Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենք Պիտի Չպատասխանենք Ձեզ Ձեր Գռեհիկ Ոճով

Հոկտեմբեր 22, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

arammanougian%d5%aa%d5%b8%d5%b2%d5%b8%d5%be%d6%80%d5%a4%d5%a1%d5%b5%d5%ab%d5%b6%d5%bf%d5%b8%d6%82%d5%b6

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ

Հալէպահայ համայնքին դէմ ապատեղեկատուական արշաւի ձեռնարկողներու շարանը սկսաւ պարզուիլ: Ցաւօք, հայատառ, բայց հայութեան ու հայկականութեան հաւաքական շահերու գիտակցութենէն բոլորովին զուրկ լրագիրներ, երբեմն աղմուկ ստեղծելով ընթերցողներու թիւ բազմացնելու, երբեմն ուղղորդուած սուրիահայ համայնքը նուաստացնելու, առանց գաղափար անգամ ունենալու, թէ սուրիահայերը տագնապի ամենածանր պայմաններուն մէջ իսկ ինչպէս բարձր պահած են իրենց արժանապատուութիւնը, շարունակած են վայելել երկրի բնակչութեան բոլոր բաղադրիչներուն յարգանքը, իրար նկատմամբ վստահութիւնը, կը կրկնեմ, ցաւ ի սիրտ, գռեհկութեան մակարդակով ոչ միայն ապատեղեկատուութիւն կը տարածեն, այլեւ ամէն ջանք կը թափեն հալէպահայութեան ցաւը շահագործելով համայնքի տապալումին նպաստելու` օգտագործելով յատկապէս Միջին Արեւելքի թոհուբոհին ականատեսները եղող սուրիահայերուս յայտնի միջոցներ, զորս թուելով` մեծ գաղտնիք մը բացայայտած չեմ ըլլար այստեղ.

1.- Հանրութեան մէջ իր ղեկավարներուն նկատմամբ անվստահութեան մթնոլորտ ստեղծել,

2.- Մարդոց տնտեսական ծանր վիճակը օգտագործելով` տեւաբար ակնկալողի ու իբր թէ այդ ակնկալութիւններուն համապատասխան օգնութիւնները չստացողի խեղճացած ու անիրաւուած վիճակի մէջ ներկայացնել,

3.- Մեր մամուլին մէջ իսկ զետեղուած պատկերները օգտագործելով` իրականութիւնները շրջուած ներկայացնել` այս անգամ ոչ միայն հալէպահայութեան, այլեւ ողջ հայաշխարհի հանրային կարծիքը այնպէս մը շեղելու, որ նպաստներն անգամ անիմաստ ու անօգուտ թուին ու դադրին:

4.- Համայնքը ներկայացնել որպէս անկազմակերպ, անտէր ու լքուած համայնք, որպէսզի հնարաւորինս պարարտ հող ստեղծուի ապատեղեկատուութեան ընդհանրացման համար:

Ո՛չ, պարոնայք ու տիկնայք,

Մենք պիտի չխօսինք ձեր գռեհիկ լեզուով, պիտի չօգտագործենք ձեր օգտագործած բառամթերքը, պիտի չնուաստանանք այն աստիճան, որ մեր էութիւնը ռումբերով ու կազի տակառներով չէզոքացնելու ու մեզ պառակտելու համար օր ու գիշեր պայքարողներու ջաղացքին ջուր լեցնենք:

Մենք պիտի պատասխանենք մեր ազնիւ աշխատանքով, մեր միասնականութեամբ, փոխադարձ վստահութեան ու յարգանքի մթնոլորտի ամրագրումով ու մեր ցաւը պիտի վերածենք վերակազմակերպման ուժի, հայավարի խօսքի, իրարու օգնելու, յարգելու եւ իրարու նեցուկ կանգնելու հսկայածաւալ աշխատանքի:

Ու պատմութիւնը պիտի արձանագրէ թէ ո՛վ, ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս նեցուկ կանգնեցաւ սուրիահայութեան:

Յ. Գ.: Պատերազմի մէջ մեր ամենախեղճն անգամ ապրեցաւ ու պիտի շարունակէ ապրիլ արժանապատուութեամբ, սուրիահայ համայնքին պատկանելու հպարտութեան ու երախտագիտութեան զգացումով:

19 հոկտեմբեր 2016


Պահ Մը Հարցերը Այլ Կողմէ Դիտենք

Հալէպի մէջ գոյատեւելու եւ Հայաստան տեղափոխուելու խնդիրները տարբեր կողմերէ կ՛արծարծենք` ապրուստի, բնակարանի ապահովում, անվտանգութիւն, երջանիկ կեանք եւ այլն: Իրականութեան մէջ յաճախ կը մոռնանք մեր ինքնութեան պահպանման դիտանկիւնը:

Ինչո՞ւ այսքան կառչած ենք Հալէպին… Որովհետեւ այստեղ կրցած ենք պահել մեր ինքնութիւնը, աւանդոյթները, ապրելու ինքնուրոյն եղանակը, պարզութիւնը, հոգեկան անդորրութիւնը, մշակութային, լեզուական յատկութիւնները: Նոյնն է պարագան եւ աւելի՛ն հայրենիք հաստատուող սուրիահայերուն եւ ընդհանրապէս հայերուն: Անոնք կրնա՛ն ունենալ դժուարութիւններ, սակայն վերջապէս իրենց զաւակները հասակ կ՛առնեն հայրենի հողին վրայ, հայկական միջավայրի մէջ ու իրենց ներաշխարհը կը լիցքաւորուի հայ մշակոյթով, հայ դպրոցին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ շունչով: Երեւոյթ մը, որուն գէթ մէկ երրորդը ունենալու համար որքան ճիգ ու գումար կը յատկացնենք օտար ափերու մէջ:

16 հոկտեմբեր 2016

Նախորդը

«Հորիզոն» Թմրամոլութեան Նախազգուշական Կեդրոնի 10-Ամեակ

Յաջորդը

Վերյիշելով Սողոմոն Թեհլիրեանը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?