Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Շանթի Գեղարուեստական Գրականութիւնը Հասկնալու Եւ Բաղդատելու Փորձ Մը. 6 Ապրիլ 1869, Պոլիս – 29 Նոյեմբեր 1951, Պէյրութ

Մարտ 27, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այնքա՜ն գրուած եւ խօսուած է Լեւոն Շանթի մասին, որ իր գրականութիւնը ինքնուրոյն կերպով հասկնալու համար աւելի լաւ է որդեգրել ենթակայական մօտեցում: Ինչպէս կ’ըսէ ֆրանսական առածը, մշակոյթը այն է, որ կը մնայ, երբ մեր սորվածը մոռցած կ’ըլլանք: Այդպէս ալ պիտի փորձեմ յիշողութեան ճամբաներու վրայ վերագտնել Լեւոն Շանթը, ոչ միայն այնպէս, որ էր եւ է ինք, այլ` ըմբռնել, թէ ինչպէ՛ս կը ստեղծուի իր գրականութեան ստացումը այսօր, եթէ բաղդատութիւններ փորձենք, ինչպէս կը վերաբերի այսպէս կոչուած մտաւորական ընտրանին եւ ապա զանգուածը, որ ընթերցող է եւ հանդիսատես:

Թող զարմանալի չթուի. սփիւռքի մէջ Լեւոն Շանթ կը ճանչնան իր աշակերտները եւ մտաւորականները, որոնք այլեւս բազմաթիւ չեն: Անոնք կը պահէին յիշատակներ, տպաւորութիւններ, երախտագիտական զգացումներ: Սփիւռքի մէջ մարդիկ կը լսեն եւ կը լսէին Լեւոն Շանթի մասին իր թատերախաղերու ներկայացումներուն առիթով: Տպուածի ընթերցողները միշտ փոքրամասնութիւն եղած են, հետզհետէ` աւելի նուազող, իսկ երբ տպուածը ամբոխը հետաքրքրող ոճիր-արկածի պատում չէ, ինչպէս` Հայաստանի հեռուստաալիքները խճողած սերիալները, կամ` ոճիր-արկածի պատումները, ընթերցողը կը դառնայ հազուագիւտ: Աւելցնենք հայ գիր եւ գիրք չկարդացողներու ցանկին վրայ բոլոր անոնք, որոնք հայերէնը կը լքեն, արտասահման, նաեւ` Հայաստան:

Սփիւռքի մեր սերունդին համար առասպելական դէմքեր էին` Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Կոստան Զարեան, նաեւ` այլ դէմքեր, ինչպէս` Աւետիս Ահարոնեան, Վահան Նաւասարդեան, Բենիամին Թաշեան, նաեւ` ուրիշներ, ինչպէս` Շաւարշ Նարդունի, Համաստեղ, Արամ Հայկազ, եւ ժամանակակիցներ` Եդուարդ Պոյաճեան կամ Անդրանիկ Ծառուկեան: Երբ հայկական դպրոցները նուազ համարկուած էին միջավայրին եւ անոր օրէնքներուն, օտար լեզուի ուսուցման ճնշումը չկար, հայ աշակերտութիւնը աւելի կ’ընկալէր հայ գրականութիւնը: Այդ ընկալման օղակը հիմա սեղմուած է ամէնուրեք:

Լեւոն Շանթի «Ինկած բերդի իշխանուհին», «Կայսրը», «Հին աստուածները» երբ ներկայացուէին, սրահները կը յորդէին, աշակերտներուն համար յատուկ ներկայացումներ կ’ըլլային: Հայերէն ներկայացում էր, եւ մարդիկ սրահ կ’երթային հաղորդուելու, հայերէն լսելու, բացակայ չըլլալու, պարտականութիւն կատարած ըլլալու համար: Բեմէն մաքուր առոգանութիւն կը հնչէր, թատրոնը դաստիարակի դեր կը կատարէր նաեւ, նոյնիսկ եթէ ներկաները, բացի պատմութենէն, չէին կրնար հեղինակին միտքերը կարդալ պատկերներու, իմաստ փոխադրող խօսքերու, թատերական դիմակայումներու ընդմէջէն: Անոնք իրենք իրենց հարց չէին տար հասկնալու համար, թէ «Հին աստուածներու» Վանահօր կամ Աբեղայի հոգեկան տակնուվրայութիւններու ետին ի՛նչ փիլիսոփայական խորհուրդ կար. իրենց համար անոնք այս կամ այն գաղափարի մարմնացումները չէին, ինչպէս այդ կ’ընէ գրական կամ թատերական երկի մը վերլուծողը: Պատկերազարդ պատմութիւն մը կը տողանցէր բեմին վրայ:

Հոս կ’ուզեմ նշում մը ընել: Գրական երկի մը հերոսները եւ կացութիւնները հեղինակին ներաշխարհը կը ներկայացնեն` անոնք ըլլան ապրուած իրականութիւն, թէ երազ, մտածում, չբաւարարուած ցանկութիւն: Հեղինակի մը համար կ’ըսէի, որ հայելիին մէջ կը նայի եւ կը գրէ, գործածած էի «ինքնախօսութիւն» բառը: Հերոսները հեղինակի տարբեր զգացումներու արձագանգն են: Լեւոն Շանթ բացառութիւն չէ, քանի որ իր ապրած ժամանակի խնդիրները, ակնկալութիւնները, երազները եւ դառնութիւնները նաեւ ինք կ’ապրէր եւ ապրեցաւ` երիտասարդական զգացումներէն մինչեւ ազգային-քաղաքական մաքառումներ, յաջողութիւններ եւ ձախողութիւններ: Իր գլխաւոր երկերը հեղինակեց, երբ հայրենիքէն դուրս էր, հայրենիքէն դուրս ըլլալ, ինչ ալ ըլլան պայմանները, աքսոր է մտաւորականին եւ գրողին համար, ան նաեւ հոգեկան աքսոր է:

Ինչ կը վերաբերի գրողի, բանաստեղծի, թատերագրի եւ ընդհանրապէս արուեստի գործերուն, որքան ալ առարկայական ըլլանք, մեր դատումները կը հիմնուին մեր կենսափորձին, ծանօթութիւններուն, գիտական պատրաստութեան, ընկերամշակութային եւ քաղաքական կողմնորոշումներուն վրայ: Այսինքն ստեղծագործական աշխարհին նկատմամբ, մեր դատումները եւ գնահատումները ամբողջական կերպով առարկայական չեն կրնար ըլլալ: Արդարը, ճշգրիտը եւ ճշմարիտը ձգտում են: Անցողակի ըսենք, օրինակ, որ մեր գրական մեծ քննադատը` Յակոբ Օշական, նախատրամադրուած եղած է Լեւոն Շանթի նկատմամբ, եւ միշտ` բացասական քննադատութեամբ հրապարակ եկած: Միակը չէ, որ այդպէս էր, նաեւ` Շիրվանզադէ: Կայ նաեւ մօտեցման միւս երեսը, երբ արտայայտուողները կը փորձեն անպայման գերագնահատել երկ մը: Այլապէս եւ այլ տեղ քննելի հարց:

Լեւոն Շանթի թատերական գրականութիւնը կարելի է դիտել իր կեանքի ժամանակաշրջաններու եւ ապրած աշխարհագրութիւններու  լոյսին տակ: Ի հարկէ այսօր չէ, որ կը կատարուի Լեւոն Շանթի գրականութեան գիւտը: Առաջին օրէն իսկ արտայայտուողներ եղած են, վերլուծողներ: Թերեւս շատ աւելի էջեր գրուած են Լեւոն Շանթի գրականութեան մասին, քան ինչ որ են իր էջերը: Յաւակնութիւն չունիմ հոս ամբողջական մատենագիտութիւնը տալու գրաքննադատական եւ յաճախ նաեւ իր մասին եղած զուտ գովերգական գրականութեան: Զրոյցի մը մակարդակին այդքան ալ կարեւոր չէ այդ, մանաւանդ որ այդ ձեւով կը դժուարանայ սեփական կարծիքի գոյացումը: Պարզապէս յիշեցման համար արձանագրենք, որ տարբեր ժամանակներ եւ տարբեր հակումներով մարդիկ գրած եւ խօսած են, ինչպէս` Շիրվանզադէն, խորհրդային շրջանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Թոփչեանը, Նիկոլ Աղբալեանը, Մինաս Թէօլէօլեանը, որուն միջոցով է, որ առաջին անգամ լսած եմ Լեւոն Շանթի մասին: Խօսուած է նաեւ Լեւոն Շանթի մանկավարժութեան, լեզուին եւ դասագիրքերուն մասին: Առատ նիւթ կայ, ամփոփ եւ դիպուկ, 2009-ին լոյս տեսած Լեւոն Շանթի նուիրուած գիտաժողովի արտայայտութիւններու հատորին մէջ, ուր յաճախ կան արագ եւ լուսաբանող նշումներ:

Ինչպէս յաճախ ըսած եմ, գրախօսականները, վերլուծումները, ուսումնասիրութիւնները միշտ օգտակար ըլլալով հանդերձ, ըլլալով հանդերձ բազմաձայն երկխօսութիւն ժամանակի գիծին վրայ` հեռուի եւ մօտի մարդոց հետ, ոչինչ կը փոխարինէ ուղղակի ծանօթութիւնը, ընթերցումով կամ հանդիսատեսի աչքով եւ ականջով: Գրական գործ մը հասկնալու յոռեգոյն եղանակը ընթերցումէ առաջ անոր մասին գրախօսականով կամ մեկնաբանութիւն  լսելով կարծիք կազմել է:

Անցեալ դարու մեծ իմաստասէր Հուսերլ կ’ըսէր, որ` «հարկ է երթալ դէպի իրերը` մերկ եւ միամիտ հոգիով», այսինքն` առանց նախատրամադրուած ըլլալու ուրիշներու կարծիքով, ընդունուած եւ նուիրականացած ճշմարտութիւններով, ոչ թէ մերժելու կամ ստորագնահատելու համար եղած աշխատանք մը, հեղինակաւոր դատում մը, այլ` զգալու եւ ապրելու համար արուեստի գործի մը, քաղաքական տեսութեան մը, փիլիսոփայական գաղափարի մը արձագանգը մեր մէջ: Պա՛րզ. պէտք է հարց տանք մենք մեզի, թէ ի՞նչ հասկցանք, ի՞նչ տեսանք, ի՞նչ կ’ըսէ ըսուածը, գրական երկը, գեղանկարը: Նոյն բանը չենք տեսներ եւ չենք լսեր, երբ պատանի ենք, երբ երիտասարդ ենք, երբ կենսափորձ ունինք, կամ կը պատկանինք ընկերային տարբեր միջավայրերու: Առաւել, կայ նաեւ հիմնականը. պէտք է հարց տանք նաեւ, թէ ի՞նչ կ’ըսէ հեղինակը, որո՞ւ կ’ուղղուի իր խօսքը: Մեծն Սոկրատ կ’ըսէր, որ հարցումները աւելի կարեւոր են, քան` անոնց տրուած պատասխանները, քանի որ հարցումը առաջին քայլն է ըմբռնումի: Ֆրանսացի ինքնատիպ գրող Անթուան տը Սենթ Էկզիւփերի կ’ըսէր, որ` «ճշմարտութիւնը մէկուն համար կառուցել է, միւսին համար` բնակիլ»:

 

Սեպտեմբեր 2017
Երեւան

Խօսուած թատերական հիմնարկին մէջ

(Շար. 1)

Նախորդը

1915-ից 1978. Մարաշի Կոտորածի Մասին Պատմում Է Ականատես Ազիզ Թունչը

Յաջորդը

Թատերական Շարժումը Լիբանանի Մէջ 1940-1970 Թուականներուն (Թատրոնի Միջազգային Օրուան Առիթով)

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?