Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Կեանքի Մեր Նոր Բեմահարթակները

Ապրիլ 12, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Վասնզի Աստուած  մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան»:

Բ. Տիմոթէոս 1:7

Աշխարհ այսօր նոր իրավիճակներու ու կացութիւններու մէջ է: «Քորոնա» ժահրը շրջեց աշխարհի կարգն ու սարքը: Մարդկային կեանքեր ստացան նոր բովանդակութիւն, բայց նաեւ յարաբերութիւններ եւ հաղորդակցութեան լծակներն ու արժեչափերը շրջեցան: Համոզմունք, գաղափարախօսութիւն, արժէք, սովորութիւն եւ անոնց  բովանդակութիւնն ու կիրարկումը այսօր տարբեր նժարներու վրայ են: Մարդիկ կ՛ուզեն եւ կը տքնին վերադառնալ հինին` անոր, որ ունէին: Եթէ պիտի վերադառնանք հինին, բայց այդ մէկը` ի՞նչ որակով եւ բովանդակութեամբ:

Երբ կը նայինք աշխարհի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակներուն եւ այսօրուան ղեկավար տարրին, ի յայտ կու գայ մարդուն անկարողութիւնը` տնօրինելու ներկայ տագնապը: Հզօր պետութիւններ, որոնք պատմութիւն կերտած են տարիներ շարունակ, այսօր դարձած են անկարող: Աշխարհը կարծէք կը տարանջատուի, եւ իր կարողականութիւնները մէկ-մէկ կը թափթփին: Մարդը այս ահաւոր աղէտին առջեւ կեցած է անկարող եւ կը փնտռէ անկէ դուրս գալու ելքեր:

Կայ նաեւ մարդուն եւ հաւաքականութեան արժէքի գիտակցութիւնը, այն, որ տարիներու ընթացքին պահպանուած էր եւ կերտած էր քաղաքակրթութիւն` ազգային ու միջազգային մաշտապներու վրայ: Արժէքներ, որոնք կեանքեր կը լիցքաւորեն եւ կ՛իմաստաւորեն: Այսօր կարծէք մէկ-մէկ սկսած ենք կորսնցնել այս բոլորը: Եթէ մեր կորսնցուցածին վրայ նորը պիտի ստեղծենք, բայց այդ նորին պարունակութիւնը եւ արժեչափերը ի՞նչ են եւ ինչպէ՞ս պիտի ըլլան:

Այս բոլոր իրավիճակներուն մէջ հայկական իրականութիւնն ալ երեւի տարբեր չի կրնար ըլլալ: Հայաստան-Արցախ եթէ մէկ կողմէ ունին արտաքին քաղաքական եւ ռազմական ճգնաժամ ու ազգային ապահովութեան հիմնահարց, յատկապէս` քառասուն եւ չորս օրերու պատերազմէն ետք, բայց նոյնքան ալ ներքին հարցեր ունինք: Հայաստանեան ներքին պառակտուած վիճակը տակաւին առկայ է եւ աւելիով կը կազմալուծէ պետական, վարչական, ընկերային ու տնտեսական կարողականութիւնները: Տակաւին չենք խօսիր իրարու հետ եւ իրարու նկատմամբ անհանդուրժողականութեան մասին:

Սփիւռքի իրականութիւնները եւ անոնց կարգավիճակները նոյնքան մտահոգիչ սկսած են դառնալ: Հոն կան` հիասթափութիւն, անորոշութիւն,  կորսուածութիւն, ընկճուածութիւն եւ յուսախաբութիւն: Տակաւին տարբեր կողմնորոշումներ ու բաժանումներ` հայաստանեան իրադարձութիւններուն նկատմամբ: Նոյնքան մտահոգիչ են կուսակցութիւններուն միջեւ եւ ներքին երկփեղկումներն ու պառակտումները: Այս իրավիճակները սկսած են թափ առնել եւ արագ կերպով զարգանալ, ինչ որ աւելիով կը կազմալուծէ համահայկական կարողականութիւնները եւ ուժերը:

Թէ ինչո՞ւ այս ներածականը:

Մեկնելով աստուածաշնչական ու աստուածաբանական հիմքէն եւ բովանդակութենէն` հայ ժողովուրդին համար այսօրը ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ պահն է:

Աստուածաշունչին մէջ քանի մը առիթներով գործածուած է «զգաստութիւն» բառը: Յունարէն արմատին մէջ զգաստութիւնը կը գործածուէր այն զինուորներուն համար, որոնք ռազմաճակատի վրայ եւ խրամատներու մէջ կեցած` արթուն եւ պատրաստ են թշնամիին բոլոր յարձակումներուն: Այս իմաստով, զգաստութիւնը ֆիզիքական, մտային ու հոգեկան բոլոր կարողականութիւնները զօրաշարժի ենթարկելու գիտակցութեան մէջ է: Հոն, ուր ներքին (հոգեմտաւոր) եւ արտաքին (ֆիզիքական թէ այլ) ուժերը կը համախմբուին, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել ամէն տագնապ, դժուարութիւն եւ մարտահրաւէր: Ահա այս տեսակի խորունկ եւ խորքային հասկացողութիւն է զգաստութեան յորդորը, որ մեզի կու գայ Աստուածաշունչին մէջէն: Այսօր պէ՛տք ունինք այս զգաստութեան:

Լիբանանահայ «Ազդակ» օրաթերթը եւ ներկայ օրերուն բոլորիս վրայ պարտադրուած «Զում»-ի միջոցով հաւաքի նորարար լսարաններու կազմակերպումը կու գան ազդանշանը տալու այս ազգային զգաստութեան հրամայականին: Եթէ փոքր ծաւալի վրայ է եղած մտայղացումը, բայց` ոչ երբեք փոքրագոյնը, որ կրնայ նուազ ազդեցիկ ըլլալ: Միշտ պէտք է յիշել պատմութեան փորձը, որ փոքր զարգացումները մեծ տեղաշարժեր կրնան յառաջացնել:

Արդէն ցարդ կազմակերպուած են աւելի քան քսանհինգ լսարաններ: Քաջալերական ու հաճելի է այն, որ այս լսարանները կը միացնեն Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը: Անոնք կը ստեղծեն բեմահարթակներ, ուր հայկական միտքն ու կարողականութիւնները ի մի գալով` կը փորձեն վեր առնել եւ արծարծել ներկայի ազգային մարտահրաւէրները` իրենց տարբեր շերտերով եւ բովանդակութեամբ:

Անգամ մը եւս կու գանք համոզուելու, որ հայկական իրականութեան մէջ երբեք բացակայ չեն տարբեր կարողականութիւնները եւ մասնագիտական ու մտաւորական ուժը: Այս իրականութիւնը ակնյայտ կը դառնայ իւրաքանչիւր լսարանի ընթացքին: Շատ արագ ակնարկ մը նետելով արծարծուած նիւթերուն վրայ` պիտի տեսնենք, թէ որքա՛ն լայն բացած են կարկինը` արծարծելու համար ազգային նիւթերը եւ մտահոգութիւնները, ինչպէս` «Մեր առաջնահերթութիւնները», «Սեւրի դաշնագիրը», «Նոր աշխարհի ձեւաւորում», «Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն ու Ազգային արխիւ», «Հայկական տեղեկատուութիւն», «Սփիւռքահայ հանրային կարծիք», «Պատմագրութիւն», «Թուրքիան եւ տարածաշրջանային զարգացումներ», «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում», «Միջազգային սփիւռքագիտութիւն», «Արեւմտահայերէն լեզուի տագնապ», «Արցախեան պատերազմ», «Հայ-իրանական յարաբերութիւններ», «Արեւմտահայ գրականութիւն», «Սփիւռքը եւ յետպատերազմի իրավիճակը», «Հայաստանի մատենադարանը», «Սփիւռք եւ ինքնութեան վերադարձ» եւ այլն:

Այսպիսով, ազգային հազարումէկ հիմնահարցերը կը դրուին այսօր մեր կեանքերուն համար «պարտադրուած» նոր բեմահարթակներու վրայ: Բեմահարթակ մը, որ կարելիութիւնը կու տայ, որ բոլորս` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, կարենանք միասին դիտարկել եւ մտածել արծարծուած բոլոր նիւթերն ու մտահոգութիւնները եւ զգաստանալ:

Եթէ մէկ կողմէ մեր ազգային հիմնահարցերը բազմաթիւ են ու բազմազան, միւս կողմէ` երեւի կրնանք տարակուսիլ, թէ զանոնք դիմագրաւելու համար (չ)ունինք ուժը եւ կարողականութիւնները: «Ազդակ»-ի «Զում»-լսարանները կու գան հաստատելու, որ կայ ելք, եւ որ ամէն պատուհասէ կարելի է նոր պատեհութիւն մէջտեղ հանել: Այս լսարանները եթէ մէկ կողմէ ազգային մտահոգութիւնները կը դնեն նոր բեմահարթակներու վրայ, միւս կողմէ` մեզի առիթը կու տան զգաստանալու եւ արթուն մնալու: Զգաստութիւնը կը մէկտեղէ կամքը, եւ կամքը ճամբայ կը հարթէ ելքի: Այս ալ կազմակերպուած լսարաններուն միտքն բանին է, որուն կը ձգտին նիւթերը ներկայացնողներն ու կազմակերպողները:

Շատ փոքր ազգ ենք տարանջատուելու եւ բաժնուելու համար: Ու տակաւին մեր պատմութեան ապրած հոլովոյթները մեզի կը պարտադրեն, որ բաժանումները երբեք մեր ընտրանքը պէտք չէ որ ըլլան: Իսկ մեր ներկայ օրերու քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու ազգային պահանջատիրութիւնը ա՛լ աւելիով պիտի մղեն մեզ զգաստութեան: Մեր ազգային ու հաւաքական զգաստութիւնը մեր հաւաքական մտքի եւ ուժի մէջ է: Ուրիշ ելք չկայ:

«Ազդակ» եւ իր կազմակերպած «Զում»-լսարանները կու գան իրենց մասնակցութիւնը բերելու այս հաւաքական մտքի եւ ուժի մէկտեղումին: Թէկուզ` փոքր ծաւալի վրայ, բայց անոնք կու գան հաստատելու, որ հայկական միտքը, ուժը եւ կարողականութիւնը առկայ են: Անպայմանօրէն կան, եւ մենք պէտք չունինք տարակուսելու: Անհրաժեշտ գրաւականը այս մտքին եւ ուժի համախմբումն է:

Աստուածաշունչին մէջ որբեւայրի կինը իր բոլոր ունեցածը` «երկու լուման» դրաւ գանձանակին մէջ: Իւրաքանչիւրիս «երկու լուման»` իր հոգեմտաւոր եւ նիւթական կարողականութիւնները, անպայմանօրէն կը շինեն եւ կը լեցնեն մեր ազգային կեանքի գանձանակը: Այն, ինչ որ կը մնայ անհրաժեշտ, այդ ալ զգաստութիւնն է: Թէ` մենք ԲՈԼՈՐՍ եւ ՄԻԱՍԻՆ մեր ազգային կեանքի գանձանակը պիտի վերաշինենք եւ վերստին լեցնենք զայն:

Շնորհակալութիւն «Ազդակ»-ին եւ «Զում»-լսարանները կազմակերպողներուն: «Ազդակ»-ի կազմակերպած լսարանները` «երկու լուման», մեզ անպայմանօրէն կը խթանեն զգաստութեամբ, որ ազգային մեր կեանքերու նոր բեմահարթակներուն վրայ պէտք է վերաշինենք եւ վերստին լեցնենք ազգային գանձանակը:

Գանձանակը կը շինենք, երբ կը գիտակցինք, որ ազգային միութիւնն ու միասնականութիւնն են մեր փրկութեան լաստը:

Քուէյթ, ապրիլ 2021

 

 

 

 


 

Նախորդը

Լիբանան Եւ Հայաստան

Յաջորդը

Ճշմարիտ Ժողովրդավարութեան Ակնկալութեամբ

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?