Անդրադարձ

Հինէն Մեզի

Հացը

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ - Այս տոպրակը կարելի՞ է զամբիւղին մէջ ձգել, մինչեւ առեւտուրս աւարտեմ: Կը հարցնէ տարեց յաճախորդը խանութի աշխատողին, երբ ձեռքէն ծանր տոպրակը գետին դրուած զամբիւղին մէջ կը տեղաւորէ: - Ի հարկէ կարելի է,- կը պատասխանէ ժպտադէմ աշխատողը, ապա,- հաց կա՞յ տոպրակում,- կը հարցնէ իսկոյն,- եթէ` այո՛, թողէք էստեղ` սեղանի վրայ պահեմ,- կը շարունակէ: Տարեց կինը գոհունակութեան ժպիտով մը կը...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Թուրքիոյ Աշխարհաքաղաքական Շահերը Կովկասի Տարածաշրջանին Մէջ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թուրքիոյ Աշխարհաքաղաքական Շահերը Կովկասի Տարածաշրջանին Մէջ

Արցախի հակամարտութեան  արձանագրուած վերջին արդիւնքը, ցաւօք սրտի, բաւական տկարացուց Հայաստանի ոչ միայն աշխարհաքաղաքական դիրքը, այլեւ` ազդեցութիւնը: Պատերազմին պատճառով եւ Հայաստանի 9 նոյեմբերի եռակողմ համաձայնագիրին ստորագրութեամբ, կովկասեան տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւնները նոր պատկեր ստացան, որուն մէջ Թուրքիան նկատառելի յառաջխաղացք արձանագրեց: Թրքական այս յառաջխաղացքը Անգարային համար նաեւ դիւանագիտական  զգալի լծակներ ստեղծեց: Հակառակ անոր որ Ռուսիա,  հակամարտութեան հիմնական միջնորդը ըլլալով, կը բանակցէր նոյեմբերի սկիզբը...

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Յարաբերութիւններու «Հնարաւորութիւններուն» Մասին

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Յարաբերութիւններու «Հնարաւորութիւններուն» Մասին

Ա. Ա. Յունիս 2020-ին Անգարայի մէջ կայացաւ Թուրքիոյ նախագահի Խորհրդատուութեան գերագոյն խորհուրդին դռնփակ նիստը, որուն ընթացքին նախագահ Էրտողան խորհուրդի անդամներուն հետ քննարկեց Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ապահովման համար գործող հայկական լոպիինկը քանդելու քայլերն ու ծրագրերը: Խորհուրդին նիստէն ետք Թուրքիոյ նախագահութեան տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան ծառայութեան պետ Ֆահրէտտին Ալթուն յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի ստեղծէ ճակատ մը, որպէսզի պայքարի անհիմն սուտերու դէմ, որոնք...

Պոլսահայ  Գրող, «Մարմարա» Օրաթերթի Երկարամեայ Խմբագրապետ Ռոպէր  Հատտէճեանի   Ծննդեան 95-Ամեակին Առիթով

Յուշատետր – Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (506). Գրաշարական Սխալ

Ռ. Հ. Յաճախ յիշեցինք ու յիշեցուցինք, որ մեր լեզուին մէջ մէկ գիրը որքան շատ բան կը փոխէ բառերուն իմաստներուն մէջ, որքան կերպարանափոխ կ՛ընէ բառը: Այդ մէկ գիրն է, որ, օրինակ, «Անուշ»-ը «Ապուշ»-ի կը փոխէ` հիմնովին տակնուվրայ ընելով ամէն ինչ: Անոնք, որ հայերէն լեզուն կը գործածեն մանաւանդ գրաւոր կերպով, շատ ուշադիր պէտք է ըլլան գիրերուն խաղացած այս բախտորոշ դերին դէմ, որովհետեւ...

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Ճշմարիտ Ժողովրդավարութեան Ակնկալութեամբ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Եթէ Հայաստանի Ազգային ժողովը, որ ընտրուած է հինգ տարուան պաշտօնավարման համար ժամկէտէն առաջ լուծուի, բնականաբար տեղի կ՛ունենայ նոր Ազգային ժողովի ընտրութիւն: Ե՞րբ կը լուծուի Ազգային ժողովը: Եթէ, վարչապետի հրաժարականէն ետք, երկու անգամ տասնչորս օրերու ընթացքին չյաջողի նոր վարչապետ մը ընտրել: Իսկ վարչապետի հրաժարականի երկու հնարաւորութիւն կայ. Ազգային ժողովը անվստահութիւն կը յայտնէ կառավարութեան, կամ վարչապետը ինքնակամ կը հրաժարի: Առաջին...

Մեծ Պահքի Խորհրդածութիւն.   Երեք Հողերը

Ազգային Կեանքի Մեր Նոր Բեմահարթակները

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Վասնզի Աստուած  մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան»: Բ. Տիմոթէոս 1:7 Աշխարհ այսօր նոր իրավիճակներու ու կացութիւններու մէջ է: «Քորոնա» ժահրը շրջեց աշխարհի կարգն ու սարքը: Մարդկային կեանքեր ստացան նոր բովանդակութիւն, բայց նաեւ յարաբերութիւններ եւ հաղորդակցութեան լծակներն ու արժեչափերը շրջեցան: Համոզմունք, գաղափարախօսութիւն, արժէք, սովորութիւն եւ անոնց  բովանդակութիւնն ու կիրարկումը այսօր տարբեր նժարներու վրայ...

Բանաստեղծին, Որ Փառաւորեց Հայ Գրականութիւնը Եւ Աստուած Փառաւորուեցաւ Իրմով

Լիբանան Եւ Հայաստան

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Համաճարակ, պայթիւն, թալանող պետութիւն, կատարեալ չքաւորութիւն. ո՞ւր մնաց մայրիներու գեղածիծաղ երկիրը: Պատերազմէն 45 տարի ետք,  բազմաթիւ վերյառնումներէ ետք, Լիբանանի երբեմնի պատմուճանը այլակերպարանափոխուած` ցնցոտի հագած է: Բայց հայու հոգին տոկուն է ու հաւատացեալ. երդիքը պահել գիտէ: Ասեղին ծակէն դուրս գալ գիտէ: Նոյնիսկ եթէ թռչի, տուն կը շինէ, իր հին բոյնը կը յիշէ. Աս ի՜նչ զուլում է հայաշխարհի մէկ ծայրէն...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Սէուտական Արաբիա Պէտք Է Դատ Բանայ Թուրքիոյ Դէմ` Մոհամետ Մարգարէի Անձնական Իրերը Գողցած Ըլլալուն Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 28 մարտին «Արաբ Նիւզ» թերթը յօդուած մը հրապարակեց` «Սէուտցի հեղինակին գիրքը կը  բացայայտէ օսմանեան վայրագութիւնները Մետինէի մէջ» վերնագիրով: Գիրքը գրած է պատմաբան Մոհամետ Ալ Սէյիտ, որ բացայայտած է օսմանեան վայրագութիւնները` իրագործուած 1918-ին, Սէուտական Արաբիոյ Մետինէ սուրբ քաղաքի մահմետական բնակչութեան դէմ, այն օրերուն, երբ քաղաքը Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէր: Ալ Սէյիտ իր...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմարներ. Ընտրական Օրէնք, Կարմիր Շուկայ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ապրիլ 1-ը կատակի օր է, սակայն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կատակելու տրամադրութիւն չկայ, այլ կայ... անհեթեթութիւններու նոր մրցանիշ հաստատելու տենդ: Ա. Հայաստանի խորհրդարանը միայն «իմքայլականներու» քուէով, որդեգրեց ընտրական օրէնքի փոփոխութեան «իմքայլական» առաջարկը: Ցարդ պաշտօնապէս չյայտարարուած` ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան համամասնական ցանկերով: Էտմոն Մարուքեանն ու իր «լուսաւոր»-ները դէմ են փոփոխութեան, իսկ Գ. Ծառուկեանի «Բարգաւաճ»-ը մէկ կողմ քաշուած է, չմասնակցեցաւ...

Վաստակաշատ Համեստը

Վաստակաշատ Համեստը

Քառասուն օրեր առաջ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը զրկուեցաւ երկար տասնամեակներ իրմով շնչած ու իրմով ապրած Ժաք Պոյաճեանի հայրական եւ պատկառելի ներկայութենէն: «Մեծ եղբայրը» ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ իր պաշտած ու սիրած միութենէն, սակայն ան իր ետին ձգեց հարուստ բարոյական ժառանգ, իրմով հպարտանալու բազմաթիւ յիշատակներ եւ իր օրինակելի ՀՄԸՄ-ականի տիպարին հետեւելու յստակ կտակ: Իր երկար տարիներու միութենական գործունէութեան ընթացքին եղբ. Ժաքին անունը մնայուն կերպով...

Յարգելի Տիպարի Մը Կորուստը (ՀՄԸՄ-ական Պասքեթպոլի Մեծ Երախտաւորին` Ժաք Պոյաճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յարգելի Տիպարի Մը Կորուստը (ՀՄԸՄ-ական Պասքեթպոլի Մեծ Երախտաւորին` Ժաք Պոյաճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Տերեւաթափը կը շարունակուի: Լիբանանն ու ՀՄԸՄ-ը քառասուն օրեր առաջ կորսնցուցին մարզական փայլուն դէմք մը, յարգելի տիպար մը, որուն անունը աւելի քան քառասուն տարի կապուեցաւ պասքեթպոլի զարգացման ու տարածման: Սերունդները երախտապարտութեամբ պիտի յիշեն Ժաք Պոյաճեանը, որ հարազատներուն եւ սիրելի միութեան հրաժեշտ տուաւ 21 փետրուար 2021-ին` ՀՄԸՄ-ին եւ Լիբանանին հանդէպ իր պարտքը լիուլի կատարած ըլլալու արդար գոհունակութենամբ: Ժաք (Յակոբ) Պոյաճեան...

Անվեհեր Վերադարձ  (Ժաք Պոյաճեանի Յիշատակին)

Անվեհեր Վերադարձ (Ժաք Պոյաճեանի Յիշատակին)

ԹՈՐԳՈՄ Վերադարձը միշտ կարելի է, եթէ կամքն ու հաւատքը արմատաւորուած են: ՀՄԸՄ Պէյրութի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը վերադարձաւ իր հարազատ տեղը` Ա. դասակարգ: Այս առիթով «Ազդակ» ուրբաթ, 22 օգոստոս 2014-ի թիւով առաջին էջին վրայ հրապարակած էր խմբային յատկանշական լուսանկար մը, որուն մէջ մարզիկներն ու պատասխանատուները վերջին մրցումէն ետք արդարօրէն ուրախ են, եւ լայն ժպիտ մը դրոշմուած է իրենց դէմքերուն վրայ: Սքանչելի՛...

Վաստակաշատ Դերասան Մարի Ռոզ Մանուկեանի Յիշատակին

Վաստակաշատ Դերասան Մարի Ռոզ Մանուկեանի Յիշատակին

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ «Իտալական յարդէ գլխարկ» Քառասուն օրեր առաջ լոյս մը եւս մարեցաւ լիբանանահայ թատերաբեմէն` Մարի Ռոզ Մանուկեանին լոյսը: Վերջին անգամ ան 2016-ին բեմ բարձրացած էր` Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին կազմակերպած մեծարանքի երեկոյին: Անոր թատերական ուղեւորութեան մասին հակիրճ կերպով մեզի կը պատմէ իր ընկերներէն դերասան Զաւէն Պաաքլինին: «Վարուժան Խտըշեան, Լոնտոնէն վերադարձին, եկաւ Համազգայինի Պուրճ Համուտի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղ` իբրեւ բեմադրիչ եւ...

Ակնարկ.  Վիեննայէն Պէյրութ. Պատժամիջոցներ  Եւ Բարեկարգումներ

Ակնարկ. Վիեննայէն Պէյրութ. Պատժամիջոցներ Եւ Բարեկարգումներ

Վիեննայի հանդիպումները` Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններու վերսկսումը նախապատրաստելու առումով, տակաւին բեկումնային փուլ նկատուելէ հեռու են: Ուաշինկթըն առաջին անգամը չէ որ իր կողմէ պատժամիջոցներու ենթարկուող Իրանին կ՛առաջարկէ վերադառնալ բանակցային սեղան: Խնդիրը այն է, որ բանակցային սեղան նստելու առաջարկը կը կատարուի պատժամիջոցային քաղաքականութեան կիրարկման ընթացքին: Հետեւաբար այստեղ տրամաբանօրէն աւելի պարզ կը դառնայ Թեհրանի նախապայմանը` պատժամիջոցները նախ պէտք է վերացնել, ապա նստիլ բանակցային սեղան: Առաջադրուած...

Դաշնակցականի Երդումով Հպարտ Ընկեր Դրօ Մանտալեան

Դաշնակցականի Երդումով Հպարտ Ընկեր Դրօ Մանտալեան

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Պիելի մէջ, բազմահազար հայորդիներու ներկայութեամբ: Յաջորդ առաւօտ, Դրոն այցելեց Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակ եւ խնդրեց ընդունիլ իր կողմէ պատկառելի գումար մը` իբրեւ նուէր 125-ամեակին առիթով: Իրեն յատուկ խանդավառութեամբ, աչքերէն խայտացող բերկրանքով փոխանցեց ո՛չ միայն իր, այլ նաեւ իր շրջապատի համակիր հայրենակիցներու գնահատանքը ձեռնարկին կազմակերպուածութեան, յայտագիրին, արտասանուած խօսքերուն, ուղղուած պատգամներուն, բայց մանաւանդ այն խոր...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Անտեսուող Լուսանցքներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 20 յունիսին Ազգային ժողովի կանխահաս ընտրութիւններ կազմակերպելու վարչապետ Ն. Փաշինեանի միանձնեայ որոշումին յաջորդած շաբթուան ընթացքին մեծ մասամբ արդարացան այն նախատեսութիւնները, որ Հայաստան, կամայ թէ ակամայ, ինկած է քուէի որսորդութեան ոլորապտոյտին մէջ: 10 նոյեմբերէն ետք ըստ բաւականին յստակացած պատկերը հիմա ալ ըստ բաւականին տակն ու վրայ եղած է ու աղաւաղուած: «Սա օրուան պահանջած քաղաքական խաղն է»-ի պատճառաբանութեամբ, կ'ուրուագծուին համաձայնութիւններ,...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Մերձեցման Պայմանը` Ճանաչում Եւ Աւելի՛ն

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մերձեցման Պայմանը` Ճանաչում Եւ Աւելի՛ն

Շաբաթասկիզբին, երբ հայ զինուորներու դիակներ (այո՛, դեռ փնտռտուքը կը շարունակուի դժբախտաբար) փոխադրող ինքնաշարժ մը կը քարկոծուէր Արցախի մէջ, երբ դեռ բազմաթիւ զինուորներ կը մնան գերի կամ անգտանելի, երբ գրեթէ ամէնօրեայ յաճախակիութեամբ եկեղեցիներ, յուշակոթողներն ու մշակութային ժառանգութիւններ հետեւողական եւ կազմակերպուած ձեւով կը քանդուին...Այս բոլորին դիմաց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը յանկարծ սքանչելի՜ «գիւտ» մը հրապարակ նետեցին,...

Բանաստեղծին, Որ Փառաւորեց Հայ Գրականութիւնը Եւ Աստուած Փառաւորուեցաւ Իրմով

Նահատակներուն Հարցումը

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Ի՞նչ ընել, երբ զայրոյթդ իսկ անտեսումի, թերեւս նաեւ` արհամարհանքի, պատին կը բախի: Հաւաքաբար փլել պատը, պարիսպը, կամ ինչ աժդահայ որ է: Ինչպէ՞ս կը դիմանան խոշտանգուածներուն ծնողները: Այլեւս անոնց ուզածը զաւկէն բեկոր մըն է: Ոչ թէ կեանքը, ոչ թէ աճիւնը, այլ` բեկո՜ր մը գոնէ: Ցաւին ահեղութիւնը ժամանակաւորապէս կ՛օգնէ, որ իրենց մարմինը չպատռտի կարօտէ ու կատաղութենէ: Մօտ օրէն, սակայն, պիտի...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Երբ Հայաստանը Հայուն Չի Պատկանիր

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Ըսինք երեք տարի առաջ` այսօրուան պատահելիքներու մասին: Ըսինք` Արցախը պիտի յանձնեն: Ըսինք`պահանջատիրութեան վերջ պիտի դնեն: Ըսինք` երկիրը պիտի ապազգայնացնեն: Ըսինք` օտարի գործակալներ պիտի տիրանան երկրի ղեկին: Մտիկ ընող չեղաւ: Հիմա ըլլալիքը եղած է, բայց չէ աւարտած: Շուտով պիտի ըլլան այնպիսի արարքներ, այնպիսի զիջումներ, այնպիսի նահանջներ ու քանդումներ, որոնք պիտի խնդրական դարձնեն Հայաստանի գոյատեւելիութիւնը: Գալիքը միայն ցեղասպանութիւն պիտի չըլլայ:...

Տառադարձութիւն

Հայրենի Յուշեր (9)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Մեր թռիչքը նախատեսուած էր երեքշաբթի օրուան, ներքին ինչ-որ օդակայանէ մը, որուն անունը հիմա չեմ յիշեր: Երբ «ներքին» ըսուեցաւ, այնպէս կը կարծէի, որ պիտի գտնէինք տնավարի կցմցուած համեստ կառոյց մը. որքա՜ն կը սխալէի: Այդ ներքին կոչուածը ինքնին քանի մը անգամ աւելի ընդարձակ էր` քան Պէյրութի միջազգային համբաւ վայելող օդակայանը, ուր միշտ հիացումով ոտք դրած եմ Հարիրիի բարեկարգումներէն ետք: Ուրեմն...

Page 335 of 807 1 … 334 335 336 … 807

Արխիւներ