Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրութիւններ 2018. «Ինչո՞ւ Ինչ Կ՛ընեն Կոր…»

Ապրիլ 28, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Անցնող ամիսներուն ընտրական աշխատանք կատարող մեր տղաքն ու աղջիկները հսկայական գործ կատարեցին: Տուն առ տուն այցելեցին, ընտրական տախտակներ լեցուցին, տուեալներ հաւաքեցին եւ ընտրութեան պատրաստութեան ցուցմունքներ տուին:

Դաշնակցութեան ակումբներուն կողմէ մեր ժողովուրդին տուները այցելող տղաքն ու աղջիկները իրենց դիմաց գտան բաց դռներ, բաց սրտեր, ջերմ ընդունելութիւն եւ, ինչպէս միշտ, այս փուլին եւս, Դաշնակցութեան կողքին ըլլալու մնայուն պատրաստակամութիւն:

Երեւոյթը խրախուսական էր եւ` նախանձ շարժող: Անոր համար ալ հակադարձը չուշացաւ:

Հայ իրականութեան անծանօթ մարդիկ, Դաշնակցութիւն-ժողովուրդ պատմական կապին անտեղեակ մարդիկ, նոր օրերու նորելուկ թեկնածուներ սկսան հարցականի ենթարկել մեր ժողովուրդին վստահութիւնը իր կուսակցութիւններուն հանդէպ ընդհանրապէս եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նկատմամբ` յատկապէս: Եւ այսպէս, որոշ շրջանակներու մէջ, ընկերային ցանցերու վրայ, ձայնասփռեալ թէ պատկերասփռեալ հարցազրոյցներու մէջ սկսաւ շրջան ընել հարցում մը, թէ` «Ինչո՞ւ ի՞նչ կ՛ընեն կոր…» հայկական կուսակցութիւնները: Ի՞նչ ըրին որ անցնող ինը տարիներուն եւ ի՞նչ պիտի ընեն ասկէ ետք: («կոր»-ը իրենց ռամիկ արտայայտութիւնն է եւ արտայայտութեան հարազատութիւնը պահելու համար, ակամայ, մենք ալ պիտի ստիպուինք քանի մը անգամ կրկնել զայն` ապաւինելով ընթերցողին ներողամտութեան):

Թէ «ի՞նչ կ՛ընեն կոր» հայկական միւս կուսակցութիւնները, անոր պատասխանը կրնան տալ տուեա՛լ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները: Իսկ թէ «ի՞նչ կ՛ընէ կոր» Դաշնակցութիւնը, կամ աւելի ճիշդ` ի՞նչ ըրաւ Դաշնակցութիւնը անցնող ինը տարիներուն,

2009-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն մինչեւ այսօր, կ՛արժէ յիշել եւ յիշեցնել, պարզ ու յստակ տուեալներով, անշուշտ, խորունկ շունչ մը քաշելէ ետք, որովհետեւ հաշուետուութիւնը բաւական երկար է եւ հարուստ:

Բայց, եկէ՛ք, հարցումին նախ պատասխանենք հարցումով մը. իսկ ի՞նչ կրնար ընել Դաշնակցութիւնը, որ չըրաւ հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Ու երբ Դաշնակցութիւն կ՛ըսենք, բնականաբար, միայն կուսակցութիւնը չէ, որ կը հասկնանք, այլ կուսակցութեան անմիջական նեցուկը վայելող ուղեկից միութիւնները եւս կը հասկնանք:

Կուսակցութեան որոշիչ դերակատարութեամբ գործող ազգային հաստատութիւնները եւս կը հասկնանք:

Գործունէութեան ծիրը այնքա՜ն լայն է, որ դիւրին չէ, յիշել բոլորը` առանց մոռնալու մէկը կամ միւսը:

Բայց, եկէ՛ք, ընթանանք կարգով:

Առաջին. լիբանանահայ իրականութեան մէջ յիշենք գրասենեակ մը, որ պետական, իրաւաբանական, ընկերային ու տնտեսական հազարումէկ հարցերու համար այնքան ազգային ընդունած ըլլայ, որքան հայկական երեսփոխանական գրասենեակը` անցնող ինը տարիներուն:

Գրասենեակ դիմողներուն թիւերը յաճախ հրապարակուած են մամուլով: Գրասենեակը հասած է բոլորին: Աւելի՛ն. ան երկու նոր գրասենեակ բացած է Էշրէֆիէի եւ Հայաշէնի մէջ` հասնելու համար Պէյրութի հայութեան օրէ օր բազմացող կարիքներուն:

Երկրորդ. լիբանանահայ իրականութեան մէջ յիշենք իրերօգնութեան հայկական սնտուկ մը, որ այնքան շատ ծառայութիւններ մատուցած ըլլայ, որքան ԱՖՀԻԼ-ը` իր բազմաճիւղ գործունէութեամբ, հիւանդանոցային սպասարկութիւններէ մինչեւ մարզական կեդրոններ, համալսարանական ֆոնտերէ մինչեւ ընկերային բարդ պարագաներու օժանդակութիւններ: ԱՖՀԻԼ անցնող ինը տարիներուն մարզական երկու նոր կեդրոն ստեղծեց Ֆանարի եւ Այնճարի մէջ, մինչ Պուրճ Համուտի իր կեդրոնը ընդարձակուեցաւ եւ արդիականացաւ զգալիօրէն:

Երրորդ. յիշենք նաեւ, չե՛նք կրնար չյիշել, Դաշնակցութեան ուղեկից միութիւններէն Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ծառայութիւնները, կրթական օժանդակութիւնները, ծերերու եւ կարիքաւորներու հասնելու հսկայական ճիգն ու ջանքը: Կ՛արժէ անգամ մը աչքէ անցընել միութեան երկամեայ տեղեկագիրները, գումարել տարեկան քանի մը հարիւր հազար տոլարի հասնող անոր յատկացումները` գիտնալու համար իսկական տարողութիւնը անոր կատարած ծովածաւալ աշխատանքին:

Չորրորդ. Ինչո՞ւ մոռնալ ՀՅԴ 126-ամեակին առիթով Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հաստատած ֆոնտերը. Հայ համալսարանականներու ֆոնտ (որմէ այս տարի օգտուեցան 153 համալսարանականներ), Հայ ընտանիքի բազմացման ֆոնտ, Մկրտութեան ֆոնտ, Պսակի ֆոնտ: Ֆոնտերէն օգտուողներու թիւերը մէջտեղն են, հրապարակուած են եւ ծանօթ են բոլորին:

Հինգերորդ. «Ինչո՞ւ ի՛նչ կ՛ընեն կոր» հարցումը հարցնողներուն միտքերը անպայման պէտք է թարմացնել եւ յիշեցնել, որ 2011 թուականին Սուրիոյ մէջ պատերազմ սկսաւ եւ աւելի քան 10 հազար սուրիահայ իր առաջին ապաստանը գտաւ Լիբանանի մէջ: Ո՞վ եւ ի՞նչպէս անոնց տուն-տեղ ապահովեց, 700 աշակերտի անվճար դպրոցական դասաւորեց, բժշկական դիւրութիւններ ընծայեց, զանազան առիթներով օժանադակութիւններ բաժնեց: Շատերու օրինական թուղթի հարցերը լուծեց եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ գործ եւ ապրուստ ապահովեց:

Այս բոլորը ո՞վ կատարեց, եթէ ոչ` Դաշնակցութիւնը, անոր ակումբները եւ անոնց շուրջ բոլորուած ազգային-միութենական մարմինները, որոնք Լիբանանի ընկերատնտեսական ամէնէն դժուարին պայմաններուն մէջ, արտակարգ զոհողութիւններով, օժանդակութեան ձե՛ռք երկարեցին իրենց հարազատին` սուրիահայ մամիկին ու պապիկին, հիւանդին ու դպրոցականին, անգործին եւ կեցութեան հարցեր ունեցողին:

Վեցերորդ. կը յիշէ՞ք մօտաւոր անցեալին փուլ մը, երբ մեր երիտասարդութիւնը ազգային խանդավառութեան եւ հաւաքական հպարտութեան այնքան բարձր տրամադրութիւններ ունեցած ըլլայ, որքան որ ան ունեցաւ վերջին երեք տարիներուն` ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի աղջկանց խումբին Լիբանանի ախոյեանութեան տիրացումով, տղոց ներկայացուցչական խումբին պատուաբեր արդիւնքներով ու մանաւանդ` տղոց եւ աղջկանց խումբերուն արաբական աշխարհի ախոյեան հռչակումով: ՀՄԸՄ-ի մարզական կեանքը բարձունք մը նուաճեց վերջին տարիներուն եւ այդ բարձունքին հասնելու համար անուրանալի եղաւ աջակցութիւնը Դաշնակցութեան եւ անոր համակիր լայն շրջանակին:

Եօթներորդ. յիշողութեան կորուստէ տառապողներուն կ՛արժէ հարց տալ, թէ ո՞վ կարելիութիւն դարձուց տարիներու եւ սերունդներու երազը հանդիսացող, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի նոր շէնքերու ծրագիրը: Ո՞վ Թիրօ քեմփի բնակիչները անտէր չձգեց, փողոց չնետեց, այլ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ժրաջան աշխատանքով երազը դարձուց իրականութիւն` Պուրճ Համուտի սրտին մէջ բնակարան ապահովելով 180 նոր ընտանիքի:

Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ Ֆանարի պարագային, ուր Դաշնակցութիւնը կարեւոր դեր ունեցաւ ժողովրդային բնակարաններու կալուածաթուղթերու երկա՜ր տարիներու հարցին բարւոք լուծման մէջ: Ֆանարի ժողովուրդը կրնայ լաւապէս վկայել այս մասին:

Ութերորդ. Անցնինք կրթական դաշտ: Որո՞ւ խրախուսանքով եւ գործնական աջակցութեամբ ձեւ ու մարմին ստացաւ Պուրճ Համուտի Ազգային Միացեալ վարժարանը: Նաեւ` ի՞նչպէս լուծուեցաւ ազգային վարժարաններու ուսուցիչներու 20 տարուան յետնեալ վճարումներու հարցը: Քա՛ջ պէտք է ըլլալ այս իրականութիւնները յիշելու եւ ըսելու, թէ ո՛վ եւ ինչպէ՛ս հայ ուսուցիչի իրաւունքներուն պաշտպանը եղաւ:

Յիշե՞նք նաեւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի դարձաւ երկու տարուան մէջ հայկական վարժարաններէ 25 շրջանաւարտներ Հայաստան ղրկել եւ հոն համապատասխան ֆոնտերով համալսարանական կրթութիւն ապահովել անոնց:

Իններորդ. ի՞նչպէս մոռնանք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարին` իր բազմաբնոյթ ձեռնարկներով, բայց մանաւանդ` պատմական քայլարշաւով եւ ապրիլ 24-ին Լիբանանի բոլոր վարժարանները փակ պահելու պետական որոշումով: Վաղուան պատմագիրը պիտի գրէ այս մասին եւ պիտի ըսէ, թէ ճիշդ ո՛վ, ի՛նչ ըրաւ 2015 թուականին Լիբանանի մէջ: Դաշնակցութեան բաժինը, վստահաբար, պիտի ըլլայ առիւծի բաժինը, որովհետեւ ինչ որ կուսակցութեան քաղաքական կշիռին եւ հեղինակութեան շնորհիւ կատարուեցաւ, քիչ բան չէր, դիւրի՛ն չէր, մոռցուելի՛ք չէր:

Տասներորդ. խօսի՞նք նաեւ շինարարական իրագործումներու մասին, անուններո՛վ, վայրերո՛վ, թէ ի՞նչ կատարուեցաւ անցնող ինը տարուան ընթացքին:

2009-2018 շինուեցաւ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը: Ստեղծուեցան «Աբօ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնը եւ Պաուշրիէի Հայ կեդրոնը: Վերանորոգուեցան Ամանոսի, Ժիպէյլի եւ Արագածի ժողովրդային տուները: Բացումը կատարուեցաւ Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» վերանորոգուած կեդրոնին:

Եւ դեռ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը օժտուեցաւ «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահով, իսկ երկու շաբաթ առաջ` «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» պասքեթպոլի եւ մինի ֆութպոլի փակ դաշտերով: Մինչ Այնճարի մէջ հիմնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի նոր մարզահամալիր` «Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան» արդիական մարզադաշտով:

Հայաստանի մէջ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները ունեցան իրենց սեփական բանակավայրը` «Սերժ Գալուստեան» անունով: Բանակավայրին գնումը կարելի դարձաւ հանգուցեալ Սերժ Գալուստեանի հարազատներուն եւ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին ջանքերով:

Ա՛չք պէտք է ունենալ այս բոլորը տեսնելու համար, ականջ` այս բոլորին մասին լսելու համար:

Բայց, եկէք, շարունակենք մեր հաշուետուութիւնը:

Տասնմէկերորդ. Անցնող ինը տարիներուն Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը անմիջական ներկայութիւն եղաւ Հայաստանի մէջ, իսկ Հայաստանն ալ` Դաշնակցութեան մէջ: Երիտասարդականը տարեկան կազմակերպեց «Անուշ հայրենիք» ճամբարներ, ուսանողականը` «Քաշաթաղը իմ տունն» աշխատանքային գործուղումներ: Պատանեկանը բանակում կատարեց Քանաքեռաւանի մէջ, մինչ «Արցախ ֆոնտ»-ին շնորհիւ` տարեկան քանի մը տասնեակ աշակերտներ մասնակցեցան Արցախի «Ասպետ» ռազմահայրենասիրական ճամբարներուն:

2016-ին, արցախեան քառօրեայ պատերազմին, Դաշնակցութեան Լիբանանի քարոզչական մարզի ներկայացուցիչները լիբանանցի իրեն գործընկերներուն ուղեկցեցան մինչեւ ճակատային առաջին դիրքեր` ազերիական տեղեկատուական պատերազմը տեղւոյն վրայ մղելու եւ իրականութիւնները հարազատօրէն արաբական աշխարհին սեփականութիւնը դարձնելու համար:

Պատահեցաւ նաեւ հակառակը, այն, որ Դաշնակցութեան հրաւէրով քառօրեայ պատերազմի նահատակներու ծնողներ հրաւիրուեցան Պէյրութ` նահատակութեան գերագոյն արժէքին մասին իրենց վկայութիւնները տալու համար լիբանանահայութեան:

Տասներկրորդ. եկէք` անկեղծ ըլլանք եւ խոստովանինք, որ Դաշնակցութենէն բացի` ո՞վ յիշեց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին լիբանանահայ նահատակները: Պատերազմի բռնկումի 40-ամեակին առիթ, Դաշնակցութիւնն է, որ շրջան առ շրջան յիշեց հայութեան բոլո՛ր նահատակները, ժողովրդային տուներու մէջ յատուկ յուշատախտակներ կանգնեցուց անոնց յիշատակին` նոր սերունդին փոխանցելով ազգային մարտունակութեան եւ հպարտութեան գերագոյն վկաներուն վսեմագոյն օրինակները:

Դաշնակցութեան հրաւէրին ընդառաջելով` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը անձամբ այցելեց նահատակաց յուշարձան եւ հայրենի պետութեան անունով գլուխը խոնարհեց անոնց յիշատակին, որոնք իրենց նահատակութեամբ բարձր պահեցին մեր գլուխները, համայն հայութեան պատիւն ու արժանապատուութիւնը:

Տասներեքերորդ. «Դաշնակցութիւնը ի՞նչ կ՛ընէ կոր…» ըսողներուն բանա՞նք Արցախի ի նպաստ կուսակցութեան կատարած աշխատանքներուն տետրակը: Դարձնե՞նք անոր էջերը, «Նոր կեանք նոր յոյս» ծրագիրէն մինչեւ «Գոյք Արցախի համար»: Արցախեան շաբաթներու կազմակերպումէն մինչեւ արցախցի կանանց համագործակցականի ստեղծում:

Ինը տարուան մէջ շուրջ մէկ միլիոն ամ. տոլարի օժանդակութեան մասին է մեր խօսքը: Տետրակը նեղ կու գայ բոլոր հաշիւներուն: Տետրա՜կը, տետրակնե՛րը չեն բաւեր նիւթականի կողքին ներկայացնելու նաեւ քարոզչական, դաստիարակչական եւ գաղափարական այն նկատառելի աշխատանքը, որ Արցախի ի նպաստ կը կատարուի պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական շարքերու մէջ, դպրոցներէն մինչեւ համալսարաններ, ակումբներէն մինչեւ մարմնակրթական եւ մշակութային միութիւններ: Համայնք մը ամբողջ Արցախով կը շնչէ, Արցախով կ՛ապրի, Արցախով կը տագնապի` շնորհիւ Դաշնակցութեան եւ անոր տեղեկատուական միջոցներուն` «Ազդակ»-ին ու «Վանայ Ձայն»-ին, որոնք իրենց պարտականութիւնն է որ կը կատարեն հաւատքով, համոզումով եւ քաղաքական-գաղափարական խոր գիտակցութեամբ:

Տասնչորրորդ. Ըսէ՛ք մեզի, անկեղծօրէն, Լիբանանի մէջ (եւ ոչ միայն Լիբանանի մէջ) դաշնակցութիւն եւ Հայ դատ կարելի՞ է անջատել իրարմէ: Անցնող ինը տարիներուն ո՞վ Հայ դատի աշխատանք տարաւ Լիբանանի մէջ, եթէ ոչ` Դաշնակցութիւնը: Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակին կողքին, անցնող շաբաթներուն ստեղծուեցաւ նաեւ Հայ դատի Պէյրութի գրասենեակը` իբրեւ կարիքի ու պահանջի արդիւնք:

Դաշնակցութիւնը Հայ դատի ի նպաստ կատարեց այս գաղութի պատմութեան մեծագոյն հանգանակութիւնները: Դաշնակցութեան հրաւէրին ընդառաջելով` լիբանանահայ գործարարներ մասնակցեցան նաեւ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի հանգանակային ընթրիքներուն` Տուպայի եւ Փարիզի մէջ, մեծագումար նուիրատուութիւններով նպաստելով Հայ դատի ընդհանրական ծրագիրներու յաջողութեան: Դեռ չենք խօսիր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ Արցախին համար կատարուած ռատիոթոններուն մասին, որոնք անցնող ինը տարիներուն կազմակերպուեցան Դաշնակցութեան կարեւոր ներդրումով եւ լիբանանահայութեան լայն մասնակցութեամբ:

Տասնհինգերորդ. Դաշնակցութեան գործին ու խօսքին հանդէպ թերահաւատները ինչո՞ւ կ՛ամչնան յիշելու, որ լիբանանահայութեան քաղաքական կամքին հարազատ ներկայացուցիչը եղած է ու կը մնայ Դաշնակցութիւնը: Լիբանանի մէջ կազմուա՞ծ է կառավարութիւն մը առանց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչի, բացի եթէ Դաշնակցութիւնը ի՛նք նպատակայարմար չէ գտած կառավարութեան մը իր մասնակցութիւնը: Եղա՞ծ է պետական նշանակում մը, որուն համար Դաշնակցութեան թեկնածուն կամ թեկնածուները նկատի առնուած չըլլան այլոց թեկնածուներու կողքին: Անշուշտ, եթէ այլոք թեկնածուներ ունեցած են: Երկրորդ հայ դեսպանի մը նշանակումը, Ա. կարգի հայ պաշտօնեայի մը, նաեւ Լիբանանի ընկերային եւ տնտեսական խորհուրդին մէջ հայերու նշանակումները կատարուեցան Դաշնակցութեա՛ն ջանքերուն շնորհիւ, քաղաքական մեր ներկայութիւնը այս երկրին մէջ ամրապնդելու եւ, իբրեւ եօթներորդ համայնք, քաղաքացիական մեր իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն լիիրաւ կերպով տէր կանգնելու համար:

Չերկարենք:

Մենք թուեցինք հաշուետուութեան 15 կէտ: Կրնանք թուել 15 թէ 30 կէտ եւս: Բայց ի՞նչ օգուտ: Եթէ մարդիկ որոշած են չտեսնել, չլսել ու չխօսիլ, 150 կէտ ալ թուենք, անիմաստ է:

Արեւը ամէն օր կը ծագի, մարդիկ ուզեն թէ չուզեն, սիրեն կամ չսիրեն: Արեւու ճառագայթները կարելի չէ պահել, թաքցնել: Ճառագայթներուն ջերմութիւնը կը հասնի բոլորին: Ոմանք կ՛ուրախանան անով, փառք կու տան, որ ան կայ եւ կը լուսաւորէ մեզ: Իսկ ուրիշներ չեն ուզեր տեսնել զայն, իսկ եթէ տեսնեն իսկ, կը դժգոհին անոր ջերմութենէն, տաքութենէն:

Դաշնակցութիւնը հայ կեանքի արեւն է, որ աշխարհի չորս ծագերուն կը ծագի 128 տարիէ ի վեր, ամէն օր: Անոր ճառագայթները կը հասնին աշխարհասփիւռ հայութեան` նոր կեանք, նոր յոյս ու նոր լոյս պարգեւելով բոլորին:

Ի զուր չէ, որ տակաւին դար մը առաջ հայ մարդը երգած է` «Անմար մնայ մեր գլխին ՀՅԴ-ի արեւը»:

Հայ մարդը այդ երգը երգած է, որովհետեւ հաւատացած է այդ արեւուն անխափան ներկայութեան: Իր կեանքը լուսաւորած է անոր ճառագայթներով: Ապրած ու մեծցած է անոր բարիքներով:

Մենք ալ, մեր կարգին, այդ երգը կը նուիրենք «Ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը ի՛նչ կ՛ընէ կոր…» ըսողներուն`, մաղթելով, որ օրին մէկը անոնք ալ բաց աչքերով կը տեսնեն այդ արեւը եւ հաշուի կը նստին անոր կենարար զօրութեան հետ, նոյնիսկ եթէ… չհանդուրժեն անոր ներկայութիւնը:

 

 

 

 

Նախորդը

Անկախութեան Կանչ

Յաջորդը

«Մեր Սիմոն»-ին Անհաւատալի Մեկնումը (Սիմոն Պետրոսեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?