Անդրադարձ

Քաղաքական հասունացման պահը

Քսան Օրեր, Որոնք Ցնցեցին Երկրի Կեղտը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Կեղտ մը պաշարած էր մեր հայրենիքի հասարակական կեանքը: Կեղտը թափանցած էր ղեկավարման մակարդակէն մինչեւ ժողովրդային խաւերը: Կեղտը կը կրծէր մեր հաւաքական ներուժը, կը խորթացնէր մեր ազգային արժէքները, կը կեղեքէր մեր հայրենական հարստութիւնը: Այս կեղտին շարժիչները ցեցերու նման սեփական յղփացման համար կը վատնէին մեր ժողովուրդին ու յատկապէս ապագայ սերունդի նիւթական եւ մտաւոր ժառանգութիւնը: Ինչպէս ՀՅ Դաշնակցութեան հիմներգը կը հաստատէ`...

Լոյս Տեսաւ Ճրտգ. Համբարձում Աղպաշեանի «Turkish Intellectuals Who Have Recognized The Reality Of The Armenian Genocide» Գիրքին Բ. Հատորը

Լոյս Տեսաւ Ճրտգ. Համբարձում Աղպաշեանի «Turkish Intellectuals Who Have Recognized The Reality Of The Armenian Genocide» Գիրքին Բ. Հատորը

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման 103-րդ տարելիցին, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի պաշտօնաթերթ «Նոր Օր»-ի հովանաւորութեամբ, ապրիլի այս օրերուն լոյս տեսաւ հայ մամուլի աշխատակիցներէն` ծանօթ հրապարակագիր ճրտգ. Համբարձում Աղպաշեանին պատրաստած «Թուրք մտաւորականներ, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութեան իրականութիւնը» անգլերէն աշխատասիրութեան երկրորդ հատորը: Ինչպէս` գիրքին Ա. հատորը, Բ. հատորը եւս ձեռք ձգելով եւ անոր էջերէն քանի մը...

Վստահուած Անձերու, Դաշնակցական  Պատասխանատուներու Եւ Քուէարկողներու  Կարծիքները` Ընտրական Հոլովոյթին Մասին

Վստահուած Անձերու, Դաշնակցական Պատասխանատուներու Եւ Քուէարկողներու Կարծիքները` Ընտրական Հոլովոյթին Մասին

Երէկ` կիրակի, 6 մայիսին, ՀՅԴ-ի բոլոր ակումբները եւ հայկական քուէարկութեան կեդրոնները մեղուափեթակներու վերածուած էին: Բոլոր կեդրոններուն մէջ Դաշնակցութեան հաստատուն թէ շրջուն վստահուած անձերը առաւօտէն մինչեւ իրիկուն ժրաջան աշխատանքի լծուած էին քուէարկողներուն աշխատանքները դիւրացնելու համար: «Ազդակ»-ի թղթակիցները այցելեցին Դաշնակցութեան ակումբները եւ քուէարկութեան կեդրոնները, մանրամասնօրէն հետեւեցան կատարուած աշխատանքներուն, զուգահեռ` ականջալուր եղան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ առաջադրուած թեկնածուներու, պատասխանատուներու, վստահուած անձերու թէ...

Լաւագոյն Զօրավարը` Բանաստեղծների Մէջ.  Հայաստանը Եւ Հայոց Մեծ Եղեռնը  Ռուս Զօրավար –  Բանաստեղծ  Ալեքսանդր Կուլեբեակինի Աչքերով

Լաւագոյն Զօրավարը` Բանաստեղծների Մէջ. Հայաստանը Եւ Հայոց Մեծ Եղեռնը Ռուս Զօրավար – Բանաստեղծ Ալեքսանդր Կուլեբեակինի Աչքերով

Հայոց ցեղասպանութեան թեմային այլազգի ոչ քիչ թուով գրողներ են անդրադարձել: Նրանց մէջ առանձնանում է նաեւ ռուս բանաստեղծ, զօրավար Ալեքսանդր Կուլեբեակինը, ով իւր ժամանակին «Լաւագոյն զօրավարը` բանաստեղծների մէջ» համբաւ էր վայելում: Ալեքսանդր Կուլեբեակինը, հիացած Հայաստանով, գովերգել է նրա սքանչելի գեղեցկութիւնը, զարմանալի պատմական յուշարձանները, գեղատեսիլ Վանը: Միեւնոյն ժամանակ Կուբելեակինն ականատեսն ու վկան  էր անցած դարասկզբին Արեւմտեան Հայաստանում տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնների հետեւանքներին...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Փակ Շրջանակէ Դուրս Կը Վերականգնի՞ Հայ Գրականութիւնը Մեր Կեանքին Մէջ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Գրասէրը կը նայի գրողի հայելիին մէջ, կը տպաւորուի, կը սիրէ, կը քննադատէ` ճշդելով դրական կամ բացասական վերաբերում: Գրասէրը իրաւունք ունի սիրելու գնահատելու կամ չհաւնելու գրական երկ մը, բանաստեղծութիւն, վէպ, պատմուածք, թատրոն: Գրասէրի խորք չունեցող ձեւականութեան տուրք տուող հիացումը գրողի գործին հանդէպ` զինք չի դարձներ գրող, այլ ձեւով մը` շողոքորթ պալատական, գրողի հռչակէն բաժին մը ստանալու ծաղրանկարային սեթեւեթով, հետեւողի...

Ի Վերջոյ, Սիրուն Գնացէք

ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ «Բռնութիւնը ոգու դէմ անզօր է: Քանի դեռ ոգին կայ, անապատում լինի թէ փրփրաշատ գետերի մէջ` մի գանգրահեր տղայ միշտ էլ աւազի կամ ալիքների միջից կը պարզի գլուխն ու մեզ ցոյց կը տայ յուսոյ ճանապարհը»: Սրանք եղբօրս` Վրէժ Իսրայէլեանի խօսքերն են. աւելի լաւ դժուար է ասել: Մեր յուսոյ ճանապարհի առաջին քայլ անողը Նիկոլն էր: Արեց, երբ այդ քայլին կարծես...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.   Ցնցոտիացումէն Դուրս Գալու Պահը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ցնցոտիացումէն Դուրս Գալու Պահը

Ամերիկացի հանրածանօթ վիպագիր Ալիս Ուոքըր կարճ ու տպաւորիչ նախադասութեամբ մը կը նկարագրէ շահագործողին մտայնութիւնը.- «Իշխող ղեկավարութիւնը բաւական ժամանակ տրամադրած պէտք է ըլլայ` մեր վրայ ծիծաղելու համար» («Those in power must spend a lot of their time laughing at us»): «Տը Քալըր Փըրփըլ» վէպի հեղինակ Ուոքըրի տուած օրինակը ցայտուն է, սակայն ո՛չ նոյնքան, որքան Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած ապրիլմէկեան...

Լոյս Տեսած Է «ՎԷՄ» Հանդէսի 2017 Թուականի  Վերջին` Չորրորդ Թիւը

Լոյս Է Տեսել «Վէմ» Հանդէսի 2018 Թուականի Առաջին Համարը

Խմբագրականում մանրամասն անդրադարձ է կատարւում մեզանում հայոց պետականութեան վերականգնման իւրայատուկ խորհրդանիշը դարձած մայիս 28-ի տօնակատարութիւնների նախապատրաստման ընթացքին, վեր են հանւում նրանում տեղ գտած թերութիւնները, ներկայացւում են վիճակը շտկելուն ուղղուած յստակ առաջարկներ: Շարունակելով «Վէմ»-ի նախորդ խմբագրականում տեղ գտած եւ ընթերցողների շահագրգիռ արձագանգին արժանացած` հայոց ինքնութեան շուրջ քննարկումները, ներկայ համարում նոյն թեմայի վերաբերեալ հրապարակուել են ընկերային փիլիսոփայութեան ոլորտի մասնագէտներ Էդուարդ Ա. Յարութիւնեանի...

Այո՝ ժողովրդային շարժմանը, ոչ՝ անարխիային…

Համազգային Կամքի Երիտասարդական Ներուժը…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ Միջազգային մամուլի հեղինակաւոր ներկայացուցիչներ առանձնակի դրուատանքներով են մեկնաբանում Հայաստանի Հանրապետութիւնում վերջին իրադարձութիւնները, կապուած` խաղաղ իշխանափոխութեանն ու դրանում նոր սերունդի` երիտասարդութեան անվերապահ դերակատարութեանը: Փաստօրէն երիտասարդութեան արթնացած ներուժը` քաղաքացիական շարժման ներգործումով, քաղաքականապէս նոր հարթակ ձեւաւորեց հայաստանեան քաղաքական-կառավարական դաշտում, մինչդեռ աւանդօրէն եւ գործնականում պատահում էր հակառակը, երբ քաղաքական ուժերն ու կուսակցութիւններն են հանդիսացել հասարակա-քաղաքական, տնտեսական եւ ինչու չէ նաեւ քաղաքացիական բարեփոխումներին...

Պապուկս

Պապուկս

ՎԱՀԱՆ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ Պապո՜ւկս... Ան թէեւ իմ հօրս հայրը չէր, այլ` հօրեղբայրը, բայց ան իմ պապուկս էր: Մանկութեան, պատանեկութեան յուշեր` փոքր տնակի մը մէջ, Գարատուրանի աւետարանական եկեղեցւոյ կից: Հո՛ն էր, որ կ’ապրէր  երկար տարիներէ ի վեր եւ կը ծառայէր նոյն եկեղեցւոյ, որուն բակին մէջ  մեր շատ փոքր  տարիքէն կը խաղայինք եղբայրներս  ու ես: Մեր ազատութեան վայրն էր ան: Մեր խաղը ամենահաճելին...

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Խմբագրական. Քուէն Ուժ Է

Ընտրարշաւի աշխատանքները աւարտած են: Հարցազրոյցներ, հաղորդագրութիւններ, յայտարարութիւններ, պաստառներ, ժողովրդային լսարաններ, հանրահաւաքներ` բազմաշերտ, լայնածաւալ եղանակներով լուսաբանումներ, ճառեր, ընտրական ծրագիրներ, բացատրողականներ եւ այդ բոլորին առօրեայ, միաժամանակեայ կշռոյթով մամուլի եւ քարոզչամիջոցներու արձագանգումներ այլեւս որեւէ տեղ չեն ձգած յաւելեալ իրազեկման, տեղեկացման: Պահը եկած է  լիբանանահայ համայնքի քաղաքական գործօնի ուժեղացման նպաստելու, համաժողովրդային մասնակցութիւնը առարկայացնելու համար ընդառաջ շարժելու մեկնարկը ազդարարելու: Զուգահեռ` Ընտրական կեդրոնական մարմինի համակարգումով ՀՅԴ...

Բամբասողներուն Եւ Կասկածողներուն Պատասխանը` Համաժողովրդային Ներկայութիւնը

Բամբասողներուն Եւ Կասկածողներուն Պատասխանը` Համաժողովրդային Ներկայութիւնը

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Ընտրական մեծ միթինկէն ժամեր առաջ, շատեր կասկածով կը մօտենային այն յոյսը ունենալով, որ այս անգամ Դաշնակցութիւնը պիտի չկարենայ համախմբել լիբանանահայութիւնը: Վերջին շաբաթներուն «նորոյթ» է Դաշնակցութիւն քարկոծելը, բամբասելը եւ զրպարտութիւններ կատարելը: Շատեր անբնական հաճոյք կը զգան, երբ կը տեսնեն ձախողութիւններ եւ վտանգներ, առանց գիտակցելու, որ Դաշնակցութեան հարուածելով նոյնինքն իրենց անձերուն եւ շրջապատին վնաս հասցուցած կ՛ըլլան: Այո՛, շատեր գրաւ դրած...

Ընտրութիւններ 2018.  «Ինչո՞ւ Ինչ Կ՛ընեն Կոր…»

Վաղը Քուէ՛ն Պիտի Խօսի

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Մինչեւ հիմա խօսեցան քաղաքական կուսակցութիւնները եւ անոնց ներկայացուցիչները: Խօսեցան թեկնածուները եւ անոնց ընկերային ցանցերը: Խօսեցան քաղաքական մեկնաբաններն ու լրատուամիջոցները: Վաղը խօսելու կարգը մեր ժողովուրդինն է: Խօսելու միջոցը քուէն է: Վաղը քուէ՛ն պիտի խօսի: Ազատ արտայայտութեամբ անկախ քուէն: Քուէն պիտի խօսի կարկուտի արագութեամբ եւ առատութեամբ: Վաղը լռութիւնը ոսկի չէ՛: Լռութիւնը, անտարբերութիւնն ու կրաւորականութիւնը դասալքութիւն են: Պարտութի՛ւն է: Նահա՛նջ է:...

Կ՛իրականացնե՞նք Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Սփիւռք(ներ)ի «Ժողովուրդներ»-ու Մէկութիւնը

Դիմաւորելով 100-ամեակը-16. Յովհաննէս Թումանեանի «Միտքեր»-ի Հետ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Երեւան, Յովհաննէս Թումանեանի (1869-1923) թանգարանէն գնած էի մանրակազմ, բայց հաստափոր հատոր մը` «Միտքեր» (Արեւելք-արեւմուտք մատենաշար), լոյս տեսած` 2011-ին: Երբեմն կը բանամ գիրքը, կը դարձնեմ էջերը: Ինչե՜ր ըսած եւ գրած է ժողովուրդին եւ հողին մօտ ապրած այս հայը: Չեմ ուզեր սահմանափակել մարդը` ըսելով բանաստեղծ, հեքիաթագիր, գրող: 1919-ին Հայաստանի Հանրապետութեան «նախարարապետ»-ին ուղղուած նամակէ մը մէջբերում կայ, որ կ’ըսէ. «... մենք...

Յանուն Ազգային Միասնականութեան Եւ Ժողովրդավարութեան

Ներազգային Քաղաքականութեան Պատասխանատուութեան Նոր Փուլ

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Կասկածէ վեր է, որ այսօր համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտը երկու ուղղութեամբ է. Առաջին` Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու անվտանգութեան եւ անդորրութեան ու ապա Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  սահմաններու վրայ կուտակուած փաստացի արտասովոր ազրպէյճանական զինուորական ներուժի եւ ծանր տեսակի զէնքի կիսապատերազմական սպառնալիքներով շարժումները: Երկրորդ` Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական իրադարձութիւնները, ժողովրդային զարթօնքը, որոնք կը ձգտին աւելի արդար, բարգաւաճ եւ լուսաւոր նոր Հայաստանի մը կերտման:...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Զարգացման Երաշխիքը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Զարգացման Երաշխիքը

Քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ առանձնակի դեր ունեն մարդկային հաւաքականութիւնների ըմբոստութիւնները, որոնք զանազան ձեւերով արտայայտուել են որպէս յեղափոխութիւններ, ապստամբութիւններ կամ ընդվզումներ: Այդ ըմբոստութիւնները հիմնականում հանդիսացել են մարդկութեան զարգացման թռիչքային հանգրուանների բեմահարթակներ: Այս դիտանկիւնից` սուտ եւ մտացածին են ազատական այն տեսակէտները, որ իբր թէ միայն կայունութեան ապահովմամբ կարելի է ունենալ զարգացում: Զարգացման համար, ի հարկ է, պէտք է ունենալ ոչ միայն կայուն մթնոլորտ,...

Դաշնակցութիւնը Իր Էութի՛ւնը Հայութեան  Կու Տայ Եւ Պիտի Շարունակէ Տալ

Դաշնակցութիւնը Իր Էութի՛ւնը Հայութեան Կու Տայ Եւ Պիտի Շարունակէ Տալ

ՓԱԹԻԼՕ Արդէն մտած էինք մայիս ամիսը, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն օրը կը մօտենար  յանկարծ նկարներ յայտնուեցան ասդին ու անդին, բնականաբար` առաջադրուած թեկնածուներու նկարներ: Աթոռի պայքարին զուգահեռ սկսաւ քուէի առեւտուրը: «Միւսները հազար տոլար կու տան կոր»-ը ընթացք առաւ, իսկ ոմանք շեղեցան... Իսկ որո՞նք են միւսները. ո՞ւր էին մինչեւ հիմա. դարէ մը աւելի է, որ Դաշնակցութիւնը թիկունք կանգնած է հայուն, Հայ դատի ճանաչման...

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Ընտրական Քրոնիկ. Շարունակականութիւնը Ապահովելու Օրը

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Մայիս 6-էն առաջ պէտք է հաստատել մէկ իրողութիւն: Այսօր արդի աշխարհի տրամադրած բոլոր միջոցները իրենց դրական եւ ժխտական երեւոյթներով կրնան հանրութիւնը շփոթի մատնել, ուղղուածութեան վրայ ազդել, սկզբունքներէ շեղել, երախտագիտութեան եւ պատկանելիութեան զգացումներուն վրայ ազդել, սակայն կայ մէկ եւ միակ իրականութիւնը` գնայուն եւ մնայուն արժէքի իրողութիւնը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր տասնեակ տարիներու վաստակով, գործունէութեամբ, տեսլականով, քաղաքական եւ ազգային սկզբունքներով,...

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Մայիս Մէկը Հայաստանի Մէջ. Համակարգային (Յեղա)փոփոխութիւնը Եւ Աշխատանքի (Մոռցուած) Դատը

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անցած տարուան ընթացքին համաշխարհային մակարդակով ստեղծուած հարստութեան 82 տոկոսին տէր դարձած է աշխարհի ամենահարուստ բնակչութեան մէկ տոկոսը, մինչ մարդկութեան ամենաաղքատ հատուածի 50 տոկոսին եկամուտը զերօ յաւելում արձանագրած է: Աշխարհի ամենահարուստ 61 անձերու ունեցած հարստութիւնը համահաւասար է մարդկութեան այս ամենաաղքատ հատուածի կէսին ունեցած ամբողջ հարստութեան: Երկու հարիւր պիլիոն տոլար կը հաշուուի այն գումարը, որ աշխարհի ամենահարուստ մէկ տոկոսը...

Մեր Հաւաքական Շահերը` Ամէն Բանէ Վեր

Մեր Հաւաքական Շահերը` Ամէն Բանէ Վեր

ՄԱՐՏԻԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Վերջին շաբաթներուն կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ: Բազմահազար հայեր, մանաւանդ` երիտասարդներ, քաղաքացիական անհնազանդութեամբ եւ քաղաքակիրթ պահուածքով իրենց դժգոհութիւնը եւ ընդվզումը կը յայտնեն ի տես վերջին տասնամեակներուն աստիճանաբար աճող` երկրի քաղաքական եւ տնտեսական համակարգին յաւելեալ վատթարացման դէմ, որուն վերջնագոյն դրսեւորումը եղաւ Սերժ Սարգսեանի վերարտադրումը: Նախագահական համակարգին անցումը` աւելի ժողովրդավար խորհրդարանական վարչաձեւին: Ճարպիկօրէն, սահմանադրական ձեւաւորումով չափուած ու ձեւուած` իր...

Page 537 of 806 1 … 536 537 538 … 806

Արխիւներ