ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
3 յունիս 2018-ին տեղի պիտի ունենան Սլովենիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց կը մասնակցին նաեւ ընկերվար-ժողովրդավարները, որոնք կը կեդրոնանան ընկերային արդարութեան արժէքներուն վրայ` ազդուելով եւրոպական ընկերվար-ժողովրդավարական շարժումին մէջ տեղի ունեցած դէպի ձախ դարձէն:
Ընկերվար-ժողովրդավարներու ընտրական նշանաբանն է` «Վստահելի Սլովենիա»-ն: Անոնց նախընտրական ծրագիրը կեդրոնացած է Սլովենիոյ մէջ նոր-ազատականութեան շնորհիւ ծայր առած ընկերային անհաւասարութեան կասեցման վրայ: Այդ նախընտրական ծրագիրը կը միտի զօրացնել պետութեան հսկողութեան դերը, հաւասար կարելիութիւններ ընձեռել հասարակութեան բոլոր անդամներուն, լուծել երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը եւ աշխատաւորներուն բովանդակ իրաւունքները պաշտպանել:
Ստորեւ պիտի ներկայացնեմ ընկերվար-ժողովրդավարներու նախընտրական ծրագիրին մէջ ընդգրկուած ընկերային-տնտեսական հիմնական քաղաքականութիւնները:
«Վստահելի Սլովենիա» կարգախօսով նախընտրական ծրագիրին մէջ անդրադարձ կատարուած է ընկերային-տնտեսական կարեւոր կէտերու: Այդ ծրագիրին մէջ «Տնտեսական ժողովրդավարութիւն» բաժինը կը յիշուի: Այս բաժինը կեդրոնամէտ տնտեսական ազատականութեան օրերուն բացակայ էր ընկերվար-ժողովրդավարներու նախընտրական ծրագիրներուն մէջ, իսկ այսօր անիկա անգամ մը եւս վերադարձած է: «Տնտեսական ժողովրդավարութիւն» բաժինին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Մենք ընդարձակ ժողովրդավարական տնտեսութեան մէջ կը տեսնենք փոփոխութիւնը դէպի արդար գործակցութիւն, առաւել եւս` արդիւնաւէտութիւն, արտադրողականութիւն եւ նորարարութիւն տնտեսական եւ հասարակական կեանքին մէջ: Յաւելեալ տնտեսական ժողովրդավարութեամբ մենք կրնանք յաղթահարել աշխատանքի եւ դրամագլուխի միջեւ հակամարտութիւնը: Հետեւաբար մենք զարգացման փուլ կը ստեղծենք` առաջնահերթ նկատելով տնտեսական զարգացումը եւ, իբրեւ այլընտրանք, կը տեսնենք տնտեսական ժողովրդավարութիւնը` անբարեխիղճ մեծ ընկերութիւններու դրամատիրութեան դիմաց: Ահա մենք կը տեսնենք ընկերային համերաշխութիւնը` իբրեւ տնտեսական ժողովրդավարացման միջոց: Մեր պատասխանը ներկայ ընկերային անհաւասարութեան հետեւեալն է. մենք կը պաշտպանենք «տնտեսական ժողովրդավարութիւն» հասկացողութիւնը, որովհետեւ մեզի համար մարդու արժէքը աւելի կարեւոր է, քան` դրամական արժէքները, եւ ատոր համար ալ մենք պէտք է պաշտպանենք աշխատաւորները, պաշտօնեաները եւ երիտասարդները»:
«Զարգացում եւ բարգաւաճում բոլորին համար» բաժինին մէջ ընկերվար-ժողովրդավարները կ՛առաջարկեն` բարձրացնել արտադրողականութիւնը նոր մօտեցումներով եւ գիտելիքներով, բարձրացնել միջազգային ներգրաւուածութիւնը Սլովենիոյ տնտեսութեան, թուայնացումի եւ փոքր ձեռնարկութիւններու քաջալերանք, գիտելիքներու եւ արուեստագիտութեան օգտագործում, մաս կազմել շրջանային եւ միջազգային թուայնացած շուկային:
«Արդար հարկեր, զօրաւոր միջին դասակարգ» բաժինին մէջ ընկերվար-ժողովրդավարներու նախընտրական ծրագիրը կը նշէ. «Յառաջիկայ ժամանակաշրջանին հիմնական նպատակն է միջին դասակարգի բնակչութեան կառուցուածքային ամրապնդումը: Արդար եւ յառաջատուական հարկային քաղաքականութիւնը կարեւոր կը նկատուի` բարելաւելու միջին դասակարգի դիրքը` բարձր հարկեր պարտադրելով բարձր եկամուտ ունեցողներուն, աստիճանական հարկեր` նուազագոյն աշխատավարձէն բարձր գանձողներուն (ըստ հարստութեան), ինչպէս նաեւ` բնութեան վնաս հասցնող նիւթերուն վրայ յաւելեալ հարկեր նկատի ունենալով:
«Աղքատութեան եւ ընկերային զրկուածութեան կրճատում»-ի հարցին շուրջ ընկերվար-ժողովրդավարները կ՛առաջարկեն աղքատութեան համեմատութեան նուազեցում, ընկերային ծառայութիւններու արդիւնաւէտութիւն եւ նիւթական օժանդակութեան ամրապնդում` ընկերային ապահովագրութեան վրայ յաւելեալ ներդրումներ կատարելով, կրթութեան իրաւունքը դարձնելով քաղաքացիին անհատական իրաւունքը` առանց դասակարգային խտրութեան, եկամուտի արդար բաշխում կատարելով եւ ընկերային աշխատողներու թիւը աւելցնելով:
Ինչ կը վերաբերի միջազգային գետնի վրայ Սլովենիոյ վարկի բարձրացման, «ընկերվար- ժողովրդավարները կը ցանկան, որ Սլովենիան ըլլայ որակեալ կեանքի, կայուն զարգացման, նորարարութեան, ընկերային եւ տնտեսական յաջողութիւններու ծիրին մէջ առաջին տասը երկիրներէն մէկը»: Նախընտրական ծրագիրը կ՛աւելցնէ. «Մենք կը տեսնենք նման զարգացման յառաջընթացի հիմնական գործիքները մեր ժողովուրդի գիտելիքներուն ու կարողութիւններուն եւ Սլովենիոյ եւրոպայակեդրոն ըլլալուն մէջ»:
Ընկերային արդարութեան եւ հաւասար կարելիութիւններ ստեղծելու վրայ կեդրոնանալով` յանուն զրկուածութեան եւ աղքատութեան դէմ պայքարի աւելի ճիշդ դիրքորոշումը եւ ընկերվար- ժողովրդավարներու դէպի ձախ մղումը աւելցուց անոնց ժողովրդականութիւնը. նախորդ ընտրութիւններուն ընթացքին (13 յուլիս 2014-ին) անոնք ապահովեցին քուէներուն 6 առ հարիւրը, իսկ 9 ապրիլին, ըստ իրենց հետազօտութիւններուն, համեմատութիւնը հասաւ 12,2 առ հարիւրի` գրաւելով քուէարկողներուն առաջին դիրքը: