Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայ Ժողովուրդ` Ողջ Լուսարար
ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Հայ ժողովուրդ` ողջ լուսարար, Դուն առաջին ազգն ես տիպար Որ շալկեց խաչն Յիսուսի, Քալեց ճամբան Գողգոթայի, Գլխուդ վրայ փուշէ պսակ Զետեղեցիր ու տառապանք Փոխադրեցիր քարուտ ճամբան, Զոր կը քալես դուն հայկազեան: Չարչարեցին քեզ, խաչեցին Պատմութեան մեր մօտ անցեալին, Գերեզմանիդ դրան սեմին Սպասեցին ու խնդացին, Այժմ անոնք կը զլանան Հաւատալ քու յարութեանդ: Մինչեւ այսօր կ՛ապրիս հզօր Արիւնաքամ կողիդ վէրքով,...



















