Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Յիշատակ (28). Կիւվտէրի Մահուան Առիթով

Հոկտեմբեր 24, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

guvder_hh

Լիբանանահայութիւնը եւ արուեստասէր հանրութիւնը այսօր հողին կը յանձնեն վաստակաշատ գեղանկարիչ եւ արուեստի դասախօս Կիւվտէրը: 56 տարիներու գեղանկարչական արուեստի ուսուցման վաստակի մը եւ աւելի քան 70 տարիներու վրայ ծաւալած ստեղծագործական գործունէութեան մը դիմաց բոլո՛րս պիտի խոնարհինք այսօր:

Կիւվտէր երեւոյթ մըն էր լիբանանեան արուեստի իրականութեան մէջ: Ճիշդ է, որ արուեստագէտը միշտ ալ կը զատորոշուի հաւաքականութեան մէջ իր ուրոյն մտածողութեամբ, աշխարհահայեացքով եւ արտայայտութեան ոճով, բայց Կիւվտէր`  արուեստագէտի այս յատկանիշներէն անդին նաեւ իբրեւ անհատականութիւն ինքզինք դրսեւորելու, իր մտածումները ժողովրդականացնելու եւ մանաւանդ մեր ազգային հաւաքական յիշողութեան արթուն ու հաւատարիմ պահակը դառնալու ինքնակամ պարտականութիւնը ստանձնեց միշտ եւ ամէն տեղ:

Իր ստեղծագործական աշխարհի առանցքները կազմեցին մեր ազգի հաւաքական յիշողութիւնը եւ համամարդկային արժէքները: Աւելի՛ն, ան քրիստոնէական հաւատքը կեանքի փիլիսոփայութեան վերածած, փորձեց արուեստով թափանցել անոր խորքը:

Այո՛, Կիւվտէր իր ստեղծագործած պաստառներուն վրայ հայ ազգին նկատմամբ թուրքին կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը, յատկապէս տեղահանութիւնն ու կոտորածը, բայց մանաւանդ հայութեան վերապրումի անկոտրում կամքն ու վճռակամութիւնը դարձուց մնայուն արտայայտութիւն, գոյն եւ շարժում: Շարժումը միշտ անպակաս մնաց իր արուեստին եւ առօրեայ կեանքին մէջ: Միշտ լսեց Տէր Զօրի անապատներուն վրայ սովամահ եւ ուշակորոյս հայ մօր հեծկլտանքը. իր աչքերուն առջեւէն ոչ մէկ ատեն բացակայեցաւ որբացած, անօթեւան եւ անօթի հայ մանուկը. այլ խօսքով, ան Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրեցաւ եւ իր արուեստը դարձուց յարատեւ պայքար մը` մեր ազգին վիճակուած ճակատագիրը մերժելու եւ պայքարեցաւ հպարտութեամբ ու բարձրաթռիչ երեւակայութեամբ:

Համամարդկային արժէքները միշտ ալ դարձան իր արուեստին խոր ներշնչարանը: Քարէն, փայտէն, բնութենէն շարունակեց ստեղծագործել, սակայն ստեղծագործեց այլեւս լքուած ու անգործածելի առարկաներով` պոկուած, չորցած ճիւղերով եւ տերեւներով, փշրուած քարերով: Այդ բոլորը իրեն համար դարձան արուեստի նոր յայտնագործութեան միջոց եւ թթխմոր: Ան անբացատրելի ու վառ տեսիլքով եւ ուժականութեամբ փորձեց այդ բոլորը վերապրեցնել, փրկել կորուստէ եւ վերածել արուեստի իւրայատուկ նմուշներու: Այլ խօսքով, կեանքի բովանդակ փիլիսոփայութիւն մը` վերապրումի, ինքնակերտումի եւ յաւերժականութեան ձգտումի` փորձեց դրոշմել իր ապրած կեանքի ժամանակահատուածին մէջ:

2009 թուականին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի հիմնադրութիւնը տեղի ունեցաւ Կիւվտէրի անհատական ցուցահանդէսին կազմակերպումով, եւ տակաւին բոլորիս մտքին եւ յիշողութեան մէջ թարմ կը մնան այդ օրուան Կիւվտէրի արտասանած  խօսքն ու պատգամը եւ մանաւա՛նդ մեր հաւաքական յիշողութիւնը նորահաս սերունդներուն մէջ արմատացնելու համար իր ալեկոծ, բայց բարձր ձայնով արտասանած տողերը:

Այնուհետեւ Կիւվտէր «Լիւսի Թիւթիւնճեան» սրահը վերածեց իր հարազատ տան. յաճախ հանդիպեցաւ, ներկայ գտնուեցաւ ցուցահանդէսներու բացումներուն, ինքնակամօրէն այդ հանդիսութեանց ընթացքին արտասանեց խօսքեր` արժեւորելով եւ քաջալերելով բոլոր արուեստագէտները, որոնցմէ շատեր աշակերտած էին իրեն եւ վայելած իր տաղանդն ու ստեղծագործական ներաշխարհը:

Այսօր Համազգայինի ընտանիքը եւ յատկապէս «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը կը գուժեն այս իւրայատուկ անձնաւորութեան, վաւերական հայուն, մեծ դաստիարակին եւ վերջապէս վաստակաշատ գեղանկարիչին մահը:

Սիրելի՛ Կիւվտէր, ապրեցար ու մնացիր հպարտ.  միշտ հայութեամբ հպարտացար. հայուն ճակատը քեզի համար սրբութիւն էր, եւ իւրաքանչիւր հայորդի կը համբուրէիր իր ճակատէն:

Այսօր բոլորս կը համբուրենք լայն ճակատդ. տակաւին կը լսենք բարձրաթռիչ ձայնդ, կը յիշենք աչքերուդ մէջ միշտ առկայ մեր հաւաքական ցաւի եւ պոռթկումի խորհրդանիշ արցունքներդ ու բարի յիշատակներովդ կը փորձենք լեցնել մահովդ ստեղծուած մեծ պարապութիւնը:

Շա՜տ պիտի կարօտնանք քեզի:

 

 

Նախորդը

Դեռ Չի Չորցել Արմատը Մեր Ծառի

Յաջորդը

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մեծ Ընտանիքը Արժանաւորապէս Նշեց Գիւտ Խաչի Տօնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?