Ծաղկեփունջը
ՄԵՐԻ ՆԱՃԱՐԵԱՆ 1946-ի օգոստոսն էր: Մենք` Հայ օգնութեան միութեան արենուշներս, աւարտելէ ետք մեր սկաուտական կիրակնօրեայ աշխատանքները Նաւասարդեան դաշտին վրայ, եւ ինչպէս սովոր է, շարքի կանգնած էինք լսելու մեր խմբապետին` օրիորդ Արշալոյսին յայտարարութիւնները: «Հինգ օր ետք, այսինքն` ուրբաթ, մեր երկրին նախագահը` Շուքրի Քուաթլին պիտի այցելէ Հալէպ: Անոր շքախումբը պիտի անցնի նաեւ Հալէպի հայկական թաղամասէն` Նոր Գիւղէն: Ասիկա պատիւ կը բերէ բոլոր...


















