Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուշադրութի՛ւն… Ուշադրութի՛ւն…

Մարտ 27, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏԻԿ

Այո՛, լիբանանցի հայուն քուէն ծախու չէ, որովհետեւ լիբանանցի հայը ամէն բանէ առաջ ազգային գիտակցութիւն եւ արժանապատուութիւն ունի:

Առաւել, եւ` ամէնէն հիմնականը, լիբանանցի հայը, որ հայկական հոսանքին ալ պատկանի, տարիներէ ի վեր փաստած է ամբողջ լիբանանցի ժողովուրդին, որ ինք կը հետեւի իր կուսակցութեան եւ իր պատկանած հայկական «կողմին» յանձնառութեան տակ է:

Այլ խօսքով, մենք լաւ գիտենք, որ հայկական ու ազգային մեր իրաւունքները կը բնորոշուին եւ կը պահպանուին մեր կուսակցութիւններուն միջոցով, մեր ղեկավարներուն արթուն հսկողութեան շնորհիւ:

Հետեւաբար լիբանանցի հայը չի քուէարկեր անհատներու, այլ կը մնայ հաւատարիմ` մեր ղեկավարութեան եւ կը քուէարկէ` ըստ կուսակցութեան ցուցմունքներուն:

Հպարտ ենք մեր ղեկավարութեամբ, որովհետեւ տարիները մեզ համոզած են, որ վստահելով մեր քաղաքական կազմակերպութիւններուն` մենք սատարած ենք մեր ազգային գոյութեան կառոյցին ու պահպանումին:

Հոս կ՛ուզեմ աւելցնել, որ երբ մեր միւս հայրենակիցները ժպիտով կը հաստատեն, թէ հայը կը քուէարկէ` ըստ մեր կուսակցութեան որոշումին, ես այդ ժպտող դէմքերուն կ՛ըսեմ հետեւեալը. այո՛, մենք հպարտ ենք ու առանց տատամսելու կը հետեւինք մեր ղեկավարութեան ցուցմունքներուն եւ որոշումներուն, որովհետեւ անոնք են քաղաքական եւ մեր ազգային շահերուն գիտակից եւ արթուն պահակները, մենք անհատական շահեր չունինք, այլ ունինք հայ ազգային գոյութիւն, ոչ իբրեւ անհատ, այլ կը գոյատեւենք իբրեւ զանգուած:

Անշուշտ այս կեցուածքը աւելի հաստատուն պահելու համար հայ երեսփոխանական պլոքը կ՛ուզենք վերականգնած տեսնել:

 

 

Նախորդը

Պուրճհամուտեան Օրագիր

Յաջորդը

Ակնարկ. Ո՞վ, Եւ Ե՞րբ Պիտի Սանձէ Ոճրագործ Թուրքիան

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?