Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մայիս 31, 2023
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Այցելեց Սարդարապատի Յուշահամալիր

Մայիս 28-ին Հանրապետութեան տօնին առիթով Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբաններու ընկերակցութեամբ այցելեց Սարդարապատի յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցեց մայիսեան հերոսամարտերուն զոհուած քաջարի հայորդիներու անմար յիշատակին:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ծաղկեպսակ զետեղեց յուշակոթողին առջեւ, ապա աղօթք բարձրացուց հայրենեաց պաշտպաններու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105-րդ Եւ Համազգայինի 95-րդ Տարեդարձներու Տօնակատարութիւնը` Գիւմրիի Մէջ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105-ամեակը եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակը նշուեցան Հայաստանի մշակութային եւ արուեստաբոյր քաղաքին` Գիւմրիի մէջ:

Վերջերս Գիւմրիի մէջ իր դռները բացած էր նաեւ Համազգայինի Գիւմրիի գրասենեակը` նպատակ ունենալով իր շուրջը համախմբել տեղի արուեստասէր հասարակութիւնը եւ քաղաքի ու մարզի մտաւորականութիւնը:

Մայիս 28-ին նուիրուած ձեռնարկը կայացաւ Գիւմրիի Յ. Իգիթեանի անուան գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի դահլիճին մէջ` Համազգայինի նախաձեռնութեամբ:

Ձեռնարկը կը ներառէր երեք խորհրդանշական մասեր` հայոց պետականութեան վերակերտման օր, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեայ ճանապարհ եւ «Պոլսահայ գրականութիւնը` 20-րդ դարու կէսէն մինչեւ մեր օրերը» ժողովածուի շնորհահանդէս:

Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Գիւմրիի գրասենեակի պատասխանատու Արա Նախաշքարեանը: Ան կարեւոր նկատեց օրուան խորհուրդն ու նշանակութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի առաջին խօսքը արտասանեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիգրան Պապիկեան: Ան իր խօսքը սկսաւ հերոսներու յիշատակին յարգանքի ու խոնարհումի լռութեան վայրկեանով: «Եթէ չըլլային մայիս 28-ի յաղթանակն ու անկախութեան կերտումը, չէր ըլլար նաեւ այսօրուան Հայաստանը, ուստի այս օրը մեզի համար պէտք է դառնայ սրբազան ուխտի օր` պահելու եւ պահպանելու այն, ինչ որ ձեռք բերինք 105 տարի առաջ եւ անկախութեան խորհուրդը աչքի լոյսի պէս փոխանցենք գալիք սերունդներուն: Այս դժուար օրերուն մենք այլ ելք չունինք, քան համախմբուելու, միաւորուելու, միասին դիմագրաւելու ներկայ մարտահրաւէրները` մեր մէջ կրելով մայիսեան յաղթանակներու շունչն ու ոգին», իր խօսքին մէջ շեշտեց Տիգրան Պապիկեան:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ (Հայաստան), «Դրօշակ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Արտաշէս Շահբազեան ամփոփ պատմական ակնարկով ներկայացուց մայիսեան հերոսամարտերու կարեւոր նշանակութիւնը` շեշտելով, որ մայիսեան հերոսամարտերով ճանապարհ բացուեցաւ դէպի հայոց պետականութեան վերակերտում: Արտաշէս Շահբազեան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր մեծերէն մէկուն` Դաշնակցութեան գաղափարակիր Արամ Մանուկեանի կերպարին, որ կրցաւ երկրին համար ծայրագոյն դժուար պայմաններու մէջ ցուցաբերել քաղաքական ու ռազմական փայլուն գործունէութիւն` օրինակ հանդիսանալով գալիք բոլոր քաղաքական գործիչներուն: «Ի՞նչ է անկախութիւնը եւ ինչո՞վ կը պայմանաւորուի այն մեզի համար»: Ա. Շահբազեան բացատրեց, որ կան քանի մը կարեւոր գործօններ, որոնք կը պայմանաւորեն անկախութեան գոյութիւնը` աշխարհագրական տարածք, մարտունակ ուժ, քաղաքական ղեկավարութիւն, նիւթական կարելիութիւններ եւ այլն: Այս բոլորին կողքին, կը կարծեմ, կայ շատ կարեւոր գործօն մը, որով իրապէս պայմանաւորուած է անկախութեան ըլլալը կամ չըլլալը: Այդ գործօնը կը գտնուի բոլորիս մէջ, որ պետականութեան գիտակցութիւնն է: Եթէ կայ պետականութեան գիտակցութիւն, ինչպէս որ տեղի ունեցաւ 1918-ին, ապա անձեւ քաոսի մէջ անգամ ժողովուրդը կրնայ ստեղծել պետականութիւն եւ հասնիլ անկախութեան»:

Համազգայինի անցած ուղիին եւ առաքելութեան մասին ներկաներուն հետ կիսուեցաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը: Ան նշեց, որ Համազգայինի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեան եւ Լեւոն Շանթ նաեւ Հայաստանի անկախութեան վերակերտման ակունքներուն մէջ կանգնած էին: «Առաջին հանրապետութիւն կերտող հայ մտաւորականները, որոնք կրթութիւն ստացած էին եւրոպական երկիրներու մէջ, ունէին միայն մէկ ուղենիշ` անոնց համար հայրենիքը ո՛չ միայն սրբութիւն էր, այլեւ հայրենիքի անկախութիւնը կերտելը սրբազան գործ էր: Անոնցմէ շատերը հետագային ձեռնամուխ եղան ստեղծելու Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, որովհետեւ կը գիտակցէին, որ առանց մշակոյթի, առանց կրթուած երիտասարդութեան` չի կրնար հայը հայ մնալ, չի կրնար հայրենիքը պահել ու փոխանցել սերունդէ սերունդ», ընդգծեց Ռուզան Առաքելեան:

Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան եւս խօսք արտասանեց ու ըսաւ. «1918 թուականին Սարդարապատի պատին տակ որոշուեցաւ մեր ժողովուրդին գոյութիւն ունենալու կամ չունենալու ճակատագիրը: Մենք կերտեցինք պետականութիւն, որովհետեւ Սարդարապատի մէջ յաղթեցին մեր ժողովուրդի միասնական կամքը եւ նպատակի գիտակցումը: Այսօր հայոց Սարդարապատը Արցախն է, ու Արցախի մէջ կ՛որոշուի մեր ժողովուրդի գոյութեան ուղին: Մեր 120 հազար հայրենակիցները, որոնք այսօր կը գտնուին շրջափակման մէջ, մեր նոր Սարդարապատի մարտիկներն են, որովհետեւ անոնք են, որ ուս-ուսի դիմակայեցին` փրկելով անկախ հայրենիք ունենալու բոլորիս երազը: Կը փափաքիմ, որ բոլորիս մէջ արթննայ հայու ա՛յն տեսակը, որ յաղթեց Սարդարապատի ճակատամարտին, հայու ա՛յն տեսակը, որ գիտէ, թէ ինչպէ՛ս սուգը կը դարձնէ պայքարի, հայրենասիրութիւնը կը դարձնէ հայրենատիրութեան, հայրենատիրութիւնը` ազգային արժանապատուութեան», յայտնեց Հ. Աւագեան:

Մայիսի 28-ի պատմական իրադարձութեան անդրադարձաւ նաեւ պատմական գիտութիւններու դոցենտ Կարինէ Ալեքսանեանը: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ հայ ժողովուրդի յաղթանակները կը վերադառնան այն ժամանակ, երբ մենք չկոչուինք երեւանցի, գիւմրեցի, արցախցի, սփիւռքահայ եւ այլ նոյնանման անուններով, այլ կոչուինք ու գործենք իբրեւ միասնական հայ ժողովուրդ, որ յստակօրէն գիտէ, թէ ուրկէ՛ կու գայ եւ ո՛ւր կ՛երթայ:

Բանասիրական գիտութիւններու դոցենտ Կարինէ Մարտիրոսեանը ներկայացուց վերջերս Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի միացեալ նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած «Պոլսահայ գրականութիւնը` 20-րդ դարու կէսէն մինչեւ մեր օրերը» գիտաժողովի նիւթերուն ժողովածուն` շեշտելով պոլսահայ գրականութեան դերը հայ գրականութեան անդաստանին մէջ:

Հանդիսութիւնը գեղարուեստական բաժինով ճոխացաւ «Հայկական զարդանախշեր» համոյթի պարուհի Եուլեա Ռեւազեանի մենապարով, նաեւ իր ելոյթներով հիացուց հրաշամանուկ Միքայէլ Յակոբեանը:

Ստեփանակերտի Մէջ` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Կազմաւորման 105-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Մայիս 29-ին Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ համերգային երեկոյ` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կազմաւորման 105-ամեակին:

Հանդիսութիւնը կազմակերպուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ:

Ներկաները նախ յարգեցին հայ ժողովուրդի մղած բոլոր պատերազմներու ընթացքին անմահացած հայրենեաց պաշտպաններու յիշատակը: Այնուհետեւ «Մռակած» պետական սենեկային երգչախումբին կատարումով հնչեցին Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները:

Արտասանելով թեմակալ առաջնորդի օրհնութեան խօսքը` Արցախի թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ քարոզչութեան կեդրոնի տնօրէն Վաչական քհնյ. Գիւրճեան անդրադարձաւ արցախցիներուն մասնակցութեան մայիսեան հերոսամարտին:

«Մայիսեան հերոսամարտերու գլխաւոր դերակատարներէն մէկը, եթէ ոչ` հիմնականը, եղած է արցախցի, դաշնակցական Արամ Մանուկեանը: Արցախէն մահապարտներու գունդը, Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի գլխաւորութեամբ, մասնակցեցաւ այդ պայքարին, իսկ Մայր Աթոռի միաբան հոգեւորականներէն կազմուած մահապարտներու գունդը եւս կը ղեկավարէր ծնունդով արցախցի Գարեգին եպս. Յովսէփեանցը: Այս կը նշանակէ, որ Արցախը անմնացորդ նուիրուած էր հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին, որովհետեւ այլ կերպ ըլլալ չէր կրնար», ըսաւ Վաչական քհնյ. Գիւրճեան:

Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար  Լեռնիկ Յովհաննիսեանի խօսքով, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծումը 20-րդ դարու հայոց պատմութեան ամէնէն նշանաւոր իրադարձութիւններէն մէկն է:

«Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտողը հայ ժողովուրդն է: Պատահական չէ, որ Գարեգին Նժդեհ իրաւացիօրէն մայիս 28-ի հեղինակը կը համարուի ամբողջ հայութեան կողմէ` իր գործողութիւններով, տառապանքներով, կամքով եւ ոգիով: Ժողովուրդին հետ միասին, իր քաղաքական մասնակցութեամբ, անուրանալի դերակատարութիւն ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը», աւելցուց Լ. Յովհաննիսեան:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիրուհի Գասպարեան նշեց, թէ  ինչպէս հայ ժողովուրդի մղած բոլոր պատերազմներուն, այնպէս ալ Սարդարապատի ճակատամարտին իրենց ուրոյն դերակատարութիւնը ունեցան նաեւ արցախցիները:

«Մեր անկախութիւնն ու պետականութիւնը մեզի ոչ ոք չնուիրեց: Մենք անոր համար վճարած ենք այնքան, որքան թերեւս ոչ ոք չէ վճարած: Մենք յանուն այդ  անկախութեան պայքարած ենք համախմբուած` ի հեճուկս ճակատագրի հարուածներուն», ընդգծեց Տ. Գասպարեան:

Տօնակատարութեան գեղարուեստական բաժինով իրենց մասնակցութիւնը բերին` Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի փոքրիկները, «Արցախի ձայներ» համոյթը, մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաները եւ ուրիշներ:

Հաղորդենք, որ ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, Արցախի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ` Արկադի Ղուկասեանը եւ  Բակօ Սահակեանը, ինչպէս նաեւ` Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը:

Կայացաւ «Պոլսահայ Գրականութիւնը` 20-րդ Դարու Կէսէն Մինչեւ Մեր Օրերը» Գիտաժողովի Զեկուցումներուն Ժողովածուի Շնորհահանդէսը

Վերջերս Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի միացեալ նախաձեռնութեամբ կայացաւ «Պոլսահայ գրականութիւնը` 20-րդ դարու կէսէն մինչեւ մեր օրերը» գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածուին շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան: Ան կարեւոր նկատեց այսպիսի ուշագրաւ հրատարակութեան լոյս ընծայումը, որ կրնայ լուրջ աղբիւր հանդիսանալ բոլոր անոնց, որոնք գիտական ուսումնասիրութիւններ կ՛իրականացնեն պոլսահայ գրականութեան ուղղութեամբ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան` հայրենիքի մէջ գիտական, կրթական կարեւոր ծրագիրներու օժանդակութիւն ցուցաբերելուն համար:

Շնորհահանդէսին խօսքեր արտասանեցին` «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեանը, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեանը, Վ. Պարտիզունիի անուան հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ նրա դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի վարիչ, փոխնախագահ Նաիրա Սաֆարեանը, Երեւանի պետական համալսարանի փրոֆեսէօր Վազգէն Գաբրիէլեանը, պատմաբան, դոկտոր Ռուպինա Փիրումեանը (Միացեալ Նահանգներ), բանասիրական բաժանմունքի ղեկավար,  փրոֆեսէօր Աշոտ Գալստեանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից, փրոֆեսէօր, ակադեմիկոս Աելիտա Դոլուխանեանը, դոցենտ (Վանաձորի պետական համալսարան) Վալերի Փիլոյեանը, ՀԳՄ քարտուղար Պետրոս Տեմիրճեանը:

Շնորհահանդէսին ասմունքեց ՀՊՄՀ աշխատակից Գարունա Երանոսեանը: Այնուհետեւ կարդացուեցաւ Պոլսոյ պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեանի ողջոյնի խօսքը:

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Յուշ–Երեկոյ` Նուիրուած Բանաստեղծ Վարդան Յակոբեանի Ծննդեան 75-Ամեակին

Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ մայիս 25-ին տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած բանաստեղծ, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, արցախեան շարժման յառաջամարտիկ եւ Արցախի Հանրապետութեան քայլերգի բանաստեղծ Վարդան Յակոբեանի ծննդեան 75-ամեակին:

Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Նորայր Մկրտչեանի խօսքով, մեծանուն մտաւորականին յոբելեանը կը նշուի իր բացակայութեան, սակայն բոլորիս սփոփանքը կը հանդիսանայ ականաւոր գործիչին ձգած բազմիմաստ եւ հարուստ մտաւոր ժառանգութիւնը:

«Յիրաւի, հարուստ եւ բազմաժանր է Վարդան Յակոբեանի ձգած գրական-մշակութային ժառանգութիւնը: Վարդան Յակոբեանի եւ մեր մտաւորականութեան շնորհիւ է նաեւ, որ 1980-ական թուականներուն մեր ժողովուրդը դարձաւ ազգային հոգեբանութեան եւ հոգեւոր հարստութեամբ ամբողջացած միասնութիւն եւ մէկ հայրենիք, որ հանդիսացաւ մեր ազգային յաջողութիւններու ուղեկիցն ու գրաւականը: Իրողութիւն, որուն կարիքը այսօր ալ մեծապէս կը զգացուի: Այսօր կը խոնարհինք անոր անմար յիշատակին առջեւ», ըսաւ նախարարը:

Արցախի Գրողներու միութեան նախագահ Նորեկ Գասպարեան նշեց, որ կարդալով Վարդան Յակոբեանի ստեղծագործութիւնները` այն համոզումը կը ձեւաւորուի, որ բանաստեղծութիւնը ապաշխարանք է, շնորհուած չարչարանք, ճանապարհ` եզակիներու համար:

«47 տարի առաջ, երբ առաջին անգամ մտայ «Սովետական Ղարաբաղ» թերթի խմբագրութիւն, ես ընդամէնը 16 տարեկան էի, Վարդան Յակոբեանը` 28: Ան արդէն յայտնի, ճանչցուած, իսկ ես նոր-նոր բանաստեղծութեան հետ մտերմացած, ան` վստահ ու պինդ, մինչ ես` երերուն ու համարեա անտեսիլ: Ոգեւորող հանդիպում էր, եւ ես այսօր 63 տարեկան եմ, Վարդան Յակոբեան` 75: Մեր այդ հանդիպումէն շատ տարիներ ետք, երբ կը թուի, որ արդէն մոլորուած էինք մեր խախուտ ներկայի եւ մեզմէ անընդհատ հեռացող ապագային միջեւ, երբեմն բանաստեղծութենէն հեռանալու փորձեր ալ կ՛ընէինք, կը խռովէինք մանուկի նման: Նոյնիսկ մեր մտերիմները կը փորձէին համոզել, որ անիմաստ է մեր չարչարանքն ու որոնումը, որ` մեզ սպասող մէկը չկայ: Դիմացանք եւ համոզուելով համոզեցինք, որ առանց մեզ աշխարհը կը ձանձրանար, որ` մեր այս բուռ մը, միակ երկրին մէջ ալ կայ գիր, որ` այստեղ արարուող բանը դուրս չէ Հայաստան աշխարհի բանաստեղծական կտաւէն», յայտնեց Ն. Գասպարեան` խօսքը ամփոփելով Վ. Յակոբեանի տողերով.

«Իսկ Մայակովսկին, կամ Ուիթմենը որտեղից իմանան, թէ ի՛նչ երանութիւն է չճանաչուած երկրի քաղաքացի եւ, առաւել եւս, բանաստեղծ լինելը…»:

Տեսակապով Վարդան Յակոբեանի գրականութիւնն ու հայրենանուէր գործունէութիւնը արժեւորող խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան, ինչպէս նաեւ` գրչընկերներ մայր Հայաստանէն եւ սփիւռքէն:

Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, բանաստեղծ, գրականագէտ Սոկրատ Խանեան համոզում յայտնեց, որ Վարդան Յակոբեան իր արժանի տեղը ունի հայ մեծանուն բանաստեղծներու շարքին մէջ:

«Հպարտ ենք, որ ունինք Վարդան Յակոբեանի պէս որդի, իսկական քաղաքացի, հայրենասէր, գիտական բանավէճերու մէջ առաջին ելոյթ ունեցողը` ապացուցելով, որ արցախցին եւս կրնայ ներկայացնել համահայկական գրականագիտական միտք», նշեց Սոկրատ Խանեան:

Յայտնենք. որ երեկոն ուղեկցուեցաւ Վարդան Յակոբեանի բանաստեղծութիւններու ասմունքով:

Ստեփանակերտի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Յուշաղբիւրի, Որ Նուիրուած Է 44-Օրեայ Պատերազմին Անմահացած Տղաներուն

Մայիս 27-ին Արցախի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ յուշաղբիւրի  բացման արարողութիւն` նուիրուած 44-օրեայ պատերազմին հերոսաբար զոհուած   ընկերներու` Միքայէլ Դաւիթի Բեգլարեանի եւ Յարութ Ալեքսանդրի Ղարախանեանի, որոնք յետմահու պարգեւատրուեցան «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշաններով: Այս յուշաղբիւրը կանգնեցնելու նախաձեռնութիւնը յաջողեցուցին հերոս ընկերներու հայրերը:

Յուշաղբիւրի բացման արարողութեան  Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին` Մինաս քհնյ. Մովսիսեանի ձեռամբ կատարուեցաւ օրհնութեան կարգ:

«Մենք այսօր կ՛ուխտենք, որ անոնց գործը պիտի շարունակենք ու յաղթական աւարտին պիտի հասցնենք», ըսաւ Մինաս քհնյ. Մովսիսեան:

«Արցախեան երրորդ պատերազմին զոհուած եւ անհետ կորսուած զինուորներու հարազատներու միութիւն» ՀԿ նախագահ Արմէն Ասրեան ներկայացուց զոհուած ընկերներուն մանկութիւնը, ինչպէս նաեւ պատմեց անոնց զինուորական ծառայութեան մասին հետաքրքրական պատմութիւններ:

«Մեր զինուորները չեն պարտուած, մեր զինուորները կռուեցան յանուն գաղափարի, յանուն հայրենիքի` հաւատալով, որ պիտի ունենանք ազատ Արցախ», նշեց ան:

Շուշիի Արհեստագիտական համալսարանի նախագահի տեղակալ Արեւիկ Յարութիւնեանի խօսքով, յուշաղբիւրը բոլորիս համար քաջ տղաներու արիութեան եւ նուիրումի յիշեցումը պիտի ըլլայ, ամէն անգամ երբ մեր ծարաւը յագեցնենք:

Հաղորդենք, որ յուշաղբիւրին մօտ բարձրացաւ Արցախի Հանրապետութեան  դրօշը, իսկ բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ ներքին գործոց նախարար Կարէն Սարգսեանը եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեանը:

 

 

Նախորդը

Սարդարապատն ու «Նեմեսիս»-ը Պիտի Յաղթեն Նիւթապաշտութեան

Յաջորդը

Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Աշակերտական Շարադրական Մրցանքը Իր Շուրջ Համախմբեց 76 Աշակերտներ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?