Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ (IDeA) հիմնադրամը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած է, թէ 8 հոկտեմբերին հիմնադրամը յայտարարեց պատերազմական կացութեան մէջ ապրող սուրիահայերուն աջակցելու իր պատրաստակամութեան մասին: Հայաստանի, սփիւռքի եւ աշխարհի շարք մը կազմակերպութիւններ եւ անհատներ աշխուժ կերպով սատարած են հիմնադրամի կոչին:
18 հոկտեմբերի իր յայտարարութեամբ հիմնադրամը նշած է, որ սուրիահայերուն օժանդակելու համար այս փուլին կը յատկացնէ 250.000 տոլար եւ կը սկսի դրամահաւաքի: Նախաձեռնութեան մասին յայտարարութիւնը հրապարակուած է վեց լեզուներով: