Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մօր Տօնը Շնորհաւոր

May 14, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԵՆՏԷՐԵԱՆ

«Մեր տան ճրագն է մայրս,
Մեր արեգակն է մայրս:
Մայրս, մեր տան հացն է մայրս
Մեր տան Աստուածն է մայրս»

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ

Այսպէս փակեց Յովհաննէս Շիրազ իր «Մայրս» բանաստեղծութիւնը, որ ժայթքումն է հզօր զգացումներու վիմապատառ աղբիւրի, որ իւրաքանչիւր երախտապարտ զաւկի` մօր հանդէպ սիրոյ անկեղծ արտայայտութիւնն է:

Յ. Շիրազ նկարագրած է իր մայրը` հայ մայրը, ինչպէս որ է: Ան նկարագրած է մայրը` իբրեւ տան արքան ու ծառան, ճորտն ու տէրը, իբրեւ դեղ ու ճար, օրօրոց ու ամրոց: Շիրազ իր այս բանաստեղծութեան մէջ ամփոփած է ո՛չ միայն իր մօր, այլ ընդհանրապէս հա՛յ մօր տիպարը:

Բանաստեղծութիւնը ամբողջութեամբ բխած է անոր սրտին խորերէն, եւ իւրաքանչիւր տող, իւրաքանչիւր բառ ունի իր յատկանշական իրապաշտ, զգացական ու խոր իմաստը: Երկնային Արքայէն ետք, ան մայրը հռչակեց արքայ, թէկուզ տան արքայ, սակայն` արքայ, միաժամանակ զայն ծանօթացնելով իբրեւ տան ծառան:

Ինչպէ՞ս կարելի է, որ անձ մը միաժամանակ թէ՛ արքայ եւ թէ՛ ծառայ ըլլայ: Այս մէկը անկարելի կը թուի, սակայն այս երկու տիտղոսները միաձուլուելով` ստեղծած են հա՛յ մայրը:

Բանաստեղծութիւնը ամբողջութեամբ փշաքաղող է, սակայն ամէնէն գեղեցիկ ու խորհրդաւոր բաժինը, որ բոլոր տողերէն աւելի ուժեղ է ինծի համար, վերջին չորս տողերն են, զորս յիշեցի: Ճրագ, արեգակ, հաց եւ Աստուած: Ահա չո՛րս բառեր, որոնք կ՛իմաստաւորեն մարդկային կեանքն ու առանց անոնց` ոչ ոք կրնայ ապրիլ:

Մայրը մայր է, սակայն, ներեցէք ինծի, հայ մայրը տարբեր է: Ան դարեր շարունակ, մեր պատմութեան ընթացքին հերոսական դերակատարութիւն ունեցած է:

Ծնած է անկրկնելի դիւցազուններ, որոնք մինչեւ օրս կը պաշտուին: Եղած է` յոյսի ու ներշնչման աղբիւր, կամքի ամրոց, արժանապատուութեան դպրոց… Եղած է մշակոյթի ու աւանդութեանց անքուն պաշտպան ու մայրենի լեզուի պահապան… եղած է զինուոր` գոյատեւման, հաւատքի կռուան, խղճի, սիրոյ ու գուրգուրանքի մառան:

Կարելի՞ է մոռնալ այն մայրերը, որոնք մերժելով բռնաբարուիլ` Եփրատ գետ նետուեցան: Կարելի՞ է մոռնալ այն մայրերը, որոնք մերժելով թուրքին առջեւ մերկ պարել` ողջակիզուեցան: Կարելի՞ է մոռնալ այն մայրերը, որոնք անապատի աւազին վրայ այբուբեն սորվեցուցին իրենց ժառանգորդներուն:

Կարելի՞ է մոռնալ այն մայրերը, որոնք իրենց զաւակները նուիրաբերեցին ի խնդիր հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան պահպանման: Ո՞վ կը մոռնայ 1918-ի հայ մայրը, երբ ան զէն ի ձեռին, զաւակը շալակը, միացաւ իր ամուսնոյն մղած կռուին` հաւատալով հայրենիքի գաղափարին:

Ո՞վ կը մոռնայ 1988-ի երկրաշարժի փլատակներուն տակ գտնուող մայրը, որ օրեր շարունակ իր արեամբ սնուցանեց իր նորածինը:

Բի՛ւր յարգանք, սիրելի՛ մայրեր,

Բի՛ւր յարգանք ձեզի, ազգիս հերոսներ,

Ձեր զոհողութեան ու նուիրաբերումին դիմաց` մենք կը մնանք ցկեանս շնորհապարտ:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մօր Կարօտով

Յաջորդը

Հրաշալին Եւ Հարցականը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.