ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Մայիս 28-ին Սարդարապատի յուշահամալիրին առջեւ սարքուեցաւ խայտառակութիւն մը: Պարզուած ամօթին գիտակից էին թէ անգիտակից` հայրենի պետական այրերը, միեւնոյնն է: Կատարուածը մեր պատմութեան դէմ դաւաճանութեան համազօր էր, պատահածը մեր ազգային արժանապատուութեան դէմ նախատինք էր:
Կարելի՞ է պատկերացնել մեր պատմութենէն այս աստիճանի խորթացում: Կարելի՞ է սպասել մեր ազգային արժէքներու այս աստիճանի խաթարում:
Մայիս 28-ը մեր ժողովուրդի հաւաքական վերածնունդի սրբազան խորհրդանիշն է: Մայիս 28-ը մեր կորստեալ պետութեան վերականգնումի կրանիթեայ ապառաժն է: Անջնջելի է այդ խորհրդանիշը: Անխորտակելի է այդ ապառաժը:
Մեր պետական այրերը եւ միւսները այս պարզ ճշմարտութիւնը չէի՞ն գիտեր: Եթէ չեն գիտեր, չէի՞ն կրնար սորվիլ:
Խոպան ժողովուրդ չենք: Հտպիտ պետութիւն չենք: Մենք այսօր հոս ենք իբրեւ իմաստուն եւ աշխատունակ ժողովուրդ` շնորհիւ պատմութեան անիւը շրջադարձելու մեր կամքին ու հարուածող բազուկին: Մեր պետութիւնը այսօր կանգուն է` շնորհիւ ազգային տեսլականի եւ հաւաքական գաղափարի մեր անսակարկ յանձնառութեան:
Միթէ այսքանին չէի՞ն անդրադառնար մեր պետական այրերը:
Պէ՛տք է անդրադառնան, որովհետեւ վեց դարեր շարունակ ազատութեան ճանապարհէն դուրս մղուած եւ սեփական պետութեան հոգատարութենէն զրկուած ժողովուրդ էր հայութիւնը: Իր բնակչութեան համրանքին գրեթէ երկու երրորդը 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեամբ նահատակուած ազգութիւն էր հայութիւնը: Հայրենական սահմանները կորսնցուցած հողատարածք էր Հայաստան աշխարհը:
Այդպէս էր մեր հաւաքական դժբախտ վիճակը` վեց երկար դարեր:
Սակայն երեք տասնամեակներ յեղափոխական խոյանքներով հայ մարդը իր կամքը պարտադրեց հայութեան դէմ արձակուած պատմութեան անողոք վճիռին: Մայիս 28-ին հայութիւնը վճռեց համախումբ ազգ դառնալ, իր սեփական պետութիւնը կերտել, իր մասնակցութիւնը բերել թէ՛ ազգային եւ թէ՛ համամարդկային քաղաքակրթական ու տնտեսական վերելքին: Եւ մենք յաջողեցանք, յաղթանակեցինք` շնորհիւ մեր կամքին, բազուկին, գաղափարին եւ տեսլականին:
Պատմութիւնը կրկին փորձեց կասեցնել մեր ազգային առաքելութիւնը, այս անգամ` եօթը տասնամեակներ: Բայց, հետեւողականօրէն պահպանելով մայիս 28-ի մեր ժառանգութիւնը, կրկին վերադարձանք մեր հաւաքական ազատութեան, քաղաքական ու մարտական անկախութեան եւ ազգային հարազատ պետութեան:
Եթէ չունենայինք մայիս 28-ով կերտուած անկախ պետականութիւնը, չէինք ունենար Խորհրդային Հայաստանը: Հետեւաբար չէինք ունենար նաեւ մեր վերանկախացած հանրապետութիւնը: Բոլոր ժամանակներուն համար մենք ունինք եւ պիտի ունենանք ՄԷԿ հանրապետութիւն` մայիս 28-ով կերտուած հանրապետութիւնը:
Բայց ինչո՞ւ կը բացակայէր մեր պատմական երթի ու տեսլականի ճշմարտութիւնը հայրենի ներկայ գործիչներու կազմակերպած խայտառակութենէն, որ պատահեցաւ մայիս 28-ին` հանրապետութեան հարիւրամեակը նշող սարդարապատեան բեմադրութեամբ:
Յայտագիրը` իր երգով ու նուագով, անյարիր էր մայիս 28-ի խորհուրդը հարազատօրէն ջամբելու հայրենի պետութեան պարտադրութեան: Մայիսի 28-ին ռուսական «Քալինքա»-ն նոյնքան խորթ է մեզի համար, որքան` ամերիկեան «Եանքի տուտըլ տանտի»-ն կամ ֆրանսական «Մարսէյեզ»-ը: Մայիս 28-ին նոյնքան անհաղորդ են մեզի համար Կարմիր բանակի Բ. Աշխարհամարտի սխրանքները, որքան` ամերիկացի զօրավար Փաթընի յոխորտանքները կամ ֆրանսական ռեզիսթանսի քաջագործութիւնները:
Մայիս 28-ին մենք միայն ունինք մեր Ղարաքիլիսան ու Բաշ Ապարանը: Մենք ունինք մեր Արամը: Ունինք մեր Դրոն եւ Նժդեհը: Ունինք մեր Քաջազնունին, Խատիսեանը, Օհանջանեանը եւ Վրացեանը:
Իսկ պատգա՞մը: Մայիս 28-ը ո՛չ վարդաբոյր, ո՛չ ալ նարնջահամ գործողութիւն էր: Արիւն էր, քրտինք էր, զոհաբերում էր, նուիրում էր մայիս 28-ը: Մեր մայիս 28-ը Արամի ոգին էր, Դրոյի կամքը եւ Նժդեհի յանդգնութիւնը, որոնք թումբ կանգնեցան քառապատիկ թիւով ու բազմապատիկ անգամ զրահաւորուած թուրքերուն դէմ:
Իսկ պաշտօնական հրաւիրեալնե՞րը: Խորհրդարանական պետութիւն ենք: Ո՞ւր էր Ազգային ժողովի նախագահը: Ո՞ւր էին վերանկախացած Հայաստանի նախկին երեք նախագահները: Սա մեր պետութեան հարիւրամեակն է: Պաշտօնական հարթակին վրայ պարտաւոր են ներկայ ըլլալ կառավարութիւնը` լրիւ կազմով, նախկին նախագահները եւ խորհրդարանի նախագահը: Ո՞ւր էին այս բոլորը…
Իսկ պատասխանատունե՞րը այս խայտառակութեան: Կեղծաւորութիւն է դիմել պիղատոսեան չքմեղանքին: Հայրենի ղեկավար այրերը չեն կրնար լուալ ձեռքերնին եւ մեղադրել ուրիշը: Հանրապետութեան հարիւրամեակին առիթով Սարդարապատի համալիրին առջեւ սարքուած ամօթը կը պատկանի բոլորին, թէ՛ նախկինին, որ ծրագիրներու փոխանցումը կատարեց, եւ թէ՛ նորին, որ ստանձնեց մեկնողին պարտաւորութիւնները: Աւելի՛ն. հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը չեն մասնակցիր պաշտօնական ձեռնարկներու` առանց նախապէս համամիտ եւ տեղեակ ըլլալու մանրամասնութիւններուն:
Վերջաւորութեան, հարկադրաբար եզրակացութիւն մը երեւան կու գայ: Մեր ազգային արժէքներու խաթարման, նենգափոխման եւ խորթացման արշաւը կը շարունակուի: Այս հեւքին մէջ արեւի լոյսի նման յստակ է թիրախը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութի՛ւնը կերտեց մայիս 28-ը եւ դարբնեց մեր հանրապետութիւնը: Բայց Դաշնակցութիւնը երբեք չդաշնակցականացուց ո՛չ մայիս 28-ը, ո՛չ հանրապետութիւնը, ո՛չ անկախութիւնը, ո՛չ եռագոյնը, ո՛չ զինանշանը, նաեւ` ո՛չ Սարդարապատը, ո՛չ Բաշ Ապարանը եւ ո՛չ ալ Ղարաքիլիսան:
Բայց ինչո՞ւ կը վախնան Դաշնակցութենէն…
29 մայիս 2018
Լոս Անճելըս