Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տպաւորութիւններ` Համազգայինի 22-րդ Ուսանողական Հաւաքի Մասնակիցներէն

Հոկտեմբեր 21, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի 22-րդ ուսանողական հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ 16-30 յուլիս Երեւանի եւ Արցախի մէջ, իր շուրջ համախմբեց ուսանողներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն` Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ռուսիայէն, Ջաւախքէն,  Ֆրանսայէն, Կիպրոսէն, Շուէտէն:

Հաւաքի մասնակիցներէն ոմանք իրենց տպաւորութիւնները յանձնած են թուղթին: Ստորեւ կը ներկայացնենք երկու ֆորումականի ներաշխարհէն բխող գրութիւններ:

Համազգայինի Հաւաքը Իմ Մասնակցած
Ծրագիրներուս Լաւագոյնն Է

Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ուղղուած այս սրտառուչ նամակը կը բաժնեկցինք ձեզի հետ` միաժամանակ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելով Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանին եւ հոգաբարձական կազմին, ինչպէս նաեւ` Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանին եւ հոգաբարձութեան, որոնք, ընդառաջելով մեր դիմումին, սիրով հովանաւորեցին իրենց շրջանէն երիտասարդի մը կեցութեան ծախսը այս տարուան երիտասարդական հաւաքին` ֆորումին, որ գումարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Կը յուսանք, որ այս օրինակը վարակիչ դառնայ բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն համար, որ տարին մէկ կամ մէկէ աւելի հայ երիտասարդի կամ երիտասարդուհիի ֆորումի կեցութեան գումարը հովանաւորեն` քաջալերելով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ իրագործուող այս հաւաքը, որ արդէն իսկ կը թեւակոխէ իր 23-րդ տարին:

Իսկ արդիւնքին մասին ֆորումին մասնակից Վաղարշակ Աւետիսեանի նամակը խօսուն վկայութիւն մըն է եւ բոլորիս համար` սրտապնդիչ հայրենասիրութեան օրինակ:

Ստորեւ` նամակին թարգմանութիւնը.

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

vagharshag-1_102116

Նախ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, որ առիթ ընծայեց ինծի մասնակցելու այս տարուան Համազգայինի ֆորումին, որ կեանքիս ամենահետաքրքրական ու դաստիարակիչ փորձառութիւններէն մէկը հանդիսացաւ` հայրենիքի մէջ վայելքի աննախընթաց առիթներ ստեղծելով:

Առաջին անգամը չէր, որ Հայաստան կը գտնուէի եւ ոչ ալ` վերջինը: Սակայն, այս անգամ, առաջին անգամ ըլլալով զգացի, որ կը գտնուիմ իմ նախահայրերուս հողին վրայ եւ հոն չեմ իբրեւ զբօսաշրջիկ: Կը կարծէի, որ մշակոյթիս մասին ամէն ինչ գիտէի, սակայն իմացայ, որ տակաւին շատ բան ունիմ սորվելիք, եւ այդ հաւաքը նոր դռներ բացաւ առջեւս: Ծանօթացայ հայկական որակաւոր երաժշտութեան, բանաստեղծութեան, ինչպէս նաեւ` հայ մշակոյթի եւ քաղաքական կեանքի կարեւորագոյն դէմքերուն:

Հաւաքը նաեւ առիթ հանդիսացաւ, որ մօտէն ծանօթանամ Հայաստանի դիմագրաւած ներկայ հարցերուն, զիս մղելով, որ աւելի՛ն կատարեմ Հայաստանի եւ անոր քաղաքացիներու կացութեան բարելաւման համար, մէջս զօրացնելով ազգային պարտականութեան նկատմամբ գիտակցութիւնը եւ հասկցնելով ինծի, թէ Հայ դատը միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման չի վերաբերիր, այլեւ կ՛առնչուի մեր հայրենիքին դիմագրաւած ներքին ու արտաքին ամէնօրեայ հարցերու լուծման: Ֆորումին շնորհիւ նաեւ գիտակցեցայ, որ աշխարհի տարածքին շատեր նուիրուած են Հայաստանին աջակցելու ջանքերուն:

Նաեւ հոն մտերմացայ աշխարհի չորս կողմերէն ժամանած ուսանողներու, որոնք կարճ միջոցի մը մէջ անծանօթներէ վերածուեցան մօտիկ բարեկամներու, որոնց հետ հաճելի պահեր անցուցինք եւ քննարկեցինք քաղաքական ու մշակութային շարք մը կարեւոր հարցեր: Եթէ առիթը ունենայի, անմիջապէս պիտի ուզէի վերամիանալ անոնց:

Համազգայինի հաւաքը իմ մասնակցած ծրագիրներուն լաւագոյններէն մէկն էր` հակառակ իմ ունեցած նախնական վերապահութեան: Միշտ պիտի յիշեմ այս ծրագիրին երկու շաբաթները:

Դարձեա՛լ շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել մասնակցութեանս առիթը ընծայելու ձեր որոշումին համար, եւ կը յուսամ, որ Համազգայինը յառաջիկայ տասնամեակներուն կը շարունակէ այս հաւաքներուն կազմակերպումը:

Սիրով`
ՎԱՂԱՐՇԱԿ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

Շնորհակալութիւն
Համազգայինի Ֆորումին

hamazkayin-forum_102116

Կ՛ուզեմ իմ խորին շնորհակալութիւնը յայտնել Համազգայինի ամբողջ ընտանիքին եւ յատկապէս Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, որոնց թափած ճիգին շնորհիւ ստացած եմ եզակի առիթ հայրենիք այցելելու եւ մասնակցութիւն բերելու Համազգայինի Ուսանողական հաւաքին:

Այս յարգելի մարդոց ըրածը պարզ եւ սովորական պարտականութիւն մը չէր: Քաջ գիտնալով, որ Ռուսաստանի մէջ Համազգայինի մասնաճիւղը գոյութիւն չունի, անոնք օգնեցին ինծի,  որ առաջին անգամ ըլլալով կարենամ իմ ոտքը հայրենի հողի վրայ դնել եւ ազգակից երիտասարդներու հետ տասնչորս անմոռանալի օրեր անցընել:

Ֆորումը շատ արդիւնաւէտ եղաւ ինծի համար: Նախ եւ առաջ վերջապէս կրցած եմ հայրենիքը տեսնել եւ կրնամ ըսել, որ իմ երեւակայութիւններէն տարբեր էր իմ տեսածը:

Երկրորդը` տասնչորս օրերուն ընթացքին հայերէնի իմ գիտելիքները գործածեցի եւ անընդհատ խօսեցայ, ասիկա մեծ ուրախութիւն էր, որովհետեւ հայերէն սորված եմ ինքնաշխատութեամբ, առանց դպրոց կամ վարժարան յաճախելու:

Եւ երրորդը` ծանօթացած եմ ընկերասէր ու պարկեշտ երիտասարդներու եւ կարճ միջոցին ընկերներ դարձած ենք:

Ֆորումը լաւապէս կազմակերպուած էր եւ հարուստ ու ճոխ յայտագիր ունէր: Տասնչորս օրերու ընթացքին կարելի եղածին չափ զանազան պատմական եւ մշակութային վայրեր այցելեցինք եւ մեր հայրենիքի ԱՆՑԵԱԼԻՆ ծանօթացանք: Ատոր զուգահեռ, ընկերային ջերմ մթնոլորտին մէջ ապրեցանք: Ստացած տպաւորութիւններս ընդմիշտ դրոշմուեցան յիշողութեանս մէջ:

Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս գլուխս խոնարհել եւ շնորհակալութիւն յայտնել ֆորումի կազմակերպիչներուն եւ պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ Համազգայինի ամբողջ ընտանիքին` իմ ապրած ուրախութեան համար: Բոլորին վարձքը կատար:

Համազգայինի 22-րդ Ուսանողական հաւաքի մասնակից`
ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ, Ռուսաստան

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Հոկտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Կանաչ Այց Արցախ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?