Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսք` Շնորհակալութեան Եւ Երախտագիտութեան

Յունուար 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

2014 տարին մնաց յիշատակի թանգարանին մէջ, ու անոր տեղ նորը եկած է ու կը թակէ մարդոց դռներն ու անոնց մտքերուն ու հոգիներուն մէջ կը փորձէ գունաւոր երազներ հիւսել: Դարձեալ նոր յոյսեր կան` շարուած մարդկային կեանքի հորիզոններուն վրայ:  Հակառակ այս բոլորին, ի՛նչ մեղքս պահեմ, ես օրին չկարողացայ  յայտնել եւ կամ հասցէագրել մտքէս ու հոգիէս բխող շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքերս ու բարի մաղթանքներուս սովորական շարանը բոլոր անոնց, որոնք մօտէն կամ հեռուէն Դիմատետրի բաժնիս կամ հայ մամուլի էջերուն վրայ լոյս տեսնող գրութիւններս, պատմուածքներս կամ յօդուածներս կարդացին եւ Դիմատետրի էջիս ծանօթացան ու նոյնիսկ արձանագրեցին իրենց «լայք» հաւանութեան գիրը եւ կամ ալ, բախտաւոր պարագային, իբրեւ սրտի անկեղծ խօսքեր. կատարեցին գրաւոր կամ բերանացի մաղթանքներ` գովասանքի, գնահատանքի եւ նոյնքան ալ շնորհակալական: Կը ներէք, գիտեմ, որ թէեւ ուշացած եմ, սակայն կը փորձեմ այս ձեւով ինքզինքս արդարացնել այս թերացումիս առթիւ: Ահա հիմա, այս տողերովս անհուն եւ անկեղծ շնորհակալութիւններս` բոլորիդ:

Միւս կողմէ, սակայն, իբրեւ հայեր, ամբողջ տարի մը կեանքի տեսակաւոր ծանրութեան տակ ապրեցանք, որովհետեւ աշխարհ տակն ու վրայ էր: Ամէն բան բարդ էր: Շփոթ կացութիւն: Անոր համար ժամանակը բոլորիս համար անըմբռնելի դարձաւ: Ասոնք նորութիւններ չեն: Լաւատեղեակ էիք, թէ անցնող տարուան ընթացքին ամէնօրեայ մաշումի, հիւծումի մէջ էին ծննդավայր Հալէպս, ամբողջ Սուրիան, հայրենիքս եւ գրեթէ համայն սփիւռքը: Անկեղծօրէն այս բոլորը կեանքիս տուին ոչ միայն լեղի համ, այլ նաեւ սովորական կեանքի երգերուս լարերուն թելերը փրցուցին, ու լաւին կարօտը միշտ մնաց սառած: Խաղաղութեան յոյսը փնտռեցի ամէն վայրկեան ու ամէն առիթով: Աչքերս տառապանքով խոնաւցան ու ձեզի հետ եւ ձեզի նման ես ալ կառչած մնացի ազգային մեր գոյատեւման ճիւղերուն: Անոր համար յաճախ մարդկային, ազգականական եւ բարեկամական տարիներու բազմապատկուած կապերէն հեռու մնացի: Դարձեա՛լ ներողութիւն: Գիտակցօրէն անդրադառնալ այս մէկուն` արդէն իսկ մեծ արժէք մը կը նկատեմ:

Կը կրկնեմ: Նոր տարին եկած է, սակայն աշխարհի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային անապահով վիճակները, ինչպէս նաեւ մեր կեանքի ամէնօրեայ հարցերը, տագնապներն ու դժբախտութիւնները մնացած են նոյնը եւ` բոլորիս ստիպած, որ մեր աչքերը յառենք դէպի այս նոր անծանօթին եւ փորձենք դրական մտածել, նոր լոյսի եւ յոյսի նշաններ որոնել, նոր սիւներ ծրագրել ու կառուցել, որպէսզի մեր հայրենի եւ յատկապէս սփիւռքեան կեանքի տանիքի ծանրութիւնը քիչ մը երկար դիմանայ ու չկքի:

Իսկապէս, ազգովին ճակատագրական խաչմերուկներու առջեւ կը գտնուինք: Ժամանակը մեզի շատ բաներ կը թելադրէ, եթէ անշուշտ մեր ականջները լայն բացած ենք նոյն այդ ժամանակէն հասնող արձագանգը լսելու:

Նոր տարի է` ըսի: Նոր յոյսեր շարուած են մեր կեանքի հորիզոններուն վրայ: Դարձեալ Կաղանդի խորհուրդը ներկայ է բոլորիս լուսազարդ տուներէն ներս եւ նոյնիսկ` անոնց մտահոգութիւններով լեցուն մեր մտքի սակառներուն մէջ:

Ճիշդ է. Նոր տարի է, սակայն չմոռնանք, որ Մեծ եղեռնի հարիւրամեակն ալ է: Այս ինքնին արդէն մեզի ուրիշ բաներ ըսել կու տայ եւ կը յիշեցնէ: Ուստի այս նորին հետ միատեղ պարտաւոր ենք նոր արշալոյսեր առաջնորդող գաղափարներով առաջնորդուիլ: Միտքերու նոր զարթօնքով: Մեզմէ իւրաքանչիւրս այս առթիւ պարտի անգամուան մը համար, իբրեւ հաշուեհարդար կատարող հայ անհատ, քննել իր սիրտը, նայիլ, թէ որքա՛ն հաւատք ունի իր ըրածին, կատարածին եւ ծրագրումներուն նկատմամբ: Յիշեմ, որ պատմութեան ընթացքին երբեք մեր յոյսն ու լոյսը չենք կորսնցուցած: Անոր համար գոյատեւած ենք: Ուստի պարտաւոր ենք նոր շունչ տալ ազգային մեր ոգիին, մնալ մանաւանդ միշտ յիշող ու պահանջատէր, որպէսզի մեր հասարակութիւնը ամբոխի չվերածուի:

Ամանոր է: Նոր տարի:

Սիրելի՛ Ամանոր, մեծապէս կը խնդրեմ` սփիւռքահայերուս եւ հայրենիքիս ժողովուրդի շուրթերուն վրայ կրկին անգամ քանդակէ նոր յոյսի երգը, որ աղաղակէ յանուն սիրոյն, արդարութեան եւ հաւատքին:

Մանաւանդ մաղթանքս է նաեւ, որ դո՛ւն, սիրելի՛ ամանոր, նախկինիդ նման չըլլաս: Չեմ ուզեր երկարել: Դուն լաւ գիտես, թէ ես ի՛նչ կամ ինչե՜ր կ’ուզեմ ըսել:

Մինչ այդ, իմ եւ ընտանիքիս անունով, յարգելինե՛ր, բոլորիդ կը մաղթեմ խաղաղ երկինք, առողջութեամբ եւ յաջողութեամբ լի օրերով տարի մը: Նոր յոյսերու եւ երազներու իրականացում:

Միշտ կարօտով`
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա     

bedig43@aol.com

Նախորդը

Յիսո՛ւս Մանո՛ւկ, Ազատէ Մեզ

Յաջորդը

Մարդակեդրոնութեան Տօնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?