ԱՐԻՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Գաղափարապաշտութիւն, իտէալապաշտութիւն, կատարելապաշտութիւն…
Եթէ գոյութիւն չունենային այս յղացքներուն բացատրութիւնները, թերեւս աւելի նուազ «աչքի պիտի զարնէին» անոնք:
Խորքին մէջ բոլորս ալ գիտենք, որ «իտէալական» կամ «կատարեալ» բան գոյութիւն չունի, որովհետեւ, եթէ ոեւէ մէկուն համար այդպէս է, միւս անձին համար բոլորովին տարբեր է: Մէկը կրնայ նոյնիսկ «ֆանաթիք» ածականը տալ դէպի Թուրքիա ճամբորդութիւնը եւ կամ օտար ամուսնութիւնը մերժողներուն ու քննադատողներուն: Մինչեւ իսկ այս յղացքները, երբեմն դադրելով իրենց բառարանային բացատրութիւնը կրելէ, կ՛անցնին տկարութեան կամ անհասունութեան չափանիշները ճշդորոշելու սահմաններուն մէջ: Այս վերջինին մասին գրելն անգամ աւելորդ կը տեսնեմ, որովհետեւ հպարտութիւն է հայ ըլլալն ու հայ մնալը:
Դառնալով այս յղացքներուն, բնակա՛նաբար, անհատի մը կենցաղին մէջ գոյութիւն ունի ձգտում` դէպի կատարեալն ու լաւը, եւ ատիկա մարդկային բնական ու առողջ բաղձանք մըն է, ըստ ինծի: Եւ ամէն անհատ իր նախասիրութիւններուն համեմատ կը փորձէ ձգտիլ անոր. մին արհեստագիտական իր մեքենաները կ՛ուզէ ըլլան «կատարեալ», ուրիշ մը` իր հագուածքը, այլ անձ մը` իր մկանները, խօսակցական լեզուն եւ այլն, եւ այլն: Երբ հասնի գործի ասպարէզի կամ որեւէ այլ գործունէութեան, սակայն, այնպէս կը թուի, որ իտէալը, գաղափարն ու կատարելութեան ձգտումը այսպէս կոչուած «յանցանք»-ներ են կամ անհատի մը գոհացում տալու միջոցներ:
Պարզ տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, որ գործի մը յաջողութեան գաղտնիքներէն մէկը օրէնքներուն եւ տրուած բացատրութիւններուն հետեւիլն է: Այսպէս, եթէ դերձակ մը չհետեւի կանոններուն, կարուած հագուստը լաւորակ չ՛ըլլար ու աւելի ծախս, մարդուժ ու ժամանակ կորսնցուցած կ՛ըլլայ դերձակը` դարձեալ շտկելու համար այդ հագուստը, բացի եթէ փափաք չունի իր յաճախորդին ուզածը տալու: Հոս, դերձակը անպայմանօրէն պէտք է մտածէ իր յաջորդ քայլին ու անոր հետեւանքներուն մասին` ապահովելու համար իր գործին արդիւնաւէտութիւնը: Շատ յաճախ, եթէ ոչ` միշտ, առօրեայ կամ հանրային գործերու մէջ, ապագայի հանդէպ անհեռանկար մօտենալու հարցը կը մնայ մութ ու չարծարծուած, եւ այն պահուն, երբ արծարծուի, անպայմանօրէն կը յետաձգուի: Օրինակ` մեծամասնութիւնը կրնայ ըսել, թէ` «ի՞նչ պէտք կայ այս գործը ընելու», առանց մտածելու, որ «եթէ չընենք, ի՞նչ կ՛ըլլայ»:
Այս գծով, ընդհանրապէս վախ մը եւ ձեւով մը կրաւորական կեցուածք գոյութիւն ունի այս յղացքներուն հանդէպ, որ իմ կարծիքովս աւելի կը զօրանայ, երբ կշիռքը կը ծանրանայ ծուլութեան եւ անտարբերութեան քիլոներով: Ցաւալին այն է, որ կատարելութեան ձգտումը շատ յաճախ անհատական մղում կը նկատուի, ու օրէնքին հետեւողը ինքնաբերաբար կը դառնայ կատարելապաշտ եւ իտէալապաշտ, երբ ա՛յդ պէտք է ըլլայ իր բնական ընթացքը: Զաւեշտալին այն է նաեւ, որ երբ անձ մը չի փորձեր հետեւիլ կանոններու, բնաւ չի զգար, թէ ի՛նքն է անհատական մղումով աշխատողը, եւ կը շարունակուի այսպէս «ջուրին հետ» քայլը: Քիչեր կ՛անդրադառնան, որ անձի՛ մը ջուրին կը հետեւին եւ ոչ` ընկերութեան մը կամ խումբի մը որոշած օրէնքներուն: Դժբախտաբար, դարձեալ, վախ ու կրաւորականութիւն` սխալին սխալ ըսելու: Ասիկա կը դադրի լուրջ հարց դառնալէ, երբ անհատ մը փափաք չ՛ունենար իրականացնելու հաւաքական գործերը կամ պարտականութիւնները, որոնք ընդհանրապէս կը յառաջանան անտարբերութեան, ձանձրոյթի ու, ինչո՞ւ չէ, այո՛, ծուլութեան պատճառներով: Նաեւ հարց չ՛ըլլար, երբ խումբ մը որոշուած գործերուն գոնէ ութսուն առ հարիւրը կ՛ամբողջացնէ:
Այս իմաստով, կարիքը կայ կարկինը աւելի լայն բանալու ծուլութեան ախտին ու անհեռանկար գործելաոճին վրայ, եւ ոչ թէ արդարացուին անոնք` սուրբ «կատարելապաշտութիւնը» նկատելով իբրեւ պատրուակ:
Չեմ երեւակայեր աւելի ոգեշնչող ու ներշնչող պարագայ մը, քան` խումբ մը, որ կը տեսնէ իր մշակած ծրագիրներուն յաջողութիւնը, որքան ալ դիւրին կամ բարդ ըլլան անոնք: Հո՛ս է գաղտնիքն ու նուրբ թելը, որ յաճախ ու յաճախ կը կտրուի «գաղափարապաշտութեան» ու «իտէալապաշտութեան» մկրատներով: Երկար սեմինարներու եւ դասախօսական շարքերու կարիքն ալ չկայ օրէնքին հետեւելու անհրաժեշտութիւնը սերմանելու խումբի մը մէջ, որովհետեւ նուազագոյն պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ այդ մէկը կատարելը: Այլապէս, անհատ մը, պարզ տրամաբանութեամբ, պէտք չէ մաս կազմէ տուեալ խումբին, մինչեւ չըմբռնէ, որ իր պարտականութիւնը պարտականութիւն կատարելն է, նուազագոյնը` ձգտիլն է անոր եւ ոչ` ձեռնածալ նստիլը, գործեր ստանձնելն ու զանոնք չկատարելը:
Այո՛ կատարելապաշտութեան, այո՛ իտէալապաշտութեան, ո՛չ ծուլութեան եւ անտարբերութեան:
Այո՛ աշխատանքին` դէպի օրէնքներու եւ աշխատելաոճի առաւել մանրամասն բիւրեղացման:
Այո՛ փորձին, այո՛ երկարաշունչ թուող աշխատանքին, այո՛ սորվելուն եւ սորվեցնելուն, ո՛չ ծուլութեան յանցանքին: