Անդրադարձ

34 Տարի Առաջ, Այսօր.  Արցախ Կը Հռչակուէր Անկախ Հանրապետութիւն

34 Տարի Առաջ, Այսօր. Արցախ Կը Հռչակուէր Անկախ Հանրապետութիւն

Արցախի հայութեան Հայաստանի վերամիաւորուելու արդար պահանջին Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պատասխանած էին ջարդերով ու բռնութիւններով: Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդը 1 դեկտեմբեր 1989-ին որոշում տուին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման: Հայաստան 23 օգոստոս 1990-ին Անկախութեան հռչակագիր ընդունեց եւ ձեռնամուխ եղաւ Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու օրինական գործընթացին: Ազրպէյճանական յատուկ նշանակութեան (օմոն) ջոկատները, խորհրդային զօրքերուն աջակցութեամբ, 1991-ի ապրիլի վերջաւորութենէն մինչեւ...

ՀՕՄ-ի Ջաւախքի Ճամբարը Յաջողութեամբ Եզրափակեց Այս Տարուան Իր Ամառնային Ծրագիրը

ՀՕՄ-ի Ջաւախքի Ճամբարը Յաջողութեամբ Եզրափակեց Այս Տարուան Իր Ամառնային Ծրագիրը

Հայ օգնութեան միութեան հովանաւորութեամբ իրականացող Ջաւախքի ճամբարը վերջերս յաջողութեամբ եզրափակեց այս տարուան իր ամառնային ծրագիրը` Ջաւախքի հայաբնակ գիւղերուն մէջ: Արեւելեան Ամերիկայէն նուիրեալ խումբ մը երիտասարդներու կողմէ գործադրուած ճամբարները ապահովեցին անվճար ծրագիրներ` նախաճաշով, սնունդով եւ դպրոցական պիտոյքներով` տեղւոյն մանուկներուն համար: Սփիւռքէն կամաւորներ մեկնեցան Հայաստան եւ Ջաւախք` Հայոց պատմութիւն, լեզու, երաժշտութիւն, պար եւ առաջնորդութեան հմտութիւններ ուսուցանելու համար: Այս բոլորին զուգահեռ` մասնակիցներուն հետ...

24 Ապրիլ 2023 = 108 Տարի

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ձախողութիւնը Եւ Խօսքէն Անդին Անցնելու Անկարողութիւնը

ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԷԶԵԱՆ 1945-ին, Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք ծնաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը  (United Nations), որուն նպատակներն էին մարդկային իրաւունքներու հաստատումն ու հսկողութիւնը: 1947-ին Մարդկային իրաւունքները գրուեցան յատուկ անձերու կողմէ, որոնցմէ գլխաւորներն էին` Էլիանոր Ռուզվելթ, Փենկ Չուն Չանկ եւ Շարլ Մելիք: Ֆրանսացի դատաւոր Ռընէ Քասսին հայրը եղաւ մարդկային իրաւունքներու այս յայտարարութեան: 10 դեկտեմբեր 1948-ին Համաշխարհային մարդկային իրաւունքներու յայտարարութիւնը կնքուեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Նիկոլ Փաշինեանի Խաբուսիկ Խոստումները` Գոյութիւն Չունեցող Խաղաղութեաան Մասին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Օգոստոս 18-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմելով ժողովուրդին` հանդէս եկաւ խաղաղութեան վերաբերեալ քանի մը մոլորեցնող եւ պարտուողական յայտարարութիւններով: Օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ ունեցած իր հանդիպումէն ետք Փաշինեան կեղծաւորութեամբ յայտարարեց, որ խաղաղութիւն բերած է Հայաստան: Հայերը խորհուրդ կու տան. «Ջուրը չտեսած` մի՛ բոպիկնաք», մինչդեռ ամերիկացիները կ՛ըսեն. «Երբեք ձեր հաւերը մի՛ հաշուէք նախքան անոնց ծնիլը»: Տարբեր ձեւով ըսելով` մի՛...

Յասմիկ Տէր Կարապետեան (ԼԺ.)     Այսպէս Էր Յասմիկը

Յասմիկ Տէր Կարապետեան (ԼԺ.) Այսպէս Էր Յասմիկը

  ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Պառկած` Ժան Նշանեան, ձախէն առաջինը` Մովսէս Ծիրանի, կեդրոնը` Շաքէ Թուխմանեան շրջապատուած այլ դերասան դերասանուհիներով: Այսպէս էր Յասմիկը, բեմն ու բնութիւնը շատ տարբեր չէին իրեն համար: Սանձազերծելով  ամէն տեսակի թապուներն ու հոգեմտաւոր աւանդական կաշկանդումները, ինքնիր մարդկային իսկութիւնը կը բացայայտէր բնութեան մէջ տարերայնօրէն բուսած վայրի ծաղիկի մը նման:  Իսկ ան բեմին վրայ կը մարմնաւորէր կեանքէ փրցուած տարբեր եւ իւրայատուկ...

Յասմիկ Տէր Կարապետեան (ԼԺ.)     Այսպէս Էր Յասմիկը

Յասմիկ Տէր Կարապետեան (ԼԺ.) Այսպէս Էր Յասմիկը

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ        Սիրելի՛ ընթերցող, Երբեմն աննշան թուացող դէպքերն իսկ ճակատագրական դեր կը կատարեն ու հետք կը ձգեն մեր կեանքին վրայ: Այդ օր թատրոն  գացած էի պարզապէս  հաճելի ներկայացման մը ներկայ ըլլալու համար: Սակայն դերասանուհիներէն մէկը խիստ տպաւորեց զիս, եւ հետագային այս մէկը վերածուեցաւ լուրջ ընկերութեան: Ուրեմն այսպէս. Երեւան, 1974, Ձմեռ Յասմիկ Տէր Կարապետեան Այդ տարիներուն վարձով կ՛ապրէի Երեւանի երաժշտանոցին կողքին...

Ժամանակակից Հեքիաթ` Մեծերու Համար

Փուճ Ընկոյզներ

ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ Ռուբէն Ֆիլեանի «Հեքիաթ փուչ ընկոյզների մասին»-ը առաջին անգամ հրատարակուած է 1980-ին: «Հեքիաթ» կոչուող այս պատմուածքը, հակառակ իր պարզութեան, շատ բարդ եւ առեղծուածային պատկեր մը կը ներկայացնէ: Առաջին տողերէն իսկ կը խօսուի ծածուկ լուսանկարչական սարքի մը եւ բարձրախօսի մը մասին: Այդ նկարահանման եւ ձայնագրութեան մեքենաները կը բանին ամբողջ գրութեան ընթացքին:  Գրողը կը յենի տեսարաններու եւ ձայներու վրայ: Կը նկարագրէ...

Հեքիաթ Փուչ Ընկոյզների Մասին

Հեքիաթ Փուչ Ընկոյզների Մասին

ՌՈՒԲԷՆ ՖԻԼԵԱՆ (1952-1983) Քաղաքային շուկայի մի անկիւնում, որտեղ մեծ-մեծ տառերով, շատ հասկանալի ձեռագրով գրուած է «Փուչ պոպոք», թաքցուած է փակ քամերան ու միքրոֆոնը, իսկ վաճառասեղանի ետեւում կանգնած է մի ծերունի` աւստրիացու դիմագծերով, խոշոր հայկական աչքերով, մաքուր` սափրուած ու կոկիկ հագնուած: Դէմքին, կարծես մշտական դարձած, բանիմաց, վստահ ու խորամանկ ժպիտն է, եւ անունն էլ Ռաֆայէլ է, ու ոչ ոք նրան Ռաֆիկ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Յանուն Սուրիոյ Միասնութեան

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Յանուն Սուրիոյ Միասնութեան

Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական ներկայ իրավիճակը տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ մրցակցութեան նոր ալիք կը բարձրացնէ: Բոլորն ալ կը ջանան իրենց ապահովութեան սպառնացող գործօնները չէզոքացնել, երբեմն այդ պատրուակով Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտել եւ նոյնիսկ զինուորական ուժով սպառնալ անոր, այնպէս, ինչպէս կ՛ընէ Իսրայէլ` իր սահմանին ապազինեալ գօտի ստեղծելու պատրուակով, միեւնոյն ատեն` սուրիական հողեր թափանցելու իր փորձերով: Թուրքիա սերտ յարաբերութիւններ հաստատելով Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ` կը ձգտի...

Քաղաքական Երգիծանք. Նէօ-Սուլթանին Նոր Ախորժակը Եւ Համբերութեան Դառն Բաժակը…

Կիրակնօրեայ Մտորումներ. Սփիւռքահայ Իրականութեան Մէջ Հայ Գրողը Պէտք Է Լռէ՞… Թէ՞ Պէտք Է Գրէ…

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Մեղա՜յ… մեղա՜յ Արարատին… երբ կ՛ուզեն, որ մոռնանք զայն եւ աչքերնիս դարձնենք Արագածին: Մեղա՜յ… մեղա՜յ Էջմիածնին, երբ կ՛ուզեն զայն ասպատակել եւ հոգեւորականները բանտարկել` անոնց պարտադրելով իշխող ուժի դէմ ծնրադրել եւ մեղայի գալ: Մեղա՜յ…մեղա՜յ Արցախին, երբ զայն դարձուցինք քաւութեան նոխազ եւ հայաթափեցինք: Մեղա՜յ… մեղա՜յ նահատակներուն, երբ զանոնք առաջնորդեցինք կառափնարան, եւ մենք կը զուարճանանք Ճենիֆըրլոփեզներով: Սակայն, փառ՛ք, հազա՛ր փառք, քանզի, հակառակ...

Յայտարարութիւն.  Կովերու Պարտէզի Երկրորդ Գործարքի Անօրինականութեան Մասին Եւ Զայն Մերժելու Հրաւէր

Յայտարարութիւն. Կովերու Պարտէզի Երկրորդ Գործարքի Անօրինականութեան Մասին Եւ Զայն Մերժելու Հրաւէր

Երուսաղէմի հայ համայնքը եւ պատրիարքարանը կ՛առերեսուին ծանր վտանգի մը. հաստատուած է, որ պատրիարքարանը` առանց համայնքին համաձայնութեան, կը ձեռնարկէ «Xana Gardens, Ltd.» ընկերութեան հետ երկրորդ համաձայնութեան մը: Այսպէս կոչուած, այս «նոր գործարքը» աւելի վտանգաւոր է, քան` առաջին անօրինական պայմանագիրը: Անոր բանակցութիւնները կատարուած են գաղտնաբար, երբեք մեզի գրաւոր չէ ներկայացուած այդ մասին, բացայայտուած է միայն մասնակի տեղեկութիւններով` միաժամանակ պահանջելով, որ համայնքը յետս...

Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին Մէջ Տեղի Ունեցող Շինարարական Աշխատանքները Կասկածներ Կը Յառաջացնեն

Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին Մէջ Տեղի Ունեցող Շինարարական Աշխատանքները Կասկածներ Կը Յառաջացնեն

Քանի մը օրերէ ի վեր մամուլին մէջ եւ ընկերային ցանցերու վրայ լուսանկարներ շրջան կ՛ընեն Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մէջ տեղի ունեցող շինարարական աշխատանքներուն վերաբերեալ` արտայայտելով այն մտահոգութիւնը, որ անիկա դիտումնաւոր կերպով կը քանդուի: Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին ղեկավար Դաւիթ Անանեան այս մասին գրառում մը կատարած է իր էջին վրայ` նշելով, որ այս մասին կատարուած հրապարակումները եւ ահազանգերը գոյժի պէս սթափեցնող են:...

Հայր Իմ Սիրելի

Հայր Իմ Սիրելի

ԱՐԻՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Հայ ես եղել, հայր ես եղել, Մասիսի պէս վեհ ես եղել, Իսկ քո սիրտը ու սուրբ խիղճը Ինձ ապաւէն յոյս են եղել»:   Ծրագիր-կանոնագիրը իր բոլոր կէտերով` ամէն բանէ վեր: Այդ է հիմնասիւնը կազմակերպական աշխատանքին: Կազմակերպուածութիւն, հաւատք ու նուիրում: Հանդարտ է, այո՛, բայց իր գաղափարակիցները գիտեն, թէ որքա՛ն ներքնապէս խռոված է ու տառապած` ազգն ու հայրենիքը յուզող ամէն...

Տուտուկահար, Շուիահար Նելլի Մարտիրոսեան Գերեց Ունկնդիրները

Տուտուկահար, Շուիահար Նելլի Մարտիրոսեան Գերեց Ունկնդիրները

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Հազուադէպ բարեբախտութիւն է ներկայ գտնուիլ հայ երաժշտութեան նուիրուած յատուկ նուագահանդէսի մը` լսելու ձայնային խորհրդաւոր ինքնօրինակութեամբ ու պարզութեամբ յատկանշուող, հայկական ժողովրդական շարք մը փողային նուագարաններու` տուտուկ, սրինգ, զուռնա, պկու, շուի, տհոլ, պարկապզուկ եւ պլուլի չքնաղ ներյատուկ ձայնածաւալը: Սփիւռքի դարաւոր գաղթօճախներէն մէկուն` Լեհաստանի մէջ կը տարածուին` հայկական երաժշտութեան գիտելիքներու առատութիւնը, երաժշտական մեկնաբանութիւններու լայնածաւալ ճոխութիւնը, երգարուեստի մեր ժառանգութիւնը ծանօթացնելու ու...

Խմբագրական «Ալիք»-ի.  Ցեղասպան Յանցագործի Անբարոյականութիւնը

Խմբագրական «Ալիք»-ի. Ցեղասպան Յանցագործի Անբարոյականութիւնը

Նախօրէին լրահոսում տեղեկութիւն յայտնուեց այն մասին, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն հայկական եւ ասորական ծագումով փոտքասթըր Փաթրիք Պեթ-Տէյվիտի հետ հարցազրոյցում յայտարարել է, որ ճանաչում է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հարցին, թէ ինչո՞ւ Իսրայէլի ոչ մի վարչապետ չի ճանաչում Օսմանեան կայսրութեան կողմից 20-րդ դարի սկզբին իրականացուած ցեղասպանութիւնները, Նեթանիահուն պատասխանել է. «Ես հէնց նոր ճանաչեցի: Ահա, խնդրեմ»: Փաթրիք Պեթ-Տէյվիտը X-ի իր էջում տեղադրել է...

Լուսարձակ.  Կարս-Նախիջեւան Երկաթուղիին «Խորքը»

Լուսարձակ. Կարս-Նախիջեւան Երկաթուղիին «Խորքը»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Թրամփ-Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումէն հազիւ 10 օր ետք, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները նոր թափ տուած են «Թրամփի ուղի»-էն սպասուող (ցնորական) բարիքներու քարոզչութեան, անդին` Թուրքիա եւ Ազրպէյճան բանիւ եւ գործով լծուած են իրենց դիտանկիւնէն` «Զանգեզուրի միջանցք»-ի իրացման աշխատանքներուն, հազիւ թէ ակնարկութիւն կ՛ընեն առաջադրուած ճամբուն` Թրամփի անունով կոչումին: Վերջին օրերուն մեր թշնամիին ճակատներէն արձակուեցան բաւական ուշագրաւ եւ մտահոգիչ արտայայտութիւններ,...

«Արիւնը Կը Քաշէ»

«Արիւնը Կը Քաշէ»

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Լուսանկարները տրամադրած է Աբրահամեան ընտանիքը: Աւելի քան երկու տասնամեակներ առաջ Թորոնթոյի արուարձաններէն մէկուն մէջ գտնուող տան մը նկուղը VHS ժապաւէն մը կը դառնար, եւ աղօտ պատկերները կեանքի կը կոչուէին հեռատեսիլի պաստառին վրայ: Ու յանկարծ կու գար ճանաչման պահը... Մարմնով մանր մարդ մը, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին լուռ մնացած էր, մէկէն ի մէկ կը դողայ, անվստահ ձեռքը կ՛երկարէ...

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն

Սեդա Մարկոսեան Խտըշեանի «Մեր Տունը» Հատորը

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր տունը» լիբանանահայ գաղութի 1920-ական թուականներու կազմաւորման պատմական ժամանակաշրջանը կը բնորոշէ: Այնտեղ կը տողանցեն հեղինակին պատկառելի հայրը` Սահակ աղան, սրբակենցաղ մայրը` Մարիամ, Նոր Թոմարզայի թաղեցիները իրենց անձուկ պայմաններով եւ վերականգնելու յարատեւ ձգտումներով: Թիթեղածածկ տունը, դպրոցն ու եկեղեցին` քարաշէն շինութիւններու վերածելու ժողովուրդի կամքով: Գաղութահայ կեանքը` բարեսիրական, մարզական, մշակութային եւ կուսակցական բովանդակութեամբ հարստացնելու անհատնում ճիգերով: Այս բոլորին մէջ...

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին

Հայ Եկեղեցին Եւ Կանոնական Իրաւունքի Օրէնսգիրքի Բացակայութիւնը

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Իրաւական անորոշութեան եւ բարեկարգութեան միջեւ - Հայ եկեղեցւոյ մէջ ժամանակակից օրէնսգիրքի մը պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը Արդարեւ, նկատի ունենալով կանոնագրման բացակայութիւնը եւ անոր հետեւանքով յառաջացած իրաւական անորոշութիւնը, էական անհրաժեշտութիւն է համակարգուած ձեւով վերակազմել եւ բարեկարգել, այժմէականացնել ու արդի հայերէնի թարգմանել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կանոնական իրաւունքը: Սոյնը, սակայն, պէտք չէ ներկայանայ իբրեւ լոկ տեխնիկական կամ գիտական նախագիծ մը, այլ...

Հայուն Աւանդութիւնը

Մեքսիքայի Հայուն Հոգիին Կրակը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Վաչէ Կէօվճելեանը ծնած է Ատիս Ապեպա, Եթովպիա: Հայրը եթովպահայ, իսկ մայրը` լիբանանահայ: Մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ աշակերտած է Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճին, ապա գացած է Լոնտոն եւ վերադառնալով Պէյրութ` ուսումը շարունակած է Հայկազեան քոլեճին մէջ (այժմ` համալսարան): Անկէ ետք ան անցած է Թորոնթօ, Քանատա, եւ ամուսնացած է մեքսիքացի կնոջ մը հետ: 1981-ին ան հաստատուած է Մեքսիքայի Փացքուարօ քաղաքը:...

Page 66 of 808 1 … 65 66 67 … 808

Արխիւներ