Օծում Այլակերպութեան Պատկերի
Մ. Ծ. Թէեւ վերջին տասնամեակներուն, Հայաստանի անկախացումէն ետք, սրբանկարչութիւնը որոշ զարգացում ապրեցաւ թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի տարածքին, այնուամենայնիւ, մեր եկեղեցիներէն քիչեր միայն բախտը ունեցած են օժտուելու բարձրորակ սրբանկարներով: Այդ քիչերէն է Մոնրէալի Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցին, որ վերջերս համալրուեցաւ Քրիստոսի պայծառակերպութիւնը պատկերող գեղեցիկ սրբանկարով մը: Հեղինակը` Պերճ Չաքըճեան, ինքնատիպ ու տաղանդաւոր գեղանկարիչ մըն է, որուն արուեստը արդէն իսկ սկսած...



















