Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախանձեցայ Հայրենադարձ Սիրունի Հաւատքին Եւ Կորովին

Հոկտեմբեր 19, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ararad2_hb

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայրենասիրութիւնը զգացականութիւն է, հայրենատիրութիւնը` քաղաքական յանձնառութեան իրաւ արժէք: Այսպէս մտածելով` գրեցի այս տողերը, նոյնիսկ եթէ անոնք ոմանց քմծիծաղ պիտի պատճառեն` իրենք զիրենք նման մտմտուքներէ վեր համարող հոգիով եւ միտքով զբօսաշրջիկներու:

Հայաստան աշխարհի այս տարուան հոկտեմբերի առաջին չորեքշաբթին էր:

Չդիմադրեցինք կրկին Սարդարապատ երթալու ցանկութեան: Յաղթանակով հաղորդուիլը յաղթելու կամքը կ’ապրեցնէ:

Արարատեան դաշտն էր, յամեցող ամրան արեւուն տակ: Մեր փոքրացած երկրին մեծ դաշտը: Արգիլուած չէ գիրքերու մէջ մեր սորված Մշոյ դաշտն ալ յիշել: Եւ կրկնել, որ ան մեր դաշտն է:

Հոս, եթէ ձեր ականջը դնէք հողին, կը լսէք դարերու ասքը:

Աւարտած էին ճանապարհներու շինութիւնը եւ նորոգութիւնները: Անոնք կը ձգուէին, ցանց կը կազմէին, զարգացման եւ աճման ենթակառոյց: Դաշտը կը շնչէր անոնցմով: Դաշտը երկիր էր, խաբկանք չէր: Պատկեր չէր: Ինքնաշարժը անցաւ Էջմիածին տանող ճամբու կողքով եւ հեզասահ կը սուրայինք դէպի յաղթանակի կոթողը:

Եթէ այս դաշտերը, արտերը այգիները լեզու ունենային, ինչե՜ր կրնային պատմել: Ինչե՜ր կը պատմեն, եթէ լսելու ունակ ենք: Ինչե՜ր սորված է ոտքով դաշտը չափող գիւղացին: Հոս մեր ժողովուրդի պատմութիւնը թաւալած է: Հայոց այրուձին այստեղէն անցած է փոշիի ամպ ձգելով իր ետին: Այդ ամպը այսօր երբեմն կ’ուրուագծուի հորիզոնին վրայ, յամեցող երազի պէս: Արդեօ՞ք հոն է այրուձին:

Կեանքը կը շարունակուի: Հող եւ մարդիկ հոն են: Անոր վկաներն են ճամբու եզրին ձմերուկ, խաղող, սալոր, լոլիկ եւ կաղամբ վաճառող գիւղացիները, այր եւ կին, որոնք ընդունելութիւններու համար կամ պոռոտ գոյներով չեն հագուած զբօսաշրջիկ հայրենասէրներու պէս, բայց իրենք են հայրենիք պահողները, շարունակութեան երաշխաւորները:

Կեանք` լսուած եւ չլսուած գիւղերու բանաստեղծական անուններով: Հրաշքի պէս բան` մեր աչքերուն առջեւէն վազող, մենք, որ մոլորակի ժողովուրդներու լեզուներով գրուած անուններով քաղաքներ կը տեսնենք, կը մտապահենք, կը մոռնանք:

Ուխտը կատարուած էր: Սարդարապատի ժամացոյցին արձագանգող երաժշտութիւնը լսած էինք: Արծիւները դիմաւորած էին մեզ: Պիտի գա՞յ օրը, որ անոնք նային Արարատի կողմը… Բայց ինչպէ՞ս կրնան նայիլ, երբ բացակայ ենք, յաւերժացող գնչուի վիճակով: Հիմա անոնք մեզ կը դիտէին հարցական հայեացքով: Մեզի կը նայէին հիւրընկալի պէս: Բաներ մըն ալ կ’ուզէին ըսել` առանց տօնական օրերու բարձրախօսներու գոռում-գոչիւնին:

Ուխտը կատարածի անբաւարարութեամբ կրկին կը սուրանք կպրապատ ձգուող ճանապարհով: Արեւը զենիթին էր Արարատեան դաշտին վրայ:

Անհռչակ եւ անտիտղոս մարդ մը կը փնտռենք, հասցէ չունինք: Քանի մը տարի առաջ, զուգադիպութեամբ մը, օդանաւին մէջ, հեռախօսի համար մը արձանագրած էինք: Հիմա, շարունակուող ամրան ճառագայթներուն տակ մարդ կը փնտռէինք: Թերեւս քիչ մըն ալ` մենք մեզ փնտռելու պէս:

Կը մտածեմ, որ թերեւս աւելի դիւրին է միւսը գտնել, քան` ինքզինք:

Կը փնտռենք Արարատեան դաշտի բնակիչ դարձած, երկու տասնեակ տարիներէ ի վեր այս կողմերը եկած սփիւռքահայ մը, պարզ հայ մը, որ չէր ուզած հայրենասէր զբօսաշրջիկ ըլլալ: Ոչ ոք իրմով հետաքրքրուած էր, որպէսզի հեռատեսիլէն վարդապետական պատգամներ տայ, արժանանայ ստացողները զարմացնող այնքան բազմաթիւ տեսակաւոր շքանշաններէն մէկուն կամ միւսին:

Հեռախօսի միւս ծայրէն լսուեցաւ ձայնը: Արդէն Ջրաշէնէն հեռու գացեր էինք: Վերադարձանք: Անուններ: Հոկտեմբեր: Բամբակաշէն: Ջրաշէն…

Ճամբայէն աջ թեքեցանք: Հարցուցինք, թէ ո՞ւր էր «ֆրանսացիին տունը»: Այդպէս ճանչցուած էր երկու տասնամեակէ ի վեր Արարատեան դաշտի գիւղի հայրենադարձ Սիրուն Պասմաճեանը: Զինք ճանչցած էի երեսունվեց տարիներ առաջ, Մարսէյի Համազգայինի ճեմարանի հիմնադրութեան օրերուն, երբ զաւակը բերած էր արձանագրելու: Առաջին չորս աշակերտներէն մէկը` կարկտնուած շէնքի մը դասարանին մէջ:

Հետագային Սիրուն Պասմաճեանը մաս կազմեց դպրոցի անձնակազմին` որպէս խոհարար:

Արդէն իր ձեռքով կառուցած տան երդիքին տակ ենք:

Ինչե՜ր կը պատմէ այս սփիւռքի տխրութիւններու մէջ անխառն խորք պահած հայ կինը: Լուսանկարի եւ տպաւորութիւններու հեքիաթ չէ` այս կամ այն հեռաւոր ոստանի մը դրացի հայրենակիցին պատմուած: Ափսոս, որ նկարահանելու սովորութիւն չունիմ այդ գործին զինանոցն ալ չունիմ, պատկերներով յուշ մշակելու եւ ընկեր-բարեկամի հիացում պատճառելու համար:

Այս հիւրընկալ երդիքը եղած է աւերակ մը: Սիրուն Պասմաճեան իր համեստ հանգստեան թոշակով տուն կառուցած է, այգի հասցուցած է, շրջան մը հաւաբուծութիւն ըրած է, մինչեւ` եօթը հարիւր հաւ: Հայրենիքը սոսկ հանգստեան տուն չէ եղած այժմ արդէն ութսուն տարիներ բոլորած Սիրունին համար, որ իր սիրտը կը բանայ, բացած է, ոչ միայն մեզի նման պատահական այցելուներու:

Ան ուզած է ապրեցնել հողը: Ան սաւանանման վկայականներ չունի, քաղաքական փառասիրութիւններ չունի, բայց ծալապատիկ չէ նստած` դիտելու եւ ի հարկին այդ մասին խօսելու համար, ինչպէս ես կ’ընեմ: Երբ Հայաստանի բնակչութենէն ստուար թիւով մարդիկ անտարբեր են երկրի քաղաքական հարցերուն եւ հոլովոյթին, այս եւրոպական քաղաքէ եկած թոռներու տէր ութսունամեայ Սիրունը սովորական մամիկ չէ: Ընտրութեան օրը քուէատուփերու մօտ վստահելի անձ է, աչալուրջ կերպով հսկած է քուէներու ճշդութեան եւ հաշուարկումին:

Խուզարկու հայեացքով կը դիտեմ տան պատերը: Ազգային դէմքեր, հերոսներ, զինանշաններ կան հոն: Սենեակի մը մէջ, կողք կողքի շարուած են բազմաթիւ տոպրակներ, անոնց վրայ կան պիտակներ, կը կարդանք` «Դանիէլ Վարուժան»: Գիրքեր չեն:

Այս Սիրունը հայրենատէր է, տիտղոսաւորներէն աւելի, քանի որ տիրութիւն կ’ընէ բանակին: Այդ տոպրակները պիտի ղրկուին հայ բանակի միաւորներուն, հագուստներ են: Այս իրաւութեամբ հայ կինը, իր համեստ թոշակով, հայ զինուորներուն համար հագուստ կը գնէ, կ’երթայ մինչեւ Գիւմրի, կը բերէ Ջրաշէն: Հիմա կը սպասէ, որ այդ տոպրակները տարուին բանակի միաւորներուն, ապա ինք պիտի վերսկսի նոյն աշխատանքը:

Սիրունը Արարատեան դաշտի բարիքներէն կը հրամցնէ մեզի, չորցած կեռաս, ընկոյզ, ծիրան: Այս տարի իր պարտէզի կեռասներուն մէկ մասը վաճառած է, մաս մըն ալ` չորցուցած, եւ մեզի ալ բաժին հանեց, որպէսզի միասին տանինք:

Երեւան վերադարձիս, ուր որ ալ գտնուեցայ, խօսեցայ այս հայրենատիրական դրոշմով հայրենադարձութեան մասին: Ըսող եղաւ, որ «երթանք նկարահանենք»: Նկարահանել` ոչ թէ Սիրունը գովաբանելու համար, այլ իրենց աչքը հեռու աշխարհներ ուղղած հայաստանցիին եւ հայրենասիրական զբօսաշրջիկի հայրենասիրութեան փափաքով եկող-գացող եւ զուարճութեամբ բաւարարուող սփիւռքահայուն խօսելու համար:

Հաւանօրէն Սիրունը այս տողերը պիտի չտեսնէ, պիտի չկարդայ: Ինք այս բոլորը լսելու, անոնցմէ բան մը սորվելու պէտք չունի: Փարիզ, Լոս Անճելըս, Փունթա տել Էսթէ բնակարան գնող Հայաստանի աւագները, սփիւռքներու բարեսիրութեամբ ինքնագոհութիւն ապրողները պէտք է իմանան, թէ ինչպէ՛ս կ’ըլլայ իսկական հայրենատիրութիւնը:

Հայրենատիրութիւն` առանց փողի եւ թմբուկի, առանց հեռատեսիլային ելոյթներու եւ առանց կուրծքերը զարդարող տեսակաւոր մետալներու:

Սիրունին անունը պիտի չգրուի պատմութեան գիրքերու մէջ: Ան պիտի չմասնակցի խորհրդաժողովներու: Պիտի չհրաւիրուի այնքան ցանկալի եւ եսերը շոյող ընդունելութիւններու:

Ան բանակին կը ծառայէ եւ Արարատեան դաշտի բնակիչ հայրենատէր է:

Հայրենալքման եւ սփիւռքի յաւերժացման տրամագծօրէն հակադրուած յանձնառութիւն:

Նախանձեցայ հայրենադարձ Սիրունին բառերը չչարչարող եւ սրահներ ու հեռատեսիլ չզուարճացնող հաւատքին եւ կորովին:

Ֆրանսացիները կ’ըսեն` à bon entendeur salut, լսողին բարեւ… Մեր նախահայրերը գրաբարով կ’ըսէին` ով զունկն ունի լուիցէ…

10 հոկտեմբեր 2016, Երեւան

Նախորդը

Հայաստանին Ստիպում Են Դուրս Գալ ՀԱՊԿ-ից

Յաջորդը

Մեսրոպեանին Շնորհուեցաւ «Մայրենիի Պաշտպան» Մրցանակ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?