Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թուրքիոյ Աշխարհաքաղաքական Շահերը Կովկասի Տարածաշրջանին Մէջ

Ապրիլ 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի հակամարտութեան  արձանագրուած վերջին արդիւնքը, ցաւօք սրտի, բաւական տկարացուց Հայաստանի ոչ միայն աշխարհաքաղաքական դիրքը, այլեւ` ազդեցութիւնը: Պատերազմին պատճառով եւ Հայաստանի 9 նոյեմբերի եռակողմ համաձայնագիրին ստորագրութեամբ, կովկասեան տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւնները նոր պատկեր ստացան, որուն մէջ Թուրքիան նկատառելի յառաջխաղացք արձանագրեց:

Թրքական այս յառաջխաղացքը Անգարային համար նաեւ դիւանագիտական  զգալի լծակներ ստեղծեց: Հակառակ անոր որ Ռուսիա,  հակամարտութեան հիմնական միջնորդը ըլլալով, կը բանակցէր նոյեմբերի սկիզբը զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու զինադադարի համաձայնագիրին շուրջ պարզապէս,  սակայն այդ մէկը կատարեց` ստիպողաբար լրջօրէն նկատի առնելով նաեւ Թուրքիոյ շահերը: Ճիշդ է, որ  Ռուսիան տարածաշրջանին մէջ աւելի անմիջական հիմքեր ձեռք ձգեց 2000 ռուս խաղաղապահներու տեղակայմամբ, սակայն ան նաեւ համաձայնեցաւ ստեղծել զինադադարի գործարքը իրականացնելու համար թուրք-ռուսական դիտորդական միատեղ կենտրոն: Անգարան եւ Պաքուն նոյնպէս երկկողմ բանակցութիւններ վարեցին թուրք-ռուսական դիտարկման կենտրոնէն անկախ` Ազրպէյճանի մէջ թրքական զինուորական ներկայութիւնը խթանելու համար:

Միւս կողմէ, զինադադարէն անմիջապէս ետք, Ազրպէյճան սկսաւ ենթակառոյցներու զարգացման յաւակնոտ ծրագիր մը` տարածաշրջանին համար: Յունուարին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումին, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց տարածաշրջանային իմաստով տնտեսական եւ ենթակառուցային նախագիծերու ծրագրաւորման համար աշխատանքային խումբի մը ստեղծումը: Ծրագիր մը, որ կը ներառէ Ազրպէյճանը Նախիջեւանին եւ հետագային Թուրքիոյ կապող նոր ճամբու, ինչպէս նաեւ Ֆիզուլիի տարածաշրջանին միջազգային նոր օդակայանի մը կառուցման մէջ:

Թուրքիոյ համար նման նախագիծներ շատ ողջունելի պիտի ըլլան բնականաբար, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը երկար ատեն ան կը համարէր տնտեսական խոչընդոտ, միեւնոյն ատեն` Հայաստանի վրայ ճնշելու ազդակ: Ահա թէ ինչո՛ւ ան հակամարտութեան տարիներուն Ազրպէյճանին քաղաքական օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար փակեց իր սահմանները Հայաստանի հետ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու եւ առեւտրային կապերու վերսկսումը պայմանաւորեց Երեւանի կողմէ ղարաբաղեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցերուն մէջ զիջումներով: Բնականաբար, եթէ Ազրպէյճանի հետ Թուրքիոյ առեւտուրը հիմնականաբար կ՛անցնէր Վրաստանով` որպէս միակ տարանցիկ երկիր ուժանիւթի կարեւորագոյն նախագիծերուն համար, այժմ, ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի, այնպէս ալ Հայաստանի ներգրաւումը ճամբաներու եւ տարանցիկ նախագիծներու մէջ կրնայ Թուրքիոյ համար բանալ զգալի տնտեսական ներուժ` Կովկասի ողջ տարածքին մէջ, միեւնոյն ատեն Հայաստանին իր պայմանները թելադրելու նոր լծակներ յառաջացնել:

Թուրքիոյ յաւակնութիւնները այսքանով ալ չեն աւարտիր: Կովկասին լայնօրէն բացուիլը Թուրքիոյ համար ուղղակի դուռ կը բանայ դէպի Կասպից ծով, Կեդրոնական Ասիա, որոնք ունին ուժանիւթի աւելի մեծ ծաւալներ, քան` Ազրպէյճանը: Թուրքմենիստանը այս առումով յատկապէս գրաւիչ է Թուրքիոյ համար` ունենալով աշխարհի մէջ բնական կազի չորրորդ ամենամեծ պաշարները: Ներկայիս Թուրքմենիստանը իր բնական կազի արտահանման մեծամասնութիւնը կ՛ուղարկէ արեւելք` Չինաստան, զգալիօրէն ունենալով իր ուժանիւթի մատակարարման լրացուցիչ քանակներ դէպի արեւմուտք` Թուրքիա եւ Եւրոպա հասցնելու կարելիութիւն:

Կովկասի տարածքին վերափոխուած աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւններով, սակայն, եւ ենթակառոյցներու անհրաժեշտ զարգացմամբ, Թուրքմենիստանի բնական կազի արտահանումը կրնայ զգալի տնտեսական բարօրութիւն ապահովել Անգարային` միեւնոյն ատեն կարելիութիւն տալով Թուրքիոյ դառնալու Կովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ, Եւրոպայի եւ Միջերկրական ծովու աւազանները կապող կեդրոնական կէտ: Այս մէկը Թուրքիոյ կարելիութիւն կու տայ ա՛լ աւելի ազատ շարժելու տարածաշրջանին մէջ` հեռանալով Ռուսիոյ  ուժանիւթի կախեալութենէն, ինչ որ, իր կարգին, կրնայ աւելի յաւակնոտ եւ անկախ արտաքին քաղաքականութեան կարելիութիւններ ստեղծել Թուրքիոյ համար:

Քանի մը գործօններ, սակայն, կրնան բարդացնել տարածաշրջանի մէջ Թուրքիոյ մեծ ծրագիրները, նաեւ` ապագայ փանթուրանական յաւակնութիւնները: Առաջին եւ անմիջական անհանգստութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հրադադարի կայունութեան փխրուն վիճակն ու արցախեան կարգավիճակի ցարդ չորոշուիլն է: Երկրորդը` Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներն ու ազգային պետականութեան ամրագրումը հետապնդող քաղաքական ուժերու իշխանութեան գալն է, երրորդը Ռուսիոյ դերակատարութեան ամրագրումն է:

Թէեւ Թուրքիան ապացուցեց Ռուսիոյ հետ աշխատելու իր կարողութիւնը նոյնիսկ վիճայարոյց թատերաբեմերու վրայ, ինչպէս Սուրիոյ, իսկ վերջերս` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, այնուամենայնիւ Թուրքիան ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ տկարացնելու Ռուսիոյ դիրքերը եւ ծառայելու Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքի շահերուն` նաեւ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ:

Եթէ Թուրքիան հասնի Կովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ համարկումի հիմնական կէտ ծառայելու իր մեծ ծրագիրներուն, Անգարան բնականաբար պիտի պահանջէ Արեւմուտքէն ու Միացեալ Նահանգներէն շրջել իրենց քաղաքականութիւնը բազմաթիւ հարցերու մէջ: Տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան ունին կարեւոր համընկնող շահեր Թուրքիոյ հետ, որուն ճամբով կարելիութիւն կրնան ունենալ իրենց ազդեցութեան լծակները զօրացնելու այնտեղ:

Այս բոլորին լոյսին տակ Թուրքիան կը մնայ Հայաստանի ապահովութեան սպառնացող գլխաւոր տարրը տարածաշրջանին մէջ, որ կրնայ զսպուիլ, առաւելաբար եթէ արցախեան կարգավիճակի հետապնդումը իրականանայ, եւ Հայաստան յաջողի ամրագրել իր դիւանագիտական կապերն ու փոխադարձ շահերը Ռուսիոյ, Իրանի եւ Կովկասի տարբեր պետութիւններու հետ` միեւնոյն ատեն պահելով հաւասարակշռուած յարաբերութիւն Արեւմուտքին հետ, դառնալով տարածաշրջանի ուժերու հաւասարակշռութեան գործօն:

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Յարաբերութիւններու «Հնարաւորութիւններուն» Մասին

Յաջորդը

Հացը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?