Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Սփիւռքահայ Մտաւորականներ Արա Քեթիպեան Եւ Հայր Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեան Պետական Պարգեւի Արժանացան
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ հանդիպում ունեցաւ սփիւռքահայ մտաւորականներ Արա Քեթիպեանի եւ Մխիթարեան միաբանութեան միաբան Վահան ծ. վրդ. Օհանեանի հետ:
Ըստ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագիրով հայագիտութեան զարգացման եւ հայապահպանութեան գործին մէջ իրենց ներդրած աւանդին համար սփիւռքահայ մտաւորական Արա Քեթիպեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան միաբան Վահան ծ. վրդ. վարդապետ Օհանեան պարգեւատրուեցան «Մովսէս Խորենացի» մետալով: Պետական պարգեւը յանձնեց նախարար Ժաննա Անդրէասեանը:
Ողջունելով ներկաները` ան նշեց, որ հաճելի է պետութեան կողմէ գնահատանքի վկայագիր յանձնել վաստակաշատ մտաւորականներու, որոնց ամբողջ կեանքն ու գործունէութիւնը նուիրուած է ազգային կարեւոր նպատակներու եւ արժէքներու հաստատման ու արմատաւորման, որոնք հանրային եւ պետական շահերու ամենաուղիղ արտայայտումն են:
«Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այն մեծածաւալ աշխատանքին համար, որ իրականացուցած էք եւ կը շարունակէք իրականացնել: Այս ոչ միայն ինքնին արժէքաւոր ուսումնասիրութիւն է, այլ նաեւ ճանապարհ կը բանայ բազում նոր ուսումնասիրութիւններու: Այստեղ ներկայացուած աղբիւրագիտական նիւթը պիտի դառնայ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու այն հարուստ հենքը, որ բազմաթիւ այլ հրատարակութիւններու առիթ պիտի հանդիսանայ: Կարեւոր է այն, որ հրատարակութիւնները օտարալեզու են, եւ այս մէկը կը նշանակէ, որ անոնք հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն նաեւ օտար գիտնականներու կամ հետաքրքրուողներու` ծանօթանալու հետազօտական նիւթերուն: Ապատեղեկատուութեամբ լեցուն այս օրերուն մէջ օտար լեզուով եղած հրատարակութիւնները տեղեկատուութեան եւ իրազեկման տեսանկիւնէ կարեւոր նշանակութիւն ունին` ճշմարիտ տեղեկատուութիւնը եւ պատմական փաստերը հանրութեան հասանելի դարձնելու առումով: Պատրաստակամ ենք աջակցելու ձեր գործունէութեան եւ համագործակցելու հետագայ բոլոր ձեռնարկներուն` շարունակելու, մեծածաւալ ու արժէքաւոր նոր հրատարակութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ հասարակութեան դատին յանձնելու», նշեց նախարար Ժաննա Անդրէասեան:
Արա Քեթիպեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան միաբան Վահան ծ. վրդ. Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնեցին պետական բարձր պարգեւին համար: Վաստակաշատ մտաւորականներուն ընդգծմամբ, գնահատանքը իրապէս պարտաւորեցնող է:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ շեշտուած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը փաստագրուած է տասնեակ հազարաւոր փաստաթուղթերով` դիւանագիտական զեկոյցներով, ականատեսներու վկայութիւններով, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած մարդոց յուշագրութիւններով եւ բանաւոր պատմութիւններով: Աղբիւրագիտական առանցքային նշանակութիւն ունին 1890-1922 թուականներուն օտար մամուլին հրապարակումները օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու զանգուածային տեղահանութեան, հալածանքներուն, կոտորածներուն մասին: Յատկապէս արժէքաւոր տեղեկութիւններ կարելի է հաւաքել այդ տարիներուն ամերիկեան մամուլէն, որուն մէջ գրեթէ ամէն օր լոյս կը տեսնէին Օսմանեան կայսրութեան դիւանագիտական, միսիոնարական եւ այլ առաքելութեանց ներկայացուցիչներու վկայութիւնները, ահազանգերը, զեկոյցները, հաշուետուութիւնները` իրադարձութիւններուն վերաբերող:
Ամերիկեան մամուլի ուսումնասիրման եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող փաստագրական նիւթերու ամբողջացման ու հրապարակման գործին մէջ զգալի ներդրում ունին սփիւռքահայ մտաւորականներ Արա Քեթիպեանն ու Մխիթարեան միաբանութեան միաբան Վահան ծ. վրդ. Օհանեանը: Անոնք ամերիկեան մամուլի անդրադարձերն ու հրապարակումները ամբողջացուցած են «Հայոց ցեղասպանութիւն. նախերգանք եւ յետգրութիւն: Հաղորդումներ ամերիկեան մամուլում», «Ուաշինկթըն Փոստի 1890-1922 թուականներու հրապարակումները» 10 հատորներէ բաղկացած ժողովածուին մէջ:
Խումբ Մը Նորագիրներ Իրենց ՀՕՄ–ական Ուխտի Երթը Կատարեցին Սօսէ Մայրիկի Շիրիմին Մօտ
ՀՕՄ-ի «Կռունկ» մասնաճիւղի ուխտի երթը, պտոյտը եւ ուխտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ 2 յունիս 2023-ին` յագեցած ծրագրով:
Եռաբլուրի մէջ խումբ մը նորագիրներ իրենց ուխտի երթը կատարեցին Սօսէ Մայրիկի շիրիմին մօտ` կնքամայրութեամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեանի, որ իր սրտի խօսքը ուղղեց նորագիրներուն` շեշտելով ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը:
Խորհրդաւոր էր պահը, երբ ան վառեց Արցախէն իրեն հետ բերած մոմը, որ միաձուլուած էր մեր նահատակներու, մամիկներու եւ պապիկներու աղօթքներուն: Ան նաեւ իւրաքանչիւրին նուիրեց ՀՕՄ-ի կանոնագիրն ու «Ուխտը»` մաղթելով անոնց բեղմնաւոր եւ կանաչ ճանապարհ:
Յաջորդ ուղղութիւնն էր Ս. Էջմիածինը, ուր Ասողիկ աբղ. Կարապետեան ընդունեց բոլորը, օրհնեց ներկաները` դրուատելով ՀՕՄ-ի բարի գործերը: Ան մաղթեց ՀՕՄ-ին ճառագայթում եւ աշխարհացրիւ տարածում, որպէսզի Քրիստոսի խօսքին ու հաւատքին պէս լուսաւորէ աշխարհը:
«Կռունկ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Ծովիկ Պայթարեան Ասողիկ աբեղային շնորհակալութիւն յայտնեց իր ջերմ ընդունելութեան ու օրհնութեան համար եւ նուիրեց անոր «Նուիրեալ հայուհիներու առաքելութիւնը» փաստաթուղթերու ժողովածուն, ինչպէս նաեւ` ՀՕՄ-ի մասին գրքոյկներ:
ՀՕՄ-ուհիները սրբավայրին մէջ շրջեցան Ս. Գայեանէ վանքը եւ ուղեցոյցի ընկերակցութեամբ այցելեցին Ռ. Սեւակի եւ Խրիմեան Հայրիկի թանգարանները ու ծանօթացան մեր պատմութեան պանծալի դէմքերուն:
Ապա ՀՕՄ-ուհիները ուղղուեցան Մաչանենց մշակութային տունը, այնուհետեւ` հացատուն, եւ ճաշելէ ետք Լիզա Պապօղլեան հետաքրքրական վիճակագրական վերլուծութիւն ներկայացուց ներկաներուն:
Բագրատ Սրբազանին Հեղինակած «Աւետեաց Երկրի Տեսիլքով» Գիրքը. Մեր Բոլոր Իղձերուն Եւ Ձգտումներուն Մեծ Տունը
Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան հեղինակած է «Աւետեաց երկրի տեսիլքով» գիրքը: Այս մասին հաղորդեցին Տաւուշի թեմէն:
Գիրքը պարզ եւ անկեղծ զրոյցներու շարք մըն է, որ կը ներկայացնէ մեր այսօրուան դառն իրականութիւնը եւ գողցուած ուրախութեան ժամանակաշրջանը` թէ՛ մեր անցուցած ճանապարհին եւ թէ՛ մեր ընելիքներուն մասին, հիմնուելով Աստուածաշունչի կենդանի ապրող պատգամին եւ մեր ժառանգութեան վերլուծութեան վրայ:
Գիրքին մէջ ուրուագծուած են մեր իսկատիպ նկարագիրը եւ բացառիկ ինքնութիւնը, որոնք կը մղեն մեզ ապրելու Աւետեաց երկիրը կառուցելու տեսիլքով, որ բոլորիս երազն ու ձգտումն է:
Աւետեաց երկիրը մեր բոլոր իղձերուն եւ ձգտումներուն, երջանկութեան եւ անսպառ ուրախութեան մեծ տունն է, որ կառուցելու ճանապարհին մէջ կոչուած է ըլլալու իւրաքանչիւր հայ` իբրեւ առանձին անձ եւ իբրեւ հաւաքականութիւն` ազգ, ժողովուրդ:
Հաղորդենք, որ 29 մայիսին Հայաստանի Գրողներու միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի «Աւետեաց երկրի տեսիլքով» գիրքին շնորհահանդէսը:
Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան նշեց, որ գիրքին մէջ ո՛չ միայն պատմական դրուագներ կան, այլեւ` հեղինակին անհատական մտածումները. «Տարբեր անկիւններէ շատ հետաքրքրական դիտարկումներ են, իսկ ընթերցանութեան համար` շատ պիտանի: Այսպիսի գիրքեր շատ պէտք է հրատարակուին», շեշտեց Միլիտոնեան:
Բագրատ սրբազան բացատրեց, որ հարցազրոյցները վերածած է զրոյցներու. «Ենթավերնագիրները կարդացէք եւ ամէն ինչ կը հասկնաք: Այստեղ ոչ միայն հարցերու արձանագրումները կատարած եմ, այլ նաեւ` անոնց լուծումները:
Ինչո՞ւ «Աւետեաց երկրի տեսիլքով». 1991 թուականին, երբ մենք հռչակեցինք Հայաստանի վերանկախացումը, ես այդ ժամանակ մեզ նմանցուցի գերութենէ դուրս եկած եւ անապատ մտած ժողովուրդի մը: Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնները այնքան բարդ ու բազմազան են, եւ մենք կը տեսնէինք գերութենէ ազատող եւ խոստացուած Աւետեաց երկիր գացող ժողովուրդին վարքը, յիշողութիւնները, որոնք կ՛ուղղուէին դէպի ազատութիւն, բայց դեռ կը մտածէին գերութեան ժամանակ իրենց կենցաղային յիշողութիւններուն մասին: Իրենք կը փորձէին մեծ տեսիլքի մէջ ապրելու, բայց եւ այնպէս անոնք ոսկեայ հորթ կը կառուցէին, փողի պաշտամունք ունէին: Այս բոլորը մեր օրերուն մասին չե՞ն յիշեցներ», շեշտեց սրբազանը:
ՀՕՄ–ի Հայաստանի Միաւորը Հարստացաւ Հարթաւանի Նոր Մասնաճիւղով
ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը կը շարունակէ իր սեմինար-հանդիպումները հայրենի մարզերուն մէջ գործող ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերուն հետ: Վերջերս իրականացուեցաւ այցելութիւն մը Արագածոտնի մարզ` գլխաւորութեամբ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեանի, անդամներ` Զոյա Քոչարեանի, Կարինէ Տատայեանի, Սիլվա Եուզպաշեանի եւ Զեփիւռ Կիրակոսեանի:
Աշտարակի Հայ կեդրոնին մէջ եւս տեղի ունեցաւ հանդիպում, որուն մասնակցեցան ՀՕՄ-ի Աշտարակի, Ապարանի, Քուչակի, Թալինի եւ Հարթաւանի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները:
Առաջին հերթին Մարօ Քէշիշեան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի ստեղծման պատճառներուն եւ հետապնդած նպատակներուն, ներկայացուց կառոյցին մնայուն եւ բացառիկ ծրագիրները, անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի կառոյցին, կանոնագրի գլխաւոր կէտերուն եւ քարոզչական աշխատանքներու կարեւորութեան:
Ապա, ներկաներուն հետ ծանօթանալէ ետք, Զոյա Քոչարեան խօսեցաւ վարչութեան քարտուղարի պարտականութիւններուն, ատենագրութիւններու ձեւին եւ կարեւորութեան մասին: Իսկ Կարինէ Տատայեան ներկայացուց գանձապահի պատասխանատուութիւններն ու պարտականութիւնները, հաշիւներու պահպանման ձեւն ու կարեւորութիւնը: Հանդիպումին սրտի խօսքեր արտասանեցին նաեւ Սիլվա Եուզպաշեանն ու Զեփիւռ Կիրակոսեանը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն: Չորս ընկերուհիներ, կնքամայրութեամբ Կարինէ Տատայեանի, ուխտեցին ծառայել իրենց ազգին ու հայրենիքին` ՀՕՄ-ի շարքերը անդամագրուելու միջոցով: ՀՕՄ-ի Թալին մասնաճիւղին միացաւ Սվեթլանա Թադէոսեանը, իսկ Գոհար Քէյեանը, Անահիտ Գեղամեանը եւ Տիանա Բարսեղեանը միացան իրենց շրջանի հաստատուած ուխտեալ ՀՕՄ-ուհիներու խումբին` պաշտօնապէս հիմք դնելով ՀՕՄ-ի Հարթաւանի մասնաճիւղին, որ արդիւնքն էր նախաձեռնող խումբի ջանքերուն:
27 մայիսին ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ժամադրավայրը Տաւուշի մարզն էր: Առաջին հերթին տեղի ունեցաւ այցելութիւն ՀՕՄ-ի Դիլիջանի ճամբար եւ ՀՕՄ-ուհիները ծանօթացան ճամբարի ընդհանուր վիճակին եւ համոզուեցան, որ բնութեան գեղեցկութեան մէջ այս հմայիչ վայրը կարելի է վերածել երիտասարդներու համար յարմարաւէտ ճամբարի, իսկ տարեցներու համար` հանգստեան դղեակի:
Այնուհետեւ այցելեցին Իջեւանի Հայ կեդրոն, ուր մտերմիկ հանդիպում ունեցան Տաւուշի մարզի մէջ գործող ՀՕՄ-ի Իջեւանի, Նոյեմբերեանի, Դիլիջանի եւ Բերդի մասնաճիւղի անդամներուն հետ:
Պահի կարեւորութենէն դրդուած` այս մտերմիկ հանդիպումը վերածուեցաւ սեմինարի, որուն ընթացքին ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշէան ներկայացուց ՀՕՄ-ի հակիրճ պատմութիւնը, մնայուն եւ բացառիկ ծրագիրները, ՀՕՄ-ի հետապնդած նպատակները, անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի կառոյցին, գործելաոճին եւ յատկապէս ընդգծեց ՀՕՄ-ի քարոզչական աշխատանքներու կարեւորութիւնը:
Կարինէ Տատայեան ներկայացուց գանձապահի պատասխանատուութիւններն ու պարտականութիւնները, հաշիւներու պահպանման ձեւն ու կարեւորութիւնը: Զոյա Քոչարեան խօսեցաւ վարչութեան քարտուղարի պարտականութիւններուն, ատենագրութիւններուն պատրաստման ձեւին եւ զանոնք իբրեւ արխիւ պահպանելու կարեւորութեան մասին:
Այնուհետեւ ներկաներուն իրենց սրտի խօսքը յղեցին` Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Վեհանուշ Մարգարեանը, անդամներ Ռուզանա Նահապետեանը եւ Լուսինէ Մուքոյեանը: Խանդավառ մթնոլորտէն ոգեւորուած, համաձայնութիւն յառաջացաւ, իբրեւ առաջին համագործակցութիւն, սկսելու ՀՕՄ-ի Գիւմրիի եւ Իջեւանի մասնաճիւղերուն միջեւ` փոխադարձ այցելութեամբ: Խօսք արտասանեց շրջանին մէջ գտնուող ՀՕՄ-ի Ամմանի շրջանի անդամներէն Գլարա Մեծյակոբեանը եւ մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ բացատրեց շրջանին համար իր տարած ՀՕՄ-ական գործունէութեան մասին:
Այնուհետեւ մասնաճիւղերը յաջորդաբար զեկուցեցին իրենց աշխատանքներուն, դժուարութիւններուն եւ յաջողութիւններուն մասին: Ներկաները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, որոնք իրենց այցելութեամբ ոչ միայն կարեւորուած զգացին, այլ նաեւ աշխուժ գործունէութեան պատրաստակամութիւն յայտնեցին: Շահեկան այս հանդիպումը եզրափակուեցաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ` դարձեալ հանդիպելու, նորանոր աշխատանքներ ձեռնարկելու եւ իրենց համայնքներու հետ յաւելեալ լայն գոծունէութիւն ծաւալելու հաստատակամութեամբ:
Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Մէջ Ներկայացուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ 44-Օրեայ Պատերազմին Նուիրուած Երեք Գիրքեր
Հայաստանի Ազգային գրադարանը եւ Վալերի Բրիւսովի անուան պետական համալսարանը միասնաբար Ազգային գրադարանին մէջ կազմակերպեցին երեք գիրքերու շնորհահանդէս-քննարկում: Լուսինէ Աբգարեանի «յետյիշողութիւն, ֆիկցիայ, պատկերապատում, ֆրանսական արդի գրականութեան անդրադարձը Հայոց ցեղասպանութեանը» գիտական ուսումնասիութեան հիմնահարցերու ծիրին մէջ ներկայացուեցան Բրիւսովի համալսարանի շրջանաւարտ, 44-օրեայ պատերազմի մասնակից Տիգրան Գասպարեանի «Յիշողութիւններ պատերազմից» ինքնակենսագրական պատումը եւ գրող, լրագրող Լիկա Զաքարեանի «44 օր. օրագիր անտեսանելի պատերազմից» պատերազմական օրագիրը:
Հայաստանի Ազգային գրադարանէն տեղեկացուցին, որ Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեանի եւ Վ. Բրիւսովի անուան պետական համալսարանի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեանի ողջոյնի խօսքերէն ետք համալսարանի դասախօս Լուսինէ Աբգարեան հանգամանօրէն խօսեցաւ յիշողութեան վերաիմաստաւորման, վկայութիւններուն, յետանդրադարձերուն, յետյիշողութեան մասին` համապարփակ կերպով ներկայացնելով նիւթը:
Ըստ աղբիւրին, զուգահեռներ կատարելով Հայոց ցեղասպանութեան եւ 44-օրեայ պատերազմի ականատեսներու վկայութիւններուն միջեւ` Լուսինէ Աբգարեան զրոյցի հրաւիրեց Տիգրան Գասպարեանը եւ Լիկա Զաքարեանը:
Լիկա Զաքարեան պատմեց, որ 44-օրեայ պատերազմի ամբողջ ընթացքին Ստեփանակերտի մէջ, ռմբաապաստարանի մէջ շարադրած է իր ապրումները, խորհրդածութիւնները եւ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:
Ան նշեց, որ իր օրագրութիւնը այնքան անձնականացուած եղած է` վերջին օրուան ամէնօրեայ զգացողութեամբ, ապրողի անկեղծութեամբ, որ հետագային, երբ առիթ ունեցած է զայն թարգմանելու անգլերէնի, ինքզինք պախարակած է այդքան թափանցիկութեամբ գրելուն համար:
Զաքարեան ընդգծեց, որ իրեն համար շատ ծանր է օրագիրը վերընթերցելը եւ այդ օրերու արհաւիրքը վերապրիլը :
«Տիգրան Գասպարեան ականատեսի իր վկայութիւնները շարադրած է մէկ շունչով: Ի տարբերութիւն Լիկայի` ան իր գիրքը բազմազան անգամ ընթերցելէ ետք արդէն իսկ իբրեւ ուրիշի ստեղծագործութիւն կ՛ընկալէ»:
Գրական երկերը կը մասնակցին մարդկութեան դէմ գործուած ոճրագործութեան ժխտողականութեան մասին իրազեկուածութեան բարձրացման գործին:
Աւելի քան 100 տարի անցնելէ ետք, Օսմանեան կայսրութեան անկումին` մայրամուտի համապատկերի մէջ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ո՛չ քաղաքական, եւ ո՛չ ալ դիւանագիտական առումով անցեալին չի պատկանիր:
Հայոց ցեղասպանութեան թեման արեւմտաեւրոպական գրական դաշտին մէջ ի յայտ եկաւ ուշացումով: Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ Ֆրանսան առաջին երկիրներէն մէկն էր, որուն մտաւորականութիւնը բարձրացուց իր ձայնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Լուսինէ Աբգարեանի «Յետյիշողութիւն, ֆիկցիա, պատկերապատում, ֆրանսական արդի գրականութեան անդրադարձը Հայոց ցեղասպանութեանը» գիրքին մէջ հեղինակը քննութեան ենթարկած է ծագումով հայ եւ ֆրանսացի քսանէ աւելի հեղինակներու երկերը: «Այլոց ողբերգութիւնը արտայայտելու գրականութիւն», նշած է հեղինակը:
Ըստ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տեղեկատուութեան, Լուսինէ Աբգարեան հանգամանօրէն ներկայացուցած է նաեւ տարբեր ոլորտներու` պատմաբաններ Ռէյմոն Գէորգեանի, Թաներ Աքչամի, Իւ Թեռնոնի, հոգեվերլուծաբաններ Ժանին Ալթունեանի, Հելէն Փիրալեանի, գրականագէտներ Քաթրին Կոքիոյի, Մարիան Հիրշի` նիւթին նուիրուած տեսական դրոյթները:
«Գիրքին առաջին մասը` «Ցեղասպանութեան «ուրուականը». յիշողութեան յիշողութիւնը. վկայութեան, յետյիշողութեան եւ պատումի խաչմերուկում» վերնագրով, անդրադարձ կատարուած է «Ճակատագրական ժառանգականութեան, որով, առանց իրենց իսկ փափաքին, վերապրողներու սերունդները կ՛առնչուին իրենց ծնողներու/նախնիներու պատմական հոգեցնցման:
Գիրքին երկրորդ` «Պատմութեան, ֆիկցիայի եւ յանձնառութեան խաչմերուկում» մասին մէջ կը յայտնուինք պատմութեան` իրական անցեալին եւ երեւակայական աշխարհներու խաչմերուկին մէջ: Պատմական անցեալը ներկայացնելը սերտօրէն կ՛առնչուի երեւակայական, իսկ այս վերջինը իր կանոններուն միջոցով կը փորձէ կարելի եղածին չափ մօտենալ անցեալին: Այս մասին մէջ հեղինակը կը կեդրոնանայ վեց երկերու վերլուծութեան վրայ, որոնց հեղինակներէն երեքը ֆրանսացի, միւս երեքը ծագումով հայ ֆրանսագիր արձակագիրներ են:
Ուսումնասիրութեան երրորդ` «Պատկերապատումը եւ Ցեղասպանութիւնը» բաժինին մէջ Լուսինէ Աբգարեան անդրադարձած է կրաֆիքական պատումին` լուսանկարչութեան, Ցեղասպանութեան թեմային արուեստի լեզուով մատուցման` շարժապատկերի արուեստին եւ երաժշտութեան», հաղորդեցին Ազգային գրադարանէն:
Հաղորդենք, որ «Յետյիշողութիւն, ֆիկցիա, պատկերապատում, ֆրանսական արդի գրականութեան անդրադարձը Հայոց ցեղասպանութեանը» գիրքը լոյս տեսած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ` Հայաստանի Ազգային գրադարանի կողմէ համակարգուող դրամաշնորհային ծրագրով, «Անկիւնաքար» հրատարակչութեան կողմէ: Գիրքի տպագրութեան աջակցած են նաեւ Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային միութիւնը (NAASR) եւ SPFA-ն` Հայաստանի ֆրանսական հիմնարկի «Օժանդակութիւն տպագրութեանը» ծրագրով: