Ազնիւ Եւ Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականը
ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ Այսօր կանգնած ենք լռութեան մէջ` այնպիսի եղբօր մը յիշատակին առջեւ, որ իր ողջ կեանքը ապրեցաւ ոչ միայն իր ընտանիքին, այլ նաեւ իր ժողովուրդին, հայրենիքին եւ ՀՄԸՄ-ին ծառայելու բարձր գիտակցութեամբ: Խոր տխրութեամբ եւ խոնարհ սրտով հաւաքուած ենք հրաժեշտ տալու մեր ՀՄԸՄ-ական սիրելի եւ երէց եղբօր` Նազարէթ Սապունճեանին, որ եղաւ ՀՄԸՄ-ի ա՛յն նուիրեալ անդամներէն մէկը, որուն կեանքը կենդանի վկայութիւնն...



















