ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Մարդու հոգիին մէջ պէտք չէ պարապ տեղ մնայ, որովհետեւ
այդ պարապը կրնայ լեցուիլ չարութեամբ»:
ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Վաստակաւոր արուեստագէտ,
բեմադրիչ եւ մանկավարժ
Որովհետեւ մարդ արարածին հոգին աստուածակերպ միջավայր մըն է, ուր կը խմորուին ու կ՛ազնուանան բազում արժանիքներ:
Որովհետեւ հասարակութիւններն անգամ ունին հաւաքական հոգեկանութիւն կոչուած շաղախը, որով պէտք է առաջնորդուիլ ի պահանջեալ հարկին:
Ապա տուեալ հասկացողութենէ մեկնած պէտք է ըմբռնել արուեստագէտին վերոյիշեալ մէջբերումը առհասարակ:
Յայտնապէս բարիի եւ չարի անսկիզբ եւ անվախճան պայքարի մասին չէ, որ կ՛ուզենք արտայայտուիլ, այլ` հրամայական պահանջէ մը թելադրուած, լոյսին բերել հաւաքական կեանքին առնչակից մտահոգութիւններ եւ անդրադառնալ այս պարագային` գաղութահայ առօրեայէն բացակայող եւ տակաւ շիջող իրաւ թատերական կեանքին, հաւատամքին, շունչին ու դիմագիծին, միջավայրին եւ ուղղուածութեան:
Այլ ասած, շեշտադրել թատրոն կոչուած իրականութեան մշակութային արժանիքը եւ լծուիլ անվերապահօրէն անոր վերաձեւաւորման, վերարժեւորման եւ վերաշխուժացման պայքարին` ազգային ընդհանուր տեսլականին ընդմէջէն:
Փաստօրէն, եթէ երբեք արուեստի աշխարհին մէջ թատրոնը ընդունուած է իբրեւ առանցքային դեր եւ նշանակութիւն ունեցող գեղարուեստի արտայայտութիւն եւ հաւաքական մտածողութիւն ձեւաւորող արժեհամակարգ, ապա թատերական կեանքի տարերայնութիւնը աւելի քան անհրաժեշտութիւն է, իբրեւ համազգային միջավայրի եւ մթնոլորտի բարեփոխման ու զարգացման անփոխարինելի նշաձող:
Արդարեւ,
Իբրեւ լիբանանահայ համոզումի երկու ուղղութիւն ինքզինք կը պարտադրէր, երբ սեւով ճերմակին կ՛ուզէինք յանձնել մեր տպաւորութիւնները, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին ներկայացուցած վերջին թատրերգութիւնը:
Լորն Շիրինեանի «Կոթողական» թատերախաղին մասին է խօսքը:
Կարելի է ըսել, հաւանաբար, համոզումի երկու շերտեր են անոնք` զիրար իմաստաւորող եւ իրարմով գոյատեւող: Այլ խօսքով, հանդիսատեսի եւ թատերասէրի զոյգ հանգամանքներու ներքեւ ըլլալու կոչուած իրականութեամբ մը, վերլուծել եւ ի հարկին լոյսին բերել թատերական տուեալ գործին համապարփակ արժանիքն ու բացթողումները` թելադրուած առարկայական մօտեցումէ եւ հրամայական պահանջէ:
Ըստ իս, նման թատերական կտորի մը ներկայացումը յանդգնութեան բնորոշ տարրեր կ՛ընդգրկէ, ոչ թէ անոր համար, որ նորարար է իր կառուցուածքով, եզակի` իր արծարծած նիւթով, հարցերուն մօտենալու եղանակով եւ ընդհանրապէս նոր շունչի ու ոգիի հակամէտ ըլլալուն, այլեւ` լիբանանահայ տուեալ ժամանակի, առկայ մարդուժի եւ ընդհանրապէս թատերական կեանքի, մթնոլորտի եւ պարզուած իրավիճակի տեսակէտէ, ուր, բոլորս կը գիտակցինք, թէ նոր քայլեր առնելու եւ դէպի յառաջիկայ ամեակներ ընթանալու հարկադրանքին տակ կը գտնուինք ազգովին:
Զանց առնելով հանդիսատեսի տարբեր ակնկալութիւններ ունենալու արդար մօտեցումները (կատակերգութիւն եւ այլն), պատեհ կը նկատենք շեշտադրել թատերասէրի եւ կամ թատրոնի սիրահարի խստապահանջութիւնը, եւ ատով կառուցել մեր մտքին մէջ տողանցող հարցադրումներուն պատուանդանը:
Առաջին հերթին ընդգծեցինք նման թատրերգութիւն մը ներկայացնելու նախանձախնդիր մօտեցումը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:
Այս առումով պէտք է նկատել տալ նաեւ, թէ հրամցուածը գոյութիւն ունեցող այլընտրանքներու լաւագոյնն էր հաւանաբար, թէ՛ իբրեւ թեմա եւ թէ՛ իբրեւ նորարար յղացք: Եւ հոս կը կայանայ թատերասէր հասարակութեան հետ բախումը, երբ նոյնինքն թատերական կեանքին ու արուեստին քաջածանօթ եւ խիստ պահանջկոտ դիմագիծով հանդէս եկող հայորդիին մտքին եւ հոգիի պրիսմակէն կ՛անցնէր իսկական կոթողային գործի մը ականատեսը ըլլալու խոր ակնկալութիւնը:
Խոստովանիլ է պէտք, որ չկան եւ մեր իրականութենէն կը բացակային նման նիւթեր արծարծող թատերական ուժեղ գործեր, սա արդէն հարց է, իսկ թէ յաւելեալ ժամանակ պէտք էր տրամադրուէր տքնաջան աշխատանքի, յաւելեալ պրպտումներու, քրտինքի ու փնտռտուքի շատ աւելի կանուխէն` այլ հարց է: Սակայն իրողութիւնը կը մնայ այն, թէ մատուցուած թատրերգութեան անուանումին առընթեր, մենք չտեսանք կոթողային եւ հնչեղ թատերական ներկայացում, որով պիտի կարենայինք նորայայտ լիցք, որակ եւ գաղափարայնութիւն սնուցանել հայ երիտասարդ թէ տարեց շրջանակներուն:
Ճիշդ է նաեւ այն, որ թէ՛ բեմադրիչին, եւ թէ՛ կազմակերպիչ մարմինին մօտ նման յաւակնութիւն տեսանելի չէր, եւ կամ նման սին պատրանքի ոչ մէկ միտում առկայ էր:
Եւ այս անկեղծ ու անկաշառ մօտեցումն էր, որ մեզ մղեց անդրադառնալու թատրերգութեան եւ կատարելու կարգ մը մատնանշումներ:
Ի սկզբանէ ընդգծենք, որ մեր կարգին ալ, ոչ մէկ մտադրութիւն գոյութիւն ունի թատերագիտական սկզբունքայնութեամբ, արհեստավարժի թէ մասնագիտական դիտանկիւնէ վերլուծելու ընդհանրապէս ներկայացուածը` այդ աշխատանքը թողնելով երախտաշատ անձնաւորութիւններու եւ արուեստի քննադատներու:
Գաղութահայ կեանքի թատերական արուեստին մէջ նորովի բոյր եւ համ ներմուծած բեմադրիչ եւ դերասան Յակոբ Տէր Ղուկասեանի իսկ բնորոշմամբ, մատուցուած թատերական երկը, այսպէս ասած, խտացումն է բազմաթիւ մտածումներու եւ կեցուածքներու, որոնք կ՛արծարծեն Հայոց ցեղասպանութեան թեման, «թէ՛ դասական տեսանկիւնէ դիտուած, եւ թէ՛ յառաջապահ, յեղափոխական, երիտասարդական դիտանկիւնէ: Անիկա պատմութիւն մը չէ, որ կը պատմուի, այլ մարդոց ապրումները, մտածելակերպերը, կեցուածքը` ցեղասպանութեան հանդէպ»:
Յայտնապէս, բեմադրիչին իսկ խօսքէն մեկնած, երբ թատերասէրը կը սկսի խորանալ մատուցուած նիւթին մէջ եւ կը փորձէ հասկնալ այն ուժեղ բախումն ու պայքարը նման հակոտնեայ մտածումներու, քիչ անգամ կը հանդիպի տուեալ հոգեկան աշխարհի բացայայտումին` դերասաններու կողմէ: Ըսուածը ոչ մէկ կապ ունի դերեր ստանձնողներու հետ, այլ` թատրերգութեան ընդհանուր գոյավիճակին, ներքին կառոյցին, կշռոյթին եւ ընդհանրապէս տարերայնութեան:
Սա արդէն զգալի բացթողումի տեղիք տուող երեւոյթ մըն է, որուն համար պէտք էր բեմադրիչի միջամտութիւն` յաւելեալ կենդանութիւն շնորհելու թատրերգութեան եւ ընդհանրապէս ներկայացումին:
Յարգելով հանդերձ բեմադրիչին արհեստավարժի ճիգը` իր եզակի էութեամբ ներկայացնելու թատերագիրին զգայական աշխարհն ու մտածումները, այլապէս` հեղինակի ժուժկալ արտայայտչականութիւնը, ինչպէս նաեւ թատերական կտորին հարազատութիւնն ու անմիջականութիւնը պահելու փորձը, բեմադրիչի այս մօտեցումը իր նպատակին չէր ծառայած, որովհետեւ նման ծանրախոհ եւ յեղափոխաշունչ միտքեր պարփակող թատրերգութիւն մը պարտաւորութիւն ունէր պայթիւնաձիգ վիճակներու ստեղծումին եւ անհրաժեշտութեան:
Նման կարծիքի ենք յենած, պարզապէս որովհետեւ իսկապէս գոյութիւն ունէին յեղափոխական մտածումներ եւ յառաջատար տեսակէտներ: Եւ այս հսկայական մտաւոր բախումին պէտք էր յաջորդէին զգայական աշխարհի, ցասումի եւ պոռթկումի զանազան արտայայտութիւններ, որպէսզի ակնդիր թատերասէրին ոչ թէ միայն միտքը կլանուէր, այլեւ` հոգեկան աշխարհը, ուր եւս կը խլրտին ներաշխարհային գիտակից ու անգիտակից վիճակներ:
Այս տեսակէտին հակամէտ ենք, որովհետեւ թատերախաղին հիմնական նիւթը, այլապէս բախումի կիզակէտը նոյնինքն հոգեկան աշխարհի մէջ կուտակուած այն դարաւոր վիճակներն են, որոնց դէմ պէտք է պայքարիլ հաւաքաբար, եւ դուրս շպրտել զանոնք իբրեւ կարծրատիպ, հնաբոյր ու բորբոսած հոգեկան մտմտուքներ:
Փաստօրէն, Պետի դերը ստանձնած Հրայր Գալեմքէրեանի հասուն եւ վճիտ մտածումներուն եւ յեղափոխական տրամադրութիւններուն ամբողջ առանցքը ի՛նչ է, եթէ ոչ ըմբոստանալու եւ փշրելու քարացած մտայնութիւնը, նահատակներու հանդէպ ժամանակավրէպ դարձած պաշտամունքի արարողակարգերու եւ ծէսերու կասեցումը, սոսկ յիշատակումի եւ դասական գործելակերպերու վերացումը, եւ, քաղաքական հասունացումի ընդմէջէն` վեր բարձրացնելու ամբողջ ազգի մը գիտակցական մակարդակն ու զարգանալու իրաւունքը:
Միւս կողմէ, պահպանողական եւ հնամաշ միտքեր ունեցող հայու կերպարը ներկայացնող Առաքը` Վարդան Մկրտիչեան, ոգի ի բրին կը պայքարէր դէմ դնելու յառաջադէմ մտածողութեան եւ ամէն միջոցի կը դիմէր ձախողութեան մատնելու երիտասարդ գրողին ու բանաստեղծին հոգեկան աշխարհին բոցկլտումները:
Եւ այս երկուքի բախումին կեդրոնը կը գտնուէր Կալին` Հերմինէ Նիւրբէթլեան, որուն հեզահամբոյր ներկայութիւնը քաջալեր էր երիտասարդ գրողին եւ թիկունք անոր յեղափոխական մտածումներու իրաւութեան:
Արդ, նախքան անցումը դերակատար անձերու բեմական կարողութիւններուն եւ մարմնաւորած տիպարներու ներկայացումին, յայտնենք, թէ թատրերգութեան հեղինակը յաջողած է շաղկապել դիպաշարի շարունակականութիւնը եւ առանց մեծ ճիգի սահմանել իւրաքանչիւր տիպարի դերն ու տեղը ընդհանուր խորապատկերին մէջ: Փաստօրէն, ան կրցած է երեք դերակատարներու ներկայութեան իր լրումին հասցնել այսքան ծաւալուն նիւթը, առանձնապէս ներկայացնելէ ետք տարբեր մտածումներու տեսադաշտը:
Ինչ կը վերաբերի դերասանական յատկութիւններու եւ իւրաքանչիւրի ընդգծեալ խաղարկային ոճին, հաստատենք, որ գնահատելի է բեմադրիչին այն խիզախ քայլը` բեմ հանելու որոշակի փորձառութիւն ունեցող երիտասարդ տարրեր, բայց մանաւանդ` կեդրոնական դերը վերապահելով արհեստավարժի մը, որուն վաստակին եւ տաղանդին քաջածանօթ է գաղութահայ իրականութիւնը:
Այս առումով, խիստ շահեկանութիւն ունեցաւ վաստակաւոր բեմադրիչ եւ դերասան Վարդան Մկրտիչեան, որ կրցաւ կատարելապէս մարմնաւորել իր ստանձնած տիպարը: Վարդանի խաղարկային ոճին եւ իւրայատկութեան ծանօթ է հայ թատերասէր հասարակութիւնը: Ան, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ թափանցած էր իր դերին մէջ` փորձելով մինչեւ վերջ ակնդիրին փոխանցել պահպանողական եւ դասականացած մտքերուն կառչած Առաքի տիպարը:
Աւելի՛ն. համոզիչ էին Վարդանի շարժուձեւերն ու դիմագծային արտայայտութիւնները: Ոչ մէկ խօսք անոր հնչեղ առոգանութեան եւ բեմական ներկայութեան մասին: Յայտնապէս իրեն չօգնեցին ընդհանուր ձայնի սարքաւորումն ու սրահի աքուսթիք միջավայրը, ինչ որ թատերասէրը մղեց շատ անգամ գերլարուած ունկնդրելու, առաւելագոյնս հասկնալու արտայայտուած մտածումները:
Համոզումով եւ երախտագիտութեամբ կ՛ըսենք, որ շնորհիւ Վարդան Մկրտիչեանի թատերական եռանդին, տիրական ու հնչեղ կազմաւորումին, բայց մանաւանդ առինքնող կարողութեան, թատերական այս երկը կրցաւ շրջանցել դժուարին փորձաքար մը եւ հանրութեան ներկայանալ աներկչոտօրէն:
Պետի պարագային (Հրայր Գալեմքերեան) կարելի է ընդգծել շատ հետաքրքրական երեւոյթ մը: Անոր դիմագծային արտայայտութիւնները լաւապէս կ՛արտացոլացնէին թատրերգութեան արծարծած մտածումները, ան առանց ճիգի եւ աւելորդ շարժումի կրցաւ իրեն հաղորդ պահել ակնդիրը: Ասոր առընթեր, Հրայրի բեմական շարժուձեւերը խիստ ժլատ էին, յեղափոխական մտածումներուն եւ իր կերպարին յատուկ տինամիզմ հարկաւոր էր:
Պետ կարծես մասնաւոր յանձնուած էր ներամփոփ հոգեվիճակի մը, ան բաւարարուած էր դէմքին ընդմէջէն իր պատգամի փոխանցումով:
Հրայրի բեմական ներկայութիւնը բնաւ կեղծ չէր, աւելի խորասոյզ վիճակ կը պարզէր, քան որոտընդոստային, ան «կը տառապէր» առոգանութեան կշռոյթէ եւ համապատասխան շարժուձեւէ, այդուամենայնիւ, ան հարազատօրէն մարմնաւորեց իր կերպարը: Հաւանաբար տեղին մատնանշում մըն է այն, թէ Հրայրի դերասանական կազմաւորումը թատերականէ աւելի շարժապատկերային է:
Պետի դերակատարութեան մէջ Հրայրի պարզ, անկեղծ, անշպար եւ թափանցիկ կերպարային բարեմասնութիւնը ողջունելի էր, աւելի՛ն. քաջալերելի:
Թատրերգութեան մէջ իգական սեռի միակ ներկայացուցիչը` Հերմինէ Նիւրբէթլեան, ունէր յատկութիւն մը եզակի, անոր պարզութեամբ յագեցած դերակատարութիւնը ողջունելի է այն առումով, որ կաշկանդուածի հոգեվիճակէ զերծ էր եւ առանձնապէս աւելորդ շարժուձեւեր չունէր: Հաւանաբար իր ստանձնած դերին մեղմութեան ազդեցութիւնը զգալի էր, սակայն կը պահէր որոշակի մակարդակ: Ան պէտք է աշխատի առոգանական տուեալներուն վրայ եւ բեմական իր ներկայութեան պէտք է ագուցէ արհեստավարժի սլացիք շարժումներ:
Անվերապահօրէն, հաւատացողն ենք թէ՛ Հրայրին, եւ թէ Հերմինէին պարագային, թէ թատերական տաղանդի եւ շնորհի տարրեր ներկայ են վայելչօրէն, սակայն անոնց ջրդեղման պիտի ծառայէ հետեւողականութիւնը, այսինքն` փորձառութիւնն ու ժամանակի հետ հասունացման արհեստավարժի տուեալը: Այլ խօսքով, իրենց ստանձնած դերերուն հետ միաձուլուելու թատերական արուեստի թեքնիք արժանիքի մը մասին է խօսքը, որուն կենսագործումին պիտի օժանդակեն կարգ մը տարրեր:
Լեզուական առումով (թարգմանութիւն), ըստ երեւոյթին ճիգ թափուած է պահել որոշ ներդաշնակութիւն բնագիրի հարազատութեան եւ արեւմտահայերէնին միջեւ: Թատերասէր հասարակութիւնը լսեց մշակուած լեզու, կուռ եւ ոչ շռայլամիտ նախադասութիւններ եւ այլն:
Բեմայարդարումը ունէր եզակի մտայղացում, հարթակին վրայ աւազի խորհուրդն ու ընդհանրապէս բեմի մթութեան աստիճանաչափը որոշ պահեր ստեղծելու ծառայեցին: Վստահաբար, դիտումնաւոր էր այս պարագային բեմը զերծ պահել դասական կամ արդի ոճով զարդարանքներէ: Իրօք, իր պարզութեան մէջ բեմը ունէր իւրայատկութիւն:
Թատրերգութեան յաւելեալ խորք կու տային որմազդի, տարազներու, սարքաւորումի ներկայութիւնը: Բեմի վրայ արաբերէն թարգմանուած ենթատողի սփռումը գնահատելի է, որուն ականջալուր է բեմադրիչը, օտար հանդիսատեսներու ներկայութիւնը ապահովելու եւ հայ թատերական արուեստը օտարին ծանօթացնելու հասկացողութեամբ:
Յատուկ ուշադրութեամբ հարկ է նշել, թէ լուսաւորումի եւ ձայնի սարքաւորումի այլընտրանքային ուղիներ պէտք էր որդեգրուէին, որովհետեւ երկու գործօններու պարագային ալ, կը կարծենք, կային անհասկնալի բացթողումներ:
Աւարտին, եթէ երբեք կ՛ուզենք հաւաքական կեանքի բազկերակը առողջ պահել, ազգային ու համամարդկային արժէքներու տիրութիւն ընել, ինչպէս նաեւ` հայաշունչ թատերասէրներու եւ մշակութային գործիչներու փաղանգներ սնուցանել, բայց մանաւանդ` քննական մտքի ու ոգիի տէր, խիզախ, յանդուգն եւ լայնախոհ երիտասարդական իրերայաջորդ սերունդներու աջակցութիւն ցուցաբերել, ապա պարտաւոր ենք (եթէ ուշացած չենք) յեղափոխականացնել հայ թատրոնն անգամ` իբրեւ ներշնչման աղբիւր եւ դաստիարակչական անփոխարինելի գործօն գաղութահայ կեանքի վերակենսաւորման:
Այս առումով, քաջ հաւատացողն ենք, որ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի վերապահուած է մեծ դերակատարութիւն, իր իսկ թատերագիտական յախուռն մտքերուն եւ ճահճացումէ զերծ արուեստի մտածումներուն հաղորդ դարձնել երիտասարդական շնորհալի տարրեր, որոնց քանակը բաւարար է, եւ լծուիլ մեր ժամանակներու համահունչ թատրոնի մատուցման եւ վերաբորբոքումին:
Այլապէս ալ ազգային կեանքին մէջ առկայ մտահոգութիւններու, տխեղծ վիճակներու եւ բացթողումներու վերացման մէջ վեհափառ եւ անառարկելի դերակատարութիւն սահմանուած է հայ թատերական արուեստին, որպէսզի դատարկուած հոգիները լեցուին գեղարուեստի շունչով եւ մարդկայնական նուիրական արժանիքներով: