Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հիւրընկալեց Ցեղասպանագէտ Արա Քեթիպեանը
Վերջերս Հայաստանի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան կեդրոնին մէջ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանը հիւրընկալեց աւստրալահայ գիտնական, ցեղասպանագէտ Արա Քեթիպեանը, որ իր գործունէութեան վերջին տարիները ամբողջութեամբ նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայկական հարցին առնչուող շարք մը յօդուածներու ուսումնասիրութեամբ: Քեթիպեան այդ յօդուածները հաւաքած է ամերիկեան «Ուաշինկթըն Թայմզ», «Նիւ Եորք Թայմզ», «Լոս Անճելըս Թայմզ», «Շիքակօ Թրիպիուն» հեղինակաւոր թերթերէն եւ հրատարակած է տասնեակէ աւելի հատորներով:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացուցին, որ Սերգէյ Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնած է Արա Քեթիպեանին եւ ընդգծած է անոր գիտական գործունէութեան խիստ պահանջուածութիւնը յատկապէս` ստեղծուած իրողութիւններուն մէջ, երբ Ազրպէյճան կը շարունակէ Արցախի մէջ իրականացնել ցեղային զտումներու, ցեղասպան գործողութիւններու քաղաքականութիւն:
Ներսէս Շնորհալիի Բազմաշերտ Ժառանգութիւնը Նորովի Կ՛արժեւորուի Անոր Մահուան 850-Ամեակին Նուիրուած Գիտաժողովին
Հայ եւ օտար անուանի հայագէտները, երիտասարդ եւ աւագ սերունդի հետազօտողները «Ներսէս Շնորհալի` բազմաշնորհ հայրապետը» հայագիտական միջազգային գիտաժողովին անդրադարձան Շնորհալիի ձգած բազմաբնոյթ եւ բազմաշերտ մատենագրական ժառանգութեան, համաքրիստոնէական ու համամարդկային գաղափարներուն, գնահատեցին ոլորտի ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ նոր չափանիշներ եւ ուղղութիւններ նախանշեցին շնորհալիագիտութեան ասպարէզին մէջ:
Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովը մեկնարկեց յունիս 21-ին, Մաշտոցեան մատենադարանին մէջ:
Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Կարէն Մաթեւոսեանի խօսքով, Շնորհալիի մահուան 850-ամեակը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2022-2023 թուականներու օրացոյցին մէջ, որուն շնորհիւ ձեռնարկներ կ՛իրականացուին եւ պիտի իրականացուին ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ արտերկրի մէջ: «Անթիլիասի մէջ արդէն միջազգային գիտաժողով իրականացուեցաւ, իսկ նոյեմբերին պիտի կայանայ Վատիկանի մէջ: Յունիս 27-ին Փարիզի` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ տեղի ունեցաւ Ներսէս Շնորհալիի երկհատորեակի շնորհահանդէսը, գիտաժողովը եւ համերգը: Մատենադարանը գիտահետազօտական հիմնարկ է եւ կը կատարէ ամէնէն հիմնական գործը` երկու հատորով հրատարակած է Շնորհալիի ամբողջ գիտական ժառանգութիւնը, իսկ այս գիտաժողովի ընթացքին վաթսուն զեկոյց նուիրուած պիտի ըլլայ Ներսէս Շնորհալիի կեանքին, գործունէութեան տարբեր ոլորտներուն», շեշտեց Մաթեւոսեան:
Ան նշեց` Շնորհալի շատ լայնախոհ ու բազմաճիւղ գործիչ եղած է, եւ յիշեցուց, որ անոր «Թուղթ ընդհանրական»-ը դիմում է հայ ժողովուրդի տարբեր շերտերուն` իշխաններուն, զինուորականներուն, արհեստաւորներուն, հոգեւորականներուն, ճգնաւորներուն: «Անոր ստեղծագործութիւնները ժամանակին հրատարակուած են, սակայն գիտաժողովը եւս առիթ մըն է անոր մասին յիշեցնելու: Շնորհալի այն քիչ հայրապետներէն մէկն է, որ դասուած է սուրբերու շարքին», ընդգծեց Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը:
