ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
Քրիստոնէական աշխարհին մէջ Ս. Ծնունդի տօնը կ՛առանձնանայ միւս բոլոր տօներէն` իր ներկայացուցած մեծ խորհուրդով եւ ուղղած բազմանշանակ պատգամներով: Սակայն այդ խորհուրդներուն մէջ ամէնէն յատկանշականը այն է, որ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդով քրիստոնէութիւնը կը դառնայ գերազանցապէս մարդակեդրոն կրօն եւ կը զատորոշուի իրմէ առաջ եւ ետք տարածուած ու փորձարկուած բոլոր կրօնական ուսմունքներէն, որոնց մօտ շեշտուած է աստուածակեդրոնութիւնը, ամէն ինչի կախեալութիւնը ամենակարող, բիրտ, զօրեղ Աստուծմէ մը, որուն համար մարդիկ ծառայ են պարզապէս, ենթակայ` Անոր կամքին ու տնօրինումին:
Աստուածակեդրոն այս մօտեցումին հետ կատարեալ խզումը կը կատարուի Քրիստոսի ծնունդով: Համեստ պայմաններու մէջ, համեստագոյն ախոռի մը անասուններուն շունչին տակ Աստուած մարդացաւ եւ կատարելապէս ծնաւ, որպէսզի բոլոր մարդիկը դառնան իր որդիները: Այս ձեւով Աստուած ինքզինք նմանցուց ամէնէն պարզ, համեստ մարդուն, ծնաւ այնպէս, ինչպէս կը ծնին ամէնէն թշուառ մարդիկը այս մոլորակին վրայ, այլեւս Ան «վեր»-էն նայելու, վերահսկելու, պատժելու կարիք չունէր, որովհետեւ դարձած էր մեզմէ մէկը:
Մեզմէ մէկը ըլլալու իրողութիւնը հետագային` Յիսուսի երկրաւոր կեանքին տեւողութեան արտայայտուեցաւ զանազան երեւոյթներով: Զինք որդեգրած հայր Յովսէփին հետ աշխատեցաւ ատաղձագործ, ապա` իր առաքելութեան ժամանակ, եղաւ աղքատին, մաքսաւորին, մեղաւորին եւ տարբեր ախտերու տէր մարդոց բարեկամը սեղանակիցը:
Այս աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր թշուառ ընտանիք կրնայ իր կեանքին հետ նոյնութիւններ գտնել Յիսուսի ընտանիքին ապրած զրկանքներով լի կեանքին մէջ: Ամէն մէկ մանուկ` իր ծննդեան առաջին ճիչով եւ ստեղծած ուրախութեամբ, մարմնաւորումն է Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդին ստեղծած ուրախութեան:
Իւրաքանչիւր մանուկի հայեացքներուն մէջ Յիսուս մանուկը կայ: Իւրաքանչիւր թշուառ մարդու տառապած դէմքին վրայ կայ Յիսուս մարդուն կրած տառապանքին պատկերը: Յիսուսի ծնունդով ամէն մարդ եղբայրացած է Աստուածամարդուն: Հո՛ս է այս տօնին խորհուրդին մեծութիւնը, որ ահաւասիկ շուրջ երկու հազարամեակէ ի վեր կը ներգործէ մարդոց կեանքին մէջ:
Այո՛, համեստ պայմաններու մէջ ծնաւ Աստուածամարդը, բայց բերկրանքը, որ յառաջացաւ անոր ծնունդով, անցաւ սերունդէ սերունդ: Եւ ամէն բանէ աւելի, ամէն բանէ առաջ, Յիսուսի Ս. Ծննդեան տօնը խորհուրդ է եւ ոչ թէ զարդարանք, ոչ թէ լոկ ծիսակատարութիւն, ոչ թէ լոկ շարականներու երգեցողութիւն այս առիթով:
Խորհուրդ մըն է, որով մարդիկ իրարու կը հաւասարին, ինչ ալ ըլլայ իրականութեան մէջ անոնց դասակարգային պատկանելիութիւնը: Խորհուրդ մըն է, որուն միջոցով մարդը կը դառնայ կեդրոն` հետագայ փրկագործական ամբողջ ծրագիրին, մարդը կը դառնայ կեդրոն` իր կապանքներէն ազատագրուելու գաղափարին, որ ազդարարուեցաւ պատմութեան մեծագոյն յեղափոխականին` Յիսուս Քրիստոսի կողմէ: