Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկը Ընթերցողի Դատին Յանձնեց Նոր Տպագրուած Ութ Գիրք Եւ Չորս Ամսագիր
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը 2022 թուականը ամփոփեց` ընթերցողի դատին յանձնելով նոր տպագրուած ութ գիրք եւ չորս ամսագիր:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան նշեց, որ աշխատութիւնները բոլորը Հայոց ցեղասպանութեան մասին են` վերապրողներու յուշագրութիւններ, վկայութիւններ, Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն հայ երեխաները թրքացնելու քաղաքականութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւններ:
«Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի կողմէ հրատարակուող «International Journal of Armenian Genocide Studies» անգլերէնով գիտական պարբերականին մէկ ամբողջական թիւը նուիրուած է արցախեան հիմնահարցին, Ազրպէյճանի կողմէ հայերու նկատմամբ իրականացուող ցեղասպանական քաղաքականութեան: Այս հրատարակութիւնը կարեւոր կը նկատուի այն պատճառով, որ արցախեան հիմնահարցը մատչելի լեզուով հասանելի կը դառնայ հանրութեան լայն խաւին», ըսաւ Մարութեան:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտական աշխատանքներու գծով փոխտնօրէն Էդիտա Գզոյեան նշեց, որ այս հրատարակութիւնները կը ներկայացնեն թանգարանի գիտաշխատողներու 2022 թուականի գիտական արդիւնքներու ամփոփումը, իսկ 8 նոր հրատարակութիւններու մէջ ներառուած են 2021 թուականի երկու հրատարակութիւն: «Մեր հրատարակութիւնները կը բաժնուին երեք ուղղութիւններու, անոնք մեր գիտական յօդուածներն ու ամսագիրներն են: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը երկու ամսագիր կը հրատարակէ հայերէնով ու անգլերէնով, եւ իւրաքանչիւրը տարեկան ունի երկու թիւ: Այսօրուան շնորհահանդէսին ներկայացուած են չորս հատորներ: Միւս ուղղութիւնը յուշագրութիւններն են, արդէն երկու տարի է` թանգարանի տնօրէնի նախաձեռնութեամբ կը հրատարակենք Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի արխիւին մէջ պահուող յուշագրութիւնները` փորձելով մարդկային պատմութիւնները հասանելի դարձնել ընթերցողներու աւելի լայն շրջանակներու», նշեց ան:
Անդրադառնալով իր հեղինակած` «Հալէպի փրկութեան տուն. Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածների 1464 վկայութիւն» գիրքին` Էդիտա Գզոյեան նշեց, որ գիրքին մէջ զետեղուած են Ազգերու լիկայի արխիւէն (Ժընեւ, Զուիցերիա) բերուած Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու 1464 անձնաթերթ` բնօրինակ անգլերէնով եւ հայերէնի թարգմանութեամբ, ճշգրտուած տեղանուններով, ծանօթագրութիւններով եւ վերապրածներու լուսանկարներով: Վերապրածները փրկուած էին Ազգերու լիկայի յանձնակատար, դանիացի միսիոնարուհի Քարէն Եփփէի ջանքերով` ապաստանելով Հալէպի փրկութեան տան մէջ:
Անոր խօսքով, գիրքին մէջ կան շատ կարեւոր տեղեկութիւններ: Գիրքը գիտնականներու համար կրնայ աղբիւրագիտական հենք դառնալ նոր հետազօտութիւններու համար, նաեւ կրնայ կարեւոր աղբիւր դառնալ վերապրողներու ժառանգորդներուն համար: Ըստ անոր, ընթերցողները կրնան գտնել իրենց նախնիներու պատմութիւնները:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի զոհերու եւ վերապրողներու փաստագրման եւ ուսումնասիրման բաժինի վարիչ Շուշան Խաչատրեան, որ համահեղինակ է «Հալիտ Էտիփը եւ հայ երեխաների թրքացումը Այնթուրայի որբանոցում. փրոպլեմային դաշտի նշագծում» աշխատութեան, նշեց, որ այն կը համարուի հարցաքննական աշխատանք, որովհետեւ շատ քիչ տուեալներ հաւաքագրուած եւ պահպանուած են թրքական պետական որբանոցներու մասին, որոնք գործած են Ցեղասպանութեան օրերուն:
«Մենք վերապրածներու յուշերուն ընդմէջէն փորձած ենք վերականգնել այն պատկերը, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է, եւ ինչպէ՛ս վերաբերած են հայ երեխաներու հետ թրքական որբանոցներու մէջ», եզրափակեց Շուշան Խաչատրեան` նշելով, որ հիմնական շեշտը դրուած է Այնթուրայի որբանոցի պատմութեան վրայ, կան նաեւ տեղեկութիւններ Մարտինի եւ Ատանայի մէջ գործող որբանոցներու մասին:
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրածներու Վկայութիւնները Արդէն Իսկ Հասանելի Են Երեւանի Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան տեսալսողական հաւաքածոն, որ «Զօրեան» հիմնարկի ամէնէն հին եւ մնայուն արդիականացուող նախագիծներէն մէկն է, փոխանցուած է «Փափազեան» գրադարանին մէջ գտնուող «Զօրեան» հիմնարկ-Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի Բանաւոր պատմութեան կեդրոնին: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի «Զօրեան» հիմնարկէն: Ժողովածուն կը ներառէ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայերու աւելի քան 750 հարցազրոյցներ, որոնք այժմ հասանելի են թէ՛ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի եւ թէ՛ Երեւանի մէջ գործող կամ Երեւան այցելող ուսանողներու, դասախօսներու, հետազօտողներու եւ գիտնականներու համար:
«Զօրեան» հիմնարկը 2018 թուականին համաձայնութեան յուշագիր ստորագրած է Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի հետ «Զօրեան» հիմնարկ-Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի Բանաւոր պատմութեան կեդրոն» հիմնելու մասին` հիմնարկի Հայոց ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան ժողովածուի հարցազրոյցները տառադարձելու, թարգմանելու եւ անգլերէն ենթագիրներ աւելցնելու նպատակով:
«Փափազեան» գրադարանի տնօրէն Սաթենիկ Աւագեան նշեց, որ կեդրոնը եւ այս հաւաքածոն հսկայական ազդեցութիւն պիտի ունենան Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ուսանողներու եւ հետազօտողներու գիտական եւ հետազօտական աշխատանքներուն վրայ:
Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ակադեմական աջակցութեան հարցերով պատասխանատու գրադարանավար Արազ Մարկոսեան նշեց, որ «Զօրեան» հիմնարկի` Հայոց ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութիւնները յիշողութիւններն ու վկայութիւններն են եզակի եւ անհատական մարդկային հոգիներու, որոնք ականատես եղած եւ վերապրած են Հայոց ցեղասպանութեան վայրագութիւնները: «Զօրեան» հիմնարկի եւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի բանաւոր պատմութեան կեդրոնի»-ն համար մեծ պատիւ եւ պատասխանատուութիւն է ստանձնել այս վկայութիւններու պահպանութեան, ժողովածուի տառադարձման ու թարգմանութեան աշխատանքներու վերահսկման եւ Հայաստանի մէջ անոնց հասանելիութեան համակարգման գործը»:
«Զօրեան» հիմնարկի Հայոց ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան նախագիծը մեկնարկած է 1983 թուականին, երբ ակնյայտ դարձած է, որ ժամանակի հետ կը նօսրանան Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու շարքերը: Այժմ այն իր տեսակին մէջ ամենամեծ տեսալսողական հաւաքածուն է:
Տարիներու ընթացքին բազմիցս վերահաստատուած է այն իրողութիւնը, որ սոյն հաւաքածոն շատ արժէքաւոր աղբիւր կը հանդիսանայ հետազօտողներու, գիտնականներու եւ արուեստի գործիչներու համար` նկատի առնելով այն գիտական մօտեցումը, որ օգտագործուած է հարցազրոյցի վարման եւ տեսանկարահանման ընթացքին: Մշակուած է 90 հարցումէ բաղկացած յատուկ հարցաշար, որ ներկայացուած է չորս ընդհանուր խորագրի տակ` քաղաքային-գիւղական կեանքը հայրենիքի մէջ, կոտորած եւ տեղահանութիւն հայրենիքէն, իբրեւ ներգաղթեալ ունեցած փորձառութիւնները, վերաբերում եւ մեկնաբանութիւն:
«Հայաստանի «Զօրեան» հիմնարկ հետազօտութիւններու եւ զարգացման միջազգային հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Մարի Յովհաննիսեան շեշտեց, որ հաւաքածոն մեծ կարեւորութիւն ունի նաեւ հետազօտողներուն համար. «Հետազօտութեան մէջ սկզբնաղբիւրային նշանակութեան վկայութիւններու օգտագործումը կը նպաստէ ձեւաւորման տարբեր տեսակէտներու եւ հայեցակարգերու, որոնք կը լրացնեն փաստագրուած պատմութեան բացերը: Հաւաքածոյի մանրամասն ներկայացուած քարտացուցակին շնորհիւ` կարելի է լսել այս վկայութիւնները, առանձնացնել որեւէ շրջանի մարդոց պատմութիւնները, ապա մէկտեղելով ընդհանրական իրողութիւնները` որոշակի պատկերացում կազմել տուեալ շրջանին մասին»:
Բացի իր ակադեմական արժէքէն` հաւաքածուի տեսողական բաղադրիչը տարիներու ընթացքին գրաւած է նաեւ շարք մը շարժանկարի գործիչներու ուշադրութիւնը: «Զօրեան» հիմնարկի հարցազրոյցները Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու հետ երկու երկարատեւ ժապաւէններու ոգեշնչման աղբիւր եւ ստեղծման հիմք հանդիսացած են: Շարժանկարի բեմադրիչ Թէոդոր Պօղոսեանի 1988 թուականի` Ամերիկայի հանրային հեռարձակման հիթ դարձած «Հայկական ճանապարհորդութիւն» ժապաւէնը կը վկայակոչէ Մարիամ Տեւիսի հարցազրոյցը, որ ժողովածուին համար կատարուած առաջին հարցազրոյցն է: «Պարս մետիա»-ն ներկայացնող բեմադրիչ Իննա Սահակեանի բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած «Արշալոյսի լուսաբացը» գծանկարային վաւերագրական ժապաւէնը հիմնուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած Աւրորա Մարտիկանեանի հետ «Զօրեան» հիմնարկի կատարած հարցազրոյցին հիման վրայ:
«Զօրեան» հիմնարկ-Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի Բանաւոր պատմութեան կեդրոն»-ին մէջ կատարուող աշխատանքներու ծիրին մէջ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ուսանողներուն վստահուեցան նաեւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի բանաւոր պատմութեան ծրագրի շրջանակներուն մէջ իրականացուող հարցազրոյցներու տառադարձման եւ թարգմանութեան աշխատանքները: Այս պարագային եւս նպատակը նոյնն է` թարգմանել հարցազրոյցները անգլերէն եւ հասանելի դարձնել զանոնք աշխարհի գիտնականներուն եւ հետազօտողներուն:
Հնադարեան Արցախ, Բացումը Կատարուեցաւ Լրագրող, Խմբագիր, Լուսանկարիչ, Արցախեան Ազատամարտիկ Զոհրապ Ըռքոյեանի Լուսանկարներու Ցուցահանդէսին
«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, Թէքէեան կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ լրագրող, խմբագիր, լուսանկարիչ, արցախեան ազատամարտիկ Զոհրապ Ըռքոյեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսին` «Հնադարեան Արցախ» խորագրով:
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցաւ հեղինակին տարբեր տարիներու շուրջ 80 աշխատանք, որոնց մէջ պատկերուած է գրեթէ ամբողջ Արցախի յուշարձանային ժառանգութիւնը` վանքեր, ամրոցներ, խաչքարեր…
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեան` նշելով, որ ցուցահանդէսը աւելին է, քան պարզապէս մշակութային ձեռնարկ, որովհետեւ նիւթը ինքնին կ՛ընդգծէ անոր պատմական, հայրենասիրական, հոգեւոր կարեւորութիւնը: «Այս ցուցադրութեան մէջ ուղերձ կայ, թէ այս մեր ժառանգութիւնն է, որ ստացած ենք մեր նախնիներէն եւ պարտաւոր ենք զայն փոխանցել մեր ժառանգորդներուն: Ղօղանջը, որ կը հնչէ բոլոր լուսանկարներէն, պարտաւորեցնող է, ղօղանջ է զգօնութեան եւ սթափութեան: Մենք պարտաւոր ենք վերադառնալ եւ տէր կանգնիլ մեր ժառանգութեան», աւելցուց Արմէն Ծուլիկեան:
Հեղինակը ներկայացնելով իր աշխատանքները` նշեց, որ լուսանկարները կը պատմեն բազմադարեան Արցախի` հայոց պատմութեան ակունքներէն եկող այն հիմնական յուշարձաններու մասին (Ամարաս, Ծիծեռնավանք, Դադիվանք…), որոնց գրեթէ 90 առ հարիւրը այսօր կը գտնուի գերութեան մէջ:
Հաղորդենք, որ ձեռնարկի ընթացքին հանդէս եկան երգահան, երգիչ Արսէն Համբարեանը` ռազմահայրենասիրական երգերով եւ «Բեկոր» համոյթը` ազգագրական պարերով: Իսկ «Հնադարեան Արցախ» ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ 5 մայիս:
Մատենադարանին Մէջ Ստեղծուող Ձեռագիրի Պատկերազարդումը Պատանիներուն Վստահիլը Մեծ Խորհուրդ Ունի. «Աւրորա» Մարդասիրական Նախաձեռնութեան Գեղարուեստական Խորհուրդի Նախագահ Մարինէ Ալես
«Այս մատեանին արժէքը այն է, որ ստեղծուած է միջնադարեան ձեռագրաստեղծման աւանդոյթներով, յատուկ ձեռքով գրուած է մագաղաթի վրայ: Ինչպէս Մատենադարանի բոլոր ձեռագիրները գրուած են ձեռքով, այնպէս ալ` այս մատեանը, եւ ի հարկէ ձեռքով ալ կատարուած են նկարազարդումները անոնց: Յատուկ կ՛ուզեմ ընդգծել, որ այս տարի նկարազարդումը կատարած են Մատենադարանին մէջ գործող «Ծաղկելու արուեստ» մանրանկարչական սթիւտիոյի երեխաները», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Կարէն Մաթէոսեանը` խօսելով Մատենադարանի մէջ յատուկ ցուցադրութեամբ ներկայացուած «Մատեան մարդասիրաց» մատեանին մասին, որ կ՛ամփոփէ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան տարեգրութիւնը` ներկայացնելով «Աւրորա»-ի հերոսներու եւ դափնեկիրներու պատմութիւնն ու գործունէութիւնը: Ան աւելցուց, որ «Ծաղկելու արուեստ» մանրանկարչական սթիւտիոն կը գործէ «Մաշտոց» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ: 2022 թուականին «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր Ճամիլա Աֆղանիին նուիրուած տիտղոսաթերթին վրայ աշխատած է 11 երեխայ` բնականաբար ծանօթանալով հերոսին պատմութեան եւ գործին: «Կրնանք ըսել, որ մեր օրերուն կը ստեղծուի ձեռագիր մատեան` միջնադարեան աւանդոյթներու շարունակութեամբ, ձեռագիրը կը պահուի Մատենադարանի ձեռագրապահոցին մէջ, ուր նաեւ մեր միւս ձեռագիրները կան եւ մէկ ամիս կը ցուցադրուի սրահին մէջ», աւելցուց Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը:
Անոր ձեւակերպումով, երեխաներու մասնակցութեամբ մարդասիրութեան վաւերագրումը ձեռագիր մատեանին մէջ հիանալի կարելիութիւն է ապագայ սերունդը ներգրաւելու մշակութային ժառանգութեան պահպանման, աւանդոյթներու փոխանցման գործին եւ մարդասիրական արժէքներու ծանօթացման առումով: «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ղեկավար Արման Ճիլաւեանի խօսքով, «Աւրորա»-ն նպատակ ունի Հայաստանը, հայկական մշակոյթը ճիշդ եւ լաւագոյն ձեւով ներկայացնելու աշխարհին, եւ ասիկա առանցքային կէտն է մէկ կողմէ Մատենադարանը, միւս կողմէ ալ` «Աւրորա»-ի հերոսներուն պատմութիւնները աշխարհին պատմելու, հետեւաբար ծիսակարգ ստեղծելու կարիքը կար, որպէսզի համապատասխանէր ե՛ւ «Աւրորա»-ի էութեան ե՛ւ հայկական աւանդոյթներուն, ինչպէս նաեւ ճիշդ ընկալուէր մեր պատմութեան ներկայի ու ապագայի տեսանկիւնէն: Իբրեւ արդիւնք` Մատենադարանին հետ համագործակցութեամբ ստեղծուեցաւ «Մատեան մարդասիրաց»-ը, որ տարին մէկ կամ քանի մը անգամ յատուկ կերպով կը ներկայացուի Մատենադարանին մէջ եւ այդ յատուկ օրը, անոր խօսքով, ապրիլ 24-ն է:
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գեղարուեստական խորհուրդի նախագահ Մարինէ Ալեսի խօսքով, Մաշտոցեան Մատենադարանի ոգեղէն միջավայրին մէջ ստեղծուող եզակի ձեռագիրի պատկերազարդումը պատանիներուն վստահիլը մեծ խորհուրդ ունի, որովհետեւ Ցեղասպանութենէն վերապրած Աւրորա Մարտիկանեանը ճիշդ այդ երեխաներուն տարեկիցն էր: Ան «Մատեան մարդասիրաց»-ը որակեց իւրօրինակ կամուրջ` հին ու նոր սերունդներուն եւ ժամանակներուն միջեւ:
Ներկայացուեցաւ «Մելքոնը Չէր Կարող Նեճիպ Լինել… Երեխաների Բռնի Տեղափոխումը Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներին» Ցուցադրութիւնը
Ապրիլ 21-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մելքոնը չէր կարող Նեճիպ լինել… Երեխաների բռնի տեղափոխումը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներին» Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հերթական եւ այս տարուան առաջին ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացումը:
Ցուցադրութիւնը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ երեխաներու բռնի տեղափոխման եւ ձուլման քաղաքականութեան, ինչպէս յատուկ այդ նպատակին համար բացուած պետական որբանոցներու, այնպէս ալ` իսլամական ընտանիքներու մէջ: Այն գլխաւորապէս հիմնուած է բռնի իսլամացուած, ապա հայկական ինքնութեան վերադարձած հայ երեխաներու անտիպ եւ տպագիր յուշագրութիւններու վրայ: Թանգարանի կայքէջէն կը տեղեկացնեն, որ հայերէն եւ անգլերէն երկլեզու ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ հարուստ լուսանկարային, յուշագրական նիւթ` 9 խորագրի տակ: Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին իրագործուած բռնի տեղափոխումէն զատ` առանձին խորագրով ներկայացուած են նաեւ երեխաներու` պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած բռնի տեղափոխութեան այլ դէպքեր:
ԳԱԱ Մ. Աբեղեանի Անուան Գրականութեան Հիմնարկի Տնօրէն Դոկտոր Վարդան Դեւրիկեան Ոչ Եւս Է
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վարդան Գէորգի Դեւրիկեանի հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ ապրիլ 17-ին, Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ վերջին հրաժեշտը ապրիլ 18-ին` նոյնպէս Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ: Այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական Գիտութիւններու բաժանմունքէն եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկէն:
«Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեանի ընտանիքի անդամներուն, գործընկերներուն, մտերիմներուն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ապրիլ 13-ին 59 տարեկանին կեանքէ հեռացաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վարդան Գէորգի Դեւրիկեանը:
Վարդան Դեւրիկեան ծնած է 18 մայիս 1964-ին, Վանաձոր:
1986-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքը:
1989-էն մինչեւ օրս աշխատած է Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ:
1990-1992 թուականներուն եղած է «Լուսաւորիչ» թերթի գլխաւոր խմբագիրը:
Մասնակցած է արցախեան պատերազմին, 28 մայիս 1994-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանով:
1993-2009 թուականներուն աշխատած է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ` իբրեւ «էջմիածին» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր եւ Մայր Աթոռի ձեռագրատան վարիչ:
2009 թուականի դեկտեմբերէն եղած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան Գրականութեան հիմնարկի փոխտնօրէն, իսկ 2015 թուականի մայիսէն առ այսօր` հիմնարկի տնօրէն:
Հեղինակ է 40-է աւելի գիրքերու եւ 60-է աւելի գիտական յօդուածներու, որոնք լոյս տեսած են հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ ռումաներէն լեզուներով: