Խօսքի Ազատութիւն, «Հայտ Փարք» Եւ Օփերայի Բակ
Մակար Շատերու պէս, Արմենակ Կեդրոնականցին, Էլպիսը, Մակարուհին եւ ես կը ճեմէինք` օրօրուելով Երեւանի Օփերայի հրապարակին վրայ եւ շուրջ: Հիւսիսայէն պողոտայէն եկող, դարձող, հոսող ժողովուրդին մէջ էինք: - Աշունը աւետող աշնան երեկոյ է, թէեւ` դեռ ամառնային ցերեկ մը,- ըսաւ Արմենակ: Օփերայի շուրջի պուրակներէն կը բարձրանար երգի եւ նուագի բարձրախօսային աղմուկ: Օփերայի գլխաւոր մուտքի աստիճաններուն վրայ դրուած էին ելեկտրական նուագարաններ եւ բարձրախօսներու...




















