22 Եւ 24 Հոկտեմբեր 1975. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Եւ Հայ Ազգային Իրաւունքներու Վերականգնման Պայքարին Ուժական Շղթայազերծումը
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Հոկտեմբեր 22-ին, 41 տարի առաջ, մարտական յանդուգն գործողութիւն մը ցնցեց խիղճը քաղաքական աշխարհին եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան` հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան հայրենազրկումին շուրջ հաստատուած միջազգային լռութեան պատը ճեղքելով եւ հատու ազդանշանը տալով Հայ դատի պայքարին ուժական շղթայազերծումին: Այդպէ՛ս, 22 հոկտեմբեր 1975-ին, Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ, օր-ցերեկով կատարուեցաւ ահաբեկումը աւստրիական պետութեան մէջ թրքական պետութիւնը...



















