ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Հակառակ շրջանային քաղաքականութեան մէջ Իրանի հզօրութեան, մասնաւորապէս` ամերիկեան ուժերու Իրաքէն հեռանալէն ետք, եւ սուրիական տագնապի երկարաձգումին պատճառով, Իրանի համար տակաւին վտանգաւոր է Իսրայէլի հետ ռազմական ուղղակի շփում ունենալը: Տնտեսական եւ զինուորական պայմանները չեն ներեր այդպիսի դիմակայութիւն, հետեւաբար Իրան միայն կրնայ արգիլել Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի մուտքը` իր դաշնակիցներուն միջոցով:
Հետեւեալ ուսումնասիրութիւնը պիտի բաժնուի չորս մասերու.
Ա.- Վերլուծել Իրանի ռազմավարութիւնը Միջին Արեւելքի եւ Սուրիոյ մէջ:
Բ.- Ո՞վ կը կայացնէ ռազմական որոշումները Իրանի մէջ:
Գ.- Իրանի տնտեսական ու ռազմական ուժը եւ տկարութիւնը:
Դ.- Վերջապէս, ինչպէ՞ս Իրան կրնայ դէմ դնել Սուրիոյ մէջ իսրայէլեան քաղաքականութեան:
Իրանի Ռազմավարութիւնը
Միջին Արեւելքի Եւ Սուրիոյ Մէջ
Իրան 1979-ի Իսլամական յեղափոխութենէն ետք եղած է երկիր մը, որ միշտ ալ ուզած է վերատեսութեան ենթարկել միջազգային յարաբերութիւնները շրջանին մէջ: Ան առաջին իսկ օրէն փորձեց իր յեղափոխական գաղափարները տարածել դրացի երկիրներուն մէջ: Մանաւանդ` այն երկիրներուն մէջ, ուր կը գտնուին շիի դաւանանքի հետեւորդներ: Սակայն այս փորձերը անյաջող էին: Իսկ սուրիական տագնապը ցոյց տուաւ, որ Իրան այլեւս իր գաղափարախօսութիւնը չ՛օգտագործեր` հասնելու իր նպատակներուն, այլ զուտ քաղաքական հաշիւներ ունի:
Իրանի շրջանային քաղաքականութիւնը վերելք ապրեցաւ, երբ Միացեալ Նահանգներ ներխուժեցին Իրաք (2003), եւ Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգին փլուզումով այլ երկիր մը չկար, որ Իրանի քաղաքականութիւնը կարենար կասեցնել շրջանին մէջ: Այսպիսով, Իրան թափանցեց իրաքեան քաղաքական կեանքին մէջ: Իսկ 2011-ին, երբ ամերիկեան ուժերը քաշուեցան Իրաքէն, երկիրը գրեթէ պատանդ դարձած էր Իրանի ձեռքերուն մէջ: 2011-էն ետք այլեւս ոչ մէկ բան կը կասեցնէր իրանեան կամուրջը, որ կը կապէր Իրաքը Սուրիոյ եւ ապա` Միջերկրական ծովուն:

2011-ին, երբ Սուրիոյ մէջ հակակառավարական ցոյցերը տեղի ունեցան, Իրանի այդ օրերու նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ փորձեց ելք մը գտնել Սուրիոյ Իսլամ եղբայրներու կազմակերպութեան հետ: 2011-ին Իրան կողմնակից էր «Արաբական գարուն»-ին: Սակայն Իրանի վարչակարգը կասեցուց նախագահ Ահմատինեժատի երկխօսութիւնը, եւ Իրանի քաղաքականութիւնը այլեւս գաղափարական բնոյթ չստացաւ: Իրանի համար Սուրիան միակ դաշնակիցն էր եւ ճամբան` դէպի Հըզպալլա. իրանցի ղեկավարներ հաշիւ ըրին, որ եթէ Սուրիան իյնար, նոյն իրադարձութիւնները կրնային կրկնուիլ նաեւ Իրանի մէջ:
Իրանի եւ Սուրիոյ յարաբերութիւնները ունին աշխարհաքաղաքական հեռանկար: Երկու երկիրները կը պայքարին իսրայէլեան եւ ամերիկեան կայսերապաշտութեան դէմ: Թեհրան Սուրիոյ եւ Հըզպալլայի միջոցով դարձաւ պաղեստինեան հարցին պաշտպաններէն մէկը: Թեհրանի համաձայնութիւնը Սուրիոյ եւ Հըզպալլայի հետ նպատակ ունի հաւասարակշռութիւն ստեղծել շրջանին մէջ` ընդդէմ ամերիկեան եւ սէուտական քաղաքականութեան: Սուրիոյ մէջ Իրանի միջամտութիւնը կը բացատրուի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի հետեւեալ խօսքով. «Եթէ մենք չմիջամտենք Սուրիոյ մէջ եւ չպայքարինք սիոնական ու ամերիկեան ահաբեկչութեան դէմ, ապա անոնց դէմ պիտի կռուինք Թեհրանի, Սպահանի եւ Խորասանի մէջ»: Շատ յստակ էր Խամենէիի պատգամը` վարել պաշտպանական քաղաքականութիւն այլ երկրի մը մէջ` խոչընդոտելու համար Ամերիկայի եւ Իսրայէլի մուտքը Իրան: Այս էր Իրանի ռազմավարութիւնը Սուրիոյ մէջ` «Պատերազմէ՛ դուրսը, որպէսզի խաղաղութիւն ունենաս սահմաններուդ մէջ»: Այս ռազմավարութիւնը որդեգրուեցաւ Իրանի կողմէ, մանաւանդ երբ Իրան-Իրաք պատերազմին ան ունեցաւ մօտ 350.000 զոհ: Հետեւաբար Իրանի համար Սուրիան եւ Հըզպալլան կարեւոր են, որպէսզի պայքարին արտաքին թշնամիին դէմ` առանց պատերազմ մը սկսելու Իրանի մէջ:
Որոշումներու Կայացումը
Բոլորիս ալ ծանօթ է, որ Իրանի մէջ կարեւոր որոշումները կը կայացուին գերագոյն հոգեւոր պետին կողմէ, սակայն` ոչ անպայման: Ազգային գերագոյն անվտանգութեան խորհուրդը (ԱԳԱԽ) հսկայ դերակատարութիւն ունի, ինչ որ ամրագրուած է սահմանադրութեան մէջ:
ԱԳԱԽ-ի հիմնական նպատակն է պահպանել Իսլամական յեղափոխութեան վարչակարգը եւ պաշտպանել երկրին սահմաններն ու գերիշխանութիւնը: Անիկա է, որ կը հաստատէ երկրին ռազմավարութիւնը եւ խորհուրդ կու տայ գերագոյն հոգեւոր պետին: Անիկա կը բաղկանայ երկրի արտաքին, ներքին, հետախուզական եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն, անոր ժողովներուն կը մասնակցի նաեւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը, սակայն վեթոյի իրաւունք չունի, եւ որովհետեւ այս մարմինը կը բաղկանայ ոչ զինուորականներէ, այլ` դիւանագէտներէ, անոր համար ալ գրեթէ պատերազմական որոշումներ չեն տրուիր այնտեղ, եւ անիկա միշտ Յեղափոխական պահակագունդին կողմէ կը մեկուսացուի:
Կարելիութիւններ,
Զօրաւոր Եւ Տկար Կէտեր
Իրանի կարելիութիւնները սահմանափակ են Իսրայէլի առջեւ:
Արեւմուտքին կողմէ միակողմանիօրէն պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցները ծանր հարուած հասցուցին Իրանի տնտեսութեան: Այստեղ պէտք է յիշել, որ Իրանի տնտեսութիւնը կախեալ է քարիւղի գիներէն, եւ այդ պատճառով ալ երկիրը կը տառապի անգործութենէ եւ տնտեսական ճգնաժամէ: 2017 դեկտեմբերին տեղի ունեցան հակակառավարական ցոյցեր: Ցուցարարները պահանջեցին, որ Իրանի կառավարութիւնը Սուրիոյ եւ Հըզպալլային դրամ ուղարկելու փոխարէն` ժողովուրդին պէտքերուն հասնի: Ցուցարարներուն կարգախօսները հետեւեալներն էին. «Ո՛չ Սուրիոյ, ո՛չ ալ Հըզպալլային, այլ միայն` Իրանին»: Իրանցի ընդդիմադիր ղեկավարները կոչ ուղղեցին կառավարութեան, որ իր բոլոր ռազմական եւ տնտեսական օգնութիւնները կասեցնէ դէպի այլ երկիրներ եւ կազմակերպութիւններ: Ըստ «Միտըլ Իսթ Այի» (2017), Սուրիոյ մէջ սպաննուած են մօտ 2100 իրանցի զինեալներ, եւ Իրան տարեկան 20 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն կը տրամադրէ Սուրիոյ:
2018 փետրուարին Թել Աւիւի համալսարանի Ազգային անվտանգութեան ուսումնասիրական կեդրոնը հրապարակեց հետազօտութիւն մը, ուր կը վերլուծուէր ցամաքային անցքի կարեւորութիւնը Իրանի եւ Սուրիոյ միջեւ:
2017 գարնան իրաքեան շիիական ուժերը, որոնք կը վայելեն իրանեան Յեղափոխական պահակագունդին հովանաւորութիւնը, ՏԱՀԵՇ-էն կրցան գրաւել Պուքամալ միջանցքը, որ կը գտնուի Սուրիոյ եւ Իրաքի միջեւ: Միացեալ Նահանգներ քիւրտերուն միջոցով փորձեցին կանխել իրանեան յառաջխաղացքը, սակայն` ապարդիւն: Այսպիսով, Իրան պիտի կարենար զինամթերք հայթայթել Սուրիոյ մէջ իր ուժերուն եւ դաշնակիցներուն: Սակայն մինչեւ օրս իրանական կողմը չօգտագործեց այս ռազմավարական անցքը` մտավախութիւն ունենալով, որ իսրայէլեան կամ ամերիկեան օդուժը ռմբակոծէ իրանական պաշտպանութեան ուժերը: Աւելի՛ն. Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու համար ցամաքային այդ անցքը մտահոգութիւն է, որովհետեւ կը հասնի մինչեւ Միջերկրական ծով` Թարթուսի եւ Պէյրութի միջոցով, բան մը, որ կրնայ Իրանին շունչ մը տալ եւ նուազ ազդուիլ տնտեսական պատժամիջոցներէն:

Հակառակ անոր որ Իրան Միջին Արեւելքի չորրորդ ամէնէն հզօր ռազմական ուժը կը ներկայացնէ («Ֆորպզ», 2018), սակայն անոր օդուժը տակաւին կ՛օգտագործէ Խորհրդային Միութենէն մնացած օդանաւեր: Այստեղ պէտք է մատնանշել, որ Իրանի տարեկան ռազմական պիւտճէն կը հասնի մօտ 16 միլիառ տոլարի, Իսրայէլի ռազմական պիւտճէն` 23 միլիառ տոլարի, իսկ Սէուտական Արաբիոյ ռազմական պիւտճէն` մօտ 76,7 միլիառ տոլարի: Սակայն Իրան իր ռազմական պիւտճէին մեծ մասը կը յատկացնէ հեռահար հրթիռներու շինութեան, ինչ որ իր հիմնական զէնքը կը նկատուի ապագայ որեւէ պատերազմի ընթացքին: Այստեղ պէտք է մատնանշել, որ Իրան նոյն հեռահար հրթիռներուն զոհը դարձած էր Իրան-Իրաք պատերազմին ժամանակ: Յայտնենք նաեւ, որ Իրանի եւ «Շահապ 3» հրթիռը կը հասնի մինչեւ արեւելեան Եւրոպա:
Սակայն իրանական օդուժը կը մնայ լքուած վիճակի մէջ, որովհետեւ կառավարութեան մէջ Յեղափոխական պահակագունդի աջակիցները կը նախընտրեն, որ ռազմական պիւտճէն յատկացուի հրթիռներուն եւ Սուրիոյ մէջ պահակագունդի աշխատանքներուն: Աւելի՛ն. վերջերս Իսրայէլ ծանր հարուածներ հասցուց Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ռազմակայաններուն, որոնք տեղակայուած էին Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ:
Իրան Ի՞նչ Կրնայ Ընել Իսրայէլի Հետ
Պատերազմի Մը Պարագային
Հետեւաբար այս բոլորը կ՛ապացուցեն, որ Իրանի ընտրանքները սահմանափակ են, եւ ներքին անկայունութիւնն ու բանակին սպառազինման խնդիրները պատճառ կը դառնան, որ Իրան խուսափի հարաւային Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի դէմ որեւէ ուղղակի բախումէ:
Սակայն Իրան իր պաշտպանական դիրքերը ամրապնդելու համար պէտք է որոշ միջոցառումներու դիմէ: Այսպէս`
– Իրան պէտք է վստահեցնէ Ծոցի արաբական երկիրները, որ իր հրթիռները եւ ռազմական ներդրումը չեն ուղղուած իրենց դէմ, այլ միայն` Իսրայէլի դէմ: Այստեղ Իրան կրնայ երկխօսութեան ճամբայ մը բանալ մասնաւորապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ` Եմէնի հարցով:
– Իրան պէտք է ամէն ջանք թափէ, որ դիւանագիտական ճամբով լուծուի սուրիական տագնապը եւ Ռուսիոյ հետ գործակցի: Սուրիական պատերազմը բաւական սպառիչ եղաւ Իրանի տնտեսութեան համար, հետեւաբար ան կարիքը ունի ռուսական գործակցութեան, որպէսզի դէմ դնէ իսրայէլեան որեւէ յարձակումի:
– Իրանի շահերէն չի բխիր պատերազմի սկսիլ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ, որովհետեւ պիտի կորսնցնէ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը` հիւլէական թղթածրարին վերաբերող համաձայնութեան գծով եւ պիտի մեկուսացուի շրջանին մէջ: Հետեւաբար իր քարտերը վերահաստատելու համար պէտք է շարունակէ իր ռազմական օժանդակութիւնները, մասնաւորաբար հրթիռներ տրամադրէ Համասին եւ Հըզպալլային, որպէսզի «վտանգի հաւասարակշռութիւն» հաստատէ Իսրայէլի շուրջ:
——————-
Raymond Hinnebusch&AnourshiravanEhtsehami, “The Foreign policy of Middle East states”, Lynne Rienner publishers, USA, 2014
Will Fulton, Joseph Holliday and Sam Wyer, “Iranian strategy in Syria”, Institute for the Study of War, (May 2013), http://www.understandingwar.org/report/iranian-strategy-syria
“Iran’s priorities in a turbulent Middle East”, International Crisis Group, Middle East Report N. 184, (April 2018), https://www.crisisgroup.org/middle-east-north-africa/gulf-and-arabian-peninsula/iran/184-irans-priorities-turbulent-middle-east
Daniel L. Byman, “Syria and Iran: What’s behind the enduring alliance?” Brookings Institute, (July 19, 2006), https://www.brookings.edu/opinions/syria-and-iran-whats-behind-the-enduring-alliance/
Kevjn Lim, “National Security Decision-making in Iran”, Comparative Strategy, Volume 34, issue 2, (2015)https://www.tandfonline.com/doi/full/10.1080/01495933.2015.1017347?scroll=top&needAccess=true
Michael Wahid Hanna & Dalia Dassa Kaye, “The Limits of Iranian Power”, Survival, Global Politics and Strategy, (September 23, 2015),https://www.tandfonline.com/doi/full/10.1080/00396338.2015.1090130?src=recsys.
Ali Fathollah-Nejad, “Iranians respond to the regime: ‘Leave Syria alone’!”,al-Jazeera, (May 2, 2018), https://www.aljazeera.com/indepth/opinion/iranians-respond-regime-leave-syria-180501081025309.html
Ephraim Kam, “Is Iran about to Operate the Land Corridor to Syria?”, INSS, Insight No. 1021, (February 14, 2018), http://www.inss.org.il/publication/iran-operate-land-corridor-syria/,
Seth J. Frantzman, “Iran wants to retaliate against Israel, but how?”, Jerusalem Post, (April 30, 2018), https://www.jpost.com/Middle-East/Iran-News/Iran-wants-to-retaliate-against-Israel-but-how-553129
“Israel, Hizbollah and Iran: Preventing another war in Syria”, International Crisis Group, Middle East Report No 182, (February 2018),