Անդրադարձ

Մինչ Հայաստանի Մէջ Զանգուածային  Անհնազանդութեան Դրսեւորումները Կը Յամենան`  Լարուածութիւնը Լիցքաթափելու  Ճիգերը Շարունակուեցան

Ի՛նչը Եւ Որո՛նք Ստիպեցին Հեռանալ

ԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ «Հրապարակ» օրաթերթը իր 24 ապրիլի թիւին մէջ կը հաղորդէ. «Մեր աղբիւրները կը ներկայացնեն վերջին օրերու ժամանակագրութիւնը: Յատուկ ծառայութիւններու եւ ոստիկանութեան ղեկավարները մնայուն կերպով «փափուկ բարձ» դրած են Սերժ Սարգսեանի գլխուն տակ, թէ` խնդիր չկայ, բողոքողներու քանակը մեծ չէ, «շուտով ինքնիրեն կը մարի», հանգստացուցած են, թէ` կը տիրապետենք իրավիճակին եւ այլն: Յետոյ երբ բանը բանէն անցած է, համոզած են...

Ծանր Աշխատանքը Հիմա Կը Սկսի

Ծանր Աշխատանքը Հիմա Կը Սկսի

ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ Վարչապետ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը հարկաւոր էր որպէս պայման, բայց ոչ բաւարար երկիրը առաջնորդելու հանդարտ և բարգաւաճ հունի։ Հարկաւոր՝ Որովհետեւ իշխող համակարգը անկարող էր (եւ դեռ է) իրականացնելու այն արմատական եւ լրացուցիչ (consequential) բարեփոխումները, որոնց կարիքը արդէն վաղուց դարձած է հրատապ։ Այս անկարողութիւնը կը բխի այն իրողութենէն որ իշխող համակարգին եւ մենաշնորհային համակարգին փոխադարձ կախուածութիւնը այնքան խարսխուած ու հաստատուած...

43 Տարի Անց

43 Տարի Անց

Զանակ Գալստեան Ծնած է 1885-ին,  Օրտու գաւառի Քիրեզ Տերէ գիւղը: Այս գիւղը ունէր 110 տուն հայ բնակիչ, ունեցած է նաեւ եկեղեցի մը` 1849-ին եւ դպրոց մը` 1905-ին կառուցուած: Սամուէլ Անդրանիկեան Ծնած է 1912-ին, Օրտու: Երեք տարեկանին իր հայրը կորսնցնելով, իր մօր` Զանակ տատիին հետ կ՛աքսորուին թուրքերուն կողմէ, իրենց տունն ու գիւղը  ձգելով: Թէ  ի՛նչ կը պատահի աքսորի ճամբուն ընթացքին... Համեստ...

Նամականի

Անդրադարձ. Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Գերմանացի Եւ Այլ Օտար Կարգ Մը Զինուորականներու Դերակատարութիւնը – Ա.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Վերջերս գրադարանէս Կոստանդնուպոլսոյ ամերիկեան միսիոնարական Ռոպերթ քոլեճի ճարտարագիտութեան բաժանմունքի հիմնադիր եւ կաճառի պետ, ամերիկացի Լին Ա. Սքիփիոյի (1876-1960?) «Իմ երեսուն տարիներս Թուրքիոյ մէջ (1912-1943)» (1) անգլերէն յուշագրութիւնը վերստին թղթատելու ընթացքին հանդիպեցայ գերմանացի զօրավար (Օթթօ) Լիման վոն Սանտըրզ (Օտտօ Լիման ֆոն Զանդերս) անունին, 7-րդ գլուխ` «Պատերազմի դժուարութիւնները եւ վտանգները», էջ 118: Այս անունին հանդիպած ենք նաեւ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան...

Ներեցէ՛ք Մեզի, Սրբադա՛ս Նահատակներ (Ապրիլեան Խոհեր)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ   Թրքութիւնը բնաւ մաքրագործուած չէ իր հոգեբարոյական ժահրէն, կանխամտածուած իր հայակերութենէն: Որքան կոյր ատելութիւնը, անյագ ոխակալութիւնը, այնքան ալ վեհանձնութիւնը, ներողամտութեան վսեմ զգացումը` թշնամիին հանդէպ, մեզ կ՛առաջնորդէ անբուժելի աղէտի: Ե. ԽԱԹԱՆԱՍԵԱՆ («Ազդակ», 3 ապրիլ 1968-2018) Յանցանքի զգացումէ կամ անհոգի վերաբերումէ թելադրուած չէ, անպայման, որ մեր սրբադաս Նահատակներու ներողամտութիւնը կը հայցենք: Աւելի՛ն. իբրեւ ազգ ու նորանկախ պետութիւն, միշտ ալ եղած ենք...

Օձը Շապիկ Կը Փոխէ, Սակայն Բնաւորութիւն` Երբե՛ք

ՏԻՐՈՒԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ-ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Ահա այսօր ալ ան իր արիւնլուայ դրօշակը առած` կը պտտի ու բացայայտօրէն բոլորին աչքին առաջ կու գայ ու տարիներով բարեկամութիւն, եղբայրութիւն եւ հարազատութիւն քարոզած դրացիին սեմին կը կանգնի եւ ոտքերուն փոշին չթօթափած, կամ, ըստ իրենց հիւրընկալուելու օրէնքին, կօշիկն անգամ ոտքէն չհանած, ներս կը խուժէ եւ վնասակար միջատներէ փրկելու պատրուակով, խեղդող, սպաննող ու աւերող զինամթերքն ալ շալակին, կը վազէ...

«Կը Յիշենք Եւ Կը Պահանջենք…»

«Կը Յիշենք Եւ Կը Պահանջենք…»

ՊԵՏԻԿ Դարձեալ ապրիլ 24 է, ու աշխարհի ամենայետին անկիւնը գտնուող հայուն սիրտը նորէն կ՛արիւնի... 103-ամեայ վէրքերը տակաւին չեն սպիացած... ու ամէն հայ իր այս պահանջատիրութեան ուխտը կը վերանորոգէ` «Կը յիշենք ու կը պահանջենք»: Անշուշտ չենք կրնար մոռնալ արհաւիրքը: Հայ մանուկը որբացաւ, հայ կինը այրիացաւ ու հայ աղջիկը անպատուըւեցաւ ու բռնի դաւանափոխ եղաւ կամ դարձաւ թուրքին հարճը. հայ ծերունին` տեղահան իր...

Պօղոս Գուբելեանի Գրականութիւնը

Նահատակներին

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ Մեր սրտերի մէջ բուսել են ծաղիկներ, Ծաղիկները ձեր սիրոյ, Նուիրումի ծաղիկները անթառամ Ու բուրաւէտ, Կեանքի, սիրոյ ու քաղցրութեան վայելքով: Բայցեւ պատած Ձեր սրբազան հուր վրէժի փուշերով, Զինաւորուած ու զինավառ Ասպետական մեր ուխտով, Որ տանում ենք Ու կը տանենք Նուիրական մեր պայքարը Ետ խլելու ձեզ մահից, Ետ խլելու իրաւունքը ձեր կեանքի, Մեր կեանքի ու ժառանգութեան Իրաւունքը անժամանց, Որով դոփում...

«Մեզի Համար 7 Մայիսը Ընտրական Խոստումներէն  Եւ Կարգախօսներէն Աւելի Կարեւոր Է, Իսկ ՀՅԴ-ի  Խոստումը Անոր Պատմութիւնն Է  Եւ Լիբանանի Համար Անոր Տարած Աշխատանքը»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Չենք Շեղիր Մեր Ժողովուրդի Հիմնահարցերէն

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Յառաջիկայ մայիս 6-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները որքան ալ կարեւոր են Լիբանանի հայութեան ինքնութեան պահպանման իմաստով նշանակալից ըլլան, չեն կրնար ամէն պարագայի մեզ շեղել մեր ժողովուրդի հիմնահարցերէն: Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ ոգեկոչման զուգադիպող Հայաստանի վարչապետին դէմ  կատարուող Երեւանի ցոյցերը չեն կրնար չմտահոգել ոեւէ հայ: Վերջին հաշուով Հայաստանը աշխարհասփիւռ ամբողջ հայութեան հայրենիքն է ու հոն պատահող անցուդարձերը կիզակէտն...

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Ընտրական Քրոնիկ. Իմ Քուէս Հայոց Իրաւունքներու Ձեռքբերման (Գ.)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ   Գողտրիկ պտոյտ մը մայրաքաղաքի թէ արուարձաններու տարբեր   փողոցներուն թէ մայրուղիներուն վրայ, այս օրերուն, ծիծաղ պատճառող երեւոյթի մը դէմ յանդիման կը հանէ համեստ քաղաքացին: Ճիշդ է, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ամէնէն թէժ օրերը կ՛ապրինք, եւ արդէն թեկնածուներու նկարներն ու պաստառները ո՛չ միայն ողողած են մեր շուրջ բոլորը, այլեւ` զիրար կը հրմշտկեն, այսպէս ասած, իրենց տեղն ու փայլքը ապահովելու եւ...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Դիմաւորել 100-ամեակը – 15. Ինչպէ՞ս Կը Վերաբերին Պատմութեան Եւ Ազգի Մէկութեան

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Պատմութիւնը յստակացումներու կարիք ունի` իր թուականներով եւ խորհրդանիշներով, իրադարձութիւններու ճշգրիտ վերծանումով: Մեր պատմութիւնը` մանաւանդ մեզի համար: Յայտարարութիւններու եւ արտայայտութիւններու հետեւողը յաճախ շուարումի կը մատնուի, եթէ ընթացիկէն հեռանայ: Այս օրերուն, երբ համազգային տարողութեամբ կ՛ուզենք նշել անդրանիկ անկախ հանրապետութեան 100-ամեակը եւ մերժումներէ ետք տիրութիւն ընել մեր պատմութեան, ինչո՞ւ ճիգ մը չընել մեր հանրապետութիւններու թուագրման ճշդման եւ ազգային տօնի սահմանման հարցերով:...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Ռմբակոծումները Կայունութիւն Չեն Բերեր

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Շաբաթ, 14 ապրիլի արշալոյսին Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ վերջերս կազմաւորուած ռազմական դաշինքը ռմբակոծեց Սուրիան: Այսպիսով, ռազմական դաշինքին մաս կազմած պետութիւնները (գլխաւորութեամբ` Միացեալ Նահանգներուն) զինու զօրութեամբ իրենց քաղաքականութիւնները կ՛ուզեն պարտադրել Սուրիոյ: Այսպիսի արտաքին զինուորական միջամտութիւններ մեզի կը յիշեցնեն 1956 թուականը, երբ Մեծն Բրիտանիան առաջնորդեց ռազմական գործողութիւն մը (Ֆրանսայի եւ Իսրայէլի հետ համագործակցաբար)` «Եռեակի յարձակում» նշանաւոր անունով:...

Ակնարկ.  Ներկայ Ընտրակարգը  Եւ Կուսակցութիւններու Դերը

Ակնարկ. Ներկայ Ընտրակարգը Եւ Կուսակցութիւններու Դերը

100/100 Համամասնական ընտրակարգի տրամաբանութիւնը խորհրդարանական դաշտի կուսակցականացումը կ՛առաջադրէ: Համամասնական ընտրացանկերը փաստօրէն կը ձեւաւորուին կուսակցութիւններու առաջադրութիւններով կամ կուսակցութիւններու, քաղաքական հոսանքներու միջեւ կայացած դաշինքներով: Բացարձակ համամասնականութիւնը քաղաքական այս փիլիսոփայութիւնը ներառած է իր մէջ, խորհրդարան հասցնելու համար քաղաքական կազմակերպ հաւաքականութիւններու նախընտրական ծրագիրները, միջկուսակցական բանավէճերը եւ անոնց հիման վրայ կայանալիք օրէնսդրութիւնը: Ամէն տեղ չէ, որ մեր ընկալած հասկացողութեամբ կուսակցութիւններ գոյութիւն ունին եւ կը գործեն....

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Ընտրական Քրոնիկ. Իմ Քուէս` Հաշուետուութեան (Բ.)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Եւ ոչ միայն հաշուետուութիւն, այլ նաեւ` ի հարկին պատասխանատուութեան կանչելու քաջութիւն, յանդգնութիւն եւ հասունութիւն ունենալու մասին է խօսքը. ահա այսօրուան ահազանգը, որով պէտք է զինուիլ, արիանալ եւ լծուիլ մեր հաւաքական կեանքի տնօրինման: Ուրեմն ինչո՛ւ զարմանալ, երբ անհատական քուէն կ՛առնչենք վերոնշեալ պահանջատէր կեցուածքին` հաշուետուութեան, որ կարգախօսներու կամ սին խօսքերու շարքին անցեր է, առօրեայ մեր կեանքին մէջ առհասարակ եւ քաղաքական...

Երկու Յովհաննէս` Երկու Մեծ Մարդ

Երկու Յովհաննէս` Երկու Մեծ Մարդ

ՆԱՐԻՆԷ ԹՈՒԽԻԿԵԱՆ-ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ «Ծնուել եմ 1868 թուականին եւ մինչեւ այսօր դեռ չեմ մեռել, թէեւ մեռնելու համար ունեցել եմ բազմազան ու խիստ բարենպաստ առիթներ, մի քիչ յամառ ու հաստակող ծերուկ եմ ես»...Երբ աշակերտական տետրակի 59 էջերի վրայ Յովհաննէս Քաջազնունին ի պահ էր տալիս իր դժուար, դժբախտ կեանքի յուշերը, բնաւ չէր պատկերացնի, որ ապրելու մնացել է ընդամէնը 2 տարի: Եւ որ մեռնելու համար...

«Հայաստանէն»… «Կիլիկիա»

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Նոր փոխադրուած էինք Պուրճ Համուտ: Բոլորովին տարբեր միջավայր մըն էր, այնքա՜ն տարբեր` Էշրեֆիէի մեր բնակած 12 հայ ընտանիքներէ բաղկացած «Փոքրիկ Հայաստանէն»: Փոքրիկ Կիլիկիա մըն էր Պուրճ Համուտը` Նոր Սիս, Նոր Մարաշ, Նոր Ատանա, Նոր Կիլիկիա եւ Ամանոս թաղամասերով: Իւրաքանչիւր թաղամաս` օժտուած իր դպրոցով, եկեղեցիով ու ակումբով: Էշրեֆիէի մէջ, իրարմէ բաւական հեռու, կը հանդիպէինք քանի մը «Հայաստաններու»: «Ազատամարտ» ակումբի...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա. –   2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Ապրիլ Բ.- Սուրիական Տագնապը Նոր Փուլի Սեմի՞ն

Երբ հակամարտութեան մը կողմերէն մէկը յաճախակի սպառնալիքներով ու նախազգուշացումներով հանդէս գայ, պատերազմի հաւանականութիւնը բացառուած կը համարուի, քանի որ պատերազմը անսպասելի յարձակումներով եւ ոչ թէ փոխադարձ նախազգուշացումներով կը բռնկի: Ռազմական ուժերու կուտակումը, սակայն, պատերազմի հաւանականութեան կարելիութիւնը կը յուշէ: Սուրիական բեմի վրայ այս երկու բեմագրութիւններն ալ առկայ են այս օրերուն: Գերպետութիւններու բանաւոր կռիւն է, որ իրավիճակի սրման կ’առաջնորդէ` հասնելու աւելի մեծ սակարկութիւններով...

Ինչո՞Ւ Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը Ձախողուեց

Մերձաւոր Արեւելքն Ու Առաջացած Երկբեւեռ Միջազգային Համակարգը (Մաս 1)

ԱՐԱՐԱՏ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ Սիրիայի 7 տարի տեւած արիւնալի պատերազմը, կարելի է ասել, մօտենում է իր աւարտին: Երկիրը գտնւում է կիսաւեր վիճակում` կէս միլիոնից աւել զոհ, աշխարհով մէկ ցրուած փախստականներ, սակայն ընդդիմութեանն ու նրանց աջակցող զինեալ իսլամականներին չյաջողուեց հասնել իրենց գերնպատակին` ստեղծել իսլամական պետութիւն: Սիրիայի նախագահ Ասատի վարչակարգը հաստատուն կերպով շարունակում է ղեկավարել երկիրը, եւ պետական հաստատութիւնները գտնւում են նրա հսկողութեան տակ:...

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

Բողոքի ցոյցերը համակարգային փոփոխութիւնների, որակական, խորքային բարեփոխումների պահանջի վկայութիւնն են…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Այսպէս կը բնորոշէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը քաղաքացիական բողոքի այս շարժումը: Միաժամանակ ան կոչ կ՛ուղղէ ՀՀ Ազգային ժողովի բոլոր կուսակցութիւններուն` անմիջապէս խմբուելու արտախորհրդարանական յատուկ հարթակի մը շուրջ` երկիրը ներկայ քաղաքական տագնապէն դուրս բերելու անյետաձգելի հրամայականով: Դաշնակցութիւնը նաեւ կ՛առաջարկէ, որ խորհրդակցութիւններու այս հարթակը գործէ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հովանաւորութեան տակ` որպէս գերկուսակցական հեղինակութեան, որուն պէտք ունի երկիրը այս պահուն:...

Քաղաքական հասունացման պահը

Քաղաքական հասունացման պահը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Երեւանի մէջ ընթացող հանրահաւաքներու եւ ցոյցերու ընդմէջէն մեր երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը մեզի տուին ուսանելի դասեր, որոնք կրնան միայն խթան ու ապաւէն հանդիսանալ ներկայ տագնապի բարւոք հանգուցալուծման: Առաջին. անոնք ապացուցեցին, որ իրենք ոչ ոքէ ժողովրդավարութեան դասեր առնելու կարիքը չունին: Երկրորդ. անոնք ցոյց տուին, որ իրենք չեն առաջնորդուիր ժողովրդավարական սին լոզունգներով եւ կեղծաւոր արտայայտութիւններով: Երրորդ. անոնք թարգմանը հանդիսացան մեր ժողովուրդի...

Page 540 of 806 1 … 539 540 541 … 806

Արխիւներ