ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Երեքշաբթի, 31 դեկտեմբերին Յորդանան յանուն 22 արաբ երկիրներու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց բանաձեւ մը, որ 12 ամիս կը ճշդէր գտնելու պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին «արդար, յարատեւ եւ համապարփակ խաղաղ լուծում» մը` ստեղծելով 1967-ի սահմաններով եւ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով Պաղեստին մը, ինչպէս նաեւ 2017-ը կը ճշդէր իբրեւ իսրայէլեան ուժերու պաղեստինեան բռնագրաւուած տարածքներէն հեռացման ժամկէտ: Բանաձեւը անհրաժեշտ 9 քուէներէն միայն 8-ն ապահովեց, երբ Նիկերիա ամերիկեան ու իսրայէլեան ճնշումներու տակ մետասաներորդ պահուն յետս կոչեց բանաձեւին իր զօրակցութիւնը: Միացեալ Նահանգներ եւ Աւստրալիա դէմ քուէարկեցին, իսկ Բրիտանիա 4 այլ երկիրներու կողքին մնաց ձեռնպահ: Մէկ օր ետք Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ստորագրեց Միջազգային քրէական դատարանին անդամակցութեան համաձայնագիրն ու 20 այլ միջազգային համաձայնագիրներ:
Բանաձեւի ներկայացումը հետեւանքն է պաղեստինեան կողմին մօտ 13 սեպտեմբեր 1993-ին Ուաշինկթընի մէջ հրապարակաւ ստորագրուած Օսլոյի համաձայնագիրէն ի վեր ընթացող բանակցութիւններուն նկատմամբ հաւատքի կորուստին: Համբերութիւնն ալ չափ ու սահման ունի, եւ ըստ երեւոյթին, պաղեստինցիներուն համբերութիւնը հատած է եւ անոնք յոգնած են սպասելէ. Պաղեստինեան իշխանութիւնը ընտրեց դիւանագիտական գետնի վրայ ճակատումը` փոխան 22-ամեայ ամուլ բանակցութիւններուն: Այս քայլին համար գոյութիւն ունի նաեւ այլ պատճառ մը. ըստ վերջերս կատարուած հարցախոյզերու, Ապպասի եւ անոր ղեկավարած Ֆաթհ շարժումին ժողովրդականութիւնը մեծ անկում կրած է, եւ պաղեստինցիներուն 55 առ հարիւրը կը հաւատայ, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը պաղեստինցի ժողովուրդին վրայ բեռի մը վերածուած է: Հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Համաս շատ աւելի ժողովրդականութիւն կը վայելէ, քան Ֆաթհը: Այլ խօսքով` Ապպաս ստիպուած էր ամուլ բանակցութեանց ոլորապտոյտէն դուրս գալու, մանաւանդ որ Իսրայէլ զանոնք կ’օգտագործէ ժամանակ շահելու եւ բնակեցման վայրերը ընդլայնելով գետնի վրայ կատարուած իրողութիւններ ստեղծելու:
Միացեալ Նահանգներ բանաձեւին դէմ քուէարկելով անգամ մը եւս եկան ցոյց տալու, որ պաղեստինեւիսրայէլեան խաղաղութեան բանակցութեանց հոլովոյթին հովանաւորը չեն, այլ` Իսրայէլի: ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը յայտարարեց, որ բանաձեւը «չափազանց անհաւասարակշիռ է, կը պարունակէ տարրեր, որոնք երկու կողմերուն միջեւ ուղղակի բանակցութեան չ՛առաջնորդեր եւ կը ճշդէ ոչ շինիչ ժամկէտեր, որոնք նկատի չեն ունենար Իսրայէլի ապահովական օրինական մտահոգութիւնները»: Անաչառ միջնորդ մը Բրիտանիոյ նման ձեռնպահ պէտք է մնար, որովհետեւ այդ մէկը արդիւնքէն ոչինչ կը փոխէր եւ բաւարար էր փոխանցելու այն պատգամը, որ Ուաշինկթըն երկու կողմերուն միջեւ ուղղակի բանակցութենէն գոյացած լուծումին կը զօրակցի: Հինգշաբթի օր Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ պիտի դառնան պաղեստինեան դատին զօրակցող երկիրներ, ուստի յառաջիկայ ամիսներուն կամ նոյնիսկ շաբաթներուն ընթացքին այս բանաձեւին բարեփոխուած տարբերակը կրնայ դարձեալ ներկայացուիլ Ապահովութեան խորհուրդին, քայլ մը, որ պաղեստինցի աւագ բանագնաց Սայէպ Օրէյքաթ չբացառեց. այդ պարագային Ուաշինկթըն պիտի ստիպուի օգտագործել վեթոյի իրաւունքը` այդպիսով մէկանգամընդմիշտ ամրագրելով իր կողմնակալութիւնը, որ ամէն պարագայի արդէն բոլորին յայտնի է: Ուաշինկթըն լաւ պէտք է գիտնայ, որ վեթոյի օգտագործումը պիտի արդարացնէ 31 դեկտեմբերի քուէարկութենէն ետք` Իրանի յայտարարութիւնը, թէ պաղեստինցիները իրենց իրաւունքներուն տիրանալու համար դիմադրութեան այլընտրանքը չունին, եւ առաւել եւս պիտի ապակայունացնէ բազմաչարչար Միջին Արեւելքը:
Միւս կողմէ, պէտք է նշել, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը նշեալ մագլցողական քայլերուն դիմելու համար ուշացած է, աւելին` այդ քայլին թայմինկն ալ սխալ է, որովհետեւ 17 մարտ 2015-ին Իսրայէլի մէջ տեղի պիտի ունենան երեսփոխանական ընտրութիւններ եւ այս քայլերը պիտի նպաստեն իսրայէլացի քաղաքագէտներու կեցուածքներու կարծրացման եւ ծայրայեղ աջակողմեան ուժերէ կազմուած իսրայէլեան իշխանութեան մը կազմութեան: Եթէ այս քայլին նպատակը Պաղեստինեան իշխանութեան գոյութիւնը ապահովելն է, ապա իսրայէլեան կողմէն սկսած են Այսրյորդանան ներխուժելով այդ իշխանութիւնը լուծարելու մասին կոչեր հնչել: Կը մնայ տեսնել, թէ Պաղեստինեան իշխանութիւնը պիտի վերապրի՞, եւ եթէ ոչ, ո՞վ վերջ պիտի տայ անոր հոգեվարքին, Համա՞սը, թէ՞ Իսրայէլը: