Մերօրեայ Անհեթեթութիւն
Ռ. Ա. Բեմին վրայ թատերագիր, արձակագիր եւ հրապարակագիր Արա Արծրունիի «Կոնտոլեզիա իմ սէր» թատերախաղն է` բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի: Ներկայ է հեղինակը, հանդիպելու` տեսանելի արժէքներու վերածուած իր գրական կերպարներուն հետ: Արա Արծրունին եկած է Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին մէջ անսպասելին, տարօրինակը, զարմանալին... բեմադրիչին իւրօրինակ մեկնաբանութիւնը տեսնելու: Պաստառին` ներկայացման ժամանակաշրջանը բնութագրող տողերը, աշխարհի տարբեր լեզուներէն մինչեւ հիէրօկլիֆներ ու սեպագիր արձանագրութիւններ` հանդիսատեսը...


