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը կարդաց Ասողիկ աբղ. Կարապետեանը: Ուղերձին մէջ ըսուած էր, որ Ներսէս Շնորհալի իր լուսաւոր ծառայագործութեամբ, հաւատաւոր հոգիէն ու երկնաճեմ միտքէն բխած աղօթքներով, քարոզներով, պատգամներով ու երգերով ծաղկեցուց հայոց ազգային հոգեւոր կեանքը, բարեզարդեց եկեղեցական անդաստանը: «Ան անգնահատելի ներդրում բերաւ հայոց քրիստոնէական ինքնութեան պահպանման, հոգեւոր եւ մշակութային յառաջընթացին, հայորդեաց բարեպաշտութեան եւ ազգանուիրումի ամրապնդման», նշուած է ուղերձին մէջ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը կարդաց Շահան արք. Սարգսեանը: «Շնորհալի իր եզակի ստեղծագործական վաստակով կարեւոր ներդրում ունի մեր եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողութեան, դաւանաբանական կեցուածքին, ծէսի կազմաւորման եւ հայ մատենագրութեան հարստացման գործին մէջ», գրուած է ուղերձին մէջ եւ շեշտուած է, որ գիտաժողովը կրնայ առիթ հանդիսանալ վերլուծելու Ներսէս Շնորհալիի իւրայատուկ տեղը հայ մատենագրութեան եւ առհասարակ հայ մշակոյթի արծաթէ դարին մէջ:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանի ողջոյնի խօսքը կարդաց նախարարութեան Մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութեան նախագահ Աստղիկ Մարաբեանը: Նախարարը ուղերձին մէջ ընդգծած էր, որ տարին լաւ առիթ է վերաիմաստաւորելու եւ վերարժեւորելու միջնադարու հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հանգուցային ներկայացուցիչի կեանքն ու գործունէութիւնը, որ կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է մեր ազգային դիմագիծի, մշակոյթի ու լեզուի ամրապնդման գործին մէջ: «Յատկապէս կը փափաքիմ ընդգծել Շնորհալիի քաղաքական եւ հասարակական գործունէութեան կարեւորութիւնը, գործունէութիւնը, որ բացառիկ, որոշ առումներով, շրջադարձային նշանակութիւն ունեցած է ազգային կարեւոր նպատակներու եւ արժէքներու հաստատման ու արմատաւորման համար, դարձած` ուղենշային ազգային համախմբուածութեան, կեդրոնացուած պետականութեան ստեղծման խօսոյթի շրջանակին մէջ: Այսօր ալ Շնորհալիի «Թուղթ ընդհանրական»-ը եւ «Ողբ Եդեսիոյ» ստեղծագործութիւնները, որոնք մեր միջնադարու լաւագոյն գրական նմուշներէն են, չեն կորսնցուցած իրենց արդիականութիւնը եւ կը խտացնեն հզօր պետականութիւն ունենալու հայ ժողովուրդի պատմական ազգային իղձերը», ըսուած է ողջոյնի խօսքին մէջ:
Գիտաժողովը, որ նպատակ ունի վերարժեւորել եւ նորովի գնահատել միջնադարու մեծ մտածող, բանաստեղծ, աստուածաբան ու շարականագիր Ներսէս Շնորհալիի (Ներսէս Դ. Կլայեցի Ամենայն Հայոց կաթողիկոս (1166-1173) եւ անոր մատենագրական ժառանգութեան բացառիկ դերն ու նշանակութիւնը հայ միջնադարեան գրականութեան եւ մշակոյթին մէջ, կայացաւ յունիս 21-23-ին:
Յովհաննէս Այվազովսկիի Բազմասեռ Եւ Ինքնատիպ Գործերու Ցուցադրութիւն
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ յունիս 21-ին վերաբացուեցաւ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի ստեղծագործութիւններու մնայուն ցուցադրութիւնը, որ ընդգրկեց վարպետին` ծաւալով ու գեղարուեստական արժէքով աշխարհին մէջ կարեւորագոյն հաւաքածուներէն մէկը:
Վերանորոգուած եւ արդիականացուած սրահներու մէջ հանրութեան ներկայացուեցան շուրջ 50 գեղանկարչական եւ կրաֆիքական գործեր` հայկական եւ աստուածաշնչեան բնաբաններով կտաւներ, խաղաղ ու քնարական, խռովայոյզ ու փոթորկոտ, խորհրդաւոր քողով պարուրուած գիշերային ծովի տեսարաններ:
