Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքականացած Իշխանութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

Հայ քաղաքական իրականութիւնը ճիշդ արժեւորելու համար նախ պէտք է նայիլ անոր ենթակառուցային մակարդակով յառաջացող առօրեայ եւ բնականոն յարաբերութիւններուն: Այսինքն` հայրենի ժողովուրդի կեանքին:

Պետական կառոյցներէն աւելի` մեզի համար կարեւորը ներկայ մեր քաղաքականացման ընթացքը բնորոշող ենթակառոյցն է: Իսկ պետական կառոյցները (օրէնսդիր, գործադիր թէ դատական) քաղաքական արժէք են մեզի համար, միայն եթէ ամուր խարսխուած ու արմատ նետած ըլլան ենթակառոյցին մէջ, այսինքն` ժողովուրդի առօրեային մէջ: Հայաստանի պէս թերաճ երկիրի մը պարագային, պետականութեան այս խարիսխն է, որ ժողովուրդի քաղաքականացման ներկայ փուլը կը յատկանշէ եւ իշխանութեան իրաւականութիւնը կը հիմնաւորէ: Հետեւաբար Հայաստանի պետականութիւն հասկացողութիւնը պէտք է հասկնալ ժողովուրդին մակարդակով ու ներկայացնել իր ենթակառոյցին մէջ:

Այս հասկացողութեամբ է, որ հայ քաղաքական միտքը կը ձերբազատէ ինքզինք կառուցային նեղ մեկնաբանութիւններէ ու կը վերադառնայ ժողովուրդին: Որովհետեւ որքա՛ն հարազատ եւ մարդկայնօրէն դիտենք ժողովուրդին կեանքը, սովորական ու անտեսուած անհատին հոգեկան ապրումը, եւ կապուինք անոր բնական ու անշպար կենցաղին հետ, այնքա՛ն կը պայծառանայ քաղաքական մեր միտքը եւ կը լուսաւորուի մեր տեսիլքը` ժողովուրդի հոգիին կապուած: Այս տեսիլքն է հայ քաղաքական միտքին մարտահրաւէրը այսօր:

Տակաւին չենք մտած քաղաքական մեր տեսիլքին մէջ: Նայեցէ՛ք, օրինակ, Զովունի գիւղի բնակիչ եւ չորս զաւակներու մայր` 30-ամեայ Լիանա Ղուկասեանի կեանքին: Ան իր երեխաներու կեանքով չի կրնար զբաղիլ, որովհետեւ միջոցներ չունի: Բժշկական եւ դպրոցական ծախսերը չի կրնար հոգալ: Նայեցէք նաեւ եօթը անձերէ բաղկացած Ակոռի գիւղին մէջ կիսաքանդ տնակի մը մէջ բնակող ընտանիքին: Տնակին մէջ ջուր, լոգարան եւ պէտքարան չկայ: Բազմանդամ այս ընտանիքը իր կենցաղային կարիքները հոգալու համար, ձեռքով ջուր կը կրէ տնակէն 400 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող աղբիւրէն: Նայեցէ՛ք, ի վերջոյ, հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի եօթանասուն տոկոսի կեղեքուած, թշուառ ու ողորմելի կեանքին եւ պատկերացուցէ՛ք քաղաքական մեր ենթակառոյցն ու իշխանութեան իրաւականութիւնը:

Պատմական անկիւնադարձային իրողութիւն է այսօր սովորական հայ անհատի առաւել քաղաքականացման տուեալը, այսինքն` հողին կապուած քաղաքական իրականութիւնը: Պետական կառոյցներէն ու քաղաքական թէ տնտեսական ընտրանիէն աւելի` հայ անհատին ընթացիկ կենցաղն ու յարաբերութիւններն են, որոնք կը բացատրեն քաղաքական մեր համակարգը: Շատ օգտակար չէ հայրենի ներկայ իրականութիւնը մեկնաբանել պետական-կառուցային կամ օրէնսդրական-նուիրապետական տուեալներով, այլ աւելի կարեւոր է պատկերացնել այդ իրականութիւնը սովորական-կենցաղային, տեղական-բնական, հարազատ-մշակութային, անհատական-զարգացման ու նաեւ արհեստագիտական-արուեստագիտական կարողութիւններու տուեալներով:

Հո՛ս է մեր պետականութեան գաղտնիքը: Մեզի համար ամէնէն կարեւորը այն անդրադարձն է, թէ` պետութիւնը Հայաստանի մէջ արժէք չունի, եթէ չէ կապուած ենթակառուցային տարածքին, չէ հաստատած իշխանութիւն-ժողովուրդ համարկումը եւ դուրս չէ եկած պետական կառուցային կամ հեղինակապաշտական ուղղահայեաց ու նուիրապետական յարաբերութիւններ հաստատող արեւմտեան իր նեղ սահմանումէն:

Բարեբախտաբար հայրենի մեր ժողովուրդը ունի քաղաքականութեան իր մղիչ ուժը: Այդ ուժը ժողովրդային պահանջներն ու շարժումներն են, որոնք հայ անհատի քաղաքական ու բնական իրաւունքները կը ձգտին իրականացնել: Ժողովրդային այս շարժումները առաւելաբար կը սպառնան հեղինակապաշտական եւ նուիրապետական կառոյցներուն ու կ՛արժեւորեն ընկերաքաղաքական յարաբերութիւններու ժողովրդային, հետեւաբար եւ` ժողովրդավար ենթակառուցային տարածքը:

Երբ ականատես ըլլանք ժողովրդային շարժումներուն, ապա կ՛անդրադառնանք, որ կը պարզուի այդ շարժումներէն բխած պետականութեան նոր ու հարազատ հասկացողութիւն մը, որուն իմաստը կը տեղադրուի ընկերաքաղաքական յարաբերութիւններու ենթակառուցային տարածքին մէջ: Աւելի հորիզոնական ու նուազ ուղղահայեաց կառուցուածքային նկարագիրով յատկանշուող տարածքն է ասիկա, որ հարազատ ու օրինական կապ մը կը ստեղծէ ժողովուրդի առօրեայ կենսագործունէութեան եւ ժողովրդավար յարաբերութիւններուն միջեւ: Ա՛յս է հայկական իւրայատկութիւնը, հայկական արեւելումը, որուն կառչելով` կը քաղաքականանայ նաեւ հայ քաղաքական միտքը:

Հետեւաբար, քաղաքականութիւն ըսուածը, պարզ ու յստակ, պետականութեան ներաշխարհին հետ շաղկապուած քաղաքական եւ գիւղական կեանքն է: Իսկ քաղաքական զարգացումը այդ կեանքի հաճոյքն ու հմայքն է ժողովուրդին համար:

Ժողովուրդի կեանքին հետ նոյնացած ու անոր ակունքները արտայայտող ու ցայտող իշխանութի՛ւնն է միայն, որ կրնայ քաղաքական զարգացման ընթացքը հարթել իր երկրին մէջ: Այլապէս, կ՛ունենանք քաղքենի իշխանութիւն մը, որ պարզապէս Հայաստանը կը պահէ ձախող երկիրներու կարգին ու անարգանք մը շպրտած կ՛ըլլայ հայ քաղաքական կեանքի երեսին: Քաղքենիացած իշխանութիւնը չի տեսներ ժողովուրդին թշուառ կեանքը ու պետական կառոյցներու կարծրատիպ իր մտածողութեան մէջ պարփակուած` հեռու կը մնայ ժողովուրդէն:

Վերջին հաշուով, Հայաստանի քաղաքական ենթակառոյցը նաեւ հարազատ արտայայտութիւնն է հայրենի ժողովրդավար յարաբերութիւններուն: Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը չէ կապուած ընտրութիւններուն, այլ կապուած է ընտրութիւններուն միջեւ քաղաքացիի սովորական կեանքին: Հայաստանի պարագային, ընտրութիւնը ժողովրդավարութիւն հաստատող գործողութիւնը չէ՛, այլ ընտրութիւններուն միջեւ առկայ գործողութիւննե՛րն են, որոնք ժողովրդավարութիւն կը հաստատեն:

 

 

 

Նախորդը

Արա Տապանճեան Եւ «Էլեմընթ»

Յաջորդը

Ֆրանսայի Օրէնսդիր Մարմինը Դարձեալ Արգիլեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?