Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Գերմանացի Եւ Օտար Կարգ Մը Զինուորականներու Դերակատարութիւնը – Բ.

Մայիս 10, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Այս յօդուածները այլ նիւթերու շուրջ ուսումնասիրութիւն կատարելու ընթացքին հանդիպած անուններուն կը վերաբերի միայն եւ անոնց ու դէպքերու յարակից անձերու շղթային, խիստ մասնակի եւ հակիրճ, ու բնա՛ւ չի ներկայացներ բոլո՛ր օտար` ոչ թուրք զինուորականներուն կամ անհատներուն ուղղակի կամ անուղղակի մանրամասն դերակատարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան, կամ, միւս կողմէ, հայ ժողովուրդին զօրակցութեան, օժանդակութեան եւ ուրացման դէմ անոնց կատարած ականատեսի վկայութիւններուն:

Սողոմոն Թեհլիրեան                               Եոհաննէս Լեփսիուս                        Ատոլֆ վոն Կորտոն

Գերմանացիներ` զօրավար Լիման վոն Սանտըրզ եւ դոկտոր Եոհաննէս Լեփսիուս` ականատեսներ Հայոց ցեղասպանութեան, իբրեւ պաշտպան կողմի վկաներ կը հրաւիրուին 2-3 յունիս 1921-ի` Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթ փաշան Պերլինի մէջ ահաբեկելու դատավարութեան: Լիմանի մասին նախորդիւ արդէն անդրադարձանք, իսկ ո՞վ էր Լեփսիուս (1858-1926):

Եոհաննէս Լեփսիուս Թուրքիոյ մէջ ծառայած գերմանացի բողոքական աւետարանիչ` միսիոնար, արեւելագէտ եւ մարդաբան էր, որ նուիրուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը կանխելու եւ ապա բացայայտելու աշխատանքին: Ան 1916-ին հեղինակած էր «Թուրքիոյ մէջ հայ ժողովուրդին կացութեան մասին զեկուցում»-ը` ուղղուած Գերմանիոյ խորհրդարանին, իբրեւ գաղտնի զեկուցում. սակայն զինուորական գրաքննութիւնը 1916-ին չարտօնեց, որ գիրքը Գերմանիոյ խորհրդարանին յանձնուի, եւ անիկա մնաց «գաղտնի» եւ առաջին անգամ վերահրատարակուեցաւ 2011-ին, 303 էջ: Սակայն 1916-ին, ան կրցաւ այս զեկուցումը, որուն աւելցուց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն Էնվեր փաշային հետ իր հարցազրոյցը, «Հայ ժողովուրդի մահուան ճանապարհը» խորագրով գիրքը հրատարակել եւ յաջողեցաւ 20 հազար օրինակ ցրուել: «Մուսա լերան 40 օրը» գիրքին հեղինակ Ֆրանց Վերֆել «Հայութեան պահապան հրեշտակը» մակդիրը տուած է Լեփսիուսին (1), (2), (3), (4):

Լեփսիուս Հայոց ցեղասպանութիւնը ամբողջապէս ներկայացնող ճշգրիտ մանրամասնութիւններով լեցուն վկայութեան մէջ կը նշէ նաեւ, որ Լիմանը, Զմիւռնիոյ, իսկ մարաջախտ (Քոլմար Ֆրայհըր) վոն տեր Կոլցը Պաղտատի մէջ` կը միջամտեն եւ կը փրկեն շրջանի հայերը` անոնց մէկ մասին արտագաղթը սկսելէն ետք:

Ֆրէյհըր վոն Վանկենհայմ                    Քոլմար վոն տեր Կոլց                          Ֆրետերիք վոն Շելենտորֆ

Սակայն Լիմանի վկայութիւնը, հաստատելով եւ ձեւով մը արդարացնելով Երիտասարդ թուրք կառավարութեան եւ Թալէաթ փաշայի կողմէ բոլոր հայերը տեղահանելու հրամանը` կասկած կ՛արթնցնէ ջարդերուն եւ ոճիրներուն անոր եւ կառավարութեան պատասխանատուութեան մէջ… նաեւ, Օսմանեան բանակին մասնակցութիւնը ջարդերուն` այն պատճառաբանութեամբ, որ իբրեւ հրամանատարի հայերու կապակցութեամբ իրեն  որեւէ հրաման չէ եկած պատերազմի նախարար Էնվեր փաշայէն (այս սուտը ստորեւ կը բացայայտէ Կոլց, ՅՉ) բացի համեմատաբար չնչին հրամաններ, օրինակ` բոլոր հայ եւ հրեայ պաշտօնեաները (թարգմաններ եւ այլն) գործէ արձակելու մասին:

Ջարդերը եւ ոճիրները անփորձ եւ անուղղայ ոստիկաններուն, քիւրտերուն, ոճրագործներուն, աւազակներուն եւ այլոց կը վերագրէ… (այլ տեղ ան կ՛ըսէ, որ ոստիկանութեան մեծամասնութիւնը կազմուած էր աւազակներէ, պարապորդներէ, ոճրագործներէ եւ նախկին բանտարկեալներէ, քանի որ բուն «կարգապահ» ոստիկանութիւնը ներառած էին բանակին մէջ, ՅՉ):

Սակայն պաշտպան փաստաբան դոկտ. Ատոլֆ վոն Կորտոնը դատարանին կը ներկայացնէ հինգ փաստաթուղթ հեռագիրներ` Հալէպի նահանգապետին ուղղուած, որոնք կը փաստեն Թալէաթ փաշային ուղղակի հրամանը` անխղճօրէն բոլոր հայերը, առանց սեռի ու տարիքի խտրութեան, մեծ ու պզտիկ բնաջնջելու:

Լիման կը փորձէր ծածկել կառավարութեան եւ զուգահեռաբար Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը ջարդերուն` սպանդներուն, պաշտպանելով այն վարկածը, որ տեղահանութիւնները անհրաժեշտ էին «պատերազմէն աւելի ապահով վայրեր» տեղափոխելու համար հայերը… (Միթէ թուրք բնակչութեան ապահովութեամբ չէի՞ն մտահոգուած անոնք, ինչո՞ւ զանոնք ալ չտեղահանեցին… ՅՉ):

Լեփսիուսի բնագիր տեղեկագիրը եւ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութիւնը

Սակայն, 1912-էն մինչեւ իր մահը` 26 հոկտեմբեր 1915, Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան (Հանս Ֆրէյհըր վոն) պարոն Վանկենհայմ կը գրէ. «Բացայայտ է, որ հայերու տարագրումը զուտ զինուորական նկատառումներէ չէ դրդուած: Վերջերս ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան յստակօրէն յայտնեց, որ Բարձր դուռը կ՛ուզէր օգտուիլ համաշխարհային պատերազմէն` միանգամընդմիշտ ձերբազատելու համար իր ներքին թշնամիներէն` բնիկ քրիստոնեաներէն, առանց օտար դիւանագիտական միջամտութիւններէ խանգարուելու»… «Պատերազմական գրաւման վտանգէ զերծ շրջաններու ընդգրկումը տարագրման ծրագիրին մէջ, նաեւ տարագրութեան իրագործման եղանակները կը փաստեն, որ կառավարութիւնը իրապէս կը հետապնդէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդը բնաջինջ ընելու ծրագիրը» (յունիս-յուլիս, 1915) (5), (6) (բոլոր ընդգծումները իմս):

Միւս կողմէ` Փիթըր Պալաքեան «Այրող Տիգրիսը» գիրքին մէջ, գերման դեսպանին մասին կը գրէ. «Ամերիկացի լրագրողի մը հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին Վանկենհայմ հաստատած է. «Ես չեմ մեղադրեր թուրքերը հայերուն դէմ կատարածին համար … Անոնք բոլորովին արդարացուած են»»… (7), (8), (9) :

Տեղահանութեան եւ հաւաքական պատիժի նախընթաց մը տեղի ունեցած էր արդէն Պելճիքայի մէջ, որուն գերմանացի «ռահվիրան» վերը եւ նախորդող յօդուածին մէջ նշուած զօրավար Քոլմար Ֆրայհըր վոն տեր Կոլցն էր, որ նաեւ առաջին գերման զինուորականն էր, որ ֆրանսացիներէն ետք, 1883-1895 ղրկուեցաւ Թուրքիա` արդիականացնելու համար օսմանեան բանակը:

Համաշխարհային Ա. պատերազմին սկիզբը, սեպտեմբեր 1914-ին, Կոլցը Պելճիքայի զինուորական կառավարիչ կը նշանակուի: Այդ հանգամանքով անգութօրէն կը վարուի ինչ որ մնացած էր Գերմանիոյ գրաւումին դէմ պելճիքական դիմադրութենէն ընդհանրապէս` դիպուկահարներ եւ երկաթուղային ու հեռագրային գիծեր վնասողներ:

Կոլց յայտարարեց. «Պատերազմական խիստ անհրաժեշտութիւն է, որ թշնամական գործողութիւններուն համար կը պատժուին ոչ միայն յանցաւորները, այլ նաեւ` անմեղները»: Սեպտեմբեր 1914-ին յստակօրէն հրամայեց. «Հետագային գիւղերը, որոնց մօտակայքը երկաթուղային կամ հեռագրային գիծեր կ՛ոչնչացուին, անգութօրէն կը պատժուին, ըլլան անոնք յանցաւոր կամ ոչ: Հետեւաբար երկաթուղիներու մօտակայքը գտնուող բոլոր գիւղերէն պատանդներ առնուած են երկաթուղիի կամ հեռագրի գիծերու վրայ խափանարարական յարձակում կատարելու առաջին փորձին իսկ այդ պատանդները պիտի գնդակահարուին»:

Ատոլֆ Հիթլեր գովաբանեց Կոլցի այս վարմունքը, երբ սեպտեմբեր 1941-ին արեւելեան Եւրոպայի մէջ նացիներուն վայրագութիւնը արդարացուց` նշելով Ա. Աշխարհամարտին Պելճիքայի մէջ կատարուած նախընթացը` ըսելով. «Հին Ռայխը արդէն գիտէր, թէ ի՛նչ խստութեամբ պէտք էր վարուիլ գրաւուած տարածքներուն մէջ: Այսպէ՛ս պատժուեցան Պելճիքայի մէջ խափանարարական փորձ կատարողները Կոմս վոն տէր Կոլցի կողմէ. «Ան գիւղապետները գնդակահարեց, այր մարդիկը բանտարկեց եւ կիներն ու մանուկները տեղահանելէ ետք, հրկիզեց երկաթուղիէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող բոլոր գիւղերը» (10):

1915-ի արեւելեան ռուս-թրքական պատերազմին ընթացքին գերմանացի զինուորականներ յանձնարարեցին հայ բնակչութեան տեղահանութիւնը Անատոլուի արեւելեան որոշ շրջաններէն` Արեւմտահայաստանէն, առաջքը առնելու համար հաւանական ապստամբութեան` ռուսերուն յառաջխաղացքի պարագային: Երբ պատերազմի նախարար Էնվեր փաշան ցոյց տուաւ այս հրամանագրերը, զօրավար Կոլց վաւերացուց զանոնք իբրեւ ռազմական անհրաժեշտութիւն:

Մինչ Լիման Սանտըրզ մերժեց Արեւելեան ճակատ ուղարկել բանակը, Կոլցը այնտեղ հրամանատար նշանակուեցաւ Էնվեր փաշայի կողքին, եւ 100 հազար հաշուող թրքական բանակին 90 հազարը մահացաւ Կարս նահանգի Սարիղամիշի ճակատամարտին, 22 դեկտեմբեր 1914 -17 յունուար 1915, մեծ մասը անօթութենէն եւ ցուրտէն, առանց իսկ կռուելու ռուսական բանակին դէմ, որուն մաս կը կազմէին Քեռիի (Արշակ Գավաֆեան) եւ Համազասպի (Սրուանձտեան) կամաւորական գունդերը: (Վերջերս ի յայտ եկաւ, որ Թուրքիոյ այժմու նախագահ Էրտողանի մեծ հայրը այդ սառողներուն մէջ եղած է եւ ոչ թէ` կռիւի ընթացքին «նահատակուած» (11), ՅՉ):

Հետագային Կոլցի փորձերը` կասեցնելու համար տեղահանութիւնները, ցոյց կու տան, որ երբ ինք վաւերացուց տեղահանութիւնները, չէր երեւակայած անոր ահաւորութիւնը: Դեկտեմբեր 1915-ին ան ուղղակի միջամտեց եւ իր հանգամանքին շնորհիւ` ժամանակաւոր կերպով կասեցուց հայերուն մի՛այն Պաղտատէն տեղահանութիւնը, երբ ինք Պաղտատ կը գտնուէր (12):

Օսմանեան բանակը Սարիղամիշի ձիւներուն մէջ                                          Քեռի, Համազասպ, Վարդան

Նախորդիւ նշուած` զօրավար Ֆրետերիք Պրոնսարթ վոն Շելենտորֆը կը հանդիսանայ ցարդ ամէնէն բացայայտ եւ բարձրաստիճան գերմանացի զինուորականը, որ ուղղակի քաջալերած եւ նոյնիսկ մասնակցած է մահացու տեղահանութեան ծրագիրի պատրաստութեան: Ան փոխարինած էր Լիման վոն Սանտըրզը` իբրեւ օսմանեան բանակի սպայակոյտի պետ, երբ վերջինը չէր հանդուրժեր եւ գրեթէ թշնամական կեցուածք կը դրսեւորէր պատերազմի նախարար, տարիքով իրմէ փոքր Էնվերի դէմ:

Շելենտորֆ 1919-ի սկիզբը գրած է. «Հայը, հրեային նման, մակաբոյծ մըն է իր հայրենիքէն դուրս, որ կը ծծէ իր գաղթած երկրին բարիքները: Այս է պատճառը

այն ատելութեան, որ միջնադարեան ոճով արձակուեցաւ իրենց վրայ` իբրեւ անբաղձալի ժողովուրդի եւ պատճառ դարձաւ անոնց բնաջնջումին» (13):

Շելենտորֆ հարկաւ գիտէր, որ հայերը հազարաւոր տարիներու իրենց հայրենիքին մէջ է, որ կապրէին, եւ եկուորները` Ծայրագոյն արեւելքէն եկած մակաբոյծ թուրքերը եւ այլ բարբարոս ցեղերն էին, որոնք թալանեցին Հայաստանի բարիքները: Եւ, փաստօրէն, Սքիփիոյի վկայութեամբ, հայերու տեղահանութեան պատճառով Թուրքիան սովահար եղաւ, անօթի մնաց:

24 ապրիլ 2018
Շար. (2)

—————————-

(1)  https://en.wikipedia.org/wiki/Johannes_Lepsius
(2) https://upload.wikimedia.org/wikipedia/commons/8/88/Bericht_%C3%BCber_die_Lage_des_Armenischen_Volkes_in_der_T%C3%BCrkei.pdf
(3)  https://www.aztagdaily.com/archives/10889  Վահրամ Էմմիեան
(4)  https://www.youtube.com/watch?v=5KXPDcsYKYw Տեսանիւթ
(5)  «Թեհլիրեան Արդարահատոյցը», Չորրորդ մաս, «Սղագրական արձանագրութիւն Սողոմոն Թէհլիրեանի դատավարութեան», էջ 79-305, ՀՅԴ Հրատարակութիւն, 1981, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, Պէյրութ:
(6)  http://armenians-1915.blogspot.com/2009/06/2893-full-transcript-of-soghomon.html
(7)  «The Burning Tigris», Balakian, Peter,  New York: Harper Collins, 2003, էջ 285.
(8)  https://en.wikipedia.org/wiki/Hans_Freiherr_von_Wangenheim
(9)  http://www.genocide-museum.am/eng/german.php
(10)  https://en.wikipedia.org/wiki/Colmar_Freiherr_von_der_Goltz#cite_note-46
(11)  http://www.hurriyetdailynews.com/turkish-defense-ministry-says-erdogans-grandfather-froze-to-death-during-world-war-one-125566
(12)  https://en.wikipedia.org/wiki/Colmar_Freiherr_von_der_Goltz#Armenian_Genocide
(13)  https://en.wikipedia.org/wiki/Fritz_Bronsart_von_Schellendorf

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

«Էս-400» Համակարգերու Թուրքիա Առաքումը Պիտի Սկսի 2020 Թուականին

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?