«Մենք յաճախ չենք ցուցադրեր Այվազովսկիի կրաֆիքական աշխատանքները, որովհետեւ անոնք նուրբ են ու հեշտութեամբ կը վնասուին, ուստի այցելուներուն մեծ մասը ծանօթ է հեղինակի կտաւներուն: Այդ առումով, շատերուն համար յայտնութիւն են Այվազովսկիի կրաֆիքական գործերը եւ այլ նմուշներ, որոնք ընդգրկած ենք այս ցուցադրութեան մէջ: Ներառած ենք ծովաքարը, որուն վրայ Այվազովսկի փոքրիկ բնանկար պատկերած է, եւ` կրծքազարդը, որուն վրայ ծովային տեսարան է», շեշտեց պատկերասրահի Հայկական գեղանկարչութեան բաժինի վարիչ, ցուցադրութեան համադրող Հայկուհի Սահակեանը:
Ցուցահանդէսը բաղկացած է քանի մը բաժինէ: Մէկուն մէջ ներկայացուեցան Այվազովսկիի արեւածագի եւ արեւամուտի տեսարանները, միւսին մէջ` փոթորկոտ ծովու տեսարանները: «Նկարիչը շատ կը սիրէր ճանապարհորդել, որուն շնորհիւ կը նկարէր ծովերու, ովկիանոսներու տեսարաններ, որոնք առաւել կը հարստացնէին անոր ստեղծագործական ժառանգութիւնը: Առանձին սրահի մէջ ցուցադրուեցան անոր գիշերային ծովային տեսարանները, որոնք ապշեցուցին այն վարպետութեամբ, որով Այվազովսկին գծած է լիալուսնի արտացոլումը ծովի մակերեւոյթին», ընդգծեց համադրողը:
Սահակեան Այվազովսկիի ներդրումը համաշխարհային կերպարուեստին մէջ անգնահատելի համարեց, որովհետեւ հեղինակը ընդլայնեց ծովանկարչութեան սահմանները: «Ան պաշտամունքի առարկայ է Հայաստանի մէջ, որովհետեւ մնայուն հաւատարիմ էր իր արմատներուն ու կը պահէր կապը հայ մշակութային գործիչներու, հայ հոգեւոր հայրերուն հետ: Այվազովսկի հրաշալի հայերէն կը խօսէր, եւ անոր շիրմաքարին վրայ անգամ հայերէն արձանագրութիւն կայ, բան մը, որ կը փաստէ, թէ ան հայ ժողովուրդի նուիրեալ զաւակն էր», ըսաւ համադրողը եւ աւելցուց` Այվազովսկի կանգնած է ռուսական ծովանկարչութեան դպրոցի ստեղծման ակունքներուն, իսկ անոր գործերը համաշխարհային գանձարանի գոհարներն են:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան վստահեցուց, որ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը երկրի մշակութային կեանքին մէջ անփոխարինելի նշանակութիւն ունի: Ան Յովհաննէս Այվազովսկիի ցուցադրութեան վերաբացումէն ետք կ՛ակնկալէ, որ ցուցասրահները պէտք է լեփ-լեցուն ըլլան եւ հիւրընկալեն ինչպէս զբօսաշրջիկները, նոյնպէս ալ Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ ապրող մարդիկ` դառնալով անոնց սիրելի վայրը: «Վերջին շրջանին տարբեր մեկնաբանութիւններ կը հնչէին Այվազովսկիի պատկանելիութեան, անոր գործերուն վերաբերող: Իսկ այսօր Ազգային պատկերասրահին մէջ մնայուն գործող ցուցադրութիւնը կու գայ անգամ մը եւս նշանաւորելու այն մեծ ժառանգութիւնը, դերը, նշանակութիւնը, որ Այվազովսկին ունեցած ու շարունակած է ունենալ», ըսաւ ան:
Անդրէասեան շեշտեց, որ Հայաստանի կառավարութեան համար պատկերասրահի մշտական արդիականացումը առաջնահերթութիւն է: Նախարարը յիշեցուց, որ նախորդ տարիներուն շուրջ 700 միլիոն դրամ յատկացուած էր պատկերասրահին մէջ նորոգման աշխատանքներուն: Նորոգութեան ընթացքի մէջ են օդափոխման, սառեցման համակարգերը, իսկ վերելակները պիտի փոխարինուին նորերով: Աշխատանքները դեռ աւարտած չեն:
Ժաննա Անդրէասեան յոյս ունի, որ պատկերասրահը կը դառնայ արդիական միջավայր, ուր մշակութային կեանքին հաղորդակցիլը, զանազան ծրագիրներու առնչուիլը քաղաքացիներուն կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ծանօթանալ այն կարեւոր մշակութային արժէքներուն, որոնք կան պատկերասրահին մէջ:
2017-ին Այվազովսկիի 200-ամեակի ծիրին մէջ պատկերասրահէն ներս բացառիկ ցուցադրութիւն կազմակերպուած էր, եւ առաջին անգամ Հայաստանի մէջ ցուցադրուեցաւ Այվազովսկիի «Քաոս» կտաւը, որ բերուած էր Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութենէն: Ցուցադրութիւնը շատերուն յիշողութեան մէջ մնացած է իբրեւ գունեղ, հարուստ ու բացառիկ իրադարձութիւն:
Պատկերասրահի անձնակազմը յոյս ունի, որ ծովանկարիչի ստեղծագործութիւններուն մշտական ցուցադրութեան վերաբացումը եւս կ՛ըլլայ արուեստասէրներու ուշադրութեան կեդրոնին մէջ ու կը հիւրընկալէ բազմաթիւ այցելուներ:
Ստեփանակերտի Մէջ Կայացաւ Ալիսա Պաղտասարեանի «Տունդարձի Ճանապարհին» Գիրքի Շնորհահանդէսը
Յունիս 22-ին Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հանրապետական գրադարանին մէջ կայացաւ Արցախի եւ Հայաստանի գրողներու միութիւններու անդամ Ալիսա Պաղտասարեանի «Տունդարձի ճանապարհին» գիրքին շնորհահանդէսը, որ կազմակերպուած է Արցախի Գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ: Գիրքը տպագրուած է «Արմաւ» հրատարակչութեան մէջ:
Ալիսա Պաղտասարեան յայտնեց, որ «Տունդարձի ճանապարհին»-ը իր վեցերորդ գիրքն է: «Խորագրին ընտրութիւնը պատահական չէր, այն նախորդ` «Պատերազմէն ետք» գիրքիս շարունակութիւնը դարձաւ: Պատերազմէն ետք տունդարձի ճանապարհը բռնած արցախցիին հոգեվիճակն է այստեղ: Այդ ճանապարհին արցախցին իւրովի մեկնաբանած է իրողութիւնը. յայտնուելով այդ ճանապարհին, անշուշտ, տարբեր զգացողութիւններով հասած է Արցախ եւ շարունակած է ապրիլ այստեղ: Գիրքին մէջ տեղ գտած են վերջին շրջանին գրած ստեղծագործութիւններս, որոնց մէջ արցախցիին ո՛չ միայն մտահոգութիւնները, հոգերը եւ ցաւերն են, այլեւ` սպասելիքները ապագայի հանդէպ», նշեց հեղինակը:
Գիրքի խմբագիր Սլաւի-Աւիկ Յարութիւնեանի համոզումով, այն պատերազմէն ետք տուն դարձող մարդու առճակատումն է իր նոր ճակատագրին հետ:
«Ալիսա Պաղտասարեան, կամայ թէ ակամայ, իր գիրքին մէջ անդրադարձած է աստուածաշնչեան համակարգուած մտքին` «Անցեալը պատռտուած լաթի պէս դարձած է ներկայի զգեստ»: Գիրքը իւրօրինակ ապրելու համար պայքարի տարածութիւն է: Անոր գեղարուեստական մտածողութիւնը սերտօրէն առնչուած է ժամանակի եւ տարածութեան հանգամանքներուն, ուր բացայայտուած է հեղինակին բանաստեղծական լեզուին նոր իմաստաւորումը, ընդգծուած է այդ լեզուական ձեւերուն ճշգրտութիւնն ու արտայայտչականութիւնը», ընդգծեց խմբագիրը:
Արցախի Գրողներու միութեան նախագահ Նորեկ Գասպարեան այն համոզումը յայտնեց, որ գիրքը կարդալու ընթացքին կարելի չէ չտեսնել պատերազմի ժամանակ, պատերազմի մէջ ապրող կինը:
«Գիրքին մէջ ողբերգութիւն, սիրոյ ցնծութիւն ու խոստովանութիւն կայ: Ուրախ եմ, որ այսօր գիրք կը հրատարակուի, եւ մենք կը զգանք գիրքին հոտը», նշեց Ն. Գասպարեան:
Գրող, բնասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Զարինէ Սառաջեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին կարեւոր նկատեց Արցախի մէջ հերթական գիրքի լոյս ընծայումը:
Արցախը կը գտնուի շրջափակման մէջ: Արցախցին տարբեր ճնշումներու կ՛ենթարկուի, բայց ան ո՛չ միայն կը դիմադրէ, այլեւ կը շարունակէ արարել ու ստեղծագործել գիրքեր: Ալիսա Պաղտասարեան Արցախի մէջ ապրող մայր է, որ հայրենի հողին վրայ երկու զաւակ կը մեծցնէ եւ իր սրտին մէջ կը կրէ այն բոլոր ցաւերն ու տագնապները, որոնք բնորոշ են այստեղ ապրող մօր մը: Ան կրցած է բոլոր յոյզերը գեղարուեստօրէն պատկերել բանաստեղծութիւններու միջոցով», հաղորդեց Զ. Սառաջեան:
Շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան հեղինակին գրչընկերները եւ Արցախի գրական ընտանիքի ներկայացուցիչները: