Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ծաղկազարդ
ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Բարի Ծաղկազարդ տօնեցինք այսօր` Ձիթենիներու բիւր տերեւներով. Սիրուն մանուկներ, մոմեր զարդարուած` Շալկեցինք մենք վեր ուսերու վրայ: Եկեղեցիներ ուրախ են այսօր, Երկինք բարձրացան շարական, աղօթք: Հաւատացեալներ անմեղ, մեղաւոր Հաղորդուեցան Յիսուսի մարմնով: Որոշ պատկերներ եկեղեցւոյ մէջ Մտքիս մէջ տպուած մնացին անվերջ: Ծերունին հիւանդ, նստած` ճիշդ քովս, Որ փորը բռնած` կ՛աղօթէր ցաւով: Մանուկ մը սիրուն ծաղիկ մը ձեռքին` Մօտեցաւ անմեղ խաչուած...
















