Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերյիշելով Սողոմոն Թեհլիրեանը

Հոկտեմբեր 22, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

soghomon_102216

Բոլորիս շատ ծանօթ դէպքը պատահեցաւ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ, ասկէ 95 տարի առաջ: Մարտի այդ օրը Սողոմոն Թեհլիրեանի գնդակով զգետնուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարար եւ ապա վարչապետ Քիւչիւք Թալէաթ փաշան:

Յաջորդ տարի, Հռոմի եւ նոյն Պերլինի մէջ, հայ վրիժառուներու ձեռքով զգետնուեցան նաեւ Սայիտ Հալիմ փաշան, Պեհաէտտին Շաքիրը, Ճեմալ Ազմին, ինչպէս նաեւ` Ճեմալ փաշան: Նոյն այս ժամանակամիջոցին եւ նոյնինքն օսմանեան պետութեան մայրաքաղաքին մէջ հայ ժողովուրդի պատժիչ ձեռքը հասած էր Պաքուի հայերու ջարդարար Պեհպուտ Խան Ջիվանշիրին: Ա՛ն եւս իր արժանի պատիժը գտաւ, այս անգամ` Միսաք Թորլաքեանի ձեռքով:

Այս բոլոր անձերը ուղղակի պատասխանատուներն էին Հայոց ցեղասպանութեան թէ՛ ծրագրումի եւ թէ՛ գործադրութեան իմաստով:

Սողոմոն Թեհլիրեան, Արշաւիր Շիրակեան, Արամ Երկանեան, Միսաք Թորլաքեան, ինչպէս նաեւ Արտաշէս Տէր Պօղոսեան եւ Ստեփան Ծաղիկեան ինքնագլուխ եւ ինքնաբուխ քայլեր չառին: Անոնց արարքները ինքնագլուխ չէին: Անոնք գործադրեցին քաղաքական որոշում մը:

Անգամ մը եւս շեշտենք, ի լուր բոլոր անոնց, որոնք մինչեւ այսօր ալ կը փորձեն «Նեմեսիս» գործողութիւնը պարպել իր քաղաքական բովանդակութենէն, որ թուրք ջարդարարները պատժելու արարքը քաղաքական որոշումի մը արդիւնք էր: Եւ այդ որոշումը նաեւ ցոյց կու տար, որ հայութիւնը անգլուխ, անկազմակերպ հաւաքականութիւն մը չէր այդ օրերուն: Հայութիւնը ունէր քաղաքական մտածողութիւն, ունէր քաղաքական ղեկավարութիւն, որ որոշումներ կը կայացնէր:

Այս որոշումը, այսինքն Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուները պատժելու որոշումը տրուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ, Երեւանի մէջ, 1919-ին գումարուած 9-րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ, մօտաւորապէս այս օրերուն:

Այս որոշումը գործադրելու համար կազմուեցաւ յատուկ մարմին մը, որ մշակեց թուրք ջարդարարները պատժելու «Նեմեսիս» ծրագիրը: Այս մարմինը միայն կուսակցական բնոյթ չունէր. Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարական մակարդակի թէ՛ մասնակցութիւն եւ թէ՛ աջակցութիւն կար: Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարօ ինք կը գլխաւորէր այս մարմինը: Հռոմի եւ Պերլինի մէջ ՀՀ դեսպանատուները, իրենց կարգին, դեսպաններ Միքայէլ Վարանդեանի եւ Լիպարիտ Նազարեանցի գլխաւորութեամբ, ամէն ձեւի աջակցութիւն կը ցուցաբերէին այս գործողութեան:

Պէտք է յստակ ըլլայ բոլորին, որ Դաշնակցութեան այս որոշումը միայն վրէժի եւ թուրք պետական ոճրագործները պատժելու գաղափարին վրայ չէր հիմնուած:

Այդ որոշումը ունէր նաեւ ուրի՛շ ներքին տրամաբանութիւն մը: Այդ ալ հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու, այդ իրաւունքները հետապնդելու գաղափարն էր:

Զարմանալի ալ չէր, որ ճիշդ այն օրերուն, երբ Սողոմոն Թեհլիրեան Պերլինի մէջ գետին կը փռէր Թալէաթը, անդին, Հայաստանի մէջ, հայ ժողովուրդը ապստամբութեան դրօշը բարձրացուցած էր խորհրդային բռնատիրութեան դէմ:

Մէկ կողմէ Պերլինի մէջ Սողոմոն Թեհլիրեան Դաշնակցութեան կամքը, անոր որոշումը կը գործադրէր, միւս կողմէ` Հայաստանի մէջ, հայ ժողովուրդը, գլխաւորութեամբ Դաշնակցութեան մարտական եւ քաղաքական ղեկավարութեան, ազատութեան եւ անկախութեան համար օրհասական պայքար կը մղէր պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ:

Աշխարհագրականօրէն իրարմէ հեռու տեղի ունեցող այս երկու զարգացումները անգամ մը եւս ցոյց կու տան, որ հայ ժողովուրդի իղձերն են, որոնք հիմքը կը կազմեն Դաշնակցութեան որոշումներուն:

Դաշնակցութեան որոշումով էր, որ կը կազմակերպուէր Խանասորի արշաւանքը, Դաշնակցութեան որոշումով էր, որ կը գրաւուէր Օսմանեան դրամատունը, Դաշնակցութեան որոշումով էր, որ կը կազմակերպուէր հայկական ինքնապաշտպանութիւնը 1905-ի հայ-թաթարական կռիւներուն ընթացքին, Դաշնակցութեան որոշումով էր, որ կը կազմակերպուէր Պաքուի հայութեան պաշտպանութիւնը 1918-ին եւ, վերջապէս, Դաշնակցութեան որոշումով էր, որ ամբողջ Արեւմտահայաստանի մէջ հայութիւնը զինեալ պայքարի կը դիմէր ազատագրուելու համար օսմանեան լուծէն:

Այս որոշումներուն հիմքը կը կազմէ մեր հայրենիք Հայաստանը ազատ ու անկախ տեսնելու` հայ ժողովուրդի արդար եւ բնական ձգտումը:

Բոլոր ժողովուրդներուն նման` մենք եւս ունինք իրաւունքը մեր սեփական հայրենիքը անկախ տեսնելու: Մենք եւս ունինք իրաւունքը մեր անկախ երկրին մէջ բարգաւաճելու:

Հայ ժողովուրդը չի կրնար հանդուրժել անարդարութիւն: Մենք չենք կրնար հանդուրժել, որ մեր ժողովուրդը իրաւազրկուի: Դաշնակցութիւնը կը մնայ տէրը մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն: Ա՛յս է այն գաղափարական սկզբունքը, որուն համար Դաշնակցութիւնը կը կայացնէ իր որոշումները:

Գաղափարական այս սկզբունքին վրայ անխախտ մնալու շնորհիւ էր, որ մեր ժողովուրդը յաջողեցաւ ազատագրել Արցախը: Հայրենիքի հողը անձեռնմխելի նկատելու այս խոր հաւատքին շնորհիւ էր, որ հայկական բանակը յաջողեցաւ խորտակել ամէնէն արդիական զէնքերով զինուած ազրպէյճանական բանակը, անցնող ապրիլի առաջին օրերուն:

Այս հաւատքը, ազատագրուած հայրենիքի սահմանները անձեռնմխելի պահելու հաւատքը, ոչ մէկ տկարութիւն կը ճանչնայ: Մեզի այս դասը անգամ մը եւս տուին մեր բանակի երիտասարդ զինուորներն ու սպաները, որոնք երբեմն կռուեցան, բառացիօրէն, մինչեւ վերջին փամփուշտը, իրենց յանձնուած խրամատները անառիկ պահելու համար: Ռոպերթ Աբաջեան, Քեարամ Սլոյեան, կապիտան Ուրֆանեան եւ աւելի քան հարիւրեակ մը երիտասարդ զինուորներ ու սպաներ: Անոնց նահատակութիւնը մեզի կսկիծ կը պատճառէ եւ միաժամանակ հպարտութիւն կը ներշնչէ:

Հպարտութիւն, որովհետեւ անոնք քալեցին այն նոյն ճամբէն, ուրկէ իրենցմէ առաջ անցած էին հայ ժողովուրդի բոլոր անուանի եւ խոնարհ ու անանուն նահատակները:

Հպարտութիւն` նաեւ անոր համար, որ հայրենիքը պաշտպանելու, անոր սահմանները անխորտակելի պահելու սկզբունքը կը մնայ անխախտ: Բայց հպարտութիւն` մանաւանդ անոր համար, որ այս մարտունակ ոգիին շնորհիւ է, որ մեր ժողովուրդը պիտի կարենայ ի վերջոյ տէրը դառնալ իր արդարագոյն եւ ամբողջական իրաւունքներուն:

Այսօր, այն վայրէն, ուր կը հանգչի հայ ժողովուրդի արդարութեան ձգտումի խորհրդանիշներէն Սողոմոն Թեհլիրեանը` իբրեւ Դաշնակցութեան համեստ զինուոր, կոչ կ՛ուղղեմ ձեր բոլորին, որ ձեր զաւակներն ու թոռները դաստիարակէք հպարտութեան ու զոհաբերութեան այս ոգիով, գաղափարական այդ նոյն սկզբունքով, որպէսզի մեր ժողովուրդը հասնի իր իտէալին, որպէսզի կարենանք հաւաքաբար իրականացնել Հայաստանը միացեալ տեսնելու մեր ժողովուրդի արդարագոյն ձգտումը:

Փա՛ռք մեր հին ու նոր բոլոր նահատակներուն, փա՛ռք հայ ժողովուրդի բոլոր հերոսներուն:

Խօսուած Թեհլիրեանի շիրիմին առջեւ, 24 սեպտեմբեր 2016-ին, Ֆրեզնօ:

 

 

 

Նախորդը

Մենք Պիտի Չպատասխանենք Ձեզ Ձեր Գռեհիկ Ոճով

Յաջորդը

«Մայրենիի Պաշտպան» Ա. Կարգի Մրցանակ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?