Նախագահ Աունի կողմէ ստորագրուած հրամանագիրը` արաբ գործարարներու լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու, քաղաքական գայթակղութիւն ստեղծած ըլլալու մթնոլորտ յառաջացուցած է: Հրամանագիրը համաստորագրուած է վարչապետին եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնին կողմէ:
Քաղաքական, հասարակական եւ տեղեկատուական մակարդակներու վրայ յառաջացած բողոքները եւ քաղաքացիութիւն ծախելու յայտարարողական մեղադրանքները իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են որոշումը եթէ ոչ չեղեալ յայտարարելու, այլ այս պահու դրութեամբ առկախելու եւ գործարարներու ինքնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պահանջելու Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու բաժանմունքէն:
Քաղաքացիութիւն շնորհելու հրամանագիրը սահմանադրական իրաւադրոյթներ ունի եւ որեւէ ձեւով նախագահը հակասահմանադրական քայլ առած ըլլալու իրավիճակին մէջ չի գտնուիր: Խնդիրը, որ սուր զգայնութիւններու բախած է, առաւելաբար քաղաքական ենթահող ունի անշուշտ:
Նախ շուրջ տասը հազար դիմում` լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստանալու, կը սպասեն իրաւական ընթացակարգի մէջ մտնելու. այժմ ընտրովի երեք հարիւր վաթսուն գործարար միանգամայն կը ստանան քաղաքացիութիւն:
Ընտրովիներու խմբակի հասարակ յայտարարը անոնց գործարար հանգամանք ունենալն է, ուրեմն շեշտը այս պարագային ֆինանսատնտեսական շարժառիթին կը վերաբերի հիմնովին: Առկախումի հիմնաւորումը, որ պաշտօնապէս հրապարակուած է, կը վերաբերի անոնց քաղաքական հակումներուն, այլ խօսքով` պաշտօնական Դամասկոսի եւ վարչակարգի անմիջականօրէն մօտ շրջանակի մաս կազմած ըլլալուն:
Զուտ ֆինանսատնտեսական մօտեցումի վերլուծումը կը կեդրոնանայ բնականաբար լիբանանեան դրամատուներուն մէջ նոր մեծագումար շրջանառութիւններ ապահովելու եւ իբրեւ լիբանանցիներ այլեւս համաարաբական գումարներ լիբանանեան տարբեր ոլորտներու շուկաներուն մէջ հսկայական ներդրումներ ապահովելու նոր կարելիութիւններուն վրայ:
Բայց այստեղ Լիբանան է եւ հանրային կարծիքը շատ արագ կը դիրքորոշուի, որ առաջադրուածը ոչ թէ անպայման երկրի ֆինանսատնտեսական ոլորտի կայացման եւ զարգացման կը վերաբերի, այլ նախագահի անմիջական շրջանակի ստուերային գումարներու բարձր կուտակումներուն:
Քաղաքացիութիւն ծախելու մեղադրանքը, որ գրաւած է նաեւ լիբանանեան մամուլի էջերու առաջին հորիզոնականը, պէտք է ըսել, որ զուտ լիբանանեան երեւոյթ չէ: Ներդրումներ քաջալերելու, կալուածներու առք ու վաճառքը շարժունակ պահելու եւ անշարժ գոյքերու գնային կայունութիւնը պահպանելու համար Եւրոպական Միութեան երկիրներ իրար ետեւէ նոյն միջոցին դիմած են. տեղւոյն վրայ ժամանակաւոր կեցութեան յատուկ կարգավիճակ կը ստանան այն օտարերկրացիները, որոնք եւրոպական տուեալ երկրին մէջ որոշ նուազագոյն սակագինի դիմաց կալուածատէր կը դառնան. անկէ ետք անմիջապէս կը սկսի քաղաքացիութիւն ստանալու ընթացակարգը պարզեցուած, արագ կարգով: Միայն կալուածատէր դառնալը չէ այն միջոցը, որ նման փաստաթուղթերու տիրացման կ՛արժանացնէ օտարազգին: Սահմանուած ժամանակի համար քարացած որոշուած գումար տուեալ երկրի դրամատան մէջ պահ դնելու դիմաց միեւնոյն առանձնաշնորհումներուն կ՛արժանանայ օտարերկրացին: Վիճակագրական որեւէ ուսումնասիրութիւն կրնայ արագ նկատել, որ արաբական շրջանակներէ որքան գումարային հոսք կատարուած է դէպի Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ կամ այլուր ճգնաժամային երկիրներու քաղաքացիութեան առընթեր միջազգայնօրէն ընդունելի անցագիրներ ստանալու, ներդրումային եւ շրջագայութեան անարգելութիւն ձեռք ձգելու համար:
Հիմա գայթակղութեան մթնոլորտի յառաջացման ճիգերուն առընթեր կ՛արժէ մտածել նաեւ, որ եթէ արաբական գործարար շրջանակներու համար Լիբանանը եւս իր ներդրումային դաշտով եւ անցագրային ընդունելիութեամբ կը նկատուի անցագիր շնորհող երկիրներու շարքին, այդ կը նշանակէ միջազգայնօրէն ընկալուած կայունութիւն եւ եթէ ոչ նոյն յարաբերութեամբ, բայց ի վերջոյ անցագրային յարգելիութիւն:
Լիբանանեան օրէնսդիր դաշտը քայլ ունի կատարելիք: Քաղաքացիութիւն շնորհելը ունի միջազգային կենսափորձ` համապատասխան օրէնսդրութեամբ: Քաղաքացիութեան դիմելու պայմանները, ընթացակարգը, ամբողջացնելիք տուեալները, թէ՛ ընթացիկ եւ թէ՛ արտակարգ դրութիւններով պէտք է յանգի յատուկ օրէնքի:
Այս հարցի իրաւականօրէն յստակացումն ու ամրագրումը կը կանխարգիլեն նաեւ քաղաքական շահարկումները:
«Ա.»