Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արա Արծրունին` Անհեթեթի Եւ Այլաբանութեան Ուղիներով…

May 10, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

Արա Արծրունի

2010 թուականին, Երեւանի մէջ լոյս ընծայուած «Արա Արծրունու թատերգութիւնը» մենագրութեան մէջ հայրենի թատերագէտ Լեւոն Մութաֆեան կը հաստատէ, որ Արա Արծրունի հիմքը դրաւ «ազգային պոստմոդեռնիստական դրամային [ազգային յետարդիական թատրերգութեան]:

Ծանօթ է նաեւ, որ Արծրունիի պատմուածքները, յատկապէս` վերջին տասնամեակներունը, ընդհանրապէս կը պատկանին անհեթեթի եւ այլաբանական գրականութեան: Արձակագիր գրողը այն հազուագիւտ գրողներէն է, եթէ ոչ` միակը, որ իր ամբողջ սեւեռակէտին առարկայ դարձուցած է գրական դժուարին այդ սեռը: Այս ծիրին մէջ նկատի ունիմ նա՛եւ եւ յատկապէս «Ծուէնները» (Անթիլիաս, 2010) եւ «…Alle՛goria…» (Անթիլիաս, 2017) վէպերը, որոնք, հեղինակին իսկ բնութագրութեամբ, որակուած են «երեւակայածին վէպ»:

Արեւմտահայ ժամանակակից գրականութեան աղքատ ազգականը եղած է թատրերգութիւնը: Այս հաստատումէն դուրս կը մնան Յակոբ Պարոնեանի մասնակի փայլատակումներն ու Երուանդ Օտեանի կարգ մը փորձերը այս ուղղութեամբ:

Մեր օրերուն նոյնն է պատկերը: Սակաւաթիւ սփիւռքահայ գրողներ համարձակութիւնը կ’ունենան մօտենալու թատրերգութեան եւ այդ մարզին մէջ արձանագրելու տոկուն գործեր: Զգուշութեամբ պիտի նշեմ քանի մը անուններ, որոնք վերջին տասնամեակներուն որդեգրեցին գրականութեան այս սեռը. Արման Վարդանեան (Պոլիս), Ռոպէր Հատտէճեան (Պոլիս), Հրանդ Մարգարեան (ԱՄՆ), Արա Արծրունի (Լիբանան):

Արա Արծրունիին անունը հարկ է անջատել վերոնշեալ անուններէն հիմնական մէկ պատճառով: Ան միակն է, որ մեզի ժամանակակից սփիւռքահայ թատրերգութեան կը ներարկէ նորին շունչը: Միջազգային թատրերգութեան նորարարութեան միտող մտահոգութիւնները կը գտնենք իր ստեղծագործութիւններուն մէջ, անհեթեթի եւ այլաբանութեան շեշտադրութեամբ, «յետարդիականութեամբ», որ երբեք միջազգայինէն փոխադրութիւն մը չէ մեր թատրերգութեան մէջ: Ազգայինին ընդելուզուած` համամարդկային մտասեւեռումներու արձագանգները կը գտնենք Արծրունիի բոլոր թատրերգութիւններուն մէջ: Այս մտահոգութեամբ, թերեւս պոլսահայ թատերագիր Արման Վարդանեան որոշ չափով մը կը մերձենայ իրեն:

Արա Արծրունիին արձակը գրական արուեստի նուաճում է: Նուաճում են նաեւ իր թատրերգութիւնները, որոնք անհեթեթի եւ այլաբանութեան միջոցով արդի հայ թատրերգութեան առջեւ կը բանան հրապուրիչ հեռանկարներ:

 

 

Նախորդը

Ազատ Մտածող Մտաւորականը

Յաջորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Կը Ներկայացնէ Արա Արծրունիի «Կոնտոլեզիա` Իմ Սէր» Բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.