով բացումը կատարուեցաւ ցուցադրութեան ներկայացուած 40 գեղանկարի: Շուշիի Կերպարուեստի պետական թանգարանի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին համոզում յայտնեց, որ ցուցադրութիւնը թանգարանի վերածնունդը կը խորհրդանշէ:
«Շուշիի ցաւագին կորուստը, յուսահատելու, թեւաթափ ըլլալու փոխարէն, մեզ մղեց գործելու եւ նոր քայլերու: Մենք լծուեցանք դիմակայելու մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: Շուշիի մեր 4 թանգարաններուն մէջ մնացին բազում գեղանկարներ, հանքաքարերու մեծ հաւաքածոյ: Դժուար էր պատկերացնել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ամէն ինչ նորէն սկսիլ, բայց համախմբուեցանք ու լծուեցանք աշխատանքի: Թանգարաններու հիմնադիր, փրոֆեսէօր Գրիգորի Գաբրիէլեանցի աջակցութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ, նորէն սկսանք գեղանկարներու հաւաքագրման: Պատերազմէն ետք յաջողեցանք ձեռք բերել 110 գեղանկար», ըսաւ Լ. Գասպարեան:
Անոր խօսքով, կը շարունակուին ոչ պաշտօնական կրթական ծրագիրներ իրականացնել, ինչպէս նաեւ Արցախի թեմի հետ միասին ցուցահանդէսներ կազմակերպել:
«Ցուցահանդէսներ կայացան Ստեփանակերտի մայր եկեղեցւոյ ներքնայարկի սրահին, Հացի, Ծովատեղ եւ Խանցք համայնքներուն մէջ», մանրամասնեց Գասպարեան:
Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան նշեց, որ Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանը կորսնցուցած է գրեթէ ամբողջ ֆոնտը, մօտաւորապէս 648 գեղանկարներէն փրկուած է միայն 80-ը:
«Այսօրուան դաժան պայքարին մէջ մեր մշակոյթը, մշակութային ինքնութիւնը պահպանելը, զարգացնելը բոլորիս պարտքն է, որովհետեւ մեր տեսլականի` ամբողջական Արցախի համար պայքարը ո՛չ միայն ռազմական, քաղաքական ու տնտեսական դաշտին մաս կը կազմէ, այլեւ` մշակութային ու կրթական», ընդգծեց Լ. Յովհաննիսեան: Շուշիի Կերպարուեստի թանգարանի նոր հաւաքածուի ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մօտաւորապէս 2 ամիս:
Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Գորգերու Ցուցահանդէս` «Արցախեան Գորգերու Առեղծուածը» Խորագիրով
Մայիս 18-ին, Թանգարաններու միջազգային օրուան առիթով Արցախի պետական երկրագիտական պատմական թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան գորգերու ցուցահանդէս` «Արցախեան գորգերու առեղծուածը» խորագրով:
Արցախի Պատմական երկրագիտական թանգարանի տնօրէն Ժաննա Առստամեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ թանգարանին կողմէ տասնամեակներու ընթացքին հաւաքուեցան բազմաթիւ գորգեր, որոնք կը պահուին ֆոնտերու մէջ, եւ անոնց ցուցադրութեան կարիքը կը զգացուի:
«Կը փորձենք այդ հաւաքածոները հանրայնացնել ժամանակաւոր ցուցահանդէսներու եւ նոյնանման ցուցադրութիւններու ձեւով, որովհետեւ որոշակի աշխուժութիւն կը մտցնեն թանգարանային գործունէութեան մէջ եւ առանց անոր` թանգարանը պահեստի կը վերածուի», յայտնեց Ժ. Առստամեան:
Ան նշեց, որ Արցախի մէջ գորգագործութիւնը զարգացած էր վաղնջական ժամանակներէն, որուն մասին կը վկայեն յայտնաբերուած դիպակագործական ու քաթանագործութեան աշխատանքային գործիքները, ոսկորէն պատրաստուած կտուտիչները, որոնք կը վերաբերին Քրիստոսէ առաջ երկրորդէ առաջին հազարամեակներուն:
Առստամեան նշեց, որ արցախեան գորգերու առանձնայատկութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ անոնք աչքի կը զարնեն` իրենց նուրբ ճաշակով, գործուածքի խտութեամբ, խաւի բարձրութեամբ, ողորկութեամբ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են վերջին տարիներուն թանգարանի կողմէ հաւաքուած գորգերու 10-է աւելի նմուշներ:
Հաղորդենք, որ ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Նորայր Մկրտչեանը:
Կոմիտասի Ստեղծագործութիւններու Հաւաքածոն` ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի Աշխարհի Յիշողութեան Միջազգային Տոմարին Մէջ
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր խորհուրդի 18 մայիսի միաձայն որոշումով Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն արձանագրուեցաւ Աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարին մէջ:
Աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարին մէջ արձանագրուած Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի հին ձեռագիրներու հաւաքածոյի, աստղագէտ Բենիամին Մարգարեանի անջրպետային ուսումնասիրութեան (կամ Բիւրականի առաջին ուսումնասիրութիւն) եւ յօրինող Արամ Խաչատրեանի ձեռագիր խազերու եւ երաժշտութեան հաւաքածոյին կողքին, իր արժանի տեղը գտաւ հայկական չորրորդ փաստագրական ժառանգութիւնը:
Յայտնենք, որ Աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարը փաստագրական ժառանգութեան ցանկ է, որուն մէջ ներառուած են այն փաստաթուղթերը, ձեռագիրները, տեսահնչիւնային նիւթերն ու գրադարանային հաւաքածոներն ու արխիւները, որոնք ճանչցուած են իբրեւ բացառիկ նշանակութիւն ունեցող արժէքներու մարմնաւորում եւ պէտք է վկայագրուին ու պահպանուին մարդկութեան ապագային համար:
2023-ի Առաջին Չորս Ամիսներուն «Հայաստան Արցախ» Հիմնադրամը 1,1 Միլիոնի Դեղորայք Հայթայթած Է Հայաստանին Եւ Արցախին
2023-ի առաջին չորս ամիսներուն «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը վեց տարբեր առաքումներով դեղորայք հայթայթած է Հայաստանին եւ Արցախին: Ուղարկուած ապրանքներուն ընդհանուր արժէքն է 1,1 միլիոն տոլար, որուն 152 հազար տոլարի համարժէքը տրամադրուած է Արցախին: Դեղորայքի բոլոր վեց առաքումները նուիրուած էին Սանթա Պարպարայէն Direct Relief կազմակերպութեան կողմէ` «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամին խնդրանքով:
Հակառակ անոր որ Ազրպէյճան աւելի քան չորս ամիսէ ի վեր շրջափակած է Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն յաջողեցաւ Արցախ հասցնել հրատապօրէն անհրաժեշտ դեղերու առաքումները:
«Չափազանց բարձր կը գնահատենք Direct Relief-ի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի համար նուիրուած, կեանք փրկող դեղերը, ինչպէս նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին տրամադրած անյապաղ օգնութիւնը` զանոնք Արցախի մէջ շրջափակուած 120 հազար հայութեան հասցնելու նպատակին համար», յայտնեց «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեան:
Անցնող 34 տարիներուն «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամն ու զայն նախորդած Միացեալ հայկական հիմնադրամը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են 973 միլիոն տոլարի ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն` մեծաւ մասամբ դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ, 158 թռիչքներով եւ 2555 ծովային արկղերով: