Անդրադարձ

Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերն Ու Հոսանքները  Կը Շարունակեն Յայտարարել Ընտրացանկերը.  Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Յայտարարեց  Իր Ընտրացանկերը, Որոնցմէ Երկուքին Մէջ  Ներկայացուած Են ՀՅԴ-ի Թեկնածուները

Ընտրական Քրոնիկ. Ապրիլեան Աւանդութեան Տրամաբանական Զարգացումը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Երկուշաբթի, 26 մարտի կէս գիշերին աւարտեցաւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու ընտրացանկերու արձանագրման ժամկէտը: Արձանագրուած են 77 ընտրացանկեր: Մուսթաքպալ հոսանքը առաջին օրէն իսկ յայտարարեց, թէ կը բացառէ միայն Հըզպալլայի հետ ընտրական դաշինքը: Ընտրացանկերու կազմութենէն ետք կարելի է տեսնել, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ղեկավարած հոսանքը հաստատ մնացած է իր կեցուածքին վրայ: Նոյնը, սակայն, կարելի չէ ըսել Փաղանգաւոր կուսակցութեան պարագային, որ շարունակ...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Աշխարհիկութիւնը` Յառաջդիմական Կուսակցութիւններու Ծրագիրներուն Մէջ

 ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Գ. Քոլոմպիոյ Ազատական Կուսակցութեան Օրինակը Քոլոմպիոյ քաղաքական համակարգը հիմնուած է երկու կուսակցութիւններու սկզբունքին վրայ. առաջինը Ազատական կուսակցութիւնն է (հակառակ իր անունին` անիկա կը դաւանի ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը եւ անդամակցած է Ընկերվար միջազգայնականին), որ կը նախընտրէ կրօնի անջատումը քաղաքականութենէն (պետութենէն), իսկ երկրորդը Պահպանողական կուսակցութիւնն է, որ պատմութեան ընթացքին թիկունք կանգնած էր կղերականութեան իշխանութեան ու կը ջանար քաղաքականացնել եկեղեցին եւ կրօնականացնել քոլոմպիական...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Հայաստանը Դարձեա՞լ Մեկուսացած

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 15 մարտին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպումին լոյսին տակ «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնեց իր ուրախութիւնը` Կովկասի մէջ տնտեսական եւ առեւտրական ծրագիրներու քննարկման համար: Այս ծրագիրներէն դարձեալ դուրս կը մնար Հայաստանը` ազրպէյճանական եւ թրքական ճնշումներուն պատճառով: Մինչեւ օրս Պաքու կրցած է մեկուսացնել Հայաստանը կովկասեան տնտեսական եւ ուժանիւթային ծրագիրներէն: Սակայն...

Արխիւային Ռազմավարութիւն

Ներառումի Պահանջով

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Ինչպէս հայ իրականութեան հետ առնչուող եւ յուզող միւս բոլոր խնդիրները,  հայոց պատմութեան դասագիրքերու վերամշակումը նաեւ պէտք է առաջնային օրակարգային հարց դառնայ սփիւռքի եւ Հայաստանի պատկան մարմիններու աշխատանքներուն մէջ: Այս իմաստով, Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի նախաձեռնութիւնը միայն գնահատելի է եւ կը կարօտի լուրջ ու հետեւողական մօտեցումի:  Ըստ վերջերս հրապարակուած յիշեալ հիմնարկի մէկ յայտարարութեան, դասագրքաստեղծ այս աշխատանքը ընթացք...

Նամականի

Անդրադարձ. 1918-ի Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Օրերը – Դ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հայաստանի առաջին խորհրդարանի` Ազգային խորհուրդի եւ  կառավարութեան ուղեւորութիւնը դէպի Հայաստան: Այս ենթախորագիրը տարօրինակ կը թուի, սակայն իրականութիւն է, որ հանրապետութեան առաջին խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը  կազմուած էին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ: Թէ ինչո՞ւ, ստորեւ` համառօտ պատմական ենթահողը: 1918 յունիս 4-ի Պաթումի դաշնագիրի Հայաստանի սահմանները` շուրջ 12 հազար քառ. քիլոմեթր` կարմիր ուրուագիծ, մակադրուած ներկայի քարտէսին վրայ: Ցարական իշխանութեան դէմ Հոկտեմբերեան...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Գրողի Անկիւն. Զատիկի Եւ Յարութեան Շունչը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Ահա կրկին Սուրբ Յարութեան տօն, կամ` Սուրբ Զատիկ: Գեղեցիկ եւ խորհրդաւոր: Մտաբերեցէ՛ք: Մեր բոլոր աւանդութիւնները խորքին մէջ մէկական գեղեցկութիւններ են: Իրենց մէջ ունին արդէն անուշ եւ իմաստալից այդ գաղտնի եւ սրբազան խորհրդաւորութիւնը: Այլ խօսքով, աւանդութիւն` կը նշանակէ դարձեալ հաղորդակցիլ մեզի ժառանգուած անցեալին հետ: Եւ այդ անցեալը անբաժան մասնիկ մըն է մեր կեանքին: Եթէ կ՛ուզէք` մեր ազգային կեանքին: Անոր...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Դիմաւորել 100-Ամեակը 12. Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս Յաղթանակ Տանիլ Մենք Մեզի Դէմ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Մեծնալու եւ ազնուական դառնալու համար նիւթականէն անդին գտնուող արժէքները հարկ է բերել մեր կեանքին մէջ: Ցուցադրուող պերճ բնակարանը, դրամատան մէջ քնացող գումարները, աչք շլացնող ոսկին եւ հագուստը արտաքին շպարներ են: Այնքան փորձութիւններէ անցած մեր ժողովուրդը հաւաքական ծառայութեան եւ յաջողութեան մէջ պէտք է վերագտնէ իր ներքին միութիւնը եւ ամրութիւնը, որպէսզի տոկայ, տեւէ եւ մնայ որպէս ինքնուրոյն ազգ: Յոբելեան պիտի...

Ուխտի Ճանապարհներ.  Արամ Մանուկեանի Գերեզմանը

Ուխտի Ճանապարհներ. Արամ Մանուկեանի Գերեզմանը

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Օրերս համայն հայութիւնը ցնծութեամբ տեղեկացաւ մեր հայրենիքի հանրապետութեան կերտիչի վերարժեւորման նախագիծի վաւերացման` երկար սպասուած յուշարձան մը տեղադրելու լուրին մասին, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակը եւ Արամ Մանուկեանի ներդրած նշանակալի աւանդը պետականութեան գործին մէջ ու ծաւալած գործունէութիւնը: Արամի արձանին արժանի տեղ չէ յատկացուած Երեւանի մէջ, թէեւ ան արժանի է...

Տոքթ. Սօսի Անթիքաճեանի Գիրքը

Տոքթ. Սօսի Անթիքաճեանի Գիրքը

«ԺԱՄԱՆԱԿ» Գոհունակութեամբ վերահասու կ՛ըլլանք, որ մեր համայնքի յայտնի մտաւորականներէն Սօսի Անթիքաճեանին գիրքը այս օրերուն լոյս տեսած է «Իլեթիշիմ» հրատարակչութենէն: «Կեչմիշիմտէն սեսլեր վէ ռենքլեր» խորագրեալ այս գիրքին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ իր ընտանիքին շուրջ 150 տարուան պատմութիւնն ու յիշողութիւնը: Պողազիչի համալսարանի դասախօս, լեզուաբան Սօսի Անթիքաճեանը դուստրն է «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթի երբեմնի առանցքային ու երախտաշատ աշխատակիցներէն Արա Ակինեանի: Նկատի ունենալով, որ իր ընտանեկան...

ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը.  Մեր Հաւատքը Հիմնուած Է Յարութեան Տիեզերանորոգ Հրաշքի Վրայ

ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Մեր Հաւատքը Հիմնուած Է Յարութեան Տիեզերանորոգ Հրաշքի Վրայ

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն: «Ե՛ս եմ յարութիւն եւ կեանք. որ հաւատայ յԻս, թէպէտ եւ մեռանի` կեցցէ՛» (Յովհ.11. 25-26): Սիրելի՛ բարեպաշտ հաւատացեալներ, Քրիստոսի Ս. Յարութեան հրաշազարդ տօնին ուրախութիւնն ու խնդութիւնը մեր հոգիներում` ձայնակից ենք հրեշտակներին` փոխանցելով միմեանց «Քրիստոս յարեաւ» կենարար աւետիսը: Թափուր է Տիրոջ գերեզմանը, յայտնուած է Նրա աստուածային զօրութիւնը, եւ իրական է մահուան պարտութիւնն ու կեանքի...

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին  Ս. Զատկուան Պատգամը.  Քրիստոսի Յարութիւնը` Մարդուն Ազատագրումը Մեղքէն

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Քրիստոսի Յարութիւնը` Մարդուն Ազատագրումը Մեղքէն

Կորնթոսի նորադարձ քրիստոնեաներու մտքին մէջ շփոթ կար, անորոշութիւն կը տիրէր Քրիստոսի յարութեան մասին: Կորնթոսի նորահաստատ եկեղեցւոյ ուղղած իր առաջին նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալի մօտեցումը կ՛ըլլայ յստակ. Քրիստոսի յարութիւնը իրողութիւն է, որովհետեւ ան հիմնուած է ականատեսի վկայութիւններուն եւ Աւետարանի ուսուցումներուն վրայ: Ապա առաքեալը կ՛աւելցնէ, թէ` Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ եւ, հետեւաբար, քրիստոնէական հաւատքը պիտի կորսնցնէր իր...

Յայտարարութիւն

… Քաջալերուեցէ՛ք, Որովհետեւ Ես Յաղթեցի Աշխարհին

Զատկական բարեբաստիկ տօնին առիթով, սիրով կ՛ողջունենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակները եւ կը մաղթենք, որ Յարուցեալով զօրացած, բոլորս շարունակենք հաւատարմութեամբ մեր կեանքին մէջ միշտ կենդանի պահել քրիստոնէական հաւատք ու ազգային հոգի: Համաձայն աւետարանական վկայութեան, երբ գրեթէ իր աւարտին հասած էր զատկական տօնին առիթով վերնատան մէջ տեղի ունեցող վերջին ընթրիքը, Յիսուս, իր մօտալուտ մահուան մասին խօսելով, առաքեալներուն կ՛ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի...

Սուրբ Ծնունդի Պատգամ.  Քրիստոսի Ծնունդով` Աստուծոյ  Շնորհքը  Յայտնուեցաւ

Զատկական Պատգամ. Քրիստոսի Յարութիւնը` Ամբողջական Ու Անհերքելի Յաղթանակն Է Մահուան Ու Չարին Վրայ

Ո՛վ մահ, ո՞ւր է յաղթութիւն քո (1 Կոր 15, 55 ) Երբ Պօղոս առաքեալը, ինքնավստահ, կը հռչակէր իր նորադարձ կորընթացի ունկնդիրներուն դիմաց, թէ Քրիստոս ո՛ղջ է եւ իրապէ՛ս յարութիւն առած է մեռելներէն, իրեն համար անվիճելի՛ ճշմարտութիւն էր այդ, հի՛մքը իր դաւանած նոր կրօնին: Ան չէր վախնար, որ այդ նորադարձ քրիստոնեաներէն ոմանք, անհեթեթ դատելով այդպիսի խօսք մը` խրտչէին ու գայթակղէին, եւ...

Շնորհքի Եւ Ճշմարտութեան Հրաւէր

Իշխանութիւնը` Յարուցեալին

Յիսուս մօտենալով խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկինքի ու երկրի մէջ... ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհիս վերջը»: Մատթ. 28.18 Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը այս տարի մեզ կը դիմաւորէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակով եւ այլ տօնական ամեակներով:  Ցեղասպանութենէ վերապրած մեր ազգին համար աննկարագրելի դժուարութիւններ կային գոյատեւման կապակցութեամբ, մանաւանդ` թրքական սպառնալիքին շարունակուող ազդեցութեամբ, սակայն մեր նախնիները...

Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերն Ու Հոսանքները  Կը Շարունակեն Յայտարարել Ընտրացանկերը.  Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Յայտարարեց  Իր Ընտրացանկերը, Որոնցմէ Երկուքին Մէջ  Ներկայացուած Են ՀՅԴ-ի Թեկնածուները

Ընտրական Քրոնիկ. Պիտանին Ու Անպիտանը, Կարելին Ու Անկարելին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Մայիս 6-ին նախատեսուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին, դժբախտաբար, ինչպէս միշտ, դարձեալ տարածուած է ընտրակաշառքի երեւոյթը: Ողջամիտը կը գիտակցի, թէ այդ գումարին շահը կարճատեւ է եւ շուտով սպառող, իսկ հետեւանքը` երկարատեւ: 6 մայիսին համար քուէարկողը գնողը 7 մայիսին դիւրութեամբ կը ծախէ զայն, որովհետեւ անոր մէջ մարդը չէ, որ կը տեսնէ, այլ միայն քուէն, որ բնականաբար ընտրութիւններէն ետք կը դառնայ անպիտան:...

Ակադեմական Քաղաքականութեան Ուղենիշները (Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, Անթիլիաս)

Ակադեմական Քաղաքականութեան Ուղենիշները (Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, Անթիլիաս)

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած համաժողովը, Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով,  ակադեմական պետական քաղաքականութեան մը ընդհանուր ուղղութիւններուն վրայ  խորհրդածական հայեացքներ կը  կեդրոնացնէ: Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Երեւանի պետական համալսարանի գիտաշխատողներու, ակադեմականներու` իրաւագէտներու, թրքագէտներու, արեւելագէտներու, իրանագէտներու, պատմաբաններու եւ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման ժամանակաշրջանի մասնագէտներու մասնակցութիւնը ընդգծեց ապահովուած համահայկական համաժողովին գիտականութիւնը եւ ատով իսկ ուղենշեց սփիւռքի մէջ եւս 100-ամեակը արժանավայել նշելու...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Լեւոն Շանթի Գեղարուեստական Գրականութիւնը Հասկնալու Եւ Բաղդատելու Փորձ Մը (6 Ապրիլ 1869, Պոլիս – 29 Նոյեմբեր 1951, Պէյրութ)

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Արուեստի եւ ստեղծագործութեան ընթացիկ ըմբռնումներէն, դասականէն ազատագրում մը կայ իրաւ ստեղծագործութեան մէջ, ինչպէս` գեղանկարչութեան պարագային, որուն համար ֆրանսացի պայծառ իմաստասէր Ալեն կ՛ընէ հետեւալ բանաձեւումը, որ` «լուսանկարչութիւնը ազատագրեց գեղանկարչութիւնը», այսինքն արուեստագէտը տեսանելի անմիջականէն անդին երթալու կարելիութիւն ունեցաւ: Այս իմաստով ալ թատրոնը եւ ընդհանրապէս գրականութիւնը հեքիաթասացութիւն չեն: Լաւ կ՛ըլլայ` խօսիլ Լեւոն Շանթի թատերական երկերու ընթերցման եւ բեմադրութեան մասին: Ներկայացման մը...

Հանդիսատեսի Դիրքէն Դուրս Գալու Հրամայականը

Բարեկամներ Չունինք, Այլ` Գործընկերներ Միայն

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Երկու տարի առաջ, ապրիլի 2-ին համացանց մտնելով` սեւ լուր մը տեսայ, որ կը տեղեկացնէր, թէ ազերի վոհմակները հայ-ազրպէյճանական սահմանը կտրելով` կատաղօրէն յարձակած են Արցախի վրայ: Թէեւ յաճախ լսած կամ տեսած էի լուրերը, որոնք կը հաղորդէին, թէ ազերի արձակազէններու անարգ կրակոցներէն հայ զինուորները կը զոհուէին, սակայն այս անգամ տարբեր էր... պատերազմը կը սկսէր: Համացանցի լուրերով չբաւարարուելով` փութացի պատկերասփիւռը բանալու...

«Եթէ Կ՛ուզես, Կ՛ըլլայ…»

Խաղաղութեան Պատե՞ր

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Պատանեկան տարիներուս Հիւսիսային Իրլանտան միշտ ալ եղած  էր մտքիս մէջ շփոթ, բայց նաեւ հետաքրքրութիւն ստեղծող երկիր մը: Նախ, որ կային երկու Իրլանտաներ, եւ միշտ չէ, որ կրնայինք այդ տարիներուն զանազանել մէկը միւսէն: Կար նաեւ Հիւսիսային Իրլանտայի ներքին տագնապը. կը լսէինք եւ լուրերէն կը հետեւէինք, որ «բողոքականներ»-ը կը կռուին «կաթողիկէներուն» դէմ: Բայց ինչպէ՞ս կրնար ըլլալ, որ մարդիկ եւ...

Թուրքիոյ Մէջ Արգիլուած Է Ցուցադրել «Եւա» Շարժապատկերը

Թուրքիոյ Մէջ Արգիլուած Է Ցուցադրել «Եւա» Շարժապատկերը

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող «Ֆիլմմոր» 13-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնի ծիրին մէջ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ արգիլուած է բեմադրիչ Անահիտ Աբադի «Եւա» շարժապատկերին ցուցադրութիւնը, որ հայ-իրանական միատեղ արտադրութիւն է, որպէս պատճառաբանութիւն ունենալով մէկ այլ երկրի` Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն պահանջները, կապուած` շարժապատկերի նկարահանումներու մէկ մասը Արցախի Հանրապետութեան մէջ իրականացնելու հետ: Ժապաւէնը համաֆինանսաւորուած է Հայաստայի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնին եւ Իրանի «Ֆարապի» շարժապատկերի հիմնարկին կողմէ: Հայաստանի...

Page 545 of 806 1 … 544 545 546 … 806

Արխիւներ