Անդրադարձ. Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Գերմանացի Եւ Օտար Կարգ Մը Զինուորականներու Դերակատարութիւնը – Բ.
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս յօդուածները այլ նիւթերու շուրջ ուսումնասիրութիւն կատարելու ընթացքին հանդիպած անուններուն կը վերաբերի միայն եւ անոնց ու դէպքերու յարակից անձերու շղթային, խիստ մասնակի եւ հակիրճ, ու բնա՛ւ չի ներկայացներ բոլո՛ր օտար` ոչ թուրք զինուորականներուն կամ անհատներուն ուղղակի կամ անուղղակի մանրամասն դերակատարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան, կամ, միւս կողմէ, հայ ժողովուրդին զօրակցութեան, օժանդակութեան եւ ուրացման դէմ անոնց կատարած ականատեսի վկայութիւններուն: Սողոմոն...
















