ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Վենթուրա» պողոտային վրայ, «Սթար Պաքս» բացօթեայ մայթ-սրճարանը, մէկական գաւաթ սուրճի շուրջ նստած, Արան ու ես կը զրուցենք:
Նոյն սերունդին չենք պատկանիր, սակայն երկուքս ալ նոյն երազներով հասակ առած ենք. սէր ու պատկառանք` հանդէպ երաժշտութեան:
Ես քառորդ դար է հեռացած եմ այնքա՜ն սիրած երաժշտական ասպարէզէս: Արան ոչ միայն տակաւին բեմի վրայ է, այլ օրէ օր նոր նուաճումներ կ’արձանագրէ:
Ընդհանրապէս Արան է խօսողը, իսկ ես` հաճոյքով ունկնդրողը:
«Հազիւ 9 տարեկան էի,- սուրճի գաւաթին մէջի վերջին ումպը կուլ տալով, կը շարունակէ,- Տհուր Շուէյր, «Լա Ֆուրմի» զբօսավայրին մէջ, «Փեփսի»-ի պարապ շիշ մը սեղանին վրայ դրած` կը նստէի` սպասեակին վրայ այն տպաւորութիւնը ձգելու, թէ արդէն զովացուցիչ մը ապսպրած եմ, քանի` «պարապ գրպանով» կ’անցընէինք գիւղագնացութեան օրերը: Դուք` բեմին վրայ, ձեզմով կը վերանայի, օր մը ես ալ իմ կարգիս ձեզի նման բեմերու վրայ երեւնալու երազներով»:
«Տակաւին հայ երգը չէր տարածուած, սակայն մեր տան մէջ միշտ ներկայ էր: Հայրս սազ կը նուագէր, իսկ մայրս իր անուշ ձայնով կը հմայէր ո՛չ միայն մեզ, այլ` բոլոր թաղեցիները»:
* * *
Տապանճեաններուն հետ մեր ընտանեկան բարեկամութիւնը կ’երկարի մինչեւ իմ պատանեկութեանս տարիները: Արային հայրը, ճանչցուած` «Փոթորիկ» կեղծանունով եւ երէց եղբայրս կուսակցական լաւ ընկերներ եղած են: Երկուքն ալ` մարտական: Իրենց համոզումով` «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն», իսկ Արան ու ես տարբեր մտածելակերպ ունինք:
«Հայապահպանման համար նոյնքան կարեւոր է հայ մշակոյթը, հայ երգը»:
Արան, կանուխ երիտասարդութեան տարիներուն, քանի մը «քլապ»-ներ այցելելով, նկատած է այդ վայրերուն զեխ կեանքը, ու որոշած` նման վայրերու մէջ չնուագել: Նախընտրած է կազմել նուագախումբ մը, արձանագրել խտասկաւառակներ ու երեւիլ միայն երգահանդէսներու բեմերու վրայ: Դժուար ու ծախսալից ծրագիր մը, որուն նիւթական կարողութիւնը չունէր:
«Համալսարանը աւարտելէս ետք, երկար տարիներ աշխատեցայ տարբեր տեսակի գործեր, բոլորը` ժամանակաւոր: Նպատակս նիւթապէս ինքնաբաւ ըլլալ էր` կարենալ պահելու նուագախումբ մը:
«Բարեբախտաբար ծնողքս միշտ քաջալերած են, որ հետեւիմ երաժշտութեան»:
Կ’ընդմիջեմ զինք եւ երանի կու տամ իրեն, քանի հայ երաժիշտներուն գրեթէ բոլորին ծնողները նման մտածում չեն ունեցած, ներառեալ` ի՛մ ծնողքս:
«Ինչպէս ըսի, մեր տան մէջ երգն ու երաժշտութիւնը անպակաս էին, եւ ծնողքս յաճախ նոյն խօսքը կը կրկնէին. «Մենք առիթը չունեցանք երաժշտութեան հետեւելու, մեր ժամանակները տարբեր էին, եւ մեր չիրականացած երազը, կ’ուզենք, որ դուն իրականացնես»:
* * *
Երկար տարիներ, ինքզինք զրկած է ամէն տեսակի անձնական հաճոյքներէ` կարենալ իրականացնելու իր երազը: Խնայողութիւնը ամբողջութեամբ յատկացուցած է երաժշտական գործիքներու: Երկար տարիներ նոյնիսկ ինքնաշարժ չէ ունեցած, սակայն իր համեստ բնակարանին մէջ կարելի է գտնել երաժշտական գործիքներու ճոխ հաւաքածոյ մը:
Երբ ժամանակը յարմար գտած է, կազմած է իր երազած նուագախումբը` «Էլեմընթ»-ը, որուն յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունեցած է նաեւ իր քրոջ տղան` Շանթ Մահսէրէճեանը (ջութակահար): Մնացած է հաստատ` իր որոշումին վրայ. մերժած է «քլապ»-ներու մէջ նիւթական լաւ վարձատրութեամբ առաջարկուած գործերը: «Էլեմընթ»-ը իր գոյութեան առաջին իսկ օրէն դարձած է բեմի նուագախումբ: Արային նպատակը երաժշտութեամբ նիւթական ապահովելէ շատ աւելի վեհ էր: Իր փնտռածը արուեստն էր, եւ մերժած` արուեստը վերածել արհեստի:
* * *
«Նորակազմ նուագախումբիս անուն մը տալու դժուարութեան մէջ էի, երբ անդրադարձայ, որ խումբի անդամներէն իւրաքանչիւրը եկած է տարբեր միջավայրէ, տարբեր շրջանակէ, կամ կենցաղէ եւ իրեն հետ բերած է իր մշակոյթին մէկ մասնիկը:
«Առաջին օրէն իսկ նուագախումբին մէջ ունեցած ենք նուազագոյնը մէկ օտար անդամ, որուն երաժշտական ճաշակն ու կենցաղը կը տարբերէին հայ երաժիշտներէն եւ այս տարբեր մասնիկներուն միացումով կազմուած ինքնութիւնը վերածուած էր նոյնանման մասնիկի մը, որուն անգլերէն ամենամօտ թարգմանութիւնը կարելի է անուանել «Էլեմընթ»:
«Սկզբնական շրջանին խումբի տղաքը շատ ոգեւորուած չէին հայերէն երգերով: Իրենց կարծիքով, հայկական շուկան սահմանափակ է: Կ՛երազէին միջազգայնօրէն ճանչցուիլ եւ կը նախընտրէին օտար լեզուներով երգեր արձանագրել»:
Արա իր գործակից ընկերներուն կը բացատրէ իր նպատակը: Նուիրուիլ հայ երաժշտութեան, եւ վերջապէս, բոլորը համոզուած` կը սկսին աշխատանքի, եւ մօտաւորապէս վեց ամսուան տքնաջան աշխատանքէ ետք, 2006-ին արդէն պատրաստ կ՛ըլլայ հիանալի ձայնագրութիւն մը, զոր կ’անուանեն «Եւ. Օ. Ֆէ.», որուն ձայնագրութեան եւ հրատարակման նիւթապէս եւ բարոյապէս օգնած է Արթիսթիք ֆոր քիտծ հաստատութիւնը:
«Եւ. Օ. Ֆէ.» ձայնապնակը իր երգացանկով մանկութեանս տարիներու յիշատակն է ամբողջութեամբ: «Անուշ հայրենիք», «Սարերի հովին մեռնեմ» երգերը մեր տան մէջ յաճախ երգուած էին եւ տեսակ մը վերյիշում էր այդ անմոռանալի տարիներուն: Նոր սերունդի երիտասարդներուն առիթ մըն է ժամանակին իրենց ծնողներէն կամ մեծ ծնողներէն յաճախ երգուած երգերուն ծանօթանալու, որոնք վերամշակուած եւ արդիականացած են` միեւնոյն ժամանակ պահելով իրենց հայկականութիւնը»:
Հազուադէպ է, որ ոեւէ արուեստագէտ չազդուի ուրիշ արուեստագէտէ մը, սակայն «ազդուիլ»` չի նշանակեր «կապկել»:
Ազդուիլ եւ զարգացնել զայն` ստեղծելով իւրայատուկ ոճ մը:
Արան ազդուած է, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` ներշնչուած է «Յարդար» (Յարութ Պեզճեան եւ Վիգէն Դարբինեան) զոյգէն, նաեւ` յունական երաժշտութենէն, պահելով հանդերձ իր իւրայատկութիւնը:
Արա Տապանճեան տաղանդաւոր երաժիշտ է, միաժամանակ` յօրինող:
Տիրապետած է բազմաթիւ երաժշտական գործիքներու:
Կանուխ պատանեկութեան սկսած է ձեռնադաշնակով, ապա, յաջորդաբար, ինքնաշխատութեամբ տիրապետած է (բառին իսկական իմաստով) շատ մը երաժշտական գործիքներու, որոնցմէ կարելի է յիշել` մանտոլինը, կիթառը, սազը, պուզուքիան, ուտը եւ երգեհոնը:
Երգերը ի՛նք կը դաշնաւորէ: Կ՛ուզեմ հոս շեշտել, որ եղանակներ դաշնաւորելը բոլորովին տարբեր մասնագիտութիւն է: Տաղանդաւոր երաժիշտ մը յօրինելու կարողութիւն կրնայ չունենալ, կամ յօրինող մը կրնայ դաշնաւորելու դժուարութեան հանդիպիլ: Արան այս երեքին տիրապետած է: Երաժիշտ է, յօրինող եւ դաշնաւորող, սակայն, դժբախտաբար, Արային քով կը պակսի երգելու յատկութիւնը, եւ ինք գիտակցելով այդ մէկուն` նոյնիսկ չէ փորձած երգել եւ իր նուագախումբին ամենակարեւոր բաժինը վստահած է տարբեր մեկնաբանողներու:
Պէտք է ընդունիլ, որ նուագախումբի մը գոյն տուողը երգիչն է, եւ ամէն անգամ որեւէ պատճառով, երբ ան փոխարինուի տարբեր երգիչով կամ երգչուհիով, նուագախումբը կը ստանայ տարբեր դիմագիծ, սակայն շնորհիւ Արայի դաշնաւորելու իւրայատուկ ոճին` խումբը կը վերագտնէ իր իւրայատուկ ոճը` «Էլեմընթ»-եան ոճը: Այդ մասին խօսած ժամանակ կու տամ աշխարհահռչակ Քարլոս Սանթանայի օրինակը, որուն նուագախումբը իր անունով կը կոչուի Սանթանա: Հոս եւս խումբի երգիչները յաճախակի փոփոխութեան ենթարկուած են, սակայն Քարլոս Սանթանայի մոգական կիթառի իւրայատուկ ոճը միշտ ներկայ է:
* * *
Արա Տապանճեան յօրինողը:
Երաժշտական յօրինումներ կատարած է բազմաթիւ հայ եւ ամերիկեան շարժապատկերներու համար, սակայն կ՛ըսէ. «Շատ յաճախ բեմադրիչներու եւ արտադրիչներու քմահաճոյքին է, որ կ’ենթարկուիս: Բեմադրիչը կրնայ իր ուզած մասը զեղչել եւ այդ մէկը կ’անդրադառնաս միայն շարժապատկերին աւարտէն եւ հանրութեան ներկայացուելէն ետք, սակայն արդէն ուշ է»:
Յօրինումներ կատարած է նաեւ թատրերգական ներկայացումներու համար: Աշխատած է եւ տակաւին կ’աշխատի Վահէ Պէրպէրեանին հետ:
Քանի մը տարի առաջ Լոս Անճելըսի մէջ Արամ Գույումճեան իւրայատուկ ձեւով ներկայացուց Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ»-ը` առանձինը ստանձնելով բոլոր տիպարները, որուն երաժշտութիւնը դարձեալ վստահուած էր Արա Տապանճեանին` արդէն իսկ յաջող թատրերգութեան յաւելեալ փայլք մը տալով իւրայատուկ բեմադրութեամբ թատերախաղին:
«Էլեմընթ», յաճախակի հրաւէրներ կը ստանայ Ամերիկայի տարբեր նահանգներու հայկական գաղութներէ: Համբաւը անցած է «ծովերէն անդին» եւ հասած` մայր հայրենիք:
«Երազս իրականացաւ, երբ առաջին անգամ ըլլալով այցելեցի Հայաստան եւ Արցախ: Հրաւիրուեցանք` թեքսասաբնակ Սիմոն Աբրահամեանի նիւթական օժանդակութեամբ»:
Փոքրիկ փակագիծ մը բանալով` տեղեկութիւններ կու տայ անզուգական հայ բարերարին մասին, որ հսկայական գումարներ տրամադրած է ու տակաւին կը տրամադրէ ի նպաստ մայր հայրենիքի զարգացման: Հայաստանի մէջ հիմնած է «ԹՈՒՄՕ» հիմնարկը` տաղանդաւոր պատանիներու առիթ տալով սորվելու համակարգիչի մասնագիտութիւն, ձայնագրութիւն եւ տարբեր տեսակի արուեստ-արհեստներ եւ այս բոլորը` անվճար:
«Այդ դպրոցին մէջ ծանօթացայ Քիմ Քարտաշեանի ամուսնոյն, հանրածանօթ երգիչ Քէյն Ուէսթի, որուն իմ կարելիութեանս սահմաններուն մէջ, կարգ մը բացատրութիւններ տուի հայկական արդի երաժշտութեան մասին»:
«Մայր հայրենիքի մէջ ելոյթներս բոլորը անխտիր բերնէ բերան լեցուն սրահներու մէջ էին: Դժուար է բացատրել զգացումներս, երբ սփիւռքի մէջ ծնած ու հասակ առած անձ մը ելոյթներ կ’ունենայ մայր հողի վրայ` շրջապատուած հայորդիներով, որոնք գիտեն գնահատել սփիւռքահայ արուեստագէտը»:
* * *
Տարի մը անցած է մեր հանդիպումէն:
Դարձեալ «Վենթուրա» պողոտային վրայ, «Սթար պաքս» մայթ-սրճարանին մէջ ենք, Արան ու ես:
Այսօր, իմ ճանչցած սակաւախօս Արան չէ զրուցակիցս: Տուպայ եւ Լիբանան շրջապտոյտէն վերադարձած` մեծ խանդավառութեամբ կը պատմէ մանաւանդ Լիբանանի մէջ իր ունեցած անմոռանալի ելոյթներուն մասին:
«Պէյրութի երգահանդէսները ամենամեծ երազներէս մէկուն իրականացումն էր: Կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնութեան, հրաւիրուեցայ Լիբանան եւ երգահանդէսով մը ելոյթ ունեցայ Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ»:
«Որքան որ հաճելի, նոյնքան յուզիչ էր զմայլիլ հանդիսատեսներով:
Երբ բեմէն կը դիտէի հանդիսատեսները, ինքնաբերաբար ետդարձ մը կը կատարէի դէպի այն տարիները, երբ ես տակաւին պատանի` նոյն թատերասրահին մէջ իբրեւ հանդիսատես, կը վայելէի այդ տարիներու արուեստագէտները:
Լոս Անճելըսի եւ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ 20 հազարէն աւելի հանդիսատեսներէն աւելի տպաւորիչ էին «Տէր Մելքոնեան»-ի 500 հոգի հաշուող հանդիսատեսները»:
«Նիւթապէս չծանրաբեռնելու համար «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնութիւնը, լման կազմով չէինք գացած Լիբանան: Խումբի երգչուհի Սօսէ Քէշիշեան-Արամունիէն զատ, մեզի հետ էր խումբի թմբկահար Արմէն Մեշեֆէճեանը: Լիբանանահայ պէյս կիթառիստ Գարնօ Պաղտասարեանը, կիթառահար Նորայր Տաղլեանը եւ Մարտիրոս Փալազեանը` ջութակահար, միացան մեր խումբին: Գերմանիայէն հրաւիրեցի նաեւ երգիչ Արէն Էմիրզէն (Էմիրզեան), որուն ներկայութիւնը տարբեր հմայք մը տուաւ երգահանդէսին` խանդավառութիւնը հասցնելով իր գագաթնակէտին, սակայն երկուքս ալ շուտով անդրադարձանք, որ մեր միջեւ բացայայտ էր ոճի հսկայ տարբերութիւն մը»:
«Գաղտնիք մը չէ, որ արեւմտահայերէնը սկսած է նահանջել, ինչպէս նաեւ` արեւմտահայ գրականութիւնը, եւ նոր գրողներու թիւը սկսած է զգալիօրէն նուազիլ: Արեւմտահայ մեր հանճարեղ գրողներու գործերը յաւերժացնելու միտումով, Արէն Էմիրզեանին հետ համագործակցաբար, վերջերս արձանագրեցինք նոր ալպոմ մը: Ծրագիրը անուանած ենք «Էմիրզեան-Տապանճեան», իսկ ալպոմին խորագիրն է «Փափաք»:
Արէնին յօրինած երաժշտութիւններուն վրայ երգուեցան մեր յայտնի գրողներու` Մեծարենցի, Թէքէեանի եւ Զարիֆեանի քերթուածները:
Նախքան Լիբանան այցը` ելոյթ ունեցած էին Տուպայի մէջ:
«Տուպայ եւ Պէյրութ` երկուքն ալ հիանալի փորձառութիւններ էին: Հանդիպիլ տարբեր տեսակի հանդիսատեսներու, սակայն «Տէր Մելքոնեան»-ի մթնոլորտն ու միջավայրը բոլորովին տարբեր էին ուրիշ երկիրներէ: Հոն կար անբացատրելի հարազատութիւն մը, մօտիկութիւն մը: Հոն զգացի, որ կը գտնուիմ իմ այնքան սիրելի ծննդավայրիս մէջ: Զգացում մը, որ բերանացի կամ գրաւոր բացատրելը կարողութենէս վեր է:
* * *
Շաբաթ, 24 սեպտեմբեր 2016:
Մեծ թիւով հայ եւ օտար հանդիսատեսներ, ներկայ ենք «Լեւիթ» արուեստի կեդրոնին կազմակերպած ամառնային փառատօնի փակման հանդիսութեան, ուր հրաւիրուած են Արա Տապանճեանը եւ իր «Էլեմընթ» նուագախումբը:
Գրիչով կարելի չէ ներկայացնել ստեղծուած հայկական մթնոլորտը: Հայերէն հին ճանչցուած երգեր, վերամշակուած Արայի կողմէ, կը մեկնաբանէ խումբի մենակատար, տաղանդաւոր երգչուհի Սօսէ Քէշիշեան-Արամունին:
«Հին գինի, նոր տակառի մէջ»: Ամենայարմար բացատրական ձեւն է ներկայացնելու այդ օրուան համերգը:
Նուագախումբը, օժտուած է տաղանդաւոր երաժիշտներով: Արա` իւրաքանչիւր երգի ոճին համեմատ, տարբեր երաժշտական գործիքով կը մասնակցի:
Ձեռնադաշնակ, կիթառ, սազ, ուտ եւ պուզուքիա: Ներկաներուն խանդավառութիւնը հասած է գագաթնակէտին: Երգահանդէսը բացօթեայ դաշտի մէջ է, եւ անկիւն մը հայկական շուրջպար բռնած են խումբ մը հայեր: Կարճ ժամանակ ետք օտարներ կը միանան եւ հաճոյքով կը մասնակցին հայկական շուրջպարերուն:
«Էլեմընթ»-ի հիմնադիր անդամներէն Շանթ Մահսէրէճեանին բացակայութիւնը զգալի է, ինչպէս որ բեմէն կը յայտարարէ Արա:
«Շանթ այսօր մեզի հետ բեմի վրայ չէ, որ իր մոգական ջութակով աւելի եւս խանդավառէ ձեզ, սակայն պիտի փորձենք մեր կարելին»:
Անկասկած Շանթի ներկայութիւնը տարբեր հմայք մը պիտի տար այդ օրուան ելոյթին, սակայն շնորհիւ Արային, Սօսէին եւ նուագախումբի անդամներուն, ներկաներս` հայ եւ օտար վայելեցինք անմոռանալի երեկոյ մը:
* * *
Արդէն իսկ հրապարակի վրայ է «Էլեմընթ»-ին նոր ալպոմը, որուն խորագիրն է «Է», կամ անգլերէնով`«E», որոնք երկուքն ալ նոյնիմաստ են:
«Գոյութիւն» կամ «Existence»:
Այս տողերը գրած պահուս Արա եւ Սօսէ շրջապտոյտի մը ելած են եւրոպական կարգ մը քաղաքներ:
Արայէն հետեւեալ ե-նամակը կը ստանամ Փարիզէն:
«Ներկայիս, առաջին անգամ ըլլալով ելոյթներ ունեցանք Փարիզի մէջ, որմէ ետք պիտի ուղղուինք դէպի Ժընեւ, ապա` դէպի Ֆրանսայի հարաւ-արեւելքը գտնուող Կրընոպլ քաղաքը, եւ այսպիսով վերջ կը գտնէ մեր փոքր շրջապտոյտը»:
Լոս Անճելըս վերադարձին, կարճ դադարէ մը ետք, քանի մը շաբթուան համար Արա պիտի մեկնի Չինաստան` ընկերակցելու Թիմ Ռապընզի թատերախումբին:
Արայի «Էլեմընթ» նուագախումբը ներկայիս ամէնէն աւելի փնտռուած նուագախումբն է անկասկած:
Երբ տաղանդը կը միաձուլուի համեստութեան հետ, հրաշքներ կը գործուին:
Լոս Անճելըս 2016
A very informative and heartwarming article. I think it described many Armenian families were someone might be playing an instrument and the beautiful lyrics written by Gomidas, Sayat Nova and others, would be heard by the sweet voice of a Mother or Grandmother. I am a third generation Armenian American, but my Mother was born in Syria and raised in Lebanon. She too sang all of these songs, our treasures. But as you mentioned, it was her dream to sing on stage, but that was forbidden. Ara, I have been enjoying the music of the Element band and always sang along. Five months ago my Mother passed away in my arms, I think she was singing, because her mouth remained open. We tried to close it, but to no avail. She was singing “Hars Em Knoum”, hoping to live long enough to sing the song, at our daughters Wedding. She left us, forty seven days before the Wedding. After the funeral, a dear friend gave me a CD and said “I think you would appreciate this because I do not know these songs”. That evening , all I wanted was my Mother. I played the CD and there she was, one beautiful song after the other. I listen and sing along every day. Ara, I thank you for your determination and following your dream. I thank you for blessing me and many others with the most cherished treasure, music, Armenian music. I wish you and the entire talented Element Band continued success. Thank you Boghos for writing this truly heartwarming article.