Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Եւ Հայաստան

Ապրիլ 12, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Համաճարակ, պայթիւն, թալանող պետութիւն, կատարեալ չքաւորութիւն. ո՞ւր մնաց մայրիներու գեղածիծաղ երկիրը: Պատերազմէն 45 տարի ետք,  բազմաթիւ վերյառնումներէ ետք, Լիբանանի երբեմնի պատմուճանը այլակերպարանափոխուած` ցնցոտի հագած է: Բայց հայու հոգին տոկուն է ու հաւատացեալ. երդիքը պահել գիտէ: Ասեղին ծակէն դուրս գալ գիտէ: Նոյնիսկ եթէ թռչի, տուն կը շինէ, իր հին բոյնը կը յիշէ.

Աս ի՜նչ զուլում է հայաշխարհի մէկ ծայրէն միւսը: Թէ՛ մեր ծննդավայրին մէջ, թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ հայրենիքին մէջ մեր ազգը առօրեայ մտատանջութիւններու մէջ թաթխուած է: Օտար ազգերու, ինչպէս նաեւ հայրենակիցներու, մինչեւ իսկ մեզի նման ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգին ախորժակներուն զոհ:

«Հա՛յր Աստուած, անցո՛ւր մեզմէ այս բաժակը. թուրքին, ազերիին, իրենց սեփական ժողովուրդին վրայ արձակազէն կանգնող, հայոց բանակը տկարացնող, ինչպէս նաեւ բոլո՜ր օտարազգի բռնացող ու թալանող սադայէլներուն տուր: Թող այլեւս անո՛նք համտեսեն այս թոյնը, որպէսզի ի վերջոյ մեր տառապող ժողովուրդը գտնէ իր արփաշող, արդար կեանքը: Բայց անկէ առաջ` ժողովրդապաշտ, իմաստուն, խղճամիտ ու անդաւադիր, նոր նահատակներ խնայող, սահմանները պաշտպանող, աղքատութեան ու անյուսութեան ճանկերէն ազատող ամրակուռ պետութիւն տուր: Մարդիկ ու կիներ, որոնք նիւթի ու պաշտօնի գերի ըլլալով` ժողովուրդը չեն գերեվարեր: Չարը չէզոքացուր, բարին ամրացուր:

Խաղաղասէր, բարձրագոյն մշակոյթ, անհամար եկեղեցիներ ստեղծող հայ ժողովուրդը լիուլի արժանի է անոր: Կ՛ըսես, թէ ուր որ երկու-երեք հոգի իմ անունովս բան մը խնդրեն, պիտի տամ անոնց: Ահաւասիկ մենք հազարներո՜վ կը խնդրենք. հաճի՛ս անմիջապէ՛ս տո՛ւր»:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Հիւսիսային Իրանի Կենտրոնական Կոմիտէի

Յաջորդը

Ազգային Կեանքի Մեր Նոր Բեմահարթակները

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?