Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Հարիւր Փառք Եւ Օրհնանք` Մայիս 28-ի Հարիւրամեայ Աւանդին

Յունիս 1, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դառնանք եւ հարիւր փառք ու օրհնանք տանք մեր ժողովուրդի քաջարի հերոսներուն, որոնք 28 մայիս 1918-ի դարակազմիկ արշալոյսը պարգեւեցին մեր սերունդներուն` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի երազը իրենց արեամբ նուիրականացնելով:

Դառնանք եւ հարիւր փառք ու օրհնանք տանք յատկապէս ԱՐԱՄ անունով մեր նորագոյն պատմութեան ուղին լուսաւորող Քաջաց Քաջին, որ իր հաւատքին ուժով, գաղափարական անձնուիրումով եւ կազմակերպական մարտունակութեամբ մղում եւ թափ տուաւ համազգային մեր ոգորումին` ի խնդիր հայոց պատմութեան թաւալգլոր անկումի ընթացքը շրջելու եւ Հայաստան աշխարհը իր ոտքերուն վրայ հաստատակամ կանգնեցնելու մեծագոյն յաղթանակին:

Ապա դառնանք եւ հարիւր փառք ու օրհնանք տանք Հայաստանի անկախութեան սերունդին, որ 28 մայիս 1918-ին արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ աշխարհէն լքուած եւ ցեղասպան ոսոխին դէմ իր վերջին կռիւը մղող հայ ժողովուրդը պաշտպանելու եւ պետականօրէն վերականգնելու պատմական իր պատասխանատուութեան: Սերունդ, որ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերով նուաճուած հայութեան յաղթանակը կրցաւ պսակել դարերէ ի վեր կորսուած հայոց ազգային պետականութեան վերահաստատումով, արդի ժամանակներու ոգիով` արդար ու ժողովրդավարական կարգերով օժտելով հայ ժողովուրդին կեանքը:

Դառնանք եւ կրկին հարիւր փառք ու օրհնանք տանք ջարդակոտոր մեր ազգին, որ անձեւ քաոսի մէջէն ողբի ու որբի մեր հայրենիքին յարութիւն տուաւ, պատսպարեց անոքներն ու կարիքաւորները, ապրուստով եւ ուսումով հոգաց սերունդները, ամէնէն արդիական եւ արդարագոյն օրէնքներով կազմակերպեց եւ կարգաւորեց պետականատէր ազգի քաղաքացիական իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, ժամանակի ամէնէն կուռ բանակով պաշտպանեց թշնամիներով պաշարուած մեր երկիրը, իր սիրտն ու թեւերը լայն բացաւ ու պարզեց դէպի իր աշխարհասփիւռ բեկորները` անխտիր բոլորին մասնակցութեամբ նուաճելու համար բոլորիս տէր ու պահապան հայոց ազատ ու անկախ պետականութիւնը:

Դառնանք եւ անպայման փառք տանք տարագրութեան մէջ յայտնուած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, խորհրդարանին, հերոսատիպ ազգային բանակին եւ պետական վարչամեքենայի բոլոր այն նուիրեալ առաջնորդներուն, որոնք ո՛ւր որ գացին եւ ի՛նչ աստղի տակ ալ ապրեցան, աչքի լոյսի պէս պահեցին եւ գուրգուրացին մայիս 28-ի աւանդը` իբրեւ սրբազան մասունք եւ անկորնչելի արժէք բաշխելով ու փոխանցելով սերունդէ սերունդ, ոգեւորելով եւ ջերմացնելով օտարութեան ցուրտ ալիքներուն դէմ յանդիման տառապող հոգիները տարագիր հայութեան: Այլեւ իրենց անսպառ շունչը զգալի դարձուցին նաեւ խորհրդային կոչուած երկաթէ վարագոյրի ետին ծուարած բեկոր մը Հայաստանի եւ բուռ մը հայրենաբնակ հայութեան, որպէսզի անոր պորտակապը չկտրուի մայիս 28-ի աւանդին հետ` անկախ Հայաստանը վերականգնելու, զայն ազատութեամբ օժտելու եւ միացեալ հայութեան միացեալ հայրենիքը կերտելու պատմական անհրաժեշտութեան միշտ ականջալուր մնալու կոչով ու պատգամով:

Ապա եւ դառնանք ու հարիւր փառք եւ օրհնանք տանք երեսուն տարի առաջ Արցախէն հնչած ազատագրումի գոռ ձայնին, որ հայրենիքի մայր մարմինին հետ միացում պահանջելով` նորովի կենսագործման ուղին բացաւ մայիս 28-ի աւանդին առջեւ` թունդ-թունդ հանելով հոգիները արդէն համաշխարհային մեր ազգին, քաղաքամայր Երեւանէն մինչեւ մերձաւոր թէ հեռաւոր բոլոր ափերը հայաշխարհին: Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարին շղթայազերծումով` Մեծ եղեռնի յիսնամեակէն ետք թափ առած Հայ դատի պահանջատիրութիւնը իր լիարժէք պսակումը գտաւ յանուն Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան ծաւալած մայիս 28-ի աւանդը վերականգնելու հայրենական անկասելի, այլեւ հոյասքանչ համաժողովրդական շարժումին եւ անոր նուաճումներուն մէջ` Արցախի իրողական ազատագրումէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումը:

Վերջապէս դառնանք եւ կրկին ու կրկին անգամ հարիւր փառք ու օրհնանք տանք հարիւր հազարաւոր այն իրաւատէր ու պահանջատէր հայ երիտասարդներուն եւ անոնց զօրակցող մեր ժողովուրդի մարտունակ բոլոր զաւակներուն, որոնք ապրիլ եւ մայիս 2018-ի դարակազմիկ նորօրեայ յեղափոխութեամբ ինքնամաքրման ենթարկեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումի պատմական երթը` ազգային մեր պետական տունը ներքնապէս իր արատներէն ու ցեցերէն մաքրելու դրօշ պարզելով, մեր ժողովուրդի ազատութեան տենչին առջեւ նոր հորիզոններ բանալով, միացեալ ազգի եւ միացեալ հայրենիքի ուղղութեամբ նորովի շրջադարձ նուաճելով հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի օգտին:

Մայիս 28-ի հարիւրամեակը ահա՛ կը տօնենք ամբողջ ազգով եւ հայաշխարհով:

Ահա՛ հարիւր փառք եւ օրհնանք տալով` հանգիստ ննջելու մեր աղօթքը կը բարձրացնենք յիշատակին բոլոր անոնց, որոնք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի երազը իրենց հոգիին մէջ` հարիւրամեայ մեր երթին առջեւ ուղի հարթեցին:

Եւ դարձեալ հարիւր փառք ու օրհնանք կու տանք մայիս 28-ի նուաճումին` Հայաստանի անկախութեան հռչակումին, Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումին եւ պետական կառուցումին, այլեւ ու մանաւանդ մայիս 28-ի աւանդին հարիւր տարուան պահպանումին, սերունդէ սերունդ սրբազան մասունքի ջերմեռանդութեամբ փոխանցումին ու վերանորոգումին:

Երթը կը շարունակուի, եւ ահա մեր աչքերուն առջեւ նորովի ու բարձրահասակ կանգնած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի երազին անպայման հասնելու անդառնալի, այլեւ մշտանորոգ ուխտով, այլեւ ու մանաւանդ` Արամի անպարտելի կամքով ու ոգեղէն ուժով պատմութեան անիւը ճիշդ հունով յառաջ մղելու անվեհեր վճռակամութեամբ:

Նախորդը

Շնորհաւոր Մայիս 28

Յաջորդը

«Հայրենիք»-ի Բացառիկի Խմբագրական. Տօնն Է Հարիւրամեայ Հրաշքին

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